Փերփինիանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեկոչուի


Փերփինիանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեկոչուի

  • 10-04-2017 18:10:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Արեւելեան Փիրենեաններու «L'Indépendant» թերթը կը գրէ, թէ նահանգի վարչական կեդրոն Փերփինիան քաղաքին մէջ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեկոչուի Ապրիլ 24-ը: 
 
Թերթը զրոյց մը ունեցած է շրջանի Հայոց «Հայաշէն» ընկերակցութեան նախագահ Սարգիս Սիմոնեանի հետ: 
Ըստ վերջինիս կողմէ տրուած տեղեկութիւններուն՝ Փերփինիանի մէջ կ՚ապրին շուրջ 200 հայ ընտանիքներ: Սիմոնեան ըսած է. “Կարեւոր է փորձել կապ պահպանել մեր արմատներուն հետ, նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել եւ հոս՝ Փերփինիանի մէջ կատարել արարողութիւն մը”, աւելցնելով՝ որ Ապրիլ 24-ին կը յուսայ 200-էն 250 հոգիի ներկայութիւնը: Ան տուած է նաեւ ոգեկոչման արարողութեան յայտագիրը, նշելով՝ որ կը յուսայ գալ տարի ոգեկոչումը կազմակերպել խաչքարի մը առջեւ եւ բացատրած է, թէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը վարուին քաղաքապետարանին հետ՝ ճշդելու համար յուշակոթողի զետեղման վայրը: 
Սիմոնեան «L'Indépendant»-ի թղթակիցին նաեւ յայտնած է, թէ մօտ օրէն պիտի ունենան գրասենեակ մը: Ընկերակցութիւնը կը ծաւալէ մշակութային, դաստիարակչական գործունէութիւններ, կը մատուցէ ընկերային եւ իրաւաբանական ծառայութիւններ, կ՚օգնէ հանգստեան կոչուածներու եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ կարօտեալներու. “եւ ո՛չ միայն Հայերուն”, ընդգծած է Սիմոնեան, աւելցնելով՝ “քանի որ ընկերակցութի՛ւն ենք, եւ ոչ՝ համայնք։ Եթէ որեւէ ընտանիք թակէ մեր դուռը, մեր պարտականութիւնն է օգնել անոր”։
 
«Հայաշէն» ընկերակցութիւն՝ 07 69 28 07 07։ 
ՆՅ
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը