Ի՞նչ տարբերություններ՝ տուն եւ հայրենիք հասկացությունների միջև


Ի՞նչ տարբերություններ՝ տուն եւ հայրենիք հասկացությունների միջև

  • 12-10-2012 00:51:18   |   |  Հարցազրոյցներ
Դ. ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍ Հ. Անդրազգային համայնք մը կամ գաղութ մը ինչպէ՞ս կը կազմուի եւ կը գոյատեւէ։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պոլսահայութիւնը անդրազգայի՞ն էր, կամ նորջուղայեցիները անդրազգային համայնք էին։ Պ. Պատասխանել կը սկսիմ ըսելով որ Սփիւռք բառն ու գաղափարը ստեղծուած են արդէն Յոյներու եւ Հրեաներու կողմէ՝ Ալեքսանտրիոյ մէջ, Ք.ա. 275ին. diaspora բառը հոնկէ կու գայ։ Յունարէն բառ մըն է, որ կը գործածուի՝ Հրեաները նկարագրելու համար։ Այնպէս որ, Սփիւռքը 2300 տարեկան բառ է։ «Անդրազգային» բառը կը հնարուի 1967ին եւ ընդհանուր գործածութիւն կը ստանայ միայն 1991էն ի վեր՝ ճիշդ նոյն տարին, որ այս պարբերականը (Diaspora) սկսաւ հրատարակուիլ։ Արդէն անոր ենթախորագրային անունն է «Journal of Transnational Studies», այսինքն անդրազգային ուսումնասիրութիւններու պարբերաթերթ։ Արեւմտահայութիւնը՝ Սփիւռք է։ Ռուսաստանի հայութիւնը՝ անդրազգային է, բայց դեռ սփիւռք չէ։ Երբ մարդիկ նոր կը ցրուին հայրենիքէն, ցրօնք են, մեկնած հայրենիքէն՝ որովհետեւ անտանելի է կեանքը իրենց համար հայրենիքին մէջ, բայց ժամանակակից գիտական հասկացողութեամբ դեռ իսկական հասուն սփիւռք չեն, թէեւ սփռուած են ի սփիւռս աշխարհի։ Երկու, թերեւս երեք անդրազգային սերունդ կրնան կապ մը պահել իրենց հայրենիք մնացած ընտանիքին հետ, մօտաւոր ու հեռաւոր ազգականներուն հետ։ Զանոնք անդրազգային կը կոչենք, քանի որ ազգ-պետութիւններու սահմաններէն անդին կ'ապրին, բայց զիրենք դեռ հայրենիքին սերտ կապող, օղակ հանդիսացող ազդակներ կան, ի զօրու են, անձնական փորձառութեամբ ճանաչումի զգացական ազդակներ։ Երբ այդ ընտանեկան ու անձնական փորձառութեան կապերը ժամանակի անցնելու պատճառաւ քայքայուին, երբ գաղթող սերունդը եւ անոր յաջորդողներու սերունդն ալ մահացած են, եթէ երրորդ եւ անոր յաջորդող սերունդներուն մօտ տակաւին իբրեւ հաւաքականութիւն գոյատեւելու փափաքը կայ, եւ նոր կամ նորոգուող ինքնութիւն մը ստեղծուած է, կառոյցներ կը ստեղծուին՝ զայն պահելու համար, այն ատեն է որ իսկական սփիւռքը գոյացած է։ Այսինքն՝ «անդրազգային»ը անցումի գաղթականական հանգրուան մըն է՝ ցրւումէն մինչեւ սփիւռք։ Օրինակի համար՝ Ռուսաստանի մէջ այսօր 900 հազար Հայ կայ, որ վերջին տարիներուն հեռացած է Հայաստանէն։ Անոնք տակաւին սփիւռք չեն, նոր ցրօնք մըն են որ կրնայ սփիւռքի վերածուիլ կամ ոչ։ Իսկական սփիւռքը՝ անձնական կապերու խզում-աւարտէն ետք յարատեւող, պահպանուող՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւնն է։ Անդրազգայինի պարագային՝ հակառակ որ պետութեան սահմաններ կը բաժնեն քեզ քու հարազատներէն, ինչպէս քսան տարի առաջ Գիւմրիէն Քրասնոտար գաղթած հայու պարագային, դեռ գոյութիւն ունի «անդրազգային ընկերային դաշտ» մը (transnational social field), որուն ծիրէն ներս կը մտածեն տարբեր երկիրներու մէջ բնակող անձնաւորութիւններ։ Հասուն Սփիւռքը այդպէս չէ։ Եթէ անձ մը, ըսենք ես, իբրեւ սփիւռքահայ, Հայաստանի մասին կը մտածեմ, ոչ թէ անոր համար է, որ ազգականներ ունիմ հոն (ունի՛մ), այլ որովհետեւ ծնողքիս կողմէ եւ հաւաքականութեանս կողմէ թրծուած եմ, որոշ հասկացողութիւն ունիմ, թէ ինչ կը նշանակէ սփիւռքահայ ըլլալ, ըլլալ անձ մը որ միայն անձնական կապ չունենալով հանդերձ՝ զօրաւոր զգացական ու նաեւ հաւաքական կապ ունի հայրենիքին հետ։ Անդրազգայնութիւնը՝ այդ փոխանցումի շրջանն է, երբ որ ցրօնքը տակաւին կը մտածէ իր ազգականներու, իր ընտանիքի մասին, որոնք կը մնան հայրենիքի մէջ։ Անդրազգայնութեան խամրելէն ետք, ազգի հասկացողութեան, ազգային մշակոյթի, զգացումի եւ մտածողութեան միջոցաւ ստեղծուող կապերն ու նորոգուող ինքնութիւններն են որ կը ստեղծեն ու կը պահեն յաւէտ վերանորոգուելու հրամայականին տակ գործող սփիւռքները։ Պոլսոյ հարցին բոլորովին տարբեր ձեւով պէտք է պատասխանել։ Ըլլա՛յ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, ըլլա՛յ այսօր, Պոլսահայը կ?ապրի իր նախնիներու հայրենիքէն դուրս, եւ ուրեմն այն ամենէն նախնական սահմանումով սփիւռք է։ Բայց ան Օսմանեան կայսրութեան կամ Թրքական հանրապետութեան հպատակ է, եւ եթէ իրեն արտօնուէր Թուրքիոյ Թուրք քաղաքացիի մը նման Վան կամ Մուշ հաստատուիլ, ապա Սփիւռքահայ պիտի չսեպուէր։ Ուրեմն որոշ օրէնքի մը կիրարկումն է որ զինք «կը սփիւռքացնէ», սահմանափակ առումով։ Գիտականօրէն, inter-ի եւ intra-ի, interstate-ի եւ intrastate-ի տարբերութիւնն է։ Երբ պետութեան մը սահմաններէն դուրս կ?ապրի սփիւռք մը, interstate կամ միջպետական սփիւռք է, իսկ երբ կ?ապրի այն կայսրութեան սահմաններուն մէջ որ իր հայրենի հողին կը տիրապետէ, բայց ինք այդ հողէն դուրս կը բնակի, ինչպէս Տարօնցին կամ Վասպուրականցին որոնք Պոլիս կը բնակէին, կամ Սիւնեցին ու Շիրակեցին որոնք Թիֆլիս ու Մոսկուա կը բնակէին, ապա intrastate, ներպետական սփիւռք է։ Բայց գիտական մանրամասնու-թիւնները որոշ իրաւական եւ կամ էութենական հարցերու պիտակներ փակցնելով այդ հարցերը չեն լուծեր անպայման, միայն մտաւոր կարգ-կանոն մը կը ստեղծեն, յստակացում մը, ինչպէս այս պարագային։ Բուն հարցը տարբեր է։ Պոլսոյ մէջ փուռ մը Հայեր ապրած են Բիւզանդական կայսրութեան օրերէն ի վեր, անոնց թիւը աճած է 1461էն ի վեր, իսկ 1715էն ետք, շատ աւելի արագ։ Որոշ ընտանիքներու նախնեաց «հայրենիք»ը Ակն ու Սեբաստիա էր, սակայն երկու հարիւր տարիէ ի վեր իրենց տունը կրնայ Պոլիսը եղած ըլլալ։ Ի՞նչ են տարբերութիւնները տուն եւ հայրենիք յղացքներուն միջեւ։ Ասոնք բարդ հարցեր են որոնց իմաստներուն շուրջ գիտական համաձայնութիւն չկայ։ (Շար. 4 եւ Վերջ) Տեսակցեցաւ՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ՆՅ
  -   Հարցազրոյցներ