Յարութ Սասունեան.Հայաստան Եւ Սփիւռք Նոր Մեկնարկի Որոնումներու Մէջ


Յարութ Սասունեան.Հայաստան Եւ Սփիւռք Նոր Մեկնարկի Որոնումներու Մէջ

  • 03-11-2016 11:38:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, հայկական աշխարհը բաժնուած է երեք տարբեր մասերու. անոնք, որոնք կ՛աջակցին իշխանութիւններուն կամ ինչ որ չափով փոխադարձաբար կը գործակցին անոնց հետ, բազմազան ընդդիմադիր խմբաւորումներ, եւ անոնք, որոնք անկախ են կամ անտարբեր: Ցաւօք, գրեթէ ոչ մէկ ջանք գործադրուած է այս խումբերուն միջեւ խզումը ջնջելու համար: Ընդհակառակն, եղած են կոպիտ վիրաւորանքներ, մեղադրանքներ եւ առճակատումներ:  
 
Հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան ունեցած տարբեր առաջնահերթութիւններուն՝ հայերը ամէնուր ունին ընդհանուր շահեր եւ մտահոգութիւններ՝ կապուած տնտեսութեան, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, արցախեան հակամարտութեան, արտագաղթի, Սփիւռքի գոյապայքարի, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիայէն արդարութեան պահանջի ապահովման հետ: Իշխանութիւնները զբաղած են երկրի կառավարման եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու սահմաններու ապահովմամբ, իսկ ընդդիմութիւնը կեդրոնացած է փտախտի դէմ պայքարի եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացման վրայ:  
Վերջին ամիսներուն, անցնող 25 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կարելի է յոյսի առաջին նշոյլը տեսնել, այն, որ լուրջ փոփոխութիւններ կ՛երեւին Հայաստանի հորիզոնին: Իշխանութիւնները, հաւանաբար Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ցնցումներու եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատճառով, կարծես թէ մտադիր են իրականացնելու լուրջ բարեփոխումներ՝ իբրեւ վարչապետ նշանակելով ձեռնհաս փորձագէտ մը եւ անոր քարթ-պլանշ տալով: Իրօք, կարճ ժամանակի մէջ նոր վարչապետը գործէն դուրս դրաւ քանի մը անձեռնմխելի պաշտօնեաներ... 
Քանի որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան եռանդուն կերպով առաջ կը շարժի վաղուց ի վեր ուշացած բարեփոխումներով, ան մեծ շփոթ յառաջացուց թէ՛ որոշ իշխանաւորներու, եւ թէ ընդդիմութեան շարքերու մէջ: Վարչապետը իր գործողութիւններով անհանգստացուց բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք կը կարծէին, թէ իրենց գործն ու եկամուտները յաւերժական են: Այդ ընթացքին վարչակարգի հակառակորդները եւս դժուարին կացութեան մէջ էին, թէ ինչպէս արձագանգել եւ ինչ ակնկալել կառավարութեան նոր ղեկավարէն: Ոմանք շտապեցին իրենց անվստահութիւնը արտայայտել՝ նշելով, թէ ոչինչ կը փոխուի, քանի դեռ ներկայ ղեկավարները կը մնան իրենց պաշտօններուն վրայ, իսկ ուրիշներ որդեգրեցին աւելի խելամիտ սպասողական կեցուածք...: Վարչապետը վերջերս զգուշացուց բոլոր կողմերը՝ ըսելով, որ նոյնիսկ մէկ յաւելեալ օր չի մնար պաշտօնի վրայ, եթե տեսնէ, որ իր ջանքերը ապարդիւն են... 
Վերջերս տեղի ունեցած մէկ այլ նշանակալի զարգացումը Սփիւռքի վերազարթնումն էր երկարատեւ նիրհէն: Անցեալ Սեպտեմբերին, 30 նշանաւոր հայեր, ներառեալ՝ Սերժ Թանքեան, Աթոմ Էկոյեան, Ալեքսիս Օհանեան, Քրիս Պոհջալեան, Էրիք Պօղոսեան եւ Սեպուհ Սիմոնեան, հանդէս եկան միջնորդագրով՝ change.org կայքի վրայ, «Արդարադատութիւն Հայաստանի մէջ» խորագիրով: Մինչեւ այսօր աւելի քան 4000 մարդ միացած է այդ ստորագրահաւաքին: 
Մի քանի օր անց, գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան հանդէս եկաւ խիստ քննադատական բաց նամակով՝ Երեւանի մէջ 27 Յուլիսին բողոքի ցոյցին մասնակցելու համար ձերբակալուելէ ետք: Խանճեան ուրուագծեց իշխանութեան թերութիւնները՝ կոչ ընելով սփիւռքահայերուն «երկմիտ հանդիսատեսներ» չըլլալու եւ մասնակցելու Հայաստանի ընկերային վիճակի բարելաւման գործին: 
28 Հոկտեմբերին, 23 ականաւոր հայեր, ներառեալ՝ Աբել Աղանբեկեան, Շառլ Ազնաւուր, Էտուարտ Ճէրէճեան, Վարդան Գրիգորեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, հանդէս եկան մէկ այլ բաց նամակով՝ կոչ ընելով «աշխարհաքաղաքացի հայերուն ... միաւորուելու եւ միասնաբար կերտելու Հայաստանի ապագան»: Ստորագրողները կոչ ըրին «բոլոր հայերուն՝ ազգի ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ արհեստագիտական ուժը վերականգնելու ուղղութեամբ երկարաժամկէտ ներդրումներ իրականացնելու՝ առանցք ունենալով Հայաստանը»: Բաց նամակը հրապարակուեցաւ «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթերուն մէջ:  
Հայաստան, իրօք, կարիքը ունի Սփիւռքի հետ լիարժէք համագործակցութեան, որպէսզի իրականացնէ վերոնշեալ միջնորդագիրի եւ բաց նամակներու մէջ առաջարկուած բոլոր բարեփոխումները: Կառավարութիւնը պէտք է ողջունէ բոլոր հայերու մասնակցութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական կառոյցներու բարելաւման գործին՝ արդար, բարգաւաճ, լաւ կառավարուող եւ ապահով Հայրենիք կերտելու համար... 
Հայաստանը բարձր զարգացած եւ ժողովրդավարական երկիր դարձնելու միակ ճամբան է՝ ողջունել ամբողջ աշխարհի 10 միլիոն հայերու առաւելագոյն թիւով ներգրաւուածութիւնը, անկախ անոնց բնակութեան վայրէն: Քանի որ Հայաստան (ներառեալ՝ Արցախ) համայն հայութեան Հայրենիքն է, ուստի իւրաքանչիւր հայ իրաւունք ունի եւ պարտաւոր է նպաստել անոր Վերածնունդին... 
Վերոնշեալ միջնորդագիրին եւ բաց նամակներուն մէջ բացակայող հիմնական գործօնը Սփիւռքի կազմակերպման համար անհրաժեշտ այն մեքանիզմն է, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ պահպանելու Սփիւռքի սեփական գոյութիւնը, միաժամանակ ընդլայնելով անոր խիստ կարեւոր աջակցութիւնը Հայրենիքին՝ ծրագրուած եւ համակարգուած ձեւով: Այս հրատապ հարցի իրականացման համար, հայերը պէտք է ստեղծեն ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած սփիւռքեան կառոյց մը, որ իր ներկայացուցիչները պիտի ունենայ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ... 
 
 Յարութ Սասունեան        
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ