Յարութ Սասունեան. Ալիեւի Ընտանիքի Ֆինանսական Դերը՝ Ահաբեկիչներուն Զինամթերք Առաքելու Գործին Մէջ


Յարութ Սասունեան. Ալիեւի Ընտանիքի Ֆինանսական Դերը՝ Ահաբեկիչներուն Զինամթերք Առաքելու Գործին Մէջ

  • 19-07-2017 17:35:27   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ գրած էի պուլկարացի հետաքննող-լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի՝ «Թրութ» թերթին մէջ հրապարակուած զգայացունց բացայայտումներուն մասին: Հիմնուելով գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու վրայ, Կայթանճիեւա տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի Silk Way օդանաւային պետական ընկերութիւնը վերջին երեք տարիներուն ընթացքին եւ դիւանագիտական քողի տակ, ծանր արհեստագիտութեամբ եւ զինամթերքով օժտուած 350 ճամբորդական բեռ առաքած է ահաբեկչական խումբերուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին: 
 
«Ազատութիւն» ձայնասփիռի կայանի ատրպէյճանցի հետաքննող-թղթակից Խատիճա Իսմայիլովա, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներու բացայայտման համար ձերբակալուած էր, 2010ի իր զեկոյցին մէջ բացայայտած էր, որ նախագահ Ալիեւի դուստրը՝ Արզու Ալիեւա, մասնաբաժին ունի ընկերութեան մը մէջ, որ կապուած է Silk Way օդանաւային ընկերութեան հետ: Այս փաստով կը բացատրուի, թէ ինչպէս օդանաւային ընկերութիւնը յաջողած է ստանալ դիւանագիտական բոլոր թոյլտուութիւնները՝ ահաբեկիչներուն առաքելու համար այսպիսի մեծ քանակութեամբ զինամթերք:
 
Կը պարզուի, որ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը կը պատկանի SW Holding ընկերութիւններու խումբին, որ կ՛օգտուի «օդանաւային ընկերութեան ծառայութեան գրեթէ ամբողջ մենաշնորհէն», ներառեալ՝ Sky Cateringի կողմէ սնունդի միջ-թռիչքային սպասարկումը եւ Airport Gateի կողմէ իրականացուող «թաքսի» ծառայութիւնը, որոնք երկուքն ալ կը պատկանին SW Holdingի: Ասկէ բացի, ազգային ընկերութեան օդանաւներու եւ ուղղաթիռներու արհեստագիտական սպասարկումը կ՛իրականացուի Silkway Technicsի եւ «բազմաթիւ ընկերութիւններու կողմէ, որոնք կը վերահսկեն ամէն բան՝ ճամբորդներու տոմսերու վաճառքէն սկսեալ մինչեւ առանց մաքսային տուրքի առեւտուրի խանութները, որոնք բոլորն ալ կը պատկանին SW Holdingին», կը տեղեկացնէ Իսմայիլովա:
 
SW Holdingի սեփականութիւնն է նաեւ Silk Way դրամատունը, որ կը պատկանի նախագահ Ալիեւի այդ օրերու 21-ամեայ դստեր՝ Արզու Ալիեւայի եւ Ատրպէյճանի «ԱԶԱԼ» օդանաւային պետական ընկերութեան նախագահի կնոջ՝ Զարիֆա Համզաեւայի՝ ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան տուեալներուն:  Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը նաեւ Silk Way դրամատան մէկ մասին սեփականատերն է:
 
Հետաքրքրական է այն, որ Իսմայիլովա կը յայտնէ, թէ «SW Holdingի վերելքը, որ հեշտութեամբ կը կլանէր «ԱԶԱԼ»ի նախկին գործարքները, հարցեր կը յառաջացնէ ալիեւեան Ատրպէյճանի մէջ կասկածելի սեփականաշնորհման գործնականութեան մասին: Այսպէս նաեւ կ՛ընդգծուի, թէ ինչպէ՛ս քաղաքական վերնախաւը կը շարունակէ  օգտագործել մերձաւոր բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ՝ պահպանելու համար իր երկրին ամէնէն արժէքաւոր գործարքները՝ հակառակ ատրպէյճանական օրէնքներուն, որոնք պետական ​​պաշտօնեաներու կողմէ ցուցաբերուած ազգականասիրութիւնը կը համարեն յանցանք՝ մինչեւ 12 տարուան բանտարկութեամբ»: 
 
Նախագահ Իլհամ Ալիեւ պարզապէս կը շարունակէ իր հօր՝ Հէյտար Ալիեւի սկսած փորձը, այն, որ երկու տասնամեակ Ատրպէյճանի մէջ իշխելէ ետք, նախագահական աթոռը ան փոխանցեց իր զաւկին: 2009ի սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին ջնջուեցան ժամկէտային սահմանափակումները նախագահին նկատմամբ՝ Իլհամ Ալիեւը դարձնելով ցմահ նախագահ...: Ռիսքի չդիմելու համար, վերջերս ան իր կինը՝ Մեհրիբան Ալիեւան նշանակեց փոխնախագահ, որպէսզի այս վերջինս իր իրաւայաջորդը դառնալու հնարաւորութիւնը ունենայ:
 
Ինչպէս որ աւելի կանուխ հաղորդած էի, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը հիման վրայ, «նախագահ Ալիեւի տակաւին պատանի որդին՝ Հէյտար, օրինական սեփականատէրն էր Տուպայի մէջ գտնուող ինը շքեղ առանձնատուներու, որոնք ձեռք բերուած էին  44 միլիոն տոլարով: Նախագահի երկու դուստրերը՝ Արզու եւ Լէյլա, նոյնպէս սեփականութիւն ունին Տուպայի մէջ: Երեք զաւակները միասին՝ Տուպայի մէջ ունին 75 միլիոն տոլարի սեփականութիւն: Ակնյայտ է, որ այս դրամները ոչ իրենք, ոչ ալ իրենց ծնողները վաստակած են...: Նախագահ Ալիեւի տարեկան աշխատավարձքը կը կազմէ 230 հազար տոլար: Իսմայիլովա նախագահ Ալիեւի հարստութիւնը կը գնահատէ «տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով»: Սա, ի հարկէ, թերագնահատուած է, հաշուի առնելով ճշգրիտ թիւերու բացակայութիւնը: Այնուամենայնիւ, այն փաստը, որ Ալիեւի երեք զաւակները Տուպայի մէջ 75 միլիոն տոլար արժողութեամբ ունեցուածք ունին, Ալիեւի հարստութիւնը վստահաբար կարելի է գնահատել հարիւր միլիոնաւոր, եթէ ոչ՝ միլիառաւոր տոլարներով...: Հակառակ ատրպէյճանական օրէնսդրութեան՝ ոչ նախագահ Ալիեւ, ոչ ալ անոր կինը յայտարարած են իրենց սեփական դրամագլուխը: 
 
Համաձայն ատրպէյճանական օրէնքներու՝  պետական ​​պաշտօնեաներուն կ՛արգիլուի գործարք ունենալ, իսկ անոնց ընտանիքի անդամները ազատ են այդ սահմանափակումներէն. օրէնքի մէջ սողանցք մը, որ կը շահարկուի Ալիեւի կողմէ՝ իր եկամուտները իր զաւակներուն ունեցուածքին մէջ թաքցնելու համար: Միայն Արզու Ալիեւայի մասնաբաժինը՝ Silk Way դրամատան մէջ, կը կազմէ աւելի քան 12 միլիոն տոլար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի փոխանցմամբ՝ «նախագահի քարտուղար Ազէր Կասիմով հաստատած է, որ Արզու Ալիեւա Silk Way դրամատան սեփականատէրերէն մէկն է»:
 
Պետական գոյքի մասնաւորեցման պետական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Կուլու Խալիլով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, որ ինք տեղեկութիւններ չունի «ԱԶԱԼ» օդանաւային պետական ընկերութեան, ներառեալ՝ վերջինիս ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ «ԱԶԱԼ» դրամատան սեփականաշնորհման մասին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ մասնաւորեցման իրաւական ընթացակարգերէն եւ ոչ մէկուն հետեւած են:
 
 «Միաժամանակ, SW Holding թէեւ դանդաղօրէն, բայց եւ անշեղօրէն ձեռք կը բերէ «ԱԶԱԼ»ի գրեթէ բոլոր նախկին ընկերութիւնները, ներառեալ «ԱԶԱԼ Սիկորթա» ապահովագրական ընկերութիւնը, որուն համասեփականատէրերն են SW Holding եւ «ԱԶԱԼ»ի նախագահ Ճահանկիր Ասկարովի երկու դուստրերը. Ասկարով, որ Silk Way դրամատան ներկայի համասեփականատէր Զարիֆա Համզաեւայի ամուսինն է», կը տեղեկացնէ Իսմայիլովա: SW Holding նաեւ եղած է «ԱԶԱԼ»ի մեծ ծրագիրներուն միակ կապալառուն, ներառեալ օդակայաններու կառուցման գործարքներ՝ Լենքորանի, Կեանջայի եւ Զաքաթալայի մէջ, ընդհանուրը՝ 150 միլիոն տոլար արժէքով:
 
Նախագահ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին իբրեւ մասնակի համասեփականատէրերը օդանաւային պետական ընկերութեան մը, որ ժամանակակից զինամթերք կ՛առաքէ ահաբեկիչներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
  -   Յօդուածներ