Յարութ Սասունեան. Թրամփի Յարձակումը Սուրիոյ Վրայ Սխալ Էր Շարք Մը Պատճառներով


Յարութ Սասունեան. Թրամփի Յարձակումը Սուրիոյ Վրայ Սխալ Էր Շարք Մը Պատճառներով

  • 12-04-2017 18:43:29   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
 
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
 
 
Բազմաթիւ ամերիկացներ եւ մարդիկ, ամբողջ աշխարհի մէջ, մեծ մտահոգութեամբ հետեւած են Տանըլտ Թրամփի հնչեցուցած չկշռադատուած եւ տարօրինակ գաղափարներուն՝ նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին եւ աւելի մտահոգիչ՝ նախագահ դառնալէն ետք:
 
Մէկ բան է չհամաձայնիլ անոր հետ ներքին քաղաքականութեան հարցերով, ինչպէս օրինակ, մահմետական զբօսաշրջիկներու արգիլումը, առողջապահութիւնը կամ պատի կառուցումը, բոլորովին այլ բան է, երբ ան կը սպառնայ այլ երկիրներու, ինչպիսիք են Իրանը եւ Հիւսիսային Քորէան, եւ աւելի վատ, երբ հրաման կու տայ հրթիռներ արձակելու Սուրիոյ վրայ...
 
Իսկ ի՞նչ խնդիր կայ նման աղէտալի որոշման հետ կապուած: Թրամփ գիտելիքներ չունի սուրիական հակամարտութեան վերաբերեալ, բացի այն, ինչ որ կարդացած է որոշ ծայրայեղական հրապարակումներու մէջ եւ տեսած՝ իր սիրելի FOX News հեռատեսիլի կայանէն:
 
Թրամփ յայտարարած է, որ ինք խորապէս ցնցուած է քիմիական յարձակումէն տուժած մանուկներու լուսանկարներէն, զորս տեսած էր հեռատեսիլով: Ո՞վ կը դիմանար: Անկասկած անոր մօտ եղած է զգացմունքային եւ ինքնաբուխ արձագանգ՝ սրտաճմլիկ պատկերներու նկատմամբ, ինչ որ սակայն չի կրնար փոխարինել կշռադատուած արտաքին քաղաքականութիւնը, առանց այս ողբերգական միջադէպի վերաբերեալ փաստերու մանրակրկիտ քննութեան եւ սուրիական օդուժի վրայ ծայրայեղ գործողութեան ՝ 59  «Թոմահոք» տեսակի հրթիռներու արձակման հետեւանքներու ուշադիր քննման: 
 
Բարեբախտաբար, Թրամփի օգնականները ահազանգած էին Ռուսիոյ, յարձակումէն քիչ առաջ՝ ռուսական զոհերէն խուսափելու համար, ինչ որ կրնար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ աշխարհի համար...: Բացի այդ, նախագահ Թրամփ իր գործողութիւններով խախտած է Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութիւնը, քանի որ ան չէ խնդրած եւ չէ ստացած Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսի օրէնքով պահանջուող թույլտուութիւնը՝ մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ պատերազմ սկսելու համար: Թրամփ ոչ իմաստութիւնը, ոչ ալ համբերութիւնը ունեցաւ սպասելու քիմիական յարձակման հանգամանքներու հետաքննութեան արդիւնքներուն՝ ստուգելու, թէ ո՞վ է իսկապէս պատասխանատուն այս սարսափելի յարձակման համար:
 
Թրամփի վարչակազմը մեղադրած է Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը՝ Իտլիպի մօտ քիմիական յարձակման համար: Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները տարբեր վարկած ունին այս իրադարձութիւններու առնչութեամբ: Անոնք կը պնդեն, որ Սուրիա չի տիրապետեր որեւէ քիմիական զէնքի՝ նմանօրինակ բոլոր վտանգաւոր նիւթերը ոչնչացնելու վերաբերեալ իր 2003-ի համաձայնագրէն ետք: Բացի այդ, Սուրիա կը պնդէ, որ քիմիական պայթիւնը տեղի ունեցած է իր օդուժին կողմէ սուրիական ահաբեկիչներուն պատկանող  պահեստի ռմբակոծման ժամանակ, ուր անոնք  պահեստաւորած էին այդ վտանգաւոր նիւթերը: Ասատի համար անիմաստ էր քիմիական զէնքի կիրառումը, երբ ան կը յաղթէր, այդպիսով ան ռիսքի դիմած կ՛ըլլար՝ թշնամացնելով Արեւմուտքը եւ արագացնելով ռազմական միջամտութիւնը: 
 
Յիշեցնեմ, որ տակաւին 2013-ին մէկ այլ քիմիական յարձակում եղաւ Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն վրայ, ուր աւելի շատ մարդ սպաննուեցաւ, քան Իտլիպի մէջ: Օպամա շատ մօտ էր Սուրիոյ դէմ պատերազմ սկսելուն, սխալմամբ կարծելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը անցած է իր յայտարարած «կարմիր գիծը»: Սակայն, երբ ան իմացաւ, որ Դամասկոսի մօտ քիմիական յարձակումը «ուրիշի դրօշի տակ» էր, ինչ որ կը նշանակէր, որ անիկա կազմակերպուած էր Թուրքիոյ եւ անոր ահաբեկիչ դաշնակիցներուն կողմէ, որպէսզի ստիպեն Միացեալ Նահանգները՝ ռազմական միջամտութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ մէջ, Օպամա չիրականացուց Սուրիոյ վրայ հրթիռներ արձակելու իր ծրագրերը: Պետք չէ մոռնալ, որ 2003-ին ամերիկեան պաշտօնեաները կեղծ «հետախուզական» ապացոյցներ ներկայացուցին աշխարհին, պնդելով, որ Սատտամ Հուսէյն կը տիրապետէ զանգուածային ոչնչացման զէնքի՝ արդարացնելով Իրաք ներխուժումը:
 
Որքան ալ տարօրինակ, սակայն Գոնկրեսի հանրապետական շատ անդամներ, որոնք այժմ կ՛ողջունեն Սուրիոյ վրայ յարձակելու Թրամփի որոշումը, այդ ժամանակ խստօրէն քննադատեցին Օպաման՝ համանման յարձակման ծրագրի համար: Բացի այդ, թէեւ 2013-ին քիմիական յարձակման ժամանակ աւելի շատ մարդիկ եւ երեխաներ սպանուեցան, Տանըլտ Թրամփ 40 «թուիթ»ներ հրապարակած էր՝ կոչ ընելով Օպամայի՝ չյարձակիլ Սուրիոյ վրայ: Այդ ժամանակ, կարծես թէ Թրամփ չէր մտահոգուած «գեղեցիկ սուրիացի մանուկներու» համար, ինչպէս հիմա կը պնդէ...
 
Թէ՛ Սպիտակ Տունը, թէ՛ ամերիկեան լրատուական միջոցներու բազմաթիւ ինքնակոչ փորձագէտներ, որոնք վերջին վեց տարիներու ընթացքին առաւել  բացայայտ կեղծիքներ տարածած են Սուրիոյ մասին, այժմ կը պնդեն, որ քիմիական զէնքի ոչնչացումը Սուրիոյ մէջ կը բխի Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Անոնք նաեւ կը պնդեն, որ քիմիական զէնքերը արգիլուած են միջազգային պայմանագրերով եւ ատոնց կիրառումը միջազգային իրաւունքի խախտում է:
 
Ընդունելով այդ յայտարարութիւններու ճշմարտացիութիւնը, պէտք է հարցնել.
 
1) Ինչո՞ւ ոչ մէկ հետաքննութիւն չիրականացաւ քիմիական յարձակման առնչութեամբ, մինչեւ ամերիկեան հրթիռներու արձակումը:
 
2) Ի՞նչ իրաւունքով Թրամփ ինքզինք կարգած է միջազգային իրաւունքի դատաւոր եւ աշխարհի ոստիկան: Միջազգային իրաւունքը, ըստ սահմանման, այն հարցն է, որ կը վերաբերի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին: Միջազգային իրաւունքի նման խախտումներու հետաքննութեան, դատապարտման եւ պատժելու պատշաճ վայրը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդն է, ոչ թէ Սպիտակ Տունը: Բացի այդ, ինքնիշխան պետութեան մը վրայ յարձակումը ինքնին միջազգային իրաւունքի խախտում է...
 
3) Յարձակելով Սուրիոյ վրայ եւ ոչնչացնելով անոր ռազմական ինքնաթիռները, Թրամփ, փաստօրէն, կը խրախուսէ եւ կը հզօրացնէ ԻԼԻՀ-ի ահաբեկիչները, որպէսզի անոնք շարունակեն եւ ընդլայնեն իրենց յանցագործութիւնները Սուրիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս երբ կը տեսնեն, որ ամէն անգամ իրենց կողմէ քիմիական զէնք օգտագործելու պարագային, Արեւմուտքը ատոր համար կը մեղադրէ նախագահ Ասատը եւ կը յարձակի Սուրիոյ վրայ: Բացի այդ, թուլացնելով եւ փոխարինելով Ասատը, Թրամփ ռիսքի կը դիմէ՝ ստեղծելով նմանատիպ քաոս եւ ահաբեկչութիւն Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, յանգեցնելով աւելի մեծաթիւ մահերու...: Ո՞վ կը փոխարինէ Ասատը եւ ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ զայն փոխարինողը պիտի չըլլայ ԻԼԻՀ-ը, պատճառ դառնալով ոչ միայն վերջին քիմիական յարձակման ընթացքին  ինկած 80 զոհերուն, այլեւ լրացուցիչ միլիոնաւոր զոհերու, ի լրումն կէս միլիոն սպաննուածներու՝ սուրիական հակամարտութեան վերջին տարիներու ընթացքին: Միակ բանը, որ սուրիացի ժողովուրդը չ՛ուզեր, յարձակումներն ու արիւնահեղութիւններն են: Այն, ինչ անհրաժեշտ է անոր,  դիւանագիտական յամառ ջանքեր են՝ լուծում գտնելու համար հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ:
 
Բոլոր անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգ էին, որ Թրամփ կրնայ անխոհեմ որոշումներ կայացնել եւ սպառնալ միջազգային խաղաղութեան, ցաւօք, ականատես եղան անոր առաջին նմանօրինակ միջադէպին, անոր առաջին 100-օրեայ նախագահութեան ընթացքին: Բոլորն ալ հիմա մտավախութիւն ունին, որ աւելի շատ այսպիսի զէնք ճօճելու եւ ապակայունացնող անբաղձալի յարձակումներ տեղի ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն, աշխարհի այլ մասերու մէջ: Կը մնայ  յուսալ, որ Թրամփ չի նախաձեռներ յարձակում Սուրիոյ վրայ, պարզապէս ուշադրութիւնը շեղելու համար իր բազմաթիւ ներքին խնդիրներէն, ինչպէս ան բազմիցս ըրած է այլ հարցերու վերաբերեալ, վերջին շաբաթներու ընթացքին...
 
Վերջապէս, ի՞նչ եղան  Թրամփի՝ «Ամերիկան ամէն բանէ առաջ» եւ «Ես Միացեալ Նահանգներու նախագահն եմ եւ ոչ թէ աշխարհի» կրկնուող յանդուգն յայտարարութիւնները: 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
 

 
  -   Յօդուածներ