Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Մինսքի խումբին կոչ կ՚ընէ ջանքերը կրկնապատկելու


Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Մինսքի խումբին կոչ կ՚ընէ ջանքերը կրկնապատկելու

  • 30-11-2015 11:18:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Միւս կողմէ, ինչպէս կ՚ըսուի վերի գրութեան մէջ ալ՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Չավուշօղլու որ կը գտնուէր Պաքու, Մինսքի խումբի համանախագահներուն կոչ ըրած է ջանքերը կրկնապատկելու՝ լուծումի յանգելու համար Արցախեան կնճիռին մէջ:
 
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Չավուշօղլու անգամ մը եւս յայտարարած է, որ “Թուրքիա պիտի շարունակէ նեցուկ կանգիլ Ազէրպայճանին”։ 
ԼՂՀ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան ալ ըսած է, որ Թուրքիա պէտք է հեռու մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն: Այս ձեւով Հայաստան պատասխանած կ՚ըլլայ Տաւութօղլուի՝ «Թուրքիա կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Ազէրպայճանի գրաւեալ հողերը ազատագրուին» յայտարարութեան:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը