ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիայէն Երես Թեքած Իրանն ու Յորդանանը Ջերմօրէն Ընդունեցին Չորս Հայ Ղեկավարներ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիայէն Երես Թեքած Իրանն ու Յորդանանը Ջերմօրէն Ընդունեցին Չորս Հայ Ղեկավարներ

  • 05-11-2014 17:45:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջին ամսուան ընթացքին հայերը ընդլայնեցին իրենց պատմական կապերը արաբական եւ իսլամական աշխարհի հետ` Հայաստանի նախագահին եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին միաժամանակեայ այցերով Յորդանանի Թագաւորութիւն, եւ Հայաստանի վարչապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւններով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:
Թէեւ նման արտերկրեայ այցելութիւններ սովորական բնոյթ կը կրեն, սակայն շիի Իրանի եւ սիւննի Յորդանանի կողմէ չորս հայ ղեկավարներուն նկատմամբ ցուցաբերուած բացառիկ ջերմ ընդունելութիւնը կ՛արտացոլացնէ այս իսլամական երկիրներուն սերտ յարաբերութիւնները քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին հետ եւ դժգոհութիւնը` Թուրքիոյ կառավարութեան վարած արմատական իսլամական քաղաքականութեան նկատմամբ:
Ընդամէնը քանի մը տարի առաջ բազմաթիւ արաբներ եւ իսլամներ կ՛ողջունէին Թուրքիոյ վարչապետ, այժմ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը, որպէս` նորօրեայ սուլթանի, որ կը պաշտպանէր իրենց ազգային եւ կրօնական ձգտումները: 2010 թուականին Յորդանանը, Լիբանանը, Սուրիան եւ Թուրքիան որոշած էին ստեղծել ազատ առեւտուրի գօտի` իրենց տնտեսական համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար: Սակայն շատ չանցած, նեցուկ կանգնելով Իսլամ եղբայրներուն  եւ ժիհատականներու արիւնարբու սպանդներուն` ընդդէմ քիւրտերու, եզիտիներու, շիիներու, ալեւիներու եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու, Էրտողանի մենատիրական եւ անխոհեմ վարքագիծը վանեց Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր պետութիւնները: Սուրիոյ հետ սիրոյ բերկրանքը արագօրէն վերածուեցաւ բացայայտ թշնամանքի, իսկ Եգիպտոսի, Իրանի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ յատկապէս Իսրայէլի հետ Անգարայի յարաբերութիւնները դարձան հակոտնեայ:
Հաւանաբար Թուրքիոյ հետ այս տարածաշրջանային լարուածութիւնը կարեւոր դեր խաղաց չորս հայ անձնաւորութիւններու ոգեւորիչ ընդունելութեան մէջ` Իրանի եւ Յորդանանի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ, եւ անոնք ջերմ եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցան իրենց փոխադարձ շահերու ու մտահոգութիւններու վերաբերեալ: Ահա անոնց այցելութիւններուն գլխաւոր պահերը.
- Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդի, վարչապետ Ապտալլահ Անսուրի, խորհրդարանի նախագահ Ապտել Ռաուֆ Ռաուապտէի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Աթեֆ Թարաունէի հետ: Այցելութեան ընթացքին Երեւանի եւ Ամմանի քաղաքապետները քոյր քաղաքներ հռչակելու մասին համաձայնագիր ստորագրեցին: Երկու պետութիւններուն ղեկավարները որոշեցին ստեղծել միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբեր եւ ընդլայնել իրենց համագործակցութիւնը զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառներուն մէջ: Նախագահ Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Յորդանանի ղեկավարութեան` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ փախստականներուն ապաստան տալու եւ ներկայիս Յորդանանի հայ համայնքի կարիքներուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնելուն համար: Հայաստանի նախագահը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հիւսէյն Իպըն Ալի ալ Հաշիմիի` 1917 թուականի ուղերձին համար, որով ան յորդորած էր հաւատացեալ մահմետականները` աջակցելու Ցեղասպանութեան հայ գաղթականներուն. «Պաշտպանեցէ՛ք զանոնք այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանէիք ձեր անձը, ձեր ունեցուածքը  եւ ձեր զաւակները”: Նախագահ Սարգսեան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց հանգուցեալ Հիւսէյն թագաւորի յիշատակին, որ 1988 թուականի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր Հայաստան: Այնուհետեւ նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի կողմէ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ օծման պատմական արարողութեան` Յորդանան գետի ափին, ուր մկրտուած էր Յիսուս Քրիստոս: Սրբազան վայրին մէջ եկեղեցւոյ հողը մեծահոգաբար նուիրած էր Յորդանանի կառավարութիւնը: Հետաքրքրական է, որ երբ Թուրքիան կ՛օգնէ եւ կը դրդէ ժիհատական ահաբեկիչները` ոչնչացնելու Հայոց ցեղասպանութեան եկեղեցի-յուշահամալիրը Տէր Զօրի մէջ, Յորդանանի կառավարութիւնը կ՛օժանդակէ Յորդանան գետի ափին հայոց եկեղեցւոյ կառուցումին…
- Իրան կատարած իր կարճատեւ այցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպեցաւ նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ եւ շարք մը պայմանագիրներ ստորագրեց ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ:  Յ. Աբրահամեան նախագահ Ռոհանիի փոխանցեց Հայաստանի նախագահին հրաւէրը` ներկայ գտնուելու 2015 թուականի ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան: Վարչապետը, եօթը նախարարներու ուղեկցութեամբ, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Իսհաք Ճահանկիրի, արտաքին գործոց  նախարար Մոհամետ Ճաուատ Զարիֆի, քարիւղի նախարար Պիժան Նամտար Զանկանէի եւ Սպահանի նահանգապետ Ռասուլ Զարկարփուրիի հետ. վերջինս բարձր գնահատեց հայ համայնքին դերը Սպահանի զարգացման գործին:
- Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին, որ բարձր գնահատեց իրանահայ համայնքին դերը. “Իրանը միշտ մեծ յարգանքով վերաբերած է հայ համայնքին, իսկ Իրանի մահմետականներու եւ հայ քրիստոնեաներու միջեւ յարաբերութիւնները միշտ դրական զարգացում ունեցած են”: Անոնք նաեւ քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ թրքական կառավարութեան բացասական դերը: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հանդիպեցաւ Սպահանի նահանգապետին եւ Միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան իսլամական կազմակերպութեան առաջնորդներուն հետ: Իրանի նախագահի ազգային եւ կրօնական հարցերով յատուկ օգնական Ալի Եունեսի նախագահ Ռոհանիի անունով ընթրիք կազմակերպեց` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ելոյթ ունենալով Նոր Ջուղայի համաժողովին` Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան վերաբերեալ, կաթողիկոսը յայտարարեց. «Անկախ հանգամանքներէ եւ անցած տարիներէն` մենք պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել մեր նահատակներուն համար”:
Չորս հայ ղեկավարներու զուգադիպած այցերը Իրան եւ Յորդանան` կ'ամրապնդեն խիստ դրական կապերը երկու մահմետական երկիրներուն եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին միջեւ եւ կ'ընդգծեն Թուրքիոյ յաւելեալ մեկուսացումը Միջին Արեւելքէն:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ