Յարութ Սասունեան. Հայաստան Վերջապէս Կը Հակազդէ Փաքիստանի Հակահայկական Քաղաքականութեան


Յարութ Սասունեան. Հայաստան Վերջապէս Կը Հակազդէ Փաքիստանի Հակահայկական Քաղաքականութեան

  • 05-12-2016 18:51:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ուրախութեամբ իմացայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջապէս որոշած է հակազդել Փաքիստանի վարած ատրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայկական շարունակական քաղաքականութեան:
 
Անցեալ շաբաթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստան արգելք դրած է  Փաքիստանի՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքի վրայ՝ ի պատասխան Փաքիստանի հակաարցախեան դիրքորոշման:
 
Հայաստան բացատրած է, որ «Փաքիստան հրաժարած է ոչ միայն դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ հաստատելէ Հայաստանի հետ, այլեւ վերջինս պաշտօնապէս ճանչնալէ՝ իբրեւ անկախ պետութիւն»՝ ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդման: Իրօք, Փաքիստան մէկն է աշխարհի այն փոքրաթիւ երկիրներէն, որոնք քառորդ դարեայ անկախութենէն ետք դեռ չեն ճանչցած Հայաստանը...  
 
Այս համեմատաբար փոքր դրուագը ողջունելի զարգացում է եւ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի ղեկավարները կը փափաքին ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրել իրենց վճռակամութիւնը: Նման քայլ մը կրնայ նաեւ իբրեւ նախազգուշացում ծառայել այլ երկիրներու համար, այն առումով, որ Հայաստան պատրաստ է եւ կը փափաքի պաշտպանել իր շահերը, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ խոչընդոտել իր հակառակորդներուն շահերը:
 
Փաքիստանի հակահայկական դիրքորոշումը կը նախորդէ Հայաստանի անկախութեան: Իմ յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ են ՄԱԿ-ի մէջ Փաքիստանի դեսպաններու եյոյթները 1970-1980-ական թուականներուն, Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովի նիստերու ժամանակ՝ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումներուն:
 
1991 թուականին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, Փաքիստան շարունակեց իր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ՝ խստօրէն պաշտպանելով Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան: Արցախեան պատերազմի տարիներուն Ատրպէյճան Փաքիստանէն եւ Աֆղանիստանէն վարձած էր մուճահէտ ահաբեկիչներ՝ հայերու դէմ կռուելու համար: Այդ ժամանակէն ի վեր, Փաքիստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բազմաթիւ առիթներով փոխադարձ այցելութիւններ կատարած են՝ ամրապնդելով իրենց տնտեսական եւ ռազմական յարաբերութիւնները: Օրինակ, Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Սայէտ Աթհար Ալի, 2010-ին Պաքու կատարած իր այցելութեան ժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է «համագործակցութեան ամրապնդումը ռազմական բնագաւառէն ներս եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մէջ»՝ ըստ  ատրպէյճանական ԱՊԱ լրատուական գործակալութեան: Ի պատասխան՝ նախագահ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաքիստանի՝ ՄԱԿ-ի Գլխավոր Խորհուրդի մէջ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն տիրող իրավիճակի բանաձեւի օգտին քուէարկելու եւ Ատրպէյճանի դէմ յարձակողականութեան հետ կապուած Հայաստանը չճանչնալու համար»:
 
2015-ի Մարտին, Պաքու կատարած իր այցելութեան ժամանակ, Փաքիստանի նախագահ Մամնուն Հուսէյն յայտարարեց. «Մենք միշտ կողմ եղած ենք Ատրպէյճանի արդար դիրքորոշման՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցով: Փաքիստան չի ճանչնար Հայաստանը իբրեւ պետութիւն»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Փաքիստանի Ծերակոյտը Արցախեան պատերազմի ժամանակ հայերու կողմէ ատրպէյճանցիներու սպանութիւնները Խոջալուի մէջ, ընդունած է իբրեւ ցեղասպանութիւն:
 
2016 Ապրիլ 5-ին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գիւղերու բնակիչներու վրայ վայրագ յարձակման ժամանակ, Փաքիստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը կեղծ մեղադրանք ներկայացուց Հայաստանին՝ «հրետանային շարունակական ռմբակոծութեան» միջոցով «հրադադարի օրէնքը խախտելու» համար​: Աւելի ուշ, նոյն ամսուան ընթացքին, Իսլամապատ կատարած իր այցելութեան ժամանակ, Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալով ըսաւ Փաքիստանի վարչապետ Նաւազ Շարիֆին, որ Ատրպէյճան կը ձգտի Փաքիստանէն ձեռք բերել ռազմական արհեստագիտութիւն: 2016-ի Սեպտեմբեր 27-ին, Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ նմանատիպ քննարկում տեղի ունեցաւ Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Ռանա Թանվիրի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ:
 
2016-ի Հոկտեմբեր 14-ին, Ատրպէյճան կատարած իր փոխադարձ այցելութեան ժամանակ, Փաքիստանի վարչապետ Նաւազ Շարիֆ Ալիեւի փոխանցեց՝ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարելու վերաբերեալ իր երկրի հետաքրքրութեան մասին: Նաւազ նաեւ «Ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներու ամբողջական վերադարձման, հայկական զօրքերու դուրս բերման եւ տեղահանուած մարդոց եւ գաղթականներու վերադարձի կոչ ըրաւ»: Ի պատասխան՝ Ալիեւ իր երկրի աջակցութիւնը յայտնեց Ճամուի եւ Քաշմիրի վերաբերեալ Փաքիստանի դիրքորոշման՝ հակառակ Հնդկաստանի: Մէկ ամիս անց, երբ Ատրպէյճանի առաջին փոխ վարչապետ Եակուպ Էյուպով այցելեց Փաքիստան, նախագահ Մամնուն Հուսէյն անոր յիշեցուց, որ Փաքիստան երրորդ երկիրն է, Թուրքիայէն եւ Ռումանիայէն ետք, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանը: Նախագահ Հուսէյն նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի՝ Ճամուի եւ Քաշմիրի շուրջ Հնդկաստանի հետ ունեցած վէճի մէջ Փաքիստանին սատարելու համար, եւ խոստացաւ շարունակել աջակցութիւնը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի» (Արցախի) վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջներուն:
 
Ատրպէյճանէն ետ չմնալու նպատակով, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 2016-ի Նոյեմբեր 17-ին այցելեց Փաքիստան, ուր վարչապետ Նաւազ Շարիֆ ողջունեց Էրտողանի այցը անոր «երկրորդ տունը»: Ի պատասխան՝ Էրտողան յայտարարեց. «Ամբողջ աշխարհը պէտք է ընդօրինակէ Փաքիստանը...»:
 
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը պէտք է շարունակեն հակազդել Փաքիստանի եւ հակահայկական այլ պետութիւններու՝ հետագային Հայաստանի շահերուն վնաս պատճառելու իրենց մտադրութիւններէն ետ կենալու համար: Ստորեւ կը ներկայացնեմ քանի մը առաջարկներ.
 
ա) Հայաստան պէտք է դէմ քուէարկէ՝ Փաքիստանի օգտին որեւէ հարցի գծով, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի մէջ.
 բ) Հայաստան պէտք է արգելափակէ Փաքիստանի ջանքերը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ կապ հաստատելու համար.
գ) Հայաստան պէտք է կողմ ըլլայ Հնդկաստանի՝ Ճամուի եւ Քաշմիրի գծով Փաքիստանի հետ ունեցած վէճի մէջ.
դ) Ամերիկահայերը պէտք է յորդորեն Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը՝ լսումներ կատարելու Փաքիստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու վերաբերեալ:
 
 
Յարութ Սասունեան  
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ