Մերժելով Խուլիկանական Տեղեկատւութիւնը. Հարցազրոյց


Մերժելով Խուլիկանական Տեղեկատւութիւնը. Հարցազրոյց

  • 20-12-2016 17:58:57   |   |  Հարցազրոյցներ

Բոլորիս համար ակնյայտ է, որ երբեմն լրատուամիջոցներու խօսքի ազատութիւնը կը գերազանցէ բոլոր սահմանները՝ հասնելով սանձարձակութեան եւ գռեհկութեան։ Հայկական լրատուամիոցներու մէջ այդ սահմանը առաւելաբար անցած են Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ՝ տարուելով լայն տարածում ունենալու մոլուցքով, բայց վերջերս կարծես թէ այդ “ախտը” կամաց-կամաց սկսած է սղոսկել նաեւ սփիւռքեան եւ յատկապէս այլընտրանքային լրատուամիջոցներ։

Այս հարցի շուրջ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը զրուցեց Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ։

 Հ.- Պարոն Գանտահարեան կը խնդրեմ Ձեր կարծիքը ներկայացնէք այլընտրանքայինլրատւութեան զարգացումներու մասին։

Այլընտրանքային լրատուութիւնը, յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ ներկայութեամբ ինքնականոնագրման նոր օրինաչափութիւններ ստեղծելու սրընթաց զարգացում մը կ՜ապրի։

Նախապէս այս կամ այն կայքի թողարկած լրատւութեան կապը կը տեղադրուէր ընկերային ցանցի օգտատէրերու կողմէ, անոր ուղղութեամբ կը կատարուէր ամփոփ նախաբան մը, որմէ ետք կը թէժանար քննարկումը։

Պարունակէն դուրս բերուած հատուածներ, միտումնաւոր շրջանցումներ, ստուգուած-չստուգուած տեղեկութիւններու տարափ` բաց համակարգը կը գործէր անխնայ, ազդելով հանրային կարծիքի ձեւաւորման գործընթացին վրայ։ Այս դրութիւնը ստացած է արդէն դասական որակումը։

Հիմա, իբրեւ եղանակ, իբրեւ նորարար ոճ աշխատանք կը տրամադրուի մշակուած մոնթաժուած տեսանիւթերու պատրաստութեան։ Կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ յառաջապահ են այս նորարարութիւնը օգտագործելու գործին մէջ։ Հոս արդէն նոր մշակոյթ է , որ կը ձեւաւորուի եւ ճամբայ կը կտրէ։ Պաշտօնական լրահոսերու տեսանիւթային բաժանմունքները կ’օգտագործուին, կամայական մենաբանութիւններու կ’ենթարկուին, թիւր տպաւորութիւն ձգելով, որ կատարուածը բնագրային մէջբերում է։ Կ’ուղեկցուին երաժշտութիւն, տարբեր ձայնային տեսագիտական համակարգեր փոխանցելու համար ուղերձը։

Նախքան ուղերձի բովանդակութիւնը եւ ուղղութեան մասին խօսիլը անհրաժեշտ է ծանրանալ այս մեթոտաբանութեան վրայ, ընդգծելու համար որ այլընտրանքային լրատուութեան այս նոր մշակոյթը նաեւ խմբային աշխատանք է. կը պահանջէ` բեմագիր, ներկայացնող, մոնթաժող, փաթեթաւորող եւ համացանցային շրջանառութիւն ապահովող խումբ։ Այս տեսակ նիթերու հրապարակայնացուած տարբերակներէն ոմանք ուղղակի կը նշեն հովանաւոր պետութիւններու եւ անոնց համապատասխան բաժանմունքները, իբրեւ նման աշխատանքներ ֆինանսաւորող կողմ։ Ասիկա նաեւ հրաւէր է`դիմելու այդ կազմակերպութիւններուն, նման աշխատանքներ ներկայացնելու եւ համարժէք վարկերը ստանալու համար։

Կը թուի, որ աշխատակարգի այս եղանակը պիտի ծաւալի ու գրաւէ ելեկտրոնային նոր տարածքներ։

Հ-Բովանդակային ի՞նչ “արժէք” կը ներկայացնեն նման տեսանիւթեր եւ ի՞նչ է անոնց թիրախը:

Նկատուած տեսանիւթային այս այլընտրանքային տեղեկատւութեան օրինակները բացառապէս քաղաքական են եւ յատկապէս կը վերաբերին ներհայաստանեան խնդիրներու։ Թիարխը, ուրեմն հայաստանեան հասարակութիւնն է առաջին հերթին։ Ընտրուած թեմաները ժողովրդահաճոյ դառնալու տուեալներ ունին, ամբոխային առումով արագ ընկալուելու եւ դժգոհութիւնները նկատի ունենալով արժանահաւատ նկատուելու։

Այստեղ առաջարկ չկայ, գոյութիւն չունի կառուցողականութիւն, հեռու է երբեմն նոյնիսկ ամենաընդդիմադիր ելոյթներու բովանդակութենէն, բայց մանաւանդ ոճէն։ Ոմանց պարագային ոճը հեգնականէն շատ աւելին է. բառացիօրէն հայհոյալից, զազրախօսական, ամենահասարակ դրսեւորումներով`վիրաւորական։ Եւ եթէ նման ոճի ու բովանդակութեան պարագայական գրառումներու հանդիպէինք ընկերային ցանցի օգտատիրոջ մը հարապարակային թեմային տակ արձանագրուող քննարկումին, նոյնքան մտահոգիչ պիտի չգտնէինք երբ ա՜յս մշակոյթը, ա՜յս եղանակը կը հրամցուի աշխատանքային խումբի կողմէ, ծրագրուած, արհեստագիտական նորարարութիւններով յագեցած, գուցէ նաեւ բացայայտ կամ թաքուն ֆինանսաւորուած, հովանաւորուած։

Հ- Ձեր կարծիքով ո՞վ է այս բոլորին ընթացք տուողը։

Ամենամտահոգիչ պարագան այս է, թէ ո՞վ կը կանգնի նման նախաձեռնութիւններու ետին, ո՞վ է, որ ոճի այս մակարդակը կ՜ուզէ հրամցնել հասարակութեան, ո՞վ է, որ քաղաքական իբրեւ թէ ընդդիմադիր դաշտը կ՜ուզէ իջեցնել այ գռեհկութեան։

Նորացուած սահմանադրութիւնը իրաւականօրէն կ՜ամրագրէ ընդդիմադրութեան հակակշիռ գործօն դառնալու լիազօրութիւններն ու  գործառոյթները. Նպատակը այս բոլորին մեր պետականութեան վարկին ու հեղինակութեան բարձրացումն է միջազգային գետնի վրայ` իշխանութիւններ_ընդդիմադրութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու կայացումով, ժողովրդավարութեան գործընթացի խորացմամբ։ Հիմա, ո՞վ է, որ փորձ կը կատարէ ընդդիմադիր աշխատելաձեւի այս եղանակը ներմուծելով։Եղածը մերժելի է ըստ ամենայնի։Որովհետեւ, ոչ թէ լրագրութեան էթիքայի կարեւոր խախտում է, այլ որովհետեւ կատարուածը լրատուութիւն կոչելը ընդհանրապէս ճիշդ չէ։ Կատարուածը, հաւանաբար, լրագրութեան մէջ նոր ձեւակերպում տալու համար տեղեկատուական խուլիկանութիւն է, որ կապ չունի տեղեկատուական համակարգին հետ։Եւ երբ երեւոյթը որեւէ աղերս չի պարունակեր կարծիքի ազատութեան կամ ընդհանրապէս լրագրական էթիքայի կանոներուն հետ եւ կարմիր գիծերը հատելով կը հասի խուլիգանական դաշտ, ապա կ՜ենթարկուի, պէ՜տք է ենթարկուի քրէակն յանցագործութեան համազօր աքթի նկատմամբ որդեգրելի վերաբերումի։

Կար ժամանակ, երբ պետականութեան արժէհամարակարգի ամէնէն կարեւոր բաղադրիչները` հայոց բանակ, հայոց եկեղեցի, կրթութեան ոլորտ, խծբծանքի առարկայ կը դառնային հետեւողականօրէն, ելեկրտոնային տարածքներու վրայ։

Հիմա, տեսանիւթային այս արշաւի երեւոյթը կարելի չէ վերլուծել առանց մտաբերելու Պաքու ապաստանած հայանուն մարդոց տարած աշխաանքը մարդորսութեան` խաղաղութեան հաստատման կարգախօսերու տակ։

Հարուածային այս աշխաանքները տարբեր տեսքով, գուցէ նաեւ տարբեր շարժառիթներով, տեղ մը, իրենց արդիւնքներով կը միանան։

Հ-Ինչպէ՞ս կարելի է դէմ առնել այս բոլորին։

Այս մշակոյթը ներմուծումը անհրաժեշտ է կասեցնել։ Գիտակցաբար մերժելով հայհոյանքը, կեղծիքը, զազրախօսութիւնը, փոխարէնը նպաստելով, որ կայանայ քաղաքակիրթ ընդդմութիւնը, կառուցողական բնութագիրով, այն պատկերացումով նաեւ որ իրաւականօրէն ամրագրուած է նորացուած Սահմանադրութեան մէջ։

Հարցազրոյցը յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար

  -   Հարցազրոյցներ