Միջադեպ. Թուրքական կողմը մերժել էր Արա Թուրանյանի անունը


Միջադեպ. Թուրքական կողմը մերժել էր Արա Թուրանյանի անունը

  • 22-11-2012 11:40:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

 

 
Ուրբաթ՝ Նոյեմբեր 16ի երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր "Speaking to one another» գիրքին հեղինակներուն՝ Հ. Խառատեանին, Լ. Նէյզիին, նաեւ Օսման Քավալային արտայայտուելու եւ հարցումներու պատասխանելու առիթ ստեղծելու նպատակով, միջադէպի մը առիթ հանդիսացաւ, նախքան տեղի ունենալը: Թրքական կողմը, ըստ մեզի հասած լուրերու՝ ACORT-ը, մերժած էր Արա Թորանեանի անունը, որ նախատեսուած էր որպէս վիճարկումի ղեկավար: Այս առարկութիւնը հիմնուած էր այն պատճառաբանութեան վրայ, որ ան շատ քաղաքականացած անձնաւորութիւն է. դիտողութիւններ եղած են անոր  անցեալի քաղաքական գործունէութիւններուն մասին եւս: Ուստի, վերջին պահուն զինք փոխարինեց Միշէլ Մարեան, որ Ահմէթ Ինսէլի եւ Արիան Պոնզոնի հետ՝ «Երկխօսութիւն հայկական հպարգելին մասին» հատորին երեք հեղինակներէն մէկն է: Բայց Ա. Թորանեանի շուրջ ծագած այս բանավէճէն ետք, նաեւ Յարութիւն Գէորգեան եւ Գլէր Մուրատեան, որոնք նախատեսուած էին յայտագրին մէջ, մերժեցին մասնակցիլ երեկոյթին, իբր բողոք թրքական կողմին մերժումին, եւ որպէս զօրակցութիւն՝ Արա Թորանեանին: 
Շուրջ հարիւր հոգի ներկայ էին: Ծրագրին ներկայացումը եւ վիճարկումը ուղղակի յուսախաբութիւն պատճառեցին երեք լեզուներու՝ հայերէնի, թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի խաչաձեւումով, ձախող թարգմանութիւններով երկարող պահերով: Ներկաներէն մէկը դիտել տուաւ որ բնաւ տեղ չէ տրուած Սփիւռքին եւ ծրագիրը կազմող 35 վկայութիւններէն ոչ մէկը կը վերաբերի անոր, նաեւ քննադատեց բուն դէպքերուն փոխարէն զգացականին տրուած աւելի կարեւոր տեղը: Ուրիշ մը հաշտութիւն բառին գործածութիւնը անարդարութիւն որակեց, նկատի ունենալով հայկական եւ թրքական կողմերուն բոլորովին տարբեր դերերը: «Ի՞նչ պիտի նախընտրէիք»՝ հարցումին պատասխանեց՝ «Երկխօսութիւն»: Թուրք ներկայ մըն ալ փորձեց Թուրքերու ցաւն ալ «սպրդել» պատմութեան մէջ: Սրահը որ քիչ թէ շատ լուռ կ՚ունկնդրէր, աղմուկ բարձրացուց երբ նոյն անձը սկսաւ բարբաջել «ազէրի անմեղ զոհեր»ու մասին, Ղարաբաղի մէջ: Ֆրանքեւգերմանացի ներկայ մըն ալ ցաւ յայտնեց, որ հակառակ գերմանական գանձատրմամբ լոյս տեսած ըլլալուն, գիրքի գերմաներէն տարբերակը չէ պատրաստուած: 
 
ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը