Յարութ Սասունեան. «Ուիքիլիքս» Բացայայտած Է Հիլըրի Քլինթընի Ելեքտրոնային Նամակագրութիւնը Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ


Յարութ Սասունեան. «Ուիքիլիքս» Բացայայտած Է Հիլըրի Քլինթընի Ելեքտրոնային Նամակագրութիւնը Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

  • 31-10-2016 12:45:21   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Ամբողջ աշխարհը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի «Ուքիլիքս»ի հրապարակած ելեքտրոնային ներքին նամակներու հոսքին. աւելի քան 400 հազար նամակ Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն, 2.8 միլիոն դիւանագիտական նամակ Միացեալ Նահանգներէ, աւելի քան 30 հազար նամակ, զորս ուղարկած կամ ստացած է Հիլըրի Քլինթըն իբրեւ պետական քարտուղար, եւ համակարգիչներու վնաս պատճառող մարդու (hacker) յարձակմամբ ձեռք բերուած 27 հազար նամակ ու յաւելուած՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային կոմիտէէն:
 
Հարիւրաւոր նամակներու արտահոսքէն առանձնացնեմ միայն քանի մը հատը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի կամ Թուրքիոյ.
 
1) 19 Ապրիլ 2015-ին, Հիլըրի Քլինթընի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիւան, ելեքտրոնային նամակ ուղարկած է նախընտրական քարոզարշաւի կէս տասնեակ բարձրաստիճան աշխատակիցներու, որոնց շարքին՝ ղեկավար Ճան Փոտըսթայի՝ հետաքրքրուելով, թէ արդեօք անոնք հանդէս պիտի գա՞ն յայտարարութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Սալիւան նաեւ ուզած է գիտնալ, թէ Քլինթըն պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասպանութիւն» եզրը, ինչպէս ըրաւ ութ տարի առաջ՝ ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու եղած ժամանակ, թէ՞ կը խուսափի այդ եզրոյթէն, ինչպէս որ ըրաւ իբրեւ պետական քարտուղար: Սալիւան նշած է, որ «Սպիտակ Տունը մինչեւ հիմա փութաջանօրէն կը խուսափի «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ» եւ, հաւանաբար, կը շարունակէ այդպէս վարուիլ»: Սալիւան հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Քլինթընի նախընտրական քարոզարշաւի խումբը պէ՞տք է աշխուժօրէն հանդէս գայ յայտարարութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, թէ՞ սպասէ մինչեւ «հայկական կազմակերպութիւնները» խնդրեն այդ մասին: Սալիւան աւարտած է իր նամակը՝ ընդունելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը «խիստ կարեւոր է ամերիկահայերու համար»: Ժամեր անց, Փոտըսթա առաջարկած է Հռոմի Ֆրանսիս պապի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող խօսքերը ընդգրկել ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան մէջ, որ, վերջին հաշուով, Քլինթընի նախընտրական խումբը որոշած է չհրապարակել...
 
2)    Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առաջին խորհրդական Իսմայիլ Չոպանօղլու, 9 Սեպտեմբեր 2015-ին նամակ ուղարկած է նախընտրական քարոզարշաւի ղեկավար Ճան Փոտըսթայի՝ հարցնելով, թէ արդեօք Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու կրնա՞յ «քաղաքավարական այց կատարել տիկին Քլինթընին», Նիւ Եորք, Սեպտեմբեր 26-էն 30 ինկած ժամանակահատուածի մէջ: Տարօրինակ է, որ Չոպանօղլու նշած է, որ ան սկիզբը դիմած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան, սակայն իրեն պատասխանած են, որ տիկին Քլինթըն այլեւս պետական քարտուղար չէ...: Չոպանօղլու գրած է Փոտըսթայի, թէ Տաւութօղլու այս խնդրանքը կատարած է «պետական քարտուղար Քլինթընի հետ ունեցած իր վաղեմի բարեկամութեան լոյսի ներքոյ, երբ անոնք երկուքն ալ գործընկերներ էին՝ իբրեւ պետական քարտուղար եւ արտաքին գործոց նախարար»: Նոյն օրը, Փոտըսթա յայտնած է Չոպանօղլուի, թէ տիկին Քլինթընի «ժամանակացոյցը խիստ ծանրաբեռնուած է, սակայն այս մէկը կ՛ըլլայ առաջնահերթ հանդիպումներու շարքին, եթէ ընդհանրապէս կարելի ըլլայ, իսկ նախընտրական խումբի փոխ նախագահ Հումա Ապետին կը հետեւի ատոր»: Այնուհետեւ Փոտըսթա հարցուցած է Ապետինի. «Ինչպէ՞ս կը փափաքիք կարգաւորել այդ»: Վերջինս յաջորդ օրը պատասխանած է Չոպանօղլուին՝ տեղեկացնելով, որ Հիլըրի Քլինթըն «ուրախ կ՛ըլլայ հանդիպելու վարչապետին հետ, սակայն մենք համոզուած չենք, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ Նիւ Եորքի մէջ, Ձեր առաջարկած օրերուն: Մենք Ձեզ տեղեակ կը պահենք, անմիջապէս որ յստակացնենք անոր ժամանակացոյցը: Շուտով կապ կը հաստատենք իրարու հետ»: Յայտնի չէ, թէ արդեօք այդ հանդիպումը երբեւէ տեղի ունեցաւ կամ ոչ:
 
3)   17 Դեկտեմբեր  2010-ին, Հումա Ապետին, որ այդ ժամանակ պետական քարտուղար Քլինթընի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալն էր, փոխանցած է անոր Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի որոշման լուրը, որ թոյլ կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն փոխ հատուցում պահանջել գերմանական ապահովագրական երեք ընկերութիւններէ: Հետաքրքրական է եւ մտահոգիչ, որ Ապետին իր նամակին սկիզբը նշած է, որ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու անդրադարձած է այս դատական գործին, Քլինթընի հետ աւելի կանուխ ունեցած իր հեռախօսային զրոյցի ժամանակ: Յաջորդ օրը, պետական քարտուղարութեան իրաւական խորհրդատու Հերըլտ Քոհ դատավճիռի պատճենը ուղարկած է Քլինթընի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Ճէք Սալիւանի եւ պետական քարտուղարի գործադիր օգնական Ճօ ՄքՄանուսի՝ խնդրելով անոնցմէ այս կարեւոր փաստաթուղթը փոխանցել Քլինթընի: Քոհ աւելցուցած է՝ «քանի որ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու Ուրբաթ օր անոր հետ հեռախօսային զրոյցի մէջ նշած է այս մասին, ուստի կը փափաքինք, որ այս կարելի եղածին չափ շուտ հասնի անոր»: Սալիւան դատավճիռը ուղարկած է պետական քարտուղար Քլինթընի՝ «Յոյժ Կարեւոր» նշումով: Իմ կարծիքով, սա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի կողմէ անօրինական եւ բացայայտ միջամտութիւն էր ամերիկեան դատական համակարգին՝ ձգտելով ստանալ պետական քարտուղարի աջակցութիւնը՝ ճնշելու համար դատարաններուն վրայ՝ դատավճիռը բեկանելու հարցով...: Յայտնի չէ, թէ Քլինթըն որեւէ գործողութեան ձեռնարկած է այս առումով, թէ ոչ, սակայն դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը հետագային չեղյալ համարած է աւելի կանուխ կայացուցած որոշումը...
 
Եւ վերջապէս, քարոզարշաւի ղեկավար Ճոն Փոտըսթայի 17 Մարտ 2016-ի ելեքտրոնային նամակին մէջ նշուած են այն 39 անձերուն անունները, որոնք կը համարուէին Քլինթընի փոխ նախագահի հնարաւոր թեկնածուները: Այդ ցանկին մէջ կայ անսպասելի անուն մը՝ թուրք ամերիկացի Մուխթար Քենթ, որ «Քոքա-Քոլա» ընկերութեան նախագահն է: Անոր հայրը՝ Նեժտէթ Քենթ, եղած է Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը Նիւ Եորքի մէջ, ուր եւ  ծնած է Մուխթար: Ան ուսանած է Թուրքիոյ Մերսին քաղաքի միջնակարգ դպրոցը: Ինչպէս արդէն գիտենք, Քլինթըն իբրեւ իր մրցապայքարի գործընկեր ընտրեց ոչ թէ Մուխթար Քենթը, այլ Թիմ Քէյնը...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ