Թուրք երիտասարդը չամուսնացավ հայուհու հետ, քանի որ նա բռնաբարված էր իր խորթ հոր կողմից


Թուրք երիտասարդը չամուսնացավ հայուհու հետ, քանի որ նա բռնաբարված էր իր խորթ հոր կողմից

  • 30-08-2012 16:00:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Հիւրրիյէթ» այսօր հրատարակած է թղթակցութիւն մը ըստ որու 24ամեայ Հայաստանցի մանկամարդ ՆԱրինէ Մկրտչեանի մահուան պատճառ դարձող երկու եղբայրները 5 ամիս ձերբակալուած վիճակի մէջ մնալէ վերջ ազատ արձակուեցան։ Միայն Նարինէն էր որ տուժեց այս ողբերգութենէն, իր կեանքը կորսնցուց։ Նարինէ Մկրտչեան որ Գումգաբուի մէջ արծաթագորի մը քով կþաշխատէր, սիյանիւր խմելով անձնասպան եղաւ։ Դիազննութեան ընթացքին անոր որովայնին մէջ գտնուեցաւ յիշողութեան քարտ մը որուն վրայ արձանագրուած էին անոր մերկ լուսանկարները։ Երկու եղբայրներ, որոնք այս մերկ լուսանկարները արձանագրած եւ անոնցմով շանթաժ ընել սկսած էին, ձերբակալուեցան։ Օրհան Օքումուշի համար պահանջուեցաւ 12 տարի, եղբօրը Պարըշ Օքումուշին համար ալ պահանջուեցաւ 6 տարի բանտարկութիւն։ Երէկ դատավարութեան ընթացքին որպէս ականատես վկայ խօսեցաւ Սիպէլ Թունա, որ պնդեց թէ Նարինէ ընտանեկան հարցեր ապրած էր, ան բռնաբարուած էր իր խորթ հօրը կողմէ, այս մասին չէր կրցած խօսիլ իր մօրը, եւ ըսած էր նաեւ որ կուլ տուած էր Օրհանին առած լուսանկարներուն յիշողութեան քարտը։ Օրհան Օքումուշ իր կարգին ըսաւ որ իր նպատակն էր ամուսնանալ Նարինէին հետ, բայց երբ իմացաւ որ ան բռնաբարուած էր իր խորթ հօրը կողմէ, հրաժարեցաւ ամուսնանալէ։ Ան մերժեց այն ամբաստանութիւնը թէ գաղտնօրէն լուսանկարած, ապա շանթաժ ըրած է։ Դատաւորը նիստի վերջաւորութեան որոշեց արձակել հինգ ամիսէ ի վեր հսկողութեան տակ գտնուող ամբաստանեալները, յայտնելով որ չկայ վտանգ թէ անոնք կրնան անհետացնել փաստերը։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը