ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հարիւր Տարի Անց Թուրքերը Դեռ կը Տառապին Ցեղասպանութեան Հալածախտէ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հարիւր Տարի Անց Թուրքերը Դեռ կը Տառապին Ցեղասպանութեան Հալածախտէ

  • 28-04-2014 15:50:50   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ամէն անգամ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշատակուի աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, թուրք պաշտօնեաները աղմուկ-աղաղակ կը բարձրացնեն՝ վատ արարքի մեջ բռնուած չարագործներու նման:
Թուրք ղեկավարներու լարուած հոգեվիճակը կարելի է բացատրել «Գող՝ սիրտը դող» ասացուածքով, հակառակ անոնց չքմեղանքին, քաջատեղեակ ըլլալով, որ իրենց նախնիները իսկապէս գործած են պատմութեան տարեգրութեան մէջ ամենահրեշաւոր ոճրագործութիւններէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…
Անցեալ շաբաթ աշխարհը ականատես եղաւ թրքական ցասման եւս մէկ պոռթկումին, երբ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, հակառակ Անգարայի վարչակարգի եւ անոր կողմէն շռայլօրէն վարձատրուող լոպիստական ընկերութիւններու հզօր ճնշման, ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւը՝ 12 կողմ, 5 դէմ ձայներով:
Առաջին անգամ է, որ այս կառոյցը վերջին քառորդ դարու ընթացքին նման բանաձեւ հաւանութեան կ’արժանացնէ:
Հակառակ երկրին մէջ եւ անկէ դուրս թրքական կառավարութեան բազմաբնոյթ տագնապներուն՝ Անգարայի պաշտօնեաները ծերակոյտին ընդունած Ցեղասպանութեան բանաձեւը դարձուցին իրենց առաջնահերթութիւնը: Վարչապետ Էրտողան մի քանի օրով մէկ կողմ ձգեց իր բռնապետական ոտնձգութիւնները Ֆէյսպուքի, Եութուպի եւ Թուիթըրի դէմ, որոնց միջոցով կը ձգտէր թաքցնել իր եւ որոշ նախարարներու բազմամիլիոն տոլարներու լուալու եւ կաշառակերութեան ծրագիրները: Ան նաեւ անտեսեց գաղտնալսուած զրոյցները, որոնց ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաութօղլուին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դաւեր կը նիւթեն սահմանի ուղղութեամբ Թուրքիոյ վրայ յարձակումներ կազմակերպելու համար, որ հետագային պէտք էր օգտագործուէր իբրեւ պատրուակ Սուրիոյ վրայ յարձակելու ժամանակ ժիհատական ահաբեկիչներու աջակցութեան համար, որոնք անյաջող պայքար կը մղեն Ասատի վարչակարգի դէմ:
Ծերակոյտի որոշումէն դժգոհ՝ Տաութօղլուն ամերիկեան կառավարութիւնը նախազգուշացուց, որ «Թուրքիան պիտի չլռէ», եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը յանձնաժողովէն անցնի ծերակոյտի լիագումար նիստ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ալ աւելի կոշտ արձագանգեց՝ մեղադրելով յանձնաժողովը «իր իրաւասութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը» գերազանցելու մէջ: Տաւութօղլու աճապարեց հեռաձայնել Ճոն Քերիին՝ յորդորելով զայն կանխել բանաձեւին ընդունումը:
Այս գործի մէջ ներքաշուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք՝ Հայկական հարցը «բեռ» անուանելով թուրք-ամերիկեան հարաբերութիւններու մէջ: Լայն տարածում ունեցող «Հիւրիյեթ» թերթի մեկնաբան մը նշեց, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւը արեան ճնշում պիտի բարձրացնէ Անգարայի մէջ… Նախկին թուրք դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ աւելցուց, որ Թուրքիա «ստիպուած է աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու, որպեսզի կանխէ նման բանաձեւերու ընդունումը», չհաշուած ամէն տարի լոպիստական ընկերութիւններու վրայ ծախսուող միլիոնաւոր տոլարները…
Էրտողանին սատարող թերթերը նոյնիսկ կեղծիքներ հրապարակեցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին՝ պնդելով, որ այդ ձեռնարկը այլեւս վաւերական չէ, քանի որ ան չէ ընդունուած ծերակոյտի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ մինչեւ Ապրիլ 24ը, կամ՝ որ բանաձեւը անիմաստ է, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյներ Անգարայի մէջ յայտարարած է, թէ թոյլ չի տար, որ Ներկայացուցիչներու տան տարբերակը անցնի: Բնաւանաբար այս երկու պնդումներն ալ չեն համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի տարբերակները համատեղ բանաձեւի մաս չեն կազմեր եւ կրնան առանձին-առանձին ընդունուիլ իւրաքանչիւրին կողմէ, աւելի ուշ, այս տարուան ընթացքին:
Ամերիկահայ ընտրողները պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընեն կանխելու քոնկրեսական Պէյնրի վերընտրութիւնը Նոյեմբերին: Նոյն ձեւով, հայ համայնքը պէտք է ընդդիմանայ այն ծերակուտականներուն, որոնք անամօթաբար դէմ քուէարկած են բանաձեւին, նոյնիսկ երբ ծերակուտական Մենենտես որոշ դրոյթներ հանեց ընդդիմախօսներուն հետ համաձայնութեան գալու համար: Ճոն Պարասօ (Ուայոմինկ), Պոպ Քորկեր (Թեննեսի), Ճեֆ Ֆլէյկ (Արիզոնա), Ռոն Ճոնսն (Ուիսքոնսին) եւ Ճէյմս Ռիշ (Այտահօ). ասոնք այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներն են, որոնք դէմ քուէարկեցին: Միւս կողմէ՝ ամերիկահայերը պէտք է ամէն ձեւով աջակցին այն 12 ծերակուտականներուն, որոնք կողմ քուէարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին. յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ Ճերսի), Պարպարա Պոքսեր (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Պենճամին Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ), Քրիսթոֆըր Քունս (դեմոկրատ, Տելավեր), Ռիչըրտ Տուրպին (դեմոկրատ, Իլինոյս), Թիմ Քէյն (դեմոկրատ, Վիրճինիա), Էտուըրտ Մարքէյ (դեմոկրատ, Մասաչուսեց), Ճոն ՄըքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա), Քրիս Մըրֆի (դեմոկրատ, Քոնեքթիքուտ), Մարկօ Ռուպիօ (հանրապետական, Ֆլորիտա), Ժին Շահին (դեմոկրատ, Նիւ Հեմփշիր) եւ Թոմ Ուտոլ (դեմոկրատ, Նիւ Մեքսիքօ):
Բանաձեւի անսպասելի հետեւանքներէն մէկը խորացող պառակտումն էր Թուրքիոյ մէջ առկայ երկու հզօր ուժերու՝ վարչապետ Էրտողանի եւ ազդեցիկ իսլամական հոգեւորական Ֆեթուլահ Կիւլենի միջեւ: Էրտողան մեղադրեց Կիւլենի աջակիցները «հայկական լոպիի» կողմէն ըլլալու համար՝ նուիրաբերելով 10 հազար տոլար ծերակուտական Մենենտեզի քարոզարշաւին: Թուրք-ամերիկեան միութիւնը հերքեց Էրտողանին մեղադրանքները՝ յայտարարելով, որ իրենք «միշտ դժգոհութիւն յայտնած են Մենենտեզի բանաձեւերուն վերաբերեալ, որովհետեւ անոնք կը վշտացնեն թուրքերն ու ատրպէյճանցիները»: Թուրք-ամերիկեան միութեան պաշտօնեաները խոստացած են դատի տալ թուրք լրագրողները այն պնդումներուն համար, որ իրենց կազմակերպութիւնը աջակցած է հայկական բանաձեւին:
Եզրակացութիւն. հակառակ հասարակական տպաւորութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը ներկայացնելու հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնիլը չէ, այդ մէկը արդէն բազմիցս ձեռք բերուած է. Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցած պաշտօնական փաստաթուղթը Միջազգային դատարան 1951 թուականին, նախագահ Ռիկընի 1981 թուականի յայտարարութիւնը և Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւերը 1975 և 1984 թուականներուն: Այս բանաձեւերը պարզապէս կը ծառայեն իբրեւ յարմար միջոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իբրեւ օրախնդիր պահելու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը Հայկական հարցին վրայ բեւեռելու համար: Նաեւ, բանաձեւերը սովորաբար խուճապ կը յառաջացնեն Անգարայի մէջ թուրք պաշտօնեաներու ջղագրգիռ արձագանգին պատճառով: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ ամէն տարի տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ հակազդելու համար բանաձեւերուն, որոնք պարզապէս կ’արտայայտեն «Քոնկրեսին կարծիքը»:
Նման բանաձեւեր ընդունելու հայկական ջանքերը հաշուեյարդարի ձեւ մըն են թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն դէմ՝ թոյլ չտալով թաքցնելու իրենց անցեալի աղտոտ լաթերը:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
www.TheCaliforniaCourier.com
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ