Յարութ Սասունեան.Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինը Դարձեալ Արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը


Յարութ Սասունեան.Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինը Դարձեալ Արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

  • 23-10-2016 15:29:16   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմնի երկու պալատները մէկ անգամ եւս օրէնք ընդունեցին՝ քրէականացնելով Ֆրանսայի կամ միջազգային դատարաններու կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը կամ այլ ցեղասպանութիւններու կամ մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներու ժխտումը, նուազեցումը կամ ծայրայեղ նուաստացումը, եթէ անոնցկ՛ուղեկցին բռնութեան կամ ատելութեան հրահրումը: 14 Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 156 կողմ եւ 146 դէմ ձայներույարաբերակցութեամբ հաւանութիւն տուաւ նոր օրէնքին՝ հետեւելով խորհրդարանի 6 Յուլիսի հաստատման, ձայներու 305-157 յարաբերակցութեամբ: Օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ ստորագրուելէ ետք, ինչ որ ան խոստացեր է ընել: 
 
Այժմ հարցը այն է, թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը արդեօք հաւանութիւն կու տա՞յ օրինագիծին, թէզայն կը համարէ հակասահմանադրական, ինչպէս որ ըրաւ 2012 թուականին՝ պնդելով, որ այդ մէկը կը խախտէ խօսքի ազատութիւնը: Ահա այս խճճուած պատմութեան ոդիսականը.
 
Ֆրանսայի խորհրդարանը առաջին անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 29 Մայիս 1998-ին, որուն յաջորդած է Ծերակոյտի կողմէ ընդունումը 7 Նոյեմբեր 2000-ին: Սակայն, երկու քուէարկութիւններու միջեւ ընտրութիւններ տեղի ունենալուն պատճառով, խորհրդարանը ստիպուած էր զայն երկրորդ անգամ հաստատել 18 Յունուար 2001-ին՝ յայտարարելով, որ «Ֆրանսան հրապարակայնօրէն կը ճանչնայ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: 29 Յունուար 2001-ին, վարչապետ Լիոնէլ Ժոսփէնեւ նախագահ Ժագ Շիրաքը ստորագրեցին օրէնսդիր մարմնի կողմէ ընդունուած օրէնքը: Ասոր ի պատասխան՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Փարիզէն յետս կոչեց իր դեսպանը:
 
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ֆրանսական լրատուական միջոցներու քանի մը ներկայացուցիչներ եւ որոշ թուրքեր Ֆրանսայի մէջեւանոնց խամաճիկները կը շարունակէին ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ֆրանսահայ համայնքը ձգտեցաւ պատասխանատուութեան ենթարկել ժխտողականները, ինչպէս կ՛ընէին հրէական Ողջակիզումի պարագային: Ֆրանսահայերը պահանջեցին օրէնքով հաւասար պաշտպանութիւն՝ իրաւացիօրէն պնդելով, որ պէտք չէ ըլլայ որեւէ խտրականութիւն ցեղասպանութեան զոհերու միջեւ... 
 
Տասը տարուան քարոզչական աշխատանքէ ետք, ֆրանսահայերը եւ անոնց աջակիցները վերջապէս յաջողութեան հասան. 22 Դեկտեմբեր 2011-ին խորհրդարանը ընդունեց օրինագիծ մը, որով կը սահմանուէր մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 50 հազար տոլար տուգանք բոլոր անոնց համար, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ծերակոյտը իր հաւանութիւնը տուաւ 23 Յունուարի 2012-ին: Անգամ մը եւս Թուրքիա Փարիզէն յետս կոչեց իր դեսպանը... 
 
Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը 28 Փետրուար 2012-ին որոշեց, որ առաջարկուող օրինագիծը հակասահմանադրական է, քանի որ կը խախտէ խօսքի ազատութիւնը: Խորհուրդի որոշումը խիստ գայթակղեցուցիչ էր: Անոր 11 անդամներէն մէկ քանին շահերու լուրջ բախում ունէին, քանի որ անոնց ընտանիքները գործարարական կապեր ունէին Թուրքիոյ հետ կամ դէմ արտայայտուած էին այս օրինագիծին իրենց օրէնսդրական գործունէութեան տարիներուն... Ամենազարմանալին այն էր, որ Խորհուրդի անդամներէն մէկը թրքական վերլուծական կեդրոններէն մէկուն՝ Պոսֆորի Հիմնարկի ղեկավարներէն էր, որ քարոզչութիւն կը ծաւալէր նոյն այս օրէնքին դէմ...: Ֆրանսական թերթի մը կողմէ այս ապօրինի եւ անբարոյական կապերու բացայայտումէնետք, Խորհուրդի երկու անդամները ինքնաբացարկ յայտնեցին այս դատէն: 
 
Ներկայիս Սահմանադրական Խորհուրդը բաղկացած է 10 անդամներէ. երեքը 2012-ի Խորհուրդի կազմէն մնացածներն են, որոնք մերժած էին համանման նախկին օրէնքը: Բարեբախտաբար, նոր անդամներէն մէկ քանին աւելի լաւ տրամադրուած են առաջարկուող օրէնսդրութեան նկատմամբ: 
Աւելի կարեւոր՝ նոր ընդունուած օրէնքը, որկը կոչուի «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն», զգալիօրէն կը տարբերի 2012-ի տարբերակէն: Նախագահ Հոլանտ, օրէնսդիրները եւ ֆրանսահայ համայնքը ամեն բանըրին ապահովելու համար, որ նոր թեքսթը համապատասխանէ խօսքի ազատութեան իրաւունքին: 
 
Թէեւ խօսքի ազատութիւնը ամէնէն ցանկալի իրաւունքն է բոլոր ժողովրդավարական երկիրներումէջ, սակայն կան շարք մը կարեւոր հանգամանքներ, զորս պէտք է նկատի առնուին. 
 
1) Խօսքի ազատութիւնը աւելի բացարձակ արժէք է Միացեալ Նահանգներու, քան Եւրոպայի մէջ, ուր այդ իրաւունքը սահմանափակող բազմաթիւ օրէնքներ կան: Նոյնիսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոշ սահմանափակումներ կան փափաքածը ըսելու կամ գրելու վերաբերեալ, ինչպիսին են՝ վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան օրէնքները: 
 
2) Այն երկիրներումէջ, ուր հրէական Ողջակիզումի ժխտումը արգիլուած է, պէտք է արգիլուի նաեւ միւս բոլոր ցեղասպանութիւններու ժխտումը, այդ շարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Ո՛չ մէկ երկակի չափանիշ ցեղասպանութեան զոհերու միջեւ... 
 
3) Քանի որ Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնք ունի, ապա պէտք է ունենայ նաեւ պատիժ այդ օրէնքի խախտման դէմ, ինչպէս մնացած բոլոր օրէնքներու պարագային...   
 
4) Հակաժխտողական օրէնքները կը կանխեն Թուրքիոյ կողմէ իր ժխտողական քաղաքականութեան արտահանումը այլ երկիրներ: 
 
5) Ժողովրդավարական Ֆրանսայի մէջ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ստելը հակաօրինական է, մինչդեռ բռնապետական Թուրքիոյ մէջ՝ ատոր մասին ճշմարտութիւնը ըսելը...
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ