ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԶՈՅԳ ԴԱՐՁԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆԳՆԱԾ Է


ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԶՈՅԳ ԴԱՐՁԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆԳՆԱԾ Է

  • 28-02-2017 23:54:52   |   |  Յօդուածներ

ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԴԱՐՁԻ ԽՆԴԻՐ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
 
Հայ անհատը, հայ հաւաքականութիւնը եւ զանոնք առաջնորդողները կ’աբարոյականան, եթէ մատներու արանքէն դիտեն ազգի գոյութենական խնդիրները:
 
Գոյութենական ԴԱՐՁի զոյգ խնդիր ունինք:
 
ԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏՈՂ ԼԵԶՈՒՆ եւ ԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐԸ՝ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՒ ՊԱՀԵԼՈՒ ԱԶԳԻ ԱՊԱՀՈՎ ՏՈՒՆԸ:
Նոր դարը որուն մէջ ընդգրկուած ենք, ոչ միայն շարունակութիւնն է նախորդին, այլ սկիզբն է այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնց մասին դեռ շատ մասնակի կարծիքներ ունինք, բանտարկուած մնալով անհատապաշտութեան եւ սպառողական ընկերութեան դրութեան մէջ: Յեղափոխութիւն մը ընթացք առած է, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն ժամանակավրէպ պիտի դարձնէ ընկերային եւ քաղաքակրթական ցարդ սովորական համարուած եւ ընդունուած համակարգերը: 
 
Տեղի կ’ունենան ճարտարագիտական, արտադրական, մշակութային, քաղաքակրթական, բնակութեան, կենցաղային եւ բարքերու արագ փոփոխութիւններ: Ինչ որ անցեալին կը կատարուէր դարաշրջաններով, այժմ տեղի կ’ունենայ տասնամեակներու ընթացքին: Հեռուի եւ մօտի տարբերութիւնները չքացած են, թուային յեղափոխութիւնը եւ անոր ընդհանրացումը հաղորդակցութիւնները դարձուցած են անմիջական:
Մարդիկ, ժողովուրդներ, մշակոյթներ բռնուած են բոլոր մարզերու արագ փոփոխութեան յորձանքին մէջ, որուն մէջ պիտի չտարուին եւ պիտի չկորսուին այն ժողովուրդները՝ որոնք պիտի գիտակցին կացութեան եւ միաժամանակ պիտի յառաջացնեն հզօր կազմակերպուածութիւն: Նորաձեւ պատերազմներ կը մղուին առանց թնդանօթի եւ հրթիռներու, թուային-համակարգչային նոր ռազմադաշտի վրայ: Օր մը դէմ դիմաց կրնանք գտնուիլ այնպիսի խանգարումներու եւ նախայարձակումներու, որոնք աղէտ կրնան ծնիլ:
 
Արմատական փոփոխութեան եւ մոլորակի իւրաքանչիւր բնակիչը շահագրգռող խնդիր է աշխատանքը: Մէկ կողմէ կ’աճի մարդկութեան համրանքը, միւս կողմէ ինքնագործ մեքենաները կը փոխարինեն մարդուն ներկայութիւնը եւ բազուկը: Հեռատեսիլը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս արուեստական ուշիմութեամբ ղեկավարուող սարքեր ինքնաշարժներու մասերը իրարու կը միացնեն, ինչպէս հրահանգ ստացած արուեստական ուղեղով բանող ատաղձագործարանը ըստ ապսպրանքի կը չափէ, կը ձեւէ եւ կը պատրաստէ աթոռ, սեղան, հանդերձարան: Կը նշանակէ, որ ատաղձագործը գրասեղանի մը ետին նստած պիտի հսկէ եւ աշխատանքը պիտի կատարուի մեքենաներու կողմէ: Այդ ընելու համար բազմաթիւ աշխատաւորներու կարիք պիտի չըլլայ: Եթէ ընդունուած կարգով օրական ութը ժամ ըլլայ աշխատանքը, գործազրկութիւնը պիտի աճի, քանի որ մեքենան պիտի բանի մարդուն փոխարէն:
 
Հետեւանք՝ համատարած գործազրկութիւն, եթէ չմշակուի աշխատանք-արտադրութիւն-սպառում եւ արդիւնքներու բաժանման նոր յարաբերութիւն:
 
Մարդկութիւնը պարտադրուած պիտի ըլլայ մտածելու այն պարզ իմաստութեամբ, որ բնութեան բարիքները եւ գիտութեան նուաճումները պէտք է ծառայեն մարդկութեան բոլոր անդամներուն հաւասարապէս, ո՛չ անհոգի դրամագլուխին եւ ո՛չ ալ զայն հահակշռող խմբակի մը, որ դասակարգ անգամ չէ: Իսկ երբ կը լսենք, որ մոլորակներ կան ուր կեանքը կրնայ շարունակուիլ, ստիպուած կ’ըլլանք մտածելու ոչ միայն անմիջական ներկային եւ վաղուան մասին, այլ նաեւ՝ հեռաւոր վաղուան:
 
ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԶՕՐՆԵՐՈՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ
 
Տարերային այս հոլովոյթը կը սպառնայ, առաջին հերթին, իրենց ճակատագրին տիրութիւն չընող ժողովուրդներուն, անոնք ըլլան բազմանդամ թէ փոքրաթիւ: Պատմութիւնը անշիրմաքար դամբարանն է բազմաթիւ ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ լեզուներու: Կացութեան գնահատումը ընել շատախօսութեամբ, իմաստութեան եւ բանիմացի պիտակ կրող վերլուծումներով, անվաղորդայն թափահարում է, հարկ է յանգիլ անսեթեւեթ, հիմնական, անդ-անհատական եւ անդ-կողմնապաշտական յանձնառութիւններու:
 
Այսօր մեր ժողովուրդը ունի՞ բաւարար հոգեկան ուժ նման ապագայատես յանձնառութիւններու համար: Հարցում էր: Մեր ժողովուրդը ինքնիրեն կ‘ուղղէ՞ նման հարցում, պատասախան կ’որոնէ՞ եւ ըստ այնմ կը նախաձեռնէ՞: 
 
Լեզուներու մասին յաճախ կը խօսուի եւ կը գրուի, բայց մեր աչքին առջեւ եւ մեր մեղսակցութեամբ,- կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն,- տեղի ունեցող կորստական ողբերգութիւնը չի խանգարեր, ժողովուրդները ընդհանրապէս, եւ մեզ՝ հայերս: Լեզուի կորուստի եւ խեղճացման հետեւանքները կ’ընդունինք, կը համակերպինք, չենք տագնապիր հետեւանքներով: 
 
Մեր ծերացած մոլորակի վրայ խօսուող լեզուներու կէսէն աւելին անհետացած պիտի ըլլայ մինչեւ ներկայ դարու աւարտը: Աշխարհի մէջ կը խօսուին 7000 լեզուներ, անոնց 2000էն իւրաքանչիւրը կը խօսին հազիւ 1000 անձեր, որոնք երբ ծերանան եւ մահանան, այդ լեզուները պիտի կորսուին, իրենց պատկանած հաւաքականութիւնները, ահեղ թափով ընթացող համաշխարհայնացման մէջ պիտի ենթարկուին մշակութային-լեզուական հարթումի եւ միօրինականացման, պիտի հետեւին անվերադարձ ուղիի, ժամանակ մըն ալ տատանելով այսինչ կամ այնինչ «ծագումով» քաղաքացիի վիճակին մէջ, բացատրութիւն՝ զոր այնքա՜ն կը սիրենք թութակաբար կրկնել, ինքնարդարացման եւ հաճոյակատարական ծեքծեքումներով:
 
Այս ուրուագծուող ապագային մէջ, որ արդէն հեռու չէ, որ գիտական երեւակայութիւն չէ (science fiction), ինչպէ՞ս իրենց իւրայատուկ ինքնութեամբ մշակոյթով եւ լեզուով պիտի տեւեն պատմութեան խորքէն եկած եւ տեւած ազգերը: Պիտի ընդունի՞ն ընկղմիլ պատմութեան թոհուբոհին մէջ: Հարցը տիեզերական բնոյթ ունի: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ խորհելու, որ կացութիւնը հահակշռելու կարող երկիրները, որբախնամի բարեսրտութեամբ պիտի փորձեն պահել դէպի անյայտացում գացող ժողովուրդներու իւրայատկութիւնները, լեզուն եւ մշակոյթը: Ժամանակ մըն ալ անոնք պիտի տեւեն որպէս ազգագրական (folklorique) երեւոյթներ, «բազմամշակութային» արտայայտութիւններու ամպհովանիին տակ, յաճախ նաեւ տօնական առիթներով զբօսաշրջիկներ զուարճացնելու համար:
 
Ընդհանուր տեսութիւնները եւ հոգեպարար ճառերը այդքան են միայն, ակնթարթի մէջ փայլատակող եւ մարող: Վտանգուած ժողովուրդները պաշտպանելու համար բանակներ զօրաշարժի պիտի չենթարկուին, քանի որ հոգիներու եւ ժողովուրդներու նորատեսակ մեղմ գաղութացումը հետեւանք չէ արտաքին ուժերու միջամտութեան, այլ սեփական ժողովուրդի նահանջականութեան:  Այսպէս է այսօր մեր ժողովուրդի անփառունակ կացութիւնը, եթէ ջայլամի պէս մեր գլուխը չենք կոխեր աւազի մէջ: 
 
Խօսինք ողջմտութեամբ մեր իւրայատուկ կացութեան մասին, առանց տիեզերքը հասկնալու եւ առաջնորդելու բառային եւ սրահ զուարճացնող ճապկումներու:
 
Ինչպէ՞ս պիտի մնանք պատմութեան բեմին վրայ՝ ՎԱՂԸ:
 
Այս հարցման առջեւ պէտք է դնել հայ անհատը, հաւաքականութիւնները (Հայաստան եւ սփիւռքներ), «ղեկավարութիւններ»ը եւ մտաւորականութիւնը:
 
Նոր ժամանակներու մեծագոյն գիւտը ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆն է (organisation):
 
Ինչպէ՞ս վերականգնեցաւ պարտուած, միլիոնաւոր զոհ տուած եւ աւերակ Գերմանիան. աշխատանքով եւ կազմակերպութեամբ: Ինչպէ՞ս Իսրայէլի պետութիւնը ինքզինք կը պահէ եւ կը յառաջդիմէ զինք մերժող շրջապատի մէջ, իր 28.000 քառ.քմ. տարածութեամբ, անոր մէջ ներառնելով նաեւ վիճելի հողամասերը. աշխատանքով եւ կազմակերպութեամբ:
 
Երկրորդի պարագային մանաւանդ, վարելով հեռանկարային քաղաքականութիւն, վերականգնելով իր պատմական լեզուն, բնակեցնելով երկիրը:
 
Ինչպէ՞ս պիտի մնանք պատմութեան բեմին վրայ՝ որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ:
 
Ոչ Պղատոն եւ ոչ ալ Այնշթայն ըլլալու կարիք կայ այս «ինչպէ՞ս»ին պատասխան ճարելու համար: Ժողովուրդի մը պատմութեան անհեթեթութիւնն է իր հայրենիքէն դուրս որպէս ազգ տոկալու եւ տեւելու ոչ մէկ հիմ ունեցող կարծիքը, քանի որ բոլոր պետութիւնները, բարձրաձայն չաղաղակեն անգամ, «համայնք»ներու գոյութիւնը կը հանդուրժեն զանոնք հալեցնելու համար, համարկումի եւ ձուլման ճամբով:
 
 ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՒԵԼՈՒՆ ԴԷՄ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ
ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐ 
 
Ժողովուրդ մը իր ինքնուրոյնութեամբ կը տեւէ եւ կ’ապրի իր բնական-պատմական շրջապատին մէջ: Իր արմատներէն աշխարհագրական հեռաւորութիւնը կը յառաջացնէ մշակութային-լեզուական, բարքերու եւ կենցաղի հեռաւորութիւն: «Սփիւռքի հայութիւն» ըսելաձեւը ժամանակաւորի արտայայտութիւն մըն է ժամանակաւոր կացութիւն մը բնորոշելու համար, քանի որ երբ բեմերէ չենք ըսեր անգամ, գիտենք թէ ո՛ւր կը տանի, պիտի տանի ան: Սփիւռք(ներ)ը ազգի բեկոր է, որ ամբողջին մաս պիտի չըլլայ վաղը, քանի նուաղին իր ինքնութիւնը եւ հայրենատիրական յանձնառութիւնները:
 
Պէտք է գիտնալ տարբերութիւնը հայրենատիրութեան եւ հայրենասիրական զեղումներու:
Սփիւռք(ներ)ը ազգի տեսանկիւնէն կոպիտ անհեթեթութիւն մըն է, ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած:
Այս դատումը յոռետեսութիւն չէ, այլ՝ ողջմիտ իրատեսութիւն:
 
Հայ ժողովուրդի ներկան պէտք է ընդգրկուի ապագայի կառուցման մէջ, եւ այդ ապագային համար կայ մէկ եւ միակ ուղի, որ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆն է: Այսօր, հայրենի պետութիւնը, ազգ առաջնորդելու ձգտող կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ մտաւորականութիւնը պէտք է գնահատել, արժեւորել եւ դատել հայրենադարձութեան հարցին նկատմամբ իրենց վերաբերումով, ներդրումով եւ իրականացումով:
 
ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ քաղաքականութիւն չունինք: Զբօսաշրջութիւնը եւ թոշակառուներու Հայաստան բնակութիւնը տնտեսական եւ զգացական երեւոյթներ են եւ չեն շփոթուիր ապագայակերտ հայրենադարձութեան հետ: Զարմանալի կերպով ոչ միայն պետութիւնը եւ ղեկավարութիւնները չեն խօսիր այս էական հարցին մասին, որ բնակեցման ճամբով հայրենատիրութիւն է, այլ նոյնիսկ մամուլը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), լուռ կը մնան, պարզապէս չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու համար:
 
Համազգային քաղաքականութեան առանցքին պէտք է բերել ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը, առանց որուն հայրենատիրութիւն կարելի չէ եւ ազգի աւելի քան կէսի վերջնական անհետացումը լրացում՝ ցեղասպանութիւն-հայրենահանում ոճիրին:
 
Դասական դարձած տարազներէն տարբեր մօտեցումով պէտք է խօսիլ միւս ԴԱՐՁի մասին, որ կը վերաբերի մայրենի լեզուի կենդանի գործածութեան, որ պարզագոյն ձեւով կը սահմանուի հայերէնի որակաւոր վերականգնումով, հայախօսութեամբ եւ հայագրութեամբ: Տարուած տնանկի սնափառութեամբ, օտարագրութիւնը կ’ընդունինք: Անկասկած, օտար լեզուներով կարելի է, հարկ է խօսիլ եւ գրել, քարոզչական նպատակով ներկայացնել մեր գրականութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր դատը: Բայց պէտք է գիտնալ, որ ազգային ստեղծագործութիւնը կ’ըլլայ սեփական ժողովուրդի հոգեմտաւոր աւազանին մէջ, որ լեզուն է: Ասկէ առաջ ըսած եմ, որ Հանրի Թրուայան հայածնունդ մեծ գրող է, բայց հայ գրող չէ, մեզի չի պատկանիր, իր գրականութեան տէրը ֆրանսերէնն է եւ ֆրանսական գրականութիւնը: Դանիէլ Վարուժան մեծ բանաեղծ է, նոյնիսկ եթէ Լիւք-Անտրէ Մարսէլի ֆրանսերէն թարգմանութեամբ Դանիէլ Վարուժանը գեղեցիկ է, տպաւորիչ, բանաստեղծական գոհար, բայց ֆրանսական գրականութիւն չէ:
 
Այսօր ազգային ռազմավարական հիմնարար քաղաքականութիւն պէտք է ըլլայ ԴԱՐՁը դէպի հայերէն, վերականգնելով ազգային լեզուի անխարդախ գործածութիւնը կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Ապա թէ ոչ հայերէնը աստիճանաբար կը դառնայ «ֆոլքլորիք» լեզու մը, «ծագումով հայեր»ու համար, հետաքրքրաշարժի թիւ-թուականներով եւ անուններով, բայց ոչ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ անցեալի, պատմութեան եւ ժառանգութեան հետ:
 
Հայոց իրաւունքի վերականգնումի ուղին կ’անցնի հայրենադարձութեան եւ մայրենիի վերադարձի զոյգ գոյութենական ուղիներով, խորապէս տարբեր դիրքապաշտական եւ մակերեսային հրավառութիւններէ, յարդի բոցեր՝ որոնք միայն ժամանակաւոր են եւ երբեք ապագայակերտ:
«Լինել-չլինել»ու հարցին կը մօտենանք կրկէսի զուարճացնող իրենց գլխուն վրայ քալող հտպիտներու խաղով: Հրաժարելով մարդորսական ճապկումներէ, այդ հարցի անշրջանցելի զոյգը պէտք է ըլլայ հայրենադարձութիւն-հայրենատիրութիւնը եւ հայերէնախօսութիւն-հայագրութիւնը:  
 
Ե՞րբ մենք մեզ, մեր հաւաքականութիւնները եւ ազգի ղեկավարումը պիտի դիտենք զոյգ դարձի տեսանկիւնէն, ըստ այնմ գործենք եւ վստահինք դէպի ապագայ ընթացող ճակատագրի ղեկը:
 
«Ըստ այնմ գործենք»ը կ’ենթադրէ հայկական տնտեսա-նիւթական եւ մտաւոր ներուժի գործածութիւնը, յանձնառութեան գիտակցութիւնը փոխադրելով իւրաքանչիւր յարկի տակ եւ հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերը, համեստներու, մտաւորականութեան եւ ունեւորութեան, որ իր եսէն անդին ազգային ապագային պէտք է նայի:
Այդ ապագան «եան-եան»ներու շաբաթավերջի մանրքաղքենիական իրարանցումներէն անդին՝ մտածման եւ ղեկավարման տարբեր տարբեր որակ կը պահանջէ:
 
Այսինքն դէմ առ դէմ կանգնած ենք իրաւ ազգային բովանդակութեամբ ղեկավարումի:
 
ԲԱՐՁԸՆՏԻՐ
 
Գրաբարի դասի մը խորագիրն էր՝ «մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»: Խօսքը կը վերաբերի մեծ ու պզտիկ «բարձընտիր»ները գերանցելու:
Բայց որո՞ւ հոգն է գրաբարը: Համատարած ախտ է, Հայաստան եւ սփիւռքներ, «բարձընտիր»ը:
 
«Բարձընտիր»ներու համար օրակարգ չեն խորագրով նշուած զոյգ ԴԱՐՁերը:
 
Առանց այդ զոյգին յուշագրութիւնները, ճանաչումները, ուսումնասիրութիւնները եւ ամպագոռգոռ համաժողովները սփոփանքի հանդէսներ են, արեւուն տակ տեղ մը ունենալու սնափառութիւն:
 
Պարզ. հայրենասիրական զգացականութիւնը պիտի փոխարինե՞նք հայրենատիրութեամբ՝ բանիւ եւ գործով:
 
Յ. Պալեան, 26 փետրուար 2017, Նուազի-լը-Կրան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ