ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Օպաման Բազմաթիւ Վկայակոչումներ Լսեց Շոայի Ձեռնարկին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Օպաման Բազմաթիւ Վկայակոչումներ Լսեց Շոայի Ձեռնարկին

  • 16-05-2014 18:49:44   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 Այս տարուան 7 Մայիսին Լոս Անճելըսի «Hyatt Regency Century Plaza» պանդոկին մէջ մասնակցեցայ շատ տպաւորիչ բարեսիրական ձեռնարկի մը՝ նուիրուած Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շոայի հիմնադրամի 20ամեակին, որ կը հաւաքագրէ Հրէական ողջակիզումը, Հայոց, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները եւ 1937 թուականի Նանճինի կոտորածը վերապրածներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները:
 Միջազգային յայտնի «Օսքար» մրցանակի դափնեկիր բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ «Շինտլըրզ լիսթ» շարժանկարի նկարահանումներէն ետք ստեղծեց Շոայի հիմնադրամը՝ Ողջակիզումը վերապրածներու եւ այլ ականատեսներու անձնական տուեալներու հաւաքագրման եւ պահպանման նպատակով: 2006 թուականին Շոայի հիմնադրամը մաս կազմեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին եւ այժմ հոն պահպանուած են 52 հազար տեսագրուած վկայութիւններ՝ 58 երկիրներ ներկայացնող, 34 լեզուներով: Անիկա իր տեսակին մէջ մեծագոյն արխիւն է ամբողջ աշխարհին մէջ:
 Ձեռնարկին կը մասնակցէր նախագահ Օպամա, որ արժանացաւ «Մարդկութեան դեսպան» բարձր պարգեւին: Մասնակիցներուն մէջ էին նաեւ Սամուէլ Ճէքսըն, Օքթաւիա Սփենսըր, Պարպրա Սթրեյզանտ, Լիամ Նիսըն եւ Պրիւս Սփրինկըսթին, վերջինս մեկնաբանեց իր »Աւետեաց երկիր« եւ »Պար մթութեան մէջ« երկու յուզիչ երգերը:
 2010 թուականին Հայկական շարժանկարներու հիմնադրամը եւ Ճ. Մայքըլ Յակոբեանը ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր Շոայի հիմնադրամին հետ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ ականատեսներու տեսահարցազրոյցներու թուայնացման, պահպանման եւ տարածման համար: Անցեալ ամիս հայկական վկայութիւններու 400 թուայնացուած պատճէններ յանձնուեցան Շոայի հիմնադրամի Վերացական պատմութեան եւ կրթութեան ուսումնարանին: 2015 թուականի Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, հայկական վկայութիւնները՝ թարգմանուելէ, ենթագիրներու տեղադրումէն եւ ցուցակագրումէն ետք, Ողջակիզումի եւ միւս ցեղասպանութիւններու ականատեսներու տուեալներուն հետ մատչելի պիտի դառնան 30 երկիրներու 50 հաստատութիւններուն մէջ (ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզումի թանգարանին մէջ):
 Մօտ 100 ամերիկահայեր մասնակցեցան 7 Մայիսի ձեռնարկին՝ Շոայի մէջ հայկական հաւաքածոյի համար հաւաքելով աւելի քան 100 հազար տոլար: Երեկոյի ընթացքին բազմաթիւ յիշատակումներ եղան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սփիլպըրկը առաջինն էր, որ յայտարարեց Շոայի արխիւներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւնները ներառելու ծրագիրին մասին: Մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնուած տեսերիզին մէջ ցուցադրուեցան Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի, Ցեղասպանութիւնը վերապրած Փոլ Անտոնեանի եւ հայ բռնագաղթուածներու շարք մը լուսանկարներ: Շոայի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սթիվըն Սմիթ նոյնպէս խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ ներկայացնելով Եւնիկէ Սալիպեանը՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրած 104ամեայ կինը, Այնթապէն: Երեկոյին հիւրընկալած կատակերգու Քոնան Օպրայեանը ամպիոնէն տիկին Սալիպեանը ներկայացնելէ ետք ձեռնարկի աւարտին մօտեցաւ անոր սեղանին եւ լուսանկարուեցաւ անոր հետ:
Սալիպեանը իբրեւ պատուաւոր հիւր նստած էր հոլիվուտեան յայտնի դէմք Քիմ Քարտաշեանի կողքին: Յաջորդ օրը Քարտաշեանը ընկերային ցանցին վրայ տեղադրեց Սալիպեանի հետ իր լուսանկարը՝ հետեւեալ գրութեամբ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ Շոայի հիմնադրամի երեկոյին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններու հաւաքագրման աջակցութեան համար: Ես նստած եմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 100ամեայ ամենաոգեշնչող կնոջ կողքին»: Քանի մը օրուան ընթացքին անոր տեղադրած արձանագրութիւնը ստացաւ 400 հազար լայք, գրեթէ 5 հազար մեկնաբանութիւններ «Instagram»ի վրայ եւ 110 հազար լայք՝ անոր Դիմատետրի էջերուն վրայ:
 Հակառակ երեկոյին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամպիոնէն հնչած բազմաթիւ յիշատակումներուն՝ նախագահ Օպաման իր 18 վայրկեան տեւած ելոյթին մէջ որեւէ ուղղակի յղում չըրաւ հայերու կամ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. ոչ ալ կ՛ակնկալուէր, որ պիտի ընէ: Սակայն Օպաման անուղղակիօրէն վկայակոչեց Ողջակիզումէն բացի այլ ցեղասպանութիւններ՝ առանց զանոնք նշելու.
 - «Ես կ՛ուզեմ առանձնայատուկ խօսք ուղղել այս երեկոյ մեր կողքին գտնուող վերապրածներուն՝ ոչ միայն Ողջակիզումէ, այլեւ ինչպէս Սթիվընը (Սփիլպըրկ) նշեց՝ միւս աներեւակայելի ոճրագործութիւնները վերապրածներուն»:
 - «Եթէ Շոան վերապրածներու յիշողութիւնները մեզի կը սորվեցնեն բան մը, ուստի, պէտք է ըսել, որ լռութիւնը չարիքի մեծագոյն դաւադիրն է: Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է Ողջակիզումի որեւէ հերքման խստագոյն դատապարտումը»:
 - «Դուք (Սփիլպըրկ)… վաւերագրած էք ոչ միայն Ողջակիզումի փորձառութիւնը, այլ նաեւ անկէ առաջ եւ ետք տեղի ունեցած վայրագութիւնները…. Ձեզի եւ Շոայի հիմնադրամին բոլոր մարդոց, նաեւ այն աշխատանքին համար, զոր կատարած էք՝ լուսաւորելով վկայութիւններու յաւերժական կրակը, որ կարելի չէ մարել եւ մերժել, կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը»։
 Հայերը կարիք չունին ճնշելու Օպամայի վրայ, որպէսզի ան բացայայտօրէն վկայակոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միացեալ Նահանգներու այլ նախագահ մը՝ Ռոնալտ Ռիկընը, 1981 թուականի Ապրիլ 22ին իր  նախագահական հռչակագիրով արդէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ չէ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նախագահէն յամառօրէն պահանջել ամէն տարի նոյն բանը ճանչնալ: Նախագահ Օպաման պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործէ ոչ թէ հայ ժողովուրդի սիրոյն համար, այլ իր սեփական պատիւը փրկելու՝ կատարելով այն լուրջ խոստումը, զոր տուած էր իբրեւ նախագահական թեկնածու: Միայն անկէ ետք ան կրնայ իսկապէս արժանի ըլլալ «Մարդկութեան դեսպան»ի բարձր կոչման:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»  թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ