Բանախոսություն հայ պարբերական մամուլի մասին


Բանախոսություն հայ պարբերական մամուլի մասին

  • 24-07-2012 15:05:46   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ինչպէս ծանօթ է, յայտնի ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու անցեալ Ապրիլ ամսուն, Էսաեան Սանուց Միութեան երդիքին տակ սարքած էր խիստ շահեկան բանախօսութիւն մը՝ հայ պարբերական մամուլի մասին եւ ներկայացուցած էր 16 տարիներու վրայ երկարող իր լուրջ ու խղճամիտ աշխատասիրութիւնը՝ ընդհանրապէս հայ մամուլի եւ մասնայատուկ կերպով Օսմանեան տարիներու հայ մամուլի մասին։ Հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը երէկ կրկնուեցաւ այս անգամ Գնալըի մէջ։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը որ 2012ին նշանակալից տարեդարձներ կը տօնախմբէ, որոշեց տօնակատարութիւններու շրջագծին մէջ առնել նաեւ այս ձեռնարկը ու յոբելենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Զաքարիա Միլտանօղլու հանդէս եկաւ Կազդուրման Կայանի երդիքին տակ։ Բանախօսութեան ներկայ գտնուեցան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ քարոզիչ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեան եւ մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը։ Բացման խօսքը արտասանեց Ֆէրիգիւղի յոբելենական հանդիսութիւններու կարգադիր յանձնախումբի անդամուհի Տիկին Մարիամ Տրամէրեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, նշեց որ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի կը նշէ չորս կարեւոր կեդրոններու յոբելեանները. Ս. Վարդանանց եկեղեցին, որպէս կարեւոր աղօթավայր 150ամեակի հանգրուանին հասած է, Մէրամէթճեան վարժարանը որպէս կրթօճախ՝ ուրկէ հարիւրաւոր աշակերտներ հասած են, իր հիմնադրութեան 100ամեակը կը տօնախմբէ, Ս. Վարդանանց երգչախումբը որպէս 80ամեայ պատուաբեր երգչախումբ կը գործէ Ֆէրիգիւղի երդիքին տակ եւ Ֆէրիգիւղցի բոլոր սաներուն հաւաքատեղին՝ Սանուց Միութիւնն ալ 50ամեակով կուգայ միանալ հաւաքական ուրախութեան։ Տիկին Տրամէրեան յետոյ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Հայր Թաթուլի մասին, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, որպէս մշակութասէր կրօնաւոր, միշտ զօրավիգ կը կանգնի Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ու ընդհանրապէս համայնքէն ներս իրականացած մշակութային բոլոր ձեռնարկներուն։ Տիկ. Մարիամ Տրամէրեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ այս ձեռնարկի կազմակերպիչներուն՝ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին ու Կազդուրման Կայանի Խնամակալութեան, նաեւ Կայանի Տնօրէնուհիին։ Ներկայացնելով բանախօսը, Տիկին Տրամէրեան կենսագրական հակիրճ տողերով արտայայտուեցաւ անոր մասին, շեշտեց որ Պր. Միլտանօղլու ուսանած է Գարակէօզեան վարժարանի ու Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ, վկայուած է Թէքնիք Համալսարանէն, մասնագիտանալով ճարտարապետութեան ճիւղին մէջ։ Յիշեցուց որ մեր համայնքը Զաքարիա Միլտանօղլուի մասին առաջին անգամ լսեց Աղթամարի եկեղեցւոյ վերանորոգութեան շրջանին, »ՀայՃար«ի հիմնադիր անդամներէն մէկն ու կը մասնակցի հայ թէ օտար ճարտարապետական բազմաթիւ ծրագիրներու։ Ներածական այս խօսքերէն ետք, խօսնակը յիշեցուց որ բացի Ֆէրիգիւղի ընտանիքի յոբելեաններէն, այս տարի համայն հայ ժողովուրդի համար ալ կարեւոր թուական մըն է, քանի որ կը նշուի հայ տպագրութեան 500ամեակը եւ այս բանախօսութիւնը յիշարժան տուրք է՝ ձօնուած 500ամեայ յոբելեանին։ Տիկին Մարիամ Տրամէրեանի ելոյթէն ետք բանախօսը բեմ հրաւիրուեցաւ ու ներկայացուց իր զեկուցումը։ Այս անգամ իրենց կþընկերանար Մէրամէթճեանցի աշակերտուհի մը՝ Սէրա Ինիճէ, որ գրերու գիւտի մասին գրութիւն մը կարդաց, արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն։ Յարգելի բանախօսը տեսաերիզներու միջոցաւ ներկայացուց հայ պարբերական մամուլը՝ սկսելով 1832 թուականէն ու հասնելով մինչեւ 1980ականներ։ Բանախօսը մէկ առ մէկ ներկայացնելով հայ մամուլի բացառիկ ու յատկանշական նմոյշներ, ամէնուն մասին ալ դիպուկ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Շեշտեց որ կը հրատարակուէին զանազան տեսակի թերթեր ու անոնք բաժնուած էին խումբերու, օրինակ հայրենակցական, քաղաքական, կուսակցական, առողջապահական, գրական, երգիծական, ուսանողական, գաւառական, եւլն։ Ամէն մարզէ ներս կարեւոր թերթերու կողքերու ցուցադրութիւնը, որ հայ մամուլի պատմութեան տողանցք մըն էր, մեծապէս տպաւորեց ներկաները, յատկապէս երբ այդ թերթերը մօտիկ անցեալին պոլսահայութեան կողմէ ծանօթ ու փնտռուած անուններ էին։ Բանախօսը ներկայացուց նաեւ հայատառ թրքերէնով պարբերական մամուլը, նշելով որ այդ թերթերը կը ղրկուէին գաւառներու եւ Անատոլուի թրքախօս հայութեան։ Պր. Միլտանօղլու համապարփակ ձեւով եւ տեսաերիզներով ցոյց տուաւ նաեւ կրօնական-եկեղեցական կամ կուսակցական մամուլը, ընդգծելով որ այդ պարբերականները փնտռուած թերթեր էին ժողովուրդի մօտ։ Բանախօսը իր նիւթը բերելով մինչեւ մեր օրերը, դիտել տուաւ որ ներկայիս դժբախտաբար Պոլսոյ մէջ երկու օրաթերթ եւ շաբաթաթերթ մը կը գործեն, կը հրատարակուին քանի հանդէսներ՝ որպէս հերթական մամուլ։ »Դժբախտաբար հայ տպագրութեան աշխարհի փառաւոր անցեալին միայն այսքա՛նը մնացած է Թուրքիոյ մէջ եւ ի՜նչ մեղք որ այս մնացորդացն ալ արժանի հոգածութիւն չի վայելեր ժողովուրդի մօտ« եզրակացուց Պր. Զաքարիա Միլտանօղլու։ Հետաքրքրական բանախօսութեան աւարտին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Պր. Մանուկ Էօղէրի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ յարգելի բանախօսին, իսկ յետոյ հուսկ բանքը արտասանեց Հայր Թաթուլ։ Հայր Սուրբը շեշտեց որ այս բանախօսութիւնը հպարտութեան հետ միասին ցաւ մըն ալ կþապրինք։ »Որքա՜ն ցաւալի է. 481 պարբերաթերթ ունեցեր ենք, իսկ հիմա ընդամէնը երեք թերթերով կը բաւականանայ մեր համայնքը։ Ի՞նչ է ասոր պատճառը ինչո՞ւ կը հեռանանք հայատառ գիրքէ, հայատառ թերթէ, մեր ամբողջ ազգային հարստութիւնը կը վատնենք։ Ներկայացուած պարբերական մամուլի մէջ կան թերթեր, որոնք մէկ-երկու տարուայ կեանք ունեցած էին հազիւ, հրատարակիչներ նիւթական մեծ ջանք վատնած էին հիմնելու կամ ապրեցնելու համար զանոնք, հիմա նիւթական կարելիութիւններ ունինք, սակայն հեռացած ենք մեր մշակոյթէն։ Օտարներ կուգան Պատրիարքարան կը փափաքին օգտուիլ մեր արխիւներէն, կը հարցնենք հայերէն գիտէ՞ք, մեզի կþըսեն թէ հայերէն դաս առած են, գիտեն, իսկ մերինները որ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ են, ո՛չ փափաք, ոչ ալ հետաքրքրութիւն ունին։ Մենք պարտաւոր ենք զօրաշարժի անցնելու, պէտք չէ արտօնենք որ բարոյական սնանկացում ապրինք։ Պէտք է պայքարինք մեր մշակոյթը ու ազգային հարստութիւնները պահպանելու համար«, ըսաւ Թաթուլ Ծ. Վարդապետ։ Աւարտին սարքուեցաւ համեստ ընդունելութիւն մը եւ ներկաներ առիթն ունեցան շնորհաւորելու բանախօսը։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը