Յարութ Սասունեան. Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Կրնայ Շահաւէտ Ըլլալ Հայաստանի Համար


Յարութ Սասունեան. Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Կրնայ Շահաւէտ Ըլլալ Հայաստանի Համար

  • 09-02-2017 11:32:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին ամերիկացիները ընտրեցին նախագահի առաւել անհաւանական թեկնածուն՝ Տանըլտ Թրամփը: Ան ձեր պատկերացուցած քաղաքական գործիչը չէ: Իբրեւ յաջողակ եւ յայտնի գործարար, ան սովոր է յանպատրաստի ելոյթներ ունենալ եւ հաւանութիւն չտալ որեւէ յտակ ուղղութեան: Հաշուի առնելով Թրամփի նախագահութեան հակասական բնոյթը՝ կտրուկ փոփոխութիւններու կրնան ենթարկուիլ ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւնները: Նախագահ Թրամփ արդէն վերանայած է իր դիրքորոշումը որոշ նախընտրական հիմնական խոստումներու վերաբերեալ. ապօրինի օտարերկրացիներու արտաքսում, Մեքսիքոյի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատի կառուցում եւ իսլամական երկիրներէ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթեալներու այցելութիւններու արգիլում: Թրամփ փոխած է նաեւ իր դիրքորոշումը որոշ կարեւոր միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Ինք եւս վստահ չէ, թէ ինչպիսի՞ դիրքորոշում կ՛ունենայ արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու վերաբերեալ: 
 
Ահա միջազգային հիմնական որոշումներու համառօտ ցանկը, զոր Թրամփ պէտք է կայացնէ.
 
Յարաբերութիւններու ամէնէն կարեւոր վերանայումը կ՛ըլլայ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Եթէ այս երկու մեծ երկիրները կարենան համաձայնութեան գալ, ապա աշխարհի կայունութիւնը վտանգող տարակարծութեան որեւէ պատճառ չի մնար: Ասկէ բացի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ: Միջազգային մեծ գործիչներէն շատեր, որոնք դէմ կ՛արտայայտուին Փութինի եւ Թրամփի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հեռանկարին, նորէն կը վերադառնան պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի մտածելակերպին: Ամէնէն  մեծ խնդիրը, որ ծագած է վերջին շաբաթներուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ համացանցային յարձակման գծով Ռուսիոյ դէմ ուղղուած մեղադրանքն էր: Սակայն, ռուսերը որեւէ արտասովոր բան չեն ըրած: Չինաստանը, Ռուսիան եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները միշտ ալ փորձած են գողնալ միմեանց գաղտնիքները:
 
 
Թրամփ, գործող միջազգային համաձայնագիրներու հետ կապուած իր դժգոհութեան պատճառով, կը փափաքի կրկին բանակցութիւններ վարել Օպամայի վարչակազմի կողմէ նախապէս հաստատուած պայմաններու շուրջ: Առաւել կարեւոր փոփոխութիւններէն մէկը, զոր Թրամփ կը փափաքի կատարել, Իրանի հետ միջուկային գործարքի շուրջ կրկին բանակցութիւններ վարելն է, բան մը, որ Իրանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բացի, կը ներառէ նաեւ շարք մը այլ երկիրներ: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք իրանցիները կը համաձայնի՞ն Թրամփի կողմէ առաջարկուող փոփոխութիւններէն որեւէ մէկուն:
 
 
Թրամփի համար միւս կարեւոր վերանայումը՝ արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան լուծումն է: Սակայն, եթէ ան իր ծրագիրներուն համաձայն կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն տեղափոխել Երուսաղէմ, ապա ատիկա կրնայ լուրջ բախում յառաջացնել Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու միջեւ՝ յանգեցնելով խիստ անցանկալի հետեւանքներու: 
 
 
Վերջին հարցը, որ կը ծառանայ նախագահ Թրամփի առջեւ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ նոր յարաբերութիւններու բարելաւումն է: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք Քուպա կը համաձայնի՞ Թրամփի կողմէ առաջարկուող որեւէ փոփոխութեան:
 
 
Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ նախագահ Թրամփի գաղափարները կը բարելաւեն նախապէս կնքուած համաձայնագիրները, կամ թէ անոնք կ՛ընդունուին մնացեալ աշխարհի կողմէ: Հետեւաբար, շատ մեծ անորոշութիւն կայ, թէ ո՞ւր կ՛առաջնորդուի նոր աշխարհակարգը, եւ արդեօք կը բարելաւուի՞ն յարաբերութիւնները տարբեր երկիրներու միջեւ: Ամբողջ աշխարհ յոյս ունի, որ երկիրները աւելի լաւ յարաբերութիւններ կ՛ունենան միմեանց հետ եւ խաղաղ լուծումներ կը գտնուին: Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դրական յարաբերութիւնները կ՛օգնեն Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման:
 
 
 
Յարութ Սասունեան        
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Յօդուածներ