Յարութ Սասունեան. Կլէնտէյլի Հայերը Պէտք Է Դաս Մը Տան «Ամերիքանա» Առեւտուրի Կեդրոնի Ղեկավարութեան
09-08-2017 12:43:13 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Երեք տարի առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին, «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի պաշտօնեաները Կլէնտէյլի մէջ ապօրինաբար եւ ամբարտաւանօրէն արգիլեցին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող շապիկներու վաճառքը՝ երեք հայ երիտասարդներու, որոնք պայմանագիր կնքած էին, այլեւ նախօրօք ներկայացուցած իրենց ապրանքը եւ վճարած էին կրպակի վարձակալութեան գինը:
Այնուհետեւ, «Ամերիքանա»յի վարձակալութեան աւագ տնօրէն Տորիս Նեշիւաթ ելեկտրոնային նամակով մը նախազգուշացուց հայ երիտասարդները՝ «Ցեղասպանութեան թեմայով որեւէ մարզական հագուստ, շապիկ, հեռախօսի պատեան եւ ցեղասպանութեան թեմայով որեւէ բան ամբողջութեամբ պէտք է դուրս բերուի վաճառքէն»:
Օրին, խմբագրականիս մէջ, «Ամերիքանա»յի գայթակղեցուցիչ եւ անհիմն պահուածքը մերկացնելէ, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքի բողոքներէն ետք, «Ամերիքանա» կիսատ-պռատ ներողութիւն խնդրեց՝ տգեղ միջադէպը ներկայացնելով իբրեւ «թիւրիմացութիւն», ապա թոյլ տուաւ հայ երիտասարդներուն՝ վաճառելու իրենց շապիկները:
Հայ համայնքը, որուն անդամներուն թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 100 հազարի՝ ներառեալ Կլէնտէյլի բնակչութեան կէսը եւ «Ամերիքանա»յի գնորդներուն մեծ մասը, վերջապէս պէտք է հասկնայ, թէ ինչ բանն է, որ կը ստիպէ «Ամերիքանա»յի ղեկավարներուն՝ բոլոր առիթներով դէմ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակման: Միւս կողմէ, ըլլալով խելացի գործարարներ, «Ամերիքանա»յի ղեկավարները պէտք է գիտակցին, որ արդիւնաւէտ չէ թշնամանալ իրենց յաճախորդներուն մեծամասնութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վիրաւորական դիրք բռնելով:
Վերջին շաբաթներուն «Ամերիքանա»յի ղեկավարները անգամ մը եւս թշնամական դիրք բռնեցին՝ հրաժարելով տարածք տրամադրել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման Ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնի ծանուցումներու վահանակի տեղադրման համար: Վաւերագրական ժապաւէնը նկարահանած էին հեռատեսիլային աստղեր Տին Քէյն եւ Մոնթէլ Ուիլեըմզ:
Այս անգամ եւս «Ամերիքանա»յի պաշտօնեաները առաջ քաշած են անհեթեթ եւ վիրաւորական պատճառներ՝ վճարովի ծանուցումը մերժելու համար: «Ամերիքանա»յի արտաքին ծանուցումի գործակալութիւնը՝ Outfront Media-ն, ըսած է վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակներուն, որ «Ամերիքանա»յի ղեկավարները, առանց դիտելու վաւերագրական ժապաւէնը, զգացած են, որ անիկա «շատ քաղաքական» է: Խայտառակութիւն...: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնը չի կրնար պիտակաւորուիլ իբրեւ «շատ քաղաքական»: Սա մարդկային իրաւունքներու հարց է, որ քաղաքականութեան հետ կապ չունի...
Երբ իմացայ, որ «Ամերիքանա»յի գլխաւոր տնօրէն Ճուլի Ճորըքին էր, որ ծանուցումը մերժելով օգտագործած էր «շատ քաղաքական» եզրը, հեռաձայնեցի՝ իրմէ բացատրութիւն պահանջելով: Ի պատասխան, ստացայ ելեկտրոնային նամակ՝ «Ամերիքանա»յի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան բաժինի պատասխանատու Էմըլի Տէյվիսէն, որ նշած էր. «Մենք խիստ չափանիշներ ունինք մեր ծանուցումներուն համար եւ ուշադիր կը հետեւինք անոնց բովանդակութեան: Այս ծանուցումը չի համապատասխաներ ծանուցման ուղեցոյցերու մեր չափանիշներուն՝ ամբողջ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր տարածքներուն մէջ»:
Զգուշութեամբ պատրաստուած այս յայտարարութիւնը բացարձակ անիմաստ է...: Ուստի, ես դարձեալ գրեցի Էմըլի Տէյվիսին, զարմանք յայտնելով, թէ ինչպէս կրնայ վաւերագրական ժապաւէնի ծանուցումը «չհամապատասխանել «Ամերիքանա»յի ծանուցումային խիստ չափանիշներուն», երբ, փաստացիօրէն, «Ամերիքանա»յի ղեկավարները ոչ ժապաւէնը տեսած էին, ոչ ալ ծանուցումային վահանակին գրութիւնը՝ մերժողական պատասխան տալէ առաջ: Միակ տեղեկութիւնը, զոր «Ամերիքանա»յի պաշտօնեաները ունէին այն էր, որ ծանուցումը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը համար: Ես հարցուցի Տէյվիսի, թէ արդե՞օք կ՛ենթադրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման կը խախտէ Ամերիկայի «ծանուցումի խստագոյն չափանիշները»: Իր տուած պատասխանին վրայ երեք օր մտածելէ եւ աւագ գործընկերներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, Տէյվիս պատասխանեց, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց նախորդ պատասխանին...
«Ամերիքանա»յի հետ փակուղի մտնելէ ետք, անցեալ շաբաթ ես այլընտրանք չունէի, բացի դիմելէ Կլէնտէյլի քաղաքային խորհուրդին, ուր խորհուրդի հինգ անդամներէն չորսը հայեր են: Թէկուզ միայն այս փաստը, որ յայտնի էր «Ամերիքանա»յի ղեկավարներուն, եւս մէկ լուրջ սխալ հաշուարկ էր անոնց կողմէ, քանի որ անոնք օրէնքով պարտաւոր են պահպանել բազմաթիւ պայմանագիրներ, զորս կնքած են քաղաքային խորհուրդին հետ՝ առատաձեռն նպաստներու եւ բաւականին շահաւէտ վարձակալութեան վճարումներու դիմաց: Այս իրաւական պարտաւորութիւններէն որեւէ շեղում կրնայ ստիպել քաղաքային խորհուրդին՝ վճռական գործողութիւններու դիմել «Ամերիքանա»յի դէմ՝ վերջինիս կողմէ կնքուած պայմանագիրները ի կատար ածել տալու նպատակով:
Քաղաքային խորհուրդին մէջ իմ հրապարակային ելոյթով ես կոչ ըրի քաղաքային իշխանութիւններուն՝ խնդիրը լուծելու համար հանդիպիլ «Ամերիքանա»յի եւ հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ: Հակառակ պարագային, համայնքը այլընտրանք չունի բացի պոյքոթի եւ ցոյցի դիմելէ: Քաղաքային խորհուրդին դիմելով, ինծի միացաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կլէնտէյլի համայնքի հանրային կապերու տնօրէն Մարգարիտա Բաղդասարեան:
Քաղաքային խորհուրդի անդամները, բնականաբար, համակրանքով կը վերաբերէին մեր ներկայացումներուն եւ խոստացան միջամտել՝ «Ամերիքանա»յի ղեկավարներուն հետ հանդիպում կազմակերպելով: Հանդիպման նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն վերջին սխալ որոշումի սրբագրումը, այլեւ պարզաբանումը, թէ ամերիկեան պաշտօնեաներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու բազմիցս մերժումներու ետին ի՞նչ կամ ո՞վ կայ կանգնած: Մենք պէտք է մէկընդմիշտ լուծենք այս հարցը...: Մենք չենք կրնար շարունակ գործ ունենալ «Ամերիքանա»յի պաշտօնեաներու կողմէ պարբերաբար ծագող՝ Ցեղասպանութեան առնչուող առարկութիւններու հետ: Մենք պէտք է գիտնանք, թե ո՛րն է «Ամերիքանա»յի պաշտօնեաներուն յաճախ կրկնուող այս անզգայ եւ վիրաւորական պահուածքին պատճառը: Եթէ անոնք շարունակեն թշնամական վերաբերում ցուցաբերել Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, թերեւս պոյքոթի եւ ցոյցի միջոցով անոնց գրպանին հարուածելը, առաւել՝ քաղաքային խորհուրդի ճնշումները, կը ստիպեն «Ամերիքանա»յի ղեկավարները, որ ուշքի գան...