Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Կը Ճնշէ Պուլկարիան՝ Դէպի Ահաբեկիչներ Զինամթերքի իր Առաքումները Բացայայտած Լրագրողը Գործէն Արձակելու Պահանջով


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Կը Ճնշէ Պուլկարիան՝ Դէպի Ահաբեկիչներ Զինամթերքի իր Առաքումները Բացայայտած Լրագրողը Գործէն Արձակելու Պահանջով

  • 30-08-2017 17:32:02   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ ամիս գրած էի պուլկարացի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի բացայայտումներուն մասին, թէ Ատրպէյճանի Silk Way պետական օդանաւային ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներու քողին տակ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին 350 թռիչք իրականացուցած է՝ ծանր զէնքեր եւ զինամթերք առաքելով ահաբեկչական խումբերու, որոնք կը գտնուին Սուրիա եւ այլ երկիրներ: 
 
Օգոստոս 24ին Տիլեանա իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է. «Զիս պարզապէս գործէ արձակեցին՝ դիւանագիտական թռիչքներով Սուրիոյ ահաբեկիչներուն ուղղուած զինամթերքի մատակարարումներու մասին ճշմարտութիւնը ըսած ըլլալուս համար»:
 
Տիլեանա իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է, որ ինք աշխատանքէ արձակուած է Պուլկարիոյ կառավարութեան վրայ Ատրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներուն պատճառով, քանի որ կը պատրաստուէր Սուրիա մեկնիլ՝ շարունակելու համար իր հետաքննութիւնը:
 
«Արմէնփրէս»ի տուած հարցազրոյցին մէջ Տիլեանա ըսած է, որ զինք գործէ արձակելէ առաջ, Պուլկարիոյ ազգային անվտանգութեան գործակալութենէն հեռաձայնած են իրեն եւ հարցուցած իր բացայայտումներու աղբիւրներուն մասին: Պատասխանած է, որ իր աղբիւրը եղած է Ատրպէյճանի դեսպանատան կայքը, զոր մինչ այդ կոտրած էին, սակայն այլ մանրամասներ չ՛ուզեր ներկայացնել: Երկու ժամ ետք, ան հեռաձայն ստացած է «Թրուտ» օրաթերթէն եւ իրեն փոխանցուած՝ աշխատանքէ հեռացուած ըլլալուն մասին:
 
Յօդուածը հրապարակելէ ետք, Տիլեանա բացայայտած է, որ ատրպէյճանական դեսպանատունը յորդորած է Պուլկարիոյ կառավարութիւնը՝ հետաքննել զինք. իբրեւ  հետեւանք՝ ան արձակուած է գործէն:
 
Սակայն, պուլկարացի խիզախ լրագրողը կը հրաժարի լռելէ...: Ան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ ոչ ոք չի կրնար զինք կեցնել՝ իր հետաքննութիւնը շարունակելէ. «Անոնք չկրցան կեցնել զիս երկու ամիս առաջ. անոնց չկրցան կեցնել զիս երէկ՝ բարձրաձայն արտայայտուելէ: Ես տակաւին նոր գրեցի ընկերային լրատուական միջոցներու մէջ: Անոնք անկախ լրագրողին չեն կրնար ստիպել՝ լռել: Ես պարտաւորութիւն մը չունիմ ոեւէ մէկուն: Ես պարտաւոր եմ մարդոց ըսել ճշմարտութիւնը, սա է իմ գործս»: 
 
Տիլեանա շեշտած է, որ Պուլկարիա քաջատեղեակ էր զինամթերքի ապօրինի առաքումներուն մասին, քանի որ անոր ձեռքին տակ էին այն բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատէին, որ Պուլկարիոյ կառավարութիւնը, քանի մը եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգները եւ շատ ուրիշներ իրենց հաւանութիւնը տուած են այդ գաղտնի եւ անօրինական գործողութիւններուն...
 
Պուլկարացի լրագրողը կոչ ըրած է ՄԱԿին հետաքննութիւն բանալու Ատրպէյճանի, Պուլկարիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ: Բացի ատկէ, Տիլեանա աջակցութեան խնդրանքով դիմած է անկախ լրագրողներուն եւ լայն հասարակութեան: Ան ընդգծած է. «Ես առաջին եւ վերջին լրագրողը չեմ, որուն գործէ կ՛արձակեն: Ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ մեծ լրատուական միջոցներէ, քանի որ անոնք ունին իրենց  քաղաքական օրակարգը, նպատակները եւ քաղաքականութիւնը: Այն, ինչ կ՛ակնկալեմ՝ կարենալ տարածելն է այս տեղեկութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ մեծ լրատուական միջոցներու ճամբով»:
 
Տիլեանա նաեւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճան վճարած է պուլկարացի լրագրողներուն՝ Պաքուի համար նպաստաւոր յօդուածներ հրապարակելու նպատակով. «Ես կրնամ ձեզի տրամադրել փաստ մը, որ ձեռք բերուած է Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ համակարգչային յարձակումէ ետք գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէ: Ատրպէյճանի դեսպանատունը գումարներ վճարած է լրագրողներուն՝ յօգուտ Ատրպէյճանի կամ Ատրպէյճանի հրահանգով հրապարակուած յօդուածներու համար»:
 
Տիլեանա կը պնդէ, որ ինք վճռական տրամադրուած է՝ շարունակելու իր աշխատանքը. «Ես կը պատրաստուիմ ստեղծելու իմ սեփական առցանց լրատուական միջոցը, քանի որ հիմա Պուլկարիոյ մէջ ոչ ոք կ՛ընդունի հրապարակել հետաքննութիւններս: Պուլկարական լրատուական միջոցները աշխատանք չեն առաջարկեր ինծի: Ուստի, ես կը մտածեմ իմ սեփական լրատուական միջոցս ստեղծելու մասին. սա է լուծումը»:
 
Տիլեանայի բացայայտումները հաստատած է Թերի Մեյսան՝ sott.net կայքի մէջ տեղադրուած յօդուածով մը՝ նշելով, որ Sycamore գործողութիւնը կ՛ընդգրկէ առնուազն 17 պետութիւն եւ կը ներկայացնէ տասնեակ հազարաւոր թոն զինամթերք. «Վերջին եօթը տարիներու ընթացքին ապօրինի կերպով քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութիւն ուղարկուած է Սուրիա...: Բազմաթիւ փաստաթուղթեր կը վկայեն այն մասին, որ տեղափոխութիւնը կազմակերպուած էր հրամանատար Տէյվիտ Փեթրեուսի կողմէ, առաջին հերթին բացայայտօրէն, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) միջոցով, որուն տնօրէնն էր ան, ապա՝ մասնաւոր կերպով, KKR ֆինանսական ընկերութեան միջոցով, որոշ բարձրաստիճան պետական ծառայողներու օգնութեամբ...: Այժմ նոր տարրերը ցոյց կու տան Ատրպէյճանի գաղտնիքը՝ պատերազմի զարգացման ընթացքին մասին [Սուրիոյ մէջ]...: Թէեւ դէպի Սուրիա հիմնական սպառազինութիւններ արտահանողներէն մէկը Պուլկարիան էր, սակայն ան օգնութիւն կը ստանար Ատրպէյճանէն»:
 
Մէյսան իր յօդուածին մէջ կը մէջբերէ Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրոյի (ՀԴԲ) նախկին թարգմանիչ եւ Ազգային Անվտանգութեան բացայայտողներու համախմբման հիմնադիր Սիպէլ Էտմընտզը՝ բացայայտելով, որ «Ատրպէյճան, նախագահ Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան օրով, 1997-2001 թուականներուն, Բաքուի մէջ հիւրընկալած է Այման ալ-Զաւահիրին՝ Ալ-Քայիտայի թիւ 2 անդամին: Այդ կատարուած է ԿՀՎի խնդրանքով: Թէեւ ան պաշտօնապէս կը փնտռուէր ՀԴԲի կողմէ, սակայն այդ անձնաւորութիւնը, որ հետագային  միջազգային ճիհատիստական ցանցի մէջ թիւ 2ն էր, ՆԱԹՕի ինքնաթիռներով կանոնաւոր կերպով կը ճամբորդէր դէպի Աֆղանիստան, Ալպանիա, Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Ան յաճախ կը հիւրընկալէր Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար Պըն Սուլթանը»:
 
Ամերիկահայ համայնքը Միացեալ Նահանգներ պէտք է հրաւիրէ հանրաճանաչ պուլկարացի լրագրող Տիլեանան, դասախօսութիւններու եւ մամլոյ ասուլիսներու ճամբով հրապարակային դարձնելու համար անոր զգայացունց բացայայտումները՝ Ատրպէյճանի կողմէ ահաբեկիչներուն ապօրինի կերպով զինամթերք առաքելու մասին:
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ