ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ռումանիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով` Հակառակ Թրքական Բողոքներուն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ռումանիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համաժողով` Հակառակ Թրքական Բողոքներուն

  • 08-10-2014 00:16:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նոր վերադարձած եմ երկշաբաթեայ լարուած ճամբորդութենէ: Սկիզբը մասնակցեցայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին, ուր համանախագահեցի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նիստը եւ ելոյթ ունեցայ երկու այլ համաժողովներու նիստերուն` առաջարկելով ձեւաւորել ժողովրդավարական ուղիով ընտրուած համասփիւռքեան կառոյց, որ պիտի ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս բնակող եօթը միլիոն հայերը:
 
Այնուհետեւ մեկնեցայ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշ` միանալու տասնեակ երկիրներու մասնագէտներուն, գործիչներուն, լրագրողներուն եւ հոգեւորականներուն` առաջին անգամ ըլլալով գումարուող Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային համաժողովին:
 
Ռումանիոյ մէջ Թուրքիոյ մնայուն կերպով հսկող դեսպանը մեծ ջանքեր գործադրեց տապալելու ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան համաժողովը` կազմակերպուած Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ, այլ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւնը:
 
Թուրք դեսպանին ջանքերը յօդս ցնդեցան, քանի որ խաչքարի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախատեսուած օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, որուն ներկայ էին եւ Փիթեշթի փոխքաղաքապետը, եւ Արճէշի նահանգապետը` ռումանացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Ցեղասպանութեան համաժողովի մասնակիցներու կողքին: Ի դէպ, երբ դեսպանը առարկած էր խաչքարի տեղադրման, Փիթեշթի քաղաքապետը խստօրէն յանդիմանած էր զայն` ըսելով, որ  իրաւունք չունի միջամտելու ռումանական քաղաքի մը ներքին որոշումներուն…
 
Թուրք դեսպանը այնուհետեւ փորձեց խոչընդոտել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային համաժողովը: Թուրքիան մեծ ազդեցութիւն ունի Ռումանիոյ վրայ` երկու երկիրներու միջեւ առկայ լայն առեւտրային կապերուն շնորհիւ: Դեսպանը պէտք էր յատկապէս նեղացած ըլլար այն հանգամանքէն, որ Ցեղասպանութեան համաժողովը ֆինանսաւորած էր Ռումանիոյ կառավարութիւնը: Բարեբախտաբար դեսպանը չյաջողեցաւ խանգարել համաժողովին իրականացումը, որ տեղի ունեցաւ ըստ նախատեսուած ծրագիրին: Համաժողովին ներկայ էին մասնագէտներ` Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Քանատայէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Չեխիոյ Հանրապետութենէն, Ռումանիայէն եւ Սուրիայէն:
 
Միակ անակնկալը այն վայրն էր, ուր իջեւանած էին համաժողովին մասնակիցները: “Թեմփօ” պանդոկի նախասրահ մտնելու ատեն` շքամուտքի կից գտնուող դարակին վրայ նկատեցի քանի մը թրքական թերթ, ներառեալ “Զաման” թերթը` ռումաներէնով: Հետագայ զննումէն ետք յայտնաբերեցի գրքոյկ մը, ուր պարզեցի, որ պանդոկին սեփականատէրը թուրք մահմետական հոգեւոր գործիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենն է… Հակառակ անոր որ պանդոկը կը գտնուէր շատ յարմարաւէտ վայրին մը մէջ`  ընդամէնը  թաղամաս  մը այն կողմ Պուքրէշի հայոց եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն, ուր տեղի կ’ունենար համաժողովը, սակայն որոշ հայ մասնակիցներու համար տհաճ էր գտնուիլ թրքական պանդոկի մէջ: Հետաքրքրական էր, թէ ինչ զգացած էին թրքական պանդոկին տէրերը, երբ պարզած էին, որ կը հիւրընկալեն աշխարհի տարբեր կողմերէ եկած Հայոց ցեղասպանութեան տասնեակ մը մասնագէտներ…
 
Հետաքրքրուելով, թէ ինչ կը քննարկուէր համաժողովին, Թուրքիոյ  դեսպանատունը իր երկու աշխատակիցները ուղարկած էր հետեւելու զեկուցումներուն, որոնք թուրք դեսպանը պարտաճանաչ կերպով պէտք էր փոխանցէր Անգարա: Բարեբախտաբար ոչ մէկ տհաճ միջադէպ տեղի ունեցաւ: Երկու թուրք դիւանագէտները իրենք զիրենք զուսպ կը պահէին եւ չէին փորձեր խանգարել համաժողովը: Նմանապէս, ոչ մէկ հայ մասնակից փորձեց միջամտել թրքական դեսպանատան պաշտօնեաներու աշխատանքին:
 
Համաժողովին` “Ցեղասպանութեան ճանաչում կամ արդարութեան պահանջ” թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս գալէ բացի, ինծի բախտ վիճակուեցաւ ներկայացնելու իմ երկու գիրքերս Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ռումաներէն թարգմանութեամբ, որոնք նոր հրատարակուած էին Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ: Առաջին գիրքը ժողովածու մըն է, ուր ամփոփուած են իմ հարիւր խմբագրականներս, որոնք վերջին տարիներուն հրապարակուած են “Քալիֆորնիա Քուրիեր” եւ այլ թերթերու մէջ:  Չորս հարիւր էջ կազմող գիրքը կը կրէ “Հարիւր յօդուած` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ” խորագիրը: Իմ երկրորդ գիրքս` “Հայոց ցեղասպանութիւն. աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ. փաստաթուղթեր եւ հռչակագրեր, 1915-2015 թթ.” խորագիրով, նոյնպէս հրատարակուած է հայոց թեմին կողմէ` ռումաներէն թարգմանութեամբ:
Հայոց  առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարները հրատարակչական աշխոյժ ծրագիրներ ունին` ռումաներէնի թարգմանել Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ կարեւոր գիրքեր` հակառակ տեղւոյն հայ համայնքի թիւի  նուազեցման,  դէպի Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա արտագաղթի ալիքներու պատճառով:
 
Ռումանիոյ հայկական համայնքին մէջ երկու նշանաւոր Վարուժան կայ: Առաջինը` Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանն է: Ան Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարարն է եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ  ինքնակենսագրական վէպի հեղինակը: Երկրորդը` Վարուժան Փամպուքճեանն է, Ռումանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ազգային փոքրամասնութիւններու նախագահը:
 
Համաժողովի մասնակիցներուն մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուէր Ռումանիա: Անոնք խոստացան աջակցիլ տեղի հայ համայնքի ջանքերուն, յատկապէս` Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ