Յարութ Սասունեան.Մինչ Ցուցարարները Նոր Կառավարութիւն Կը Պահանջեն, Ռուսիա Եւ Թուրքիա Կը Մեկուսացնեն Հայաստանը


Յարութ Սասունեան.Մինչ Ցուցարարները Նոր Կառավարութիւն Կը Պահանջեն, Ռուսիա Եւ Թուրքիա Կը Մեկուսացնեն Հայաստանը

  • 23-08-2016 12:12:55   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Այս յօդուածով փորձ կը կատարուի բացատրելու պատճառները Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու յանկարծակի վերականգնման, որ նաեւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի եւ որոշ չափով Իրանի կողմէ՝ մինչ Երեւանի մէջ մեծ առճակատում տեղի կ՛ունենար զինուած ընդդիմադիր խումբի եւ ոստիկանութեան միջեւ: 
 
Մոսկուան եւ Անգարան մէկ կողմ ձգելով իրենց հակամարտութիւնը՝ նախորդ տարի սուրիական սահմանի մօտ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ռազմական ինքնաթիռի խոցման պատճառով, այժմ «հաշուարկով ամուսնութիւն» կնքած են՝ մեկնած իրենց ազգային փոխադարձ շահերէն: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու կողմէ ընդունուած այս գործնական որոշումը նպատակ ունի առաւելագոյնին հասցնել իրենց տնտեսական շահերը եւ համակարգել արտաքին քաղաքականութիւնները՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով աւելի լաւ դիմակայելու Արեւմուտքի ճնշումները: 
 
Ռուսիա կը տառապի փլուզուող տնտեսութենէն, հիմնականին մէջ անոր դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներու պատճառով՝ Ուքրանիայէն Ղրիմի կցումէն ետք: Միւս կողմէ, հակառակ իր անդամակցութեան ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրոպական Խորհուրդին, Թուրքիոյ չի թոյլատրուիր միանալ Եւրոմիութեան եւ ան կը մեղադրուի Սուրիոյ մէջ Իսլամական Ծայրայեղական Շարժումին աջակցելու յանցանքով: Աւելին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վրդոված է, որ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ խստօրէն քննադատած են իր կոշտ միջոցները՝ ընդդէմ քաղաքական հակառակորդներու, Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք: Էրտողան նաեւ դժգոհ է, որ Միացեալ Նահանգներ չյանձնեց Թուրքիոյ՝ մահմետական հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը, որուն ան կը մեղադրէր ռազմական յեղաշրջման փորձի կազմակերպման յանցանքով: 
 
Մերժելով «անհարկի արեւմտեան միջամտութիւնը» իրենց ներքին եւ արտաքին գործերուն, Ռուսիա եւ Թուրքիա որոշեցին հիմք դնել նոր դաշինքի մը, որ զիրենք դուրս կը բերէ Արեւմուտքի մեկուսացումէն: Այդ նպատակին հասնելու համար Ռուսիոյ նախագահ Փութին Օգոստոս 8-ին Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Իրանի նախագահ Ռոհանիի հետ, իսկ Օգոստոս 9-ին, Սան Փեթերսպուրկի մէջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Այս չորս երկիրները ստորագրեցին շարք մը կարեւոր տնտեսական համաձայնագրեր եւ քննարկեցին տարածաշրջանային մեծ ազդեցութիւն ունեցող էական քաղաքական հարցեր, այդ շարքին՝ Արցախեան հակամարտութեան հարցը: Յաջորդ օրը Փութին Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ աւելի վաղ կայացած իր տեսակցութիւններուն արդիւնքները անոր ներկայացնելու համար: 
 
Մինչ Ռուսիոյ մերձեցումը Հայաստանի ոխերիմ թշնամիներ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, կրնայ յանգեցնել ծանր ճնշումներու նախագահ Սարգսեանի վրայ՝ Արցախի հարցով տարածքային զիջումներու երթալու, անիկա կրնայ նաեւ նուազեցնել Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը Արցախի դէմ, առանց Փութինի համաձայնութեան: Պէտք չէ զարմանալ, որ այս նոր վերախմբաւորումը Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, կրնայ նաեւ 2009-ին ստորագրուած հայ-թրքական մեռեալ արձանագրութիւնները վերակենդանացնել, որուն իբրեւ արդիւնք կը բացուի անոնց  միջեւ ընդհանուր սահմանը՝ Արցախի հարցով Հայաստանի «հաշտարար քայլի» հետ միասին: 
 
Այսօրուան խորամանկ թուրք ղեկավարները կ՛ընթանան հետքերովը իրենց օսմանեան նախնիներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ հմտօրէն կը հրահրէին եւրոպական մեծ երկիրներէն մէկը միւսներուն դէմ, իսկ յետոյ կ՛անցնէին միւսներուն կողմը, երբ ձեռնտու ըլլար իրենց: Անհաւատալիօրէն, Էրտողան ջերմ յարաբերութիւններու մէջ է Ռուսիոյ հետ՝ միաժամանակ մնալով ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ օգտուելով երկու կողմերէն: Միացեալ Նահանգներ եւ ՆԱԹՕ-ի միւս անդամները պէտք չէ հանդուրժեն թրքական այս խաբեբայութիւնը: Անոնք պէտք է խստօրէն  նախազգուշացնեն Էրտողանը՝ ընտրել կա՛մ ՆԱԹՕ-ն, կա՛մ Ռուսիան...: Եթէ Թուրքիոյ նախագահը շարունակէ Ռուսիոյ կողմը բռնել, ան կրնայ յայտնուիլ դատարկ տաշտակի առջեւ, երբ Քրեմլինի հետ անոր դաշինքը փլուզուի... 
 
Մինչ մութ ամպեր կը կուտակուէին Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, հայերը զբաղած էին ներքին վէճերու կարգաւորմամբ: Յուլիս 17-ին Երեւանի մէջ ոստիկանութեան գունդի գրաւումը 31 զինեալներու կողմէ, որոնց ղեկավարները Արցախեան պատերազմի վեթերաններ էին, լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուց հայերու մօտ՝ երկրի ներսը եւ դուրսը:  «Սասնայ ծռեր» անունը կրող խումբը կը պահանջէր նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, միջանկեալ կառավարութեան ձեւաւորում եւ նոր ընտրութիւններ: 
 
Երկշաբաթեայ դիմակայութենէն ետք, որուն ընթացքին երեք ոստիկան սպաննուեցաւ, զինուած մարդոցմէ մէկ քանին վիրաւորուեցաւ եւ տասնեակ ցուցարարներ վնասուածքներ ստացան կամ ձերբակալուեցան՝ անոնց շարքին լրագրողներ, ապա «Սասնայ ծռեր» խումբի մնացած անդամները յանձնուեցան: Ամէն գիշեր հարիւրաւոր, երբեմն ալ հազարաւոր ցուցարարներ հանրահաւաքներ կազմակերպեցին՝ իրենց աջակցութիւնը արտայայտելով վեթերաններու խումբի պահանջներուն:  
 
Այս ողբերգական առճակատման իսկական արմատները խորն են եւ կը հասնին մինչեւ Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը: Բնակչութեան լայն խաւերու շրջանակներուն մէջ մեծ զայրոյթ եւ հիասթափութիւն կուտակուած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին, երբ աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ լքեցին երկիրը՝ իրենց ընտանիքներու տարրական պէտքերը բաւարարելու համար: Անոնք, որոնք մնացին, բազում զրկանքներ կրեցին եւ տառապեցան կամայականութիւններէ, ինչպէս՝ փտախտէ, կեղծուած ընտրութիւններէ, անարդար դատական ​​համակարգէ, անտարբեր պետական պաշտօնեաներէ եւ մենաշնորհներ ունեցող առեւտրականներէ... 
 
Այս բոլորին հետեւանքով քաղաքացիներու մեծ մասը կորսնցուց իր հաւատքը կառավարութեան նկատմամբ: Թէեւ զինուած յարձակումը ոստիկանութեան գունդի վրայ այլախոհութեան ընդունելի ձեւ չէ, սակայն երբ մարդիկ երկար ժամանակ կը գտնուին անելանելի վիճակի մէջ եւ չեն տեսներ որեւէ այլընտրանք իրենց դժգոհութիւնները լուծելու համար, ստիպուած կը դիմեն ծայրայեղ քայլերու: 
 
Մինչ նման ներքին պառակտում մը կրնայ վտանգել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը, ցուցարարները կը մնան անդրդուելի՝ համարելով, որ ոչ հաշուետու ղեկավարներ ունենալը աւելի վտանգաւոր է: Որքան ալ տարօրինակ թուի, բայց բոլոր անոնք, որոնք դէմ են Արցախի շրջակայ հողատարածքներու հնարաւոր վերադարձման, օգնեցին Սարգսեանի դիրքերու ամրապնդման՝ համոզելու Փութինը, որ Արցախի հարցով հայ ժողովուրդը կտրականապէս դէմ է որեւէ տարածքային զիջման: 
 
Եթե իշխանութիւնները կը ցանկան կանխել ներքին խռովութիւններու հետագայ կրկնութիւնը, ապա պէտք է բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկեն՝ ցոյց տալու համար, որ իրենք իսկապէս կը մտածեն հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան մասին: Այս նպատակով, նախագահ Սարգսեան վերջերս խոստացած է կտրուկ փոփոխութիւններ իրականացնել, ներառեալ «ազգային միասնութեան կառավարութեան» ձեւաւորումը: Հասկնալի է, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ թերահաւատօրէն կը վերաբերին այս յայտարարութեան, քանի որ նախապէս համանման անկատար խոստումներ շատ լսած են:  
 
2017-ին կը նախատեսուի նոր խորհրդարանի ընտրութիւն, իսկ նոր նախագահը կ՛ընտրուի խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ՝ 2018-ին: Եթէ յաջորդ ընտրութիւնները արդար չըլլան եւ չներկայացնեն բնակչութեան տարբեր հատուածները, ապա կրնան աւելի լուրջ խռովութիւններ ծայր առնել: Ազատ ընտրութիւններ իրականացնելու բեռը ինկած է ոչ միայն պետական պաշտօնեաներու, այլեւ ուսերուն ընտրողներու, որոնք, կը վաճառեն իրենց քուէները... 
 
Ժողովրդավարութեան ճամբով ընտրուած կառավարութիւնը միակ միջոցն է ձեռք բերելու ժողովուրդին վստահութիւնը՝ ոչ միայն երկրի արդար կառավարման, այլեւ արտաքին յարաբերութիւնները պատշաճ կերպով վարելու համար, ներառեալ Արցախի շուրջ բանակցութիւնները: Ներկայիս մեծ անվստահութիւն կայ, որ փակ դռներու ետեւ վարուող բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ կամ այլուր, կը բխին հայ ժողովուրդի շահերէն:   
 
Այս նոր պարտադրուած անկայուն աշխարհառազմավարական մեկուսացումէն դուրս գալու համար, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է ընդօրինակեն թրքական վաղեմի մարտավարութիւնը՝ «բաժնէ եւ տիրէ», Ռուսիան հանելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, ատով իսկ կանխելով Ատրպէյճանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հնարաւոր համաձայնութիւնը Արցախեան հակամարտութեան հարցով: 
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ