Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանցի Միլիառատէրը Էրտողանի «Կը Նուիրէ» 25 Միլիոն Տոլար արժող Նաւթատար Նաւ Մը


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանցի Միլիառատէրը Էրտողանի «Կը Նուիրէ» 25 Միլիոն Տոլար արժող Նաւթատար Նաւ Մը

  • 31-05-2017 11:37:53   | Հայաստան  |  Յօդուածներ

Երբ 2003 թուականին Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան առաջին անգամ իշխանութեան եկաւ որպէս Թուրքիոյ վարչապետ, թուրքերուն մեծ մասը զայն ընդունեց որպէս բարեպաշտ մահմետականի եւ ազնիւ քաղաքական գործիչի՝ կաշառուած ղեկավարներու իշխանութեան տակ քանի մը տասնամեակ գտնուելէ ետք:
 
 Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Էրտողան եւ անոր ծայրայեղ իսլամական կուսակցութեան («Արդարութիւն եւ Զարգացում») համախոհ առաջնորդները հետզհետէ դարձան կաշառակեր...: Ագահութիւնը փոխարինեց բարեպաշտութիւնը, եւ դժուար էր դիմակայել մեծագումար դրամներու գայթակղութիւնը: «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս» արտայայտութիւնը ճշգրիտ կերպով կը նկարագրէ Էրտողանի վերափոխումը՝ առ կաշառակեր եւ բռնակալ ղեկավարի:
 
Էնտրու Ֆիշմըն, theintercept.com կայքի վրայ տեղադրուած ծաւալուն յօդուածի մը մէջ կը  բացայայտէ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւ նուէր ստանալու արտասովոր հանգամանքները, գաղտնի, ստուերային համաձայնագրով...: Այս զգայացունց բացայայտումը ի յայտ եկած է Էրտողանի եւ անոր որդւոյն՝ Պիլալի գաղտնի կերպով լսուած հեռաձայնային խօսակցութիւններու հրապարակումէն քանի մը տարի անց, երբ ան զաւկին խորհուրդ տուած էր, թէ ինչպէս պէտք էր թաքցնել՝ խորհրդաւոր ձեւով ձեռք բերած հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարը: 
 
Ըստ Ֆիշմընի՝ նաւթատար նաւը Էրտողանի նուիրած է ատրպէյճանցի միլիառատէր Մուպարիզ Մանսիմով, դեռ 2008 թուականին, ինչպէս բացայայտած է Եւրոպական Քննչական Համագործակցութիւն (EIC) ցանցը, որուն կազմին մէջ կը մտնեն 49 լրագրողներ՝ 16 երկիրներու 13 լրատուամիջոցներէ: «Մանսիմով երկու տարի առաջ դարձած էր Թուրքիոյ քաղաքացի եւ ընդունած Մուպարիզ Ղուրպանօղլու թրքական անունը, ենթադրաբար Էրտողանի առաջարկութեամբ», կը տեղեկացնէ Ֆիշմըն: Զարմանալի չէ, որ «գործարքը կնքելէ ետք, անոր գործարար կապերը լայն թափ ստացան Թուրքիոյ մէջ, ընդ որում՝ շահաւէտ պայմանագրեր կնքուեցան պետական ընկերութիւններու հետ»:
 
Մանսիմով մտերմացած էր նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ որպէս Սթամպուլի «Թրամփ Թաուըր»-ներու խոշոր ներդրող, ան հրաւիրեալներու կարգին էր, այս տարուան սկիզբը կայացած նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ: «Երբ 2009-ին, Սթամպուլի մէջ բացուեցաւ «Թրամփ Թաուըր»-ներու 39 յարկանի բնակելի եւ գրասենեկային համալիրը, Մանսիմով դարձաւ առաջին յաճախորդը՝ գնելով ութ բնակարաններ, որոնց շարքին՝ փենթհաուսը», ըստ theblacksea.eu կայքի:
 
Ֆիշմընի յօդուածը՝ հետաքրքրական եւ բարդ մանրամասնութիւններով, կը վերաբերի Էրտողանի 13 հազար թոն տարողութեամբ նաւ նուիրելուն եւ հիմնուած է Մալթայի փաստաթուղթերու վրայ, որոնց քննութիւնը իրականացած է EIC-ի գլխաւորութեամբ, օգտագործելով Մալթայի մէջ գործող իրաւական, ֆինանսական եւ համագործակցական ծառայութիւններու մատակարարի 150 հազար գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքը, ինչպէս նաեւ Մալթայի ընկերութիւններու պետական արձանագրութեան ցուցակի մաքրազերծուած տարբերակը: 2007-ին Մանսիմով Ռուսաստանի մէջ գնած է «Ակտաշ» նաւթատար նաւը եւ զայն արձանագրած որպէս մալթական շինարարական ընկերութիւն՝ Pal Shipping Trader One անունով: 2008-ին, Մէն կղզիի նաւահանգիստը [Միացեալ Թագաւորութիւն] արձանագրուած «Պումըրզ» ընկերութիւնը, որ կը պատկանի Էրտողանի զաւկին՝ Պուրաք Էրտողանի, եղբօրը՝ Մուսթաֆայի եւ փեսային՝ Զիյա Իլկէնի, ձեռք  բերած է  25 միլիոն տոլար արժողութեամբ բոլոր բաժնետոմսերը: «Յաջորդ օրը, ընկերութիւնը 18.4 միլիոն տոլարի վարկ վերցուցած է, ձեւակերպուած՝ Մանսիմովի կողմէ...: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Մանսիմով պարտաւորուած է մարել ամբողջ եօթը տարուան վարկը, աւելցուցած շահոյթը՝ մինչեւ 2015-ի վարձակալութեան իրաւունքի դիմաց (գնման արժէքի մնացած 7 միլիոն տոլարը վճարած է Էրտողանի անձնական, մտերիմ ընկերը, անյայտ պատճառներով): Մանսիմովի ընկերութիւնը, որ կը վերահսկէ Սեւծովեան նաւթային առաքումներու երկու երրորդը, երկարաձգած է վարձակալական պայմանագիրը մինչեւ 2020, տարեկան 1.2 միլիոն տոլարով: Ընդհանուր առմամբ, Մանսիմովի կողմէ Էրտողանի ընտանիքին կատարուած դրամական փոխանցումները կը կազմեն 21.2 միլիոն տոլար»:
 
Մէկ այլ աղբիւր՝ Sg.news.yahoo.com, Էրտողանի ընտանիքին նուիրուած նաւթատար նաւը  գնահատած է 29.64 միլիոն տոլար: Այս կայքը նաեւ բացայայտած է, որ «Էրտողանի անձնական, մտերիմ ընկերը», որ նաւթատար նաւի համար վճարած է 7 միլիոն տոլար, թուրք գործարար Սըթքի Այանն է:
 
Malta Today թերթը բացայայտած է, որ Էրտողանի փեսան՝ Պերաթ Ալպայրաք, 2012-ին ութ ընկերութիւն հիմնած է Մալթայի մէջ՝ խուսափելու համար միլիոնաւոր տոլարներու հարկ վճարելու պարտաւորութենէն, իր ընկերութեան՝ ուժանիւթային, հիւսուածեղէնի եւ շինարարական մեծ հիմնարկութեան՝ Calik Holdings-ի համար, որ միլիառաւոր տոլարներու մրցոյթներ շահած է: Ան չորս ընկերութիւններ բացած էր Շուէտի մէջ:
 
Ալպայրաք՝ Էրտողանի աւագ դուստր Էսրա Էրտողանի ամուսինը, 2011-ին ելեկտրոնային նամակ ստացած է մտերիմ գործընկերոջմէ մը, որ նախազգուշացուցած է, որ գաղտնի, ստուերային ընկերութիւնները «հիմնուած են ֆինանսական մարմինները խաբելու վրայ. ատիկա ապահով համակարգ չէ: Եթէ ֆինանսական մարմինը զայն բացայայտէ, այդ մէկը բացասաբար կ՛անդրադառնայ [Calik-ի] հեղինակութեան վրայ», կը յայտնէ Malta Today:
 
Ի վերջոյ, պարզուեցաւ, որ Ալպայրաք կարիք չունէր գաղտնի ստուերային ցանցի, քանի որ 2015-ին ան Էրտողանի կողմէ նշանակուեցաւ որպէս Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար: Ան յաջողեցաւ՝ հարկային համաներումի օրէնքը անցընել տալ «Հարստութեան Խաղաղութեան Գործողութիւնը» անուան տակ, որ թոյլ տուաւ Calik Holdings-ի՝ վերադարձնել անսահմանափակ քանակութեամբ ստուերային, կանխիկ գումարներ, առանց հարկերու... 
 
Malta Today նաեւ կը յայտնէ, որ Էրտողան իր փեսան կը պատրաստէ որպէս իր յաջորդը: Զարմանալի չէ, որ Ալպայրաք ուղեկցած էր նախագահ Էրտողանի՝ Միացեալ Նահանգներ վերջերս կատարած այցելութեան ընթացքին: 
 
Մալթայի մէջ արտասահմանեան բազմաթիւ ընկերութիւններու արձանագրութեան պատճառը այն է, որ այս երկիրը «Եւրոպական Միութեան մէջ ունի ամէնէն ցած, արդիւնաւէտ համագործակցական հարկի տոկոսային չափը [5%] եւ դարձած է նախընտրելի վայր՝ հարկերէ խուսափելու համար Եւրոպական Միութեան մէջ, մինչդեռ, Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, համագործակցութեան հարկի տոկոսային չափը կը կազմէ 33,33 առ հարիւր», ըստ Ֆիշմընի:
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 

 
  -   Յօդուածներ