Հայերը ջանում են փրկել գրավված եկեղեցիներն ու գերեզմանները


Հայերը ջանում են փրկել գրավված եկեղեցիներն ու գերեզմանները

  • 10-07-2012 15:54:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Աւելի առաջ ալ հաղորդած ենք թէ Իսթանպուլաբնակ Սասունցիներու, Մշեցիներու, Պաթմանցիներու ու այլ վայրերու հայերու անունով Ազիզ Տաղճըի նախաձեռնութեամբ հիմնուած էր Միութիւն մը, որ ներկայիս տենդագին ու յամառ աշխատանք կը տանի Անատոլուի մէջ աղաներու ու տեղացիներու կողմէ գրաւուած Հայկական եկեղեցիները, գերեզմանները ու այլ յուշարձանները աղաներու ձեռքէն ետ առնելու ու զանոնք Պետական Գանձին արձանագրել տալու համար։ Այս կերպով անոնք դրուած պիտի ըլլան Պետութեան պատասխանատուութեան տակ։ Ազիզ Տաղճըի այս ճիգերուն մասին յօդուած մը հրատարակուած է Էվրէնսէլ թերթի 15 Մայիսի թիւին մէջ։ Հոն կը պատմուի որ մարդը եւ հողը անխորտակելի կերպով կապուած են իրարու, Անատոլուէն փրցուած Հայերն ալ նոյն կապը կը պահեն իրենց լքած հողերուն նկատմամբ։ Որքան ալ բնակութիւն հաստատեն Իսթանպուլի մէջ, իրենց հողին կարօտը կը գոյատեւէ անոնց հոգիին խորը։ Այս պատճառաւ ալ անոնք հիմա պայքար կը մղեն որպէսզի ետ առնեն աղաներու սեփականութեան անցած իրենց եկեղեցիները, գերեզմանները։ Այս նպատակով ալ հիմներ են երկար անունով Միութիւն մը։ Ազիզ Տաղճը կը պատմէ որ մինչեւ այսօր յաջողեցան աղաներուն ձեռքէն ետ առնելով Պետութեան անունին արձանագրել տալ մօտաւորապէս 100 գերեզման եւ աւելի քան 40 եկեղեցի։ Ազիզ Տաղճը ընդվզեր է երբ իրենց ըսեր են. «Եթէ հոս մնաք, հողը ձերն է։ Եթէ երթաք, մերն է»։ Ըսեր են նաեւ որ հայերը իրենց հողը չեն կրնար վաճառել, բան մը չեն կրնար ընել իրենց հողին վրայ։ Այս ի՞նչ տեսակ արդարութիւն է, կը պոռթկայ Ազիզ Տաղճը։ Այս պատճառաւ է որ որոշեր է հիմնել Միութիւնը։ 2006 թուականին երբ իրենց գիւղը գացեր է, տեսեր է որ գիւղին Հայկական Գերեզմանատան կէսը «Ո»ղայի մը, միւս կէսն ալ ուրիշ աղայի մը սեփականութեան անցեր է։ Աղաներն անգամ իրարու հետ կռուիլ սկսեր են այս եկեղեցին իմս է, այս գերեզմանը իմս է ըսելով։ «Ահա թէ ինչու դժուար բան է Անատոլուի ու Միջագետքի շրջանին մէջ Հայ ըլլալը», կըսէ Ազիզ Տաղճը։ Բայց ան վհատիլ չի գիտեր, կը շարունակէ մի առ մի ճշդել Հայկական ժառանգութեան միաւորները եւ անկէ վերջ շարունակ կը դիմէ պետութեան։ Պետութեան համար մղձաւանջ մը դարձած է ան, որովհետեւ շարունակ աղերսագիր գրելով հանգիստ չի թողուր մշակոյթի տնօրէնութիւնները, թանգարաններու տնօրէնները, դատախազութիւնները։ Շարունակ աղերսագիր կուտայ ու սա կամ նա անձերու դէմ յանցագործութեան լրատուութիւն կը կատարէ։ Հիմա անոր թեւին տակ կայ շատ հաստ թղթածրար մը։ Իր ձեռնարկներուն նորագոյնը կը վերաբերի Մշոյ նշանաւոր Սուրբ Կարապետ պատմական վանքին, որ Հայոց համար միշտ եղած է ուխտագնացութեան ամենանուիրական վայրը։ Սուրբ Կարապետը այսօր աւերակային վիճակ ունի, վանքը գրաւուած է մօտաւորապէս 48 տուներու կողմէ։ Ասոնք Վանքը քանդեր են ու բնակարանի վերածեր են։ Միութեան անունով Ազիզ Տաղճը դիմում կատարեց ու այս կացութեան արգելք հանդիսացաւ։«Ո»այց այս աշխատանքը Պետութեան կարգ մը մարմիններուն ալ գործին չեկաւ։ Վանայ Մշակութային Յուշարձաններու Պաշտպանութեան մարմինը անտարբեր մնաց։ Այն ատեն Ազիզ Տաղճը վերին մարմիններուն դիմում կատարելով գանգատեցաւ Սուրբ Կարապետին վնաս պատճառող պետական պաշտօնեաներէն։ Բայց մինչեւ այսօր տակաւին յստակ արդիւնք մը չէ ստացուած։ 13 Մարտին ստացուած նամակի մը մէջ Մշակոյթի Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէնի Տեղակալը հաղորդած է որ որոշում ընդունուած է որ պարպուին վանքին կալուածին վրայ տեղաւորուած 48 բնակարանն ու 6 շտեմարանը,«Ո»յս պարպումէն վերջ իշխանութիւնները պիտի սկսին վերանորոգութեան աշխատանքի մը։ Միայն թէ պարպումը տակաւին չէ իրականացած, եկեղեցին կը մնայ գրաւման տակ։ Ըստ Էվրէնսէլ թերթին, Ազիզ Տաղճը կþըսէ որ այս գործին պոչը պիտի չթողուն։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը