Յարութ Սասունեան.Ճանաչողական Բացառիկ Ճամբորդութիւն Դէպի Իրան
23-09-2016 11:15:20 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Չեխիոյ, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու 16 հայ այլ լրագրողներու հետ միասին, ես եւս հրաւիրուած էի մասնակցելու «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութեան: «Ալիք» լոյս կը տեսնէ Թեհրանի մէջ, 1931 թուականէն ի վեր:
Քանի որ սա իմ առաջին այցելութիւնս էր Իրան, ես անմիջապէս հասկցայ, որ ասիկա խիստ կը տարբերի այն երկրէն, որուն մասին ես լսած եւ կարդացած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իրանը հին քաղաքակրթութիւն ունեցող կարեւոր երկիր է, որ յաճախ սխալ ընկալուած է օտարներու կողմէ:
Թեհրանը միլիոնաւոր բնակչութիւն ունեցող մեծ քաղաք է, որ կը փորձէ յաղթահարել խելայեղ երթեւեկութիւնը: Իրավիճակը աւելի կը բարդացնեն տասնեակ հազարաւոր մոթոսիքլէթ վարողները, որոնք մեծ արագութեամբ եւ բոլոր ուղղութիւններով կը սլանան ինքնաշարժներու արանքներով, մինչ հետիոտները կը նետուին խիտ երթեւեկութեան շարքերու միջեւ՝ անմտօրէն վտանգելով իրենց կեանքը: Ըստ էութեան, Իրան այցելութեան առաւել վտանգաւոր կողմը ոչ վարչակարգն է, ոչ ալ զինեալները, այլ՝ փողոցի հասարակ հատումը...
Ես նաեւ բացայայտեցի, որ իրանցիները եւ իրանահայերը շատ հիւրընկալ, բարի եւ քաղաքավար մարդիկ են: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն ամբողջովին անծանօթ մարդոց օգնելու համար: Հայերը, իբրեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն, կ՛օգտուին կրթութեան եւ պաշտամունքի լիակատար ազատութիւններէն: Անոնք ունին իրենց սեփական դպրոցները եւ եկեղեցիները ամբողջ երկրին մէջ: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմեր կան Թեհրանի, Սպահանի եւ Թաւրիզի մէջ:
Հայ համայնքի շքեղ կեդրոններէն մէկը «Արարատ» հայկական մշակութային միութեան կեդրոնն է, որ կը ներառէ քանի մը հեկտար մարզական շինութիւններ, որոնց շարքին՝ ֆութպոլի մարզադաշտ, պասքէթպոլի եւ թենիսի մարզադահլիճներ, լողաւազաններ եւ մատուռ մը Թեհրանի ամէնէն հեղինակաւոր մասերէն մէկուն մէջ: Մեր այցը Իրան զուգադիպեցաւ Համահայկական 48-րդ ամէնամեայ խաղերու բացման արարողութեան, որուն կը մասնակցէին Իրանի տարբեր հատուածերէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Վրաստանէն ժամանած հայ սկաուտներ եւ մարզիկներ: Յաջորդ օրը, Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը պաշտօնական բողոք ներկայացուց Իրանի կառավարութեան՝ Համահայկական խաղերուն մէջ Արցախի մարզիկներու ընդգրկման դէմ:
Իրանահայերը կամուրջի կենսական դեր կը խաղան իրենց զոյգ հայրենիքներու՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ: Հակառակ Ատրպէյճանի բողոքներուն եւ յամառ ջանքերուն՝ խոչընդոտելու Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, Իրանի կառավարութիւնը հաստատակամօրէն կը պահպանէ հաւասարակշիռ յարաբերութիւններ երկու հարեւան պետութիւններու հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի կառավարութեան եւ հայ համայնքի միջեւ մէկ այլ կարեւոր օղակ է Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, բարձրակարգ եւ փորձառու դիւանագէտ Արտաշէս Թումանեանը:
«Ալիք» թերթի ղեկավարութիւնը կազմած էր յագեցած ծրագիր՝ ժամանած լրագրողներու համար, ներառելով այցելութիւններ՝ հայկական դպրոցներ, հայկական բուժարան, Գիւլիստանի պալատ, Թագաւորական Ոսկերչական Թանգարան եւ Չարմահալ Միութեան Կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ «թաք-շօ», հայ համայնքին համար: Լրագրողները նաեւ հանդիպում ունեցան Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան, իրանական երկու մեծ լրատուական միջոցներու, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակի, մշակոյթի նախարարի եւ Քաղաքական եւ Միջազգային Հետազօտութիւններու Կեդրոնի ներկայացուցիչներու հետ: Այցելուներուն ամէնուրեք կ՛ընդունէին մեծ ջերմութեամբ եւ յարգանքով...
Լրագրողները նաեւ պատիւը ունեցան հանդիպելու Իրանի Մեճլիսի (խորհրդարան) երկու հայ պատգամաւորներուն հետ, որոնք առանցքային դեր կը խաղան իշխանութիւններու եւ հայ համայնքի միջեւ:
Անցեալ Շաբաթ երեկոյեան լրագրողները ներկայ գտնուեցան «Ալիք» թերթի 85-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան, ուր հնարաւորութիւն ունեցան ամբիոնէն շնորհաւորելու թերթին՝ քանի մը սերունդներ կրթելու եւ տեղեկացնելու գործին մէջ ունեցած եզակի ձեռքբերումներուն համար, բան մը, որ անոնք յաջողած են իրականացնել նուիրեալ խմբագիրներու, լրագրողներու, թերթի անձնակազմի, բարերարներու եւ տեղական համայնքային կազմակերպութիւններու մեծ զոհողութիւններուն շնորհիւ:
Այցելութեան գագաթնակէտը՝ շրջագայութիւնն էր Սպահան եւ Թաւրիզ պատմական քաղաքներով, ներառեալ՝ յատուկ «ուխտագնացութիւն» դէպի Սուրբ Թադէոս (Թադէ) եւ Սբ. Ստեփանոս վանքեր:
Ճամբորդութեան առաւել յուզիչ պահը ուղեւորութիւնն էր՝ Արաքս գետի հունով Իրանի եւ Նախիջեւանի միջեւ սահմանի երկայնքով, որ նախապէս Հայաստանի մէկ մասն էր, իսկ հիմա ինքնավար հանրապետութիւն է Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Լրագրողներէն շատերու աչքերուն արցունքներ յայտնուեցան, երբ անոնք սահմանի միւս կողմի վրայ կը դիտէին դատարկ դաշտը, որ ժամանակին հնագոյն գերեզմանոց էր՝ հազարաւոր հայկական խաչքարերով, զորս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դաժանօրէն ոչնչացուցած էին, ատով իսկ իրականացուցած մշակութային ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիր...
Հակառակ վերջին տասնամեակներու ընթացքին դէպի այլ երկիրներ բազմաթիւ իրանահայերու արտագաղթին, հիմնականին մէջ՝ Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, համայնքի զգալի մասը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, կրկնապատկելով իր ջանքերը, որպէսզի շարունակէ իր դերակատարութիւնը իբրեւ կարեւոր կամուրջ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ...