Եթե Սիրիայում գործածեն քիմիական զենք, ապա այն կազդի Թուրքիայի սահմանամերձ շրջանների վրա


Եթե Սիրիայում գործածեն քիմիական զենք, ապա այն կազդի Թուրքիայի սահմանամերձ շրջանների վրա

  • 24-07-2012 15:09:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Թուրքիա, որ Սուրիոյ Նախագահ Պէշար Էսատի դէմ դիրք գրաւած է եւ ամէն կերպով կը զօրակցի Էսատի ընդդիմադիրներուն, յանկարծ անակնկալ ու անախորժ կացութեան մը հետ դէմ յանդիման մնաց։ Հաղորդուեցաւ որ Սուրիոյ Քիւրտերը շարժման անցած են Սուրիոյ մէջ ալ Քիւրտիստան մը հիմնելու համար։ Իրաքի Քիւրտիստանէն վերջ այս մէկը պիտի դառնայ երկրորդ Քիւրտիստանը եւ Թուրքիա, որ հազիւ թէ կը հանդուրժէ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտերու ինքնավարութեան կամ Քիւրտիստանի մը գոյութեան, այժմ ամէն գնով պիտի պայքարի որպէսզի մեկուսացնէ իր սահմաններուն մօտ երկրորդ Քիւրտիստան մըն ալ ունենալու վտանգը։ Երէկ Անգարա տենդագին օր մը ապրեցաւ այս հարցով։ Թուրքիոյ Հալէպի Աւագ Հիւպատոս Ատնան Քէչէճի ետ կանչուեցաւ տրուած ըլլալով որ Հալէպի շուրջ ալ կռիւներ սկսան ու կեանքի ապահովութիւն չկայ։ Հիւպատոսը Անգարա եկաւ ու տեսակցութիւն մը ունեցաւ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Թուրքիա այժմ Սուրիոյ ընդդիմադիր ու ապստամբ ուժերը պիտի զգուշացնէ ըսելով որ Թուրքիա կողմնակից է Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան։ Թուրքիա կողմնակից չէ որ Էսատը հեռացնելու ռազմավարութեան մէջ Սուրիոյ հողերը բաժանուին խումբերու միջեւ։ Ընդդիմադիրները պէտք է սթափին եւ Էսատի դէմ պայքարը շարունակելով հանդերձ պէտք է պատրաստեն Պաաս-ի յաջորդելու կոչուած նոր շրջանը։ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը այս օրերուն բոլորովին վատթարացաւ, հիմա Հալէպն ալ, որ ցարդ հեռու մնացած էր խռովութիւններէ, պաշարուած է ընդդիմադիր ուժերու կողմէ ու հաւանական է որ ընդդիմադիրները շուտով իրենց հակակշռին տակ առնեն Հալէպն ալ։ Ընդդիմադիրները արդէն կը տիրապետեն Համա ու Հումուս շրջաններուն։ Պէշար Էսատ կորսնցուց նաեւ Քրտաբնակ շրջաններու մէջ իր տիրապետութիւնը։ Կը պնդուի որ Էսատի շուրջ շրջանակը օրէ օր աւելի կը նեղնայ։ Թուրքիա կը վախնայ տակաւին որ Պէշար Էսատ, յուսահատութեան բերումով կը սկսի իր քաղաքացիներուն դէմ գործածել քիմիական զէնք, այնպէս ինչպէս 1988 թուականին Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյին ըրած էր Հալէպճէի մէջ։ Եթէ Թուրքիոյ սահմաններուն մօտիկ շրջաններու մէջ քիմիական զէնք գործածուի, ատկէ կազդուին նաեւ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները։ Թուրք Զինեալ Ուժերը, ՄԻԹ-ի զօրակցութեամբ, սկսան զբաղիլ այս հարցով եւս։ Թուրքիա հիմա Սուրիոյ մէջ մարտնչող երկու կողմերէն ալ մտահոգութիւններ ունի։ Առաջինը կուգայ Պէշար Էսատի վարչակարգէն։ Թուրքիա կը պնդէ որ Էսատ պէտք է հեռանայ ու արդէն շուտով պիտի հեռանայ։ Երկրորդը կուգայ ընդդիմադիր ուժերէն եւ այս ուժերը իր ծոցին մէջ համախմբող Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդ կոչուած մարմնէն։ Թուրքիա խիստ ազդարարութիւն ուղղեց այս մարմնին ալ եւ յիշեցուց որ Թուրքիա չի կրնար հանդուրժել երկրորդ Քիւրտիստանի մը ստեղծումին։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը