Յարութ Սասունեան. Human Rights Watch-ի Զեկոյցները՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ Մարդկային Իրաւունքներու Խախտումներու Մասին


Յարութ Սասունեան. Human Rights Watch-ի Զեկոյցները՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ Մարդկային Իրաւունքներու Խախտումներու Մասին

  • 25-01-2018 11:27:34   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Human Rights Watch հեղինակաւոր եւ հանրաճանաչ հասարակական կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը, ուր արձանագրուած է 2017 թուականի ընթացքին աւելի քան 90 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւունքներու խախտումները՝ ներառեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ:
 
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
 
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն՝ Հայաստանի մէջ անցեալ տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու մասին. 
 
«Խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք առաջինն էին 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, որոնց շնորհիւ նախագահականէն անցում կատարուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի, չկրցան բարելաւել հանրութեան վստահութիւնը՝ ընտրական համակարգի նկատմամբ: Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւաքեց ձայներու մեծամասնութիւն՝ խախտումներու մասին զեկոյցներու ֆոնին վրայ։ Իշխանութիւնները չկրցան պատասխանատուութեան ենթարկել ցուցարարներու եւ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւն կիրառած պաշտօնեաները, ի մասնաւորի՝ 2016 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերու ժամանակ: Դատավարութիւնը այն 32 անձերուն, որոնք կը մեղադրուէին Երեւանի մէջ ոստիկանական բաժանմունքը բռնի ուժով գրաւած ըլլալու յանցանքով, զեկոյցը գրելու պահուն դեռ կը շարունակուէր: Ազատազրկման վայրի մէջ չորս ամբաստանեալներ յայտնած էին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վատ վերաբերումի մասին»: 
 
 
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ 
 
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն՝ Ատրպէյճանի մէջ անցեալ տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու մասին.
 
 «2017-ին, կառավարութիւնը աւելի ուժեղացուցած է պայքարը  քննադատողներու դէմ: Դատարանները քաղաքական դրդապատճառներով եւ անարդար դատավարութիւններով երկարատեւ ազատազրկման դատապարտած են առնուազն 25 լրագրողներ, քաղաքական եւ երիտասարդ ցուցարարներ: Տասնեակներով մարդիկ ձերբակալուած են կամ քրէական հետապնդման ենթարկուած են, ինչպէս նաեւ կ՛ենթարկուին հետապնդումներու եւ ճամբորդական արգելքներու, կամ ալ փախած են երկրէն: Անմարդկային օրէնքները եւ կանոնակարգերը կը խոչընդոտեն անկախ խումբերու աշխատանքն ու ֆինանսաւորման ապահովումը: Բանտերու մէջ կը շարունակուին խոշտանգումներն ու վատ վերաբերումը: Բռնութեան արշաւին մէջ միասեռական տասնեակ տղամարդիկ եւ սեռափոխուած կանայք  ձերբակալուած են եւ ոստիկանութեան կողմէ վատ վերաբերումի արժանացած: «Արդիւնահանող ընկերութիւններու թափանցիկութեան նախաձեռնութիւն» (EITI) միջազգային միութիւնը, որ աղբիւրներով (resources) հարուստ երկիրներու մէջ կը խթանէ աւելի լաւ կառավարումը, երկար տարիներու ստուգումներէ եւ քանի մը նախազգուշացումներէ ետք, կախակայեց Ատրպէյճանը՝ քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու գծով սահմանափակումները չջնջելուն համար:
 
Human Rights Watch-ը նաեւ ներկայացուցած է հետեւեալ մանրամասնութիւնները Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու մասին.
 
-- «18 ցուցարարներ բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան՝ քրէական պատասխանատուութեան քաղաքական դրդապատճառներով»:
 
-- «7 լրագրողներ եւ պլոկըրներ (bloggers) բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան՝ քրէական պատասխանատուութեան քաղաքական դրդապատճառներով»:
 
-- «11 անգամ Եւրոպական խորհուրդը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի՝ ազատ արձակել ընդդիմութեան առաջնորդ Իլկար Մամետովը»:
 
-- «5 մեծ լրատուական միջոցներ Ատրպէյճանի կողմէ մշտապէս արգելափակուած են՝ «ազգային անվտանգութեան» պատռուակով»:
 
-- ««Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանը դասակարգած է 180 երկիրներու շարքին 162-րդը՝ մամուլի ազատութեան համար»:
 
--«11 ցուցարարներու, այդ շարքին՝ լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, արգիլուած է հեռանալ Ատրպէյճանէն»:
 
ԹՈՒՐՔԻԱ
 
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Human Rights Watch-ի զեկոյցէն՝ Թուրքիոյ մէջ անցեալ տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու մասին.
 
«2017 Ապրիլի հանրաքուէն, որ ընտրողներու կողմէ հաւանութեան արժանացաւ չնչին առաւելութեամբ, իրագործեց սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնց շնորհիւ Թուրքիա անցում կատարեց կառավարման նախագահական համակարգի, որ անոր քաղաքական հաստատութիւններուն համար ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնն էր, վերջին տասնամեակներու ընթացքին։ Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ արտակարգ իրավիճակի մէջ, որ հաստատուած էր՝ 15 Յուլիս 2016-ի պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք, եւ լրատուական միջոցներու խիստ գրաքննութեան պայմաններու մէջ, երբ բազմաթիւ լրագրողներ եւ քրտամէտ ընդդիմութենէն խորհրդարանականներ բանտ նետուած էին։ Նոր նախագահական համակարգը, որ կ՛ամրապնդէ գործող նախագահին իշխանութիւնը, յետադիմական ընթացք է մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան համար։ Այս նոր համակարգը բաւարար ստուգումներ եւ հակակշիռներ չունի գործադիր իշխանութեան չարաշահումներուն դէմ, այլ մեծապէս կը նուազեցնէ խորհրդարանի լիազօրութիւնները եւ կ՛ամրապնդէ նախագահական վերահսկողութիւնը՝ դատական ​​նշանակումներու մեծ մասին վրայ։ Նախագահական համակարգը ամբողջովին ուժի մէջ կը մտնէ 2019-ի ընտրութիւններէն ետք»։
 
Ստորեւ՝ Human Rights Watch-ի զեկոյցէն կարճ հատուածներ, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ կու տան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խախտումներու վերաբերեալ.
 
 «Կը շարունակուի պետական ​​պաշտօնեաներու ազատ արձակումը գործէն կամ կը դադրեցուի անոնց գործունէութիւնը հրամանագրով, առանց պատշաճ դատաքննութեան, իսկ Յուլիս 2016-էն ասդին, աւելի քան 110 հազար պաշտօնազրկուածներ կան։ 2017-ին հարիւրաւոր լրատուական միջոցներ, ընկերակցութիւններ, հիմնադրամներ, մասնաւոր հիւանդանոցներ եւ կրթական հաստատութիւններ փակուեցան կառավարութեան հրամանով, անոնց բոլորին ունեցուածքները բռնագրաւուեցան առանց փոխ հատուցման...: Տուժածները իրաւունք չունին աշխատելու պետական ծառայութեան մէջ, անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուած են, անձնագրերը՝ գրաւուած»։
 
Ասկէ բացի՝ «կը շարունակեն ձերբակալել մարդիկ, դատապարտել եւ դատէն առաջ իսկ կալանքի տակ պահել՝ ահաբեկչութեան մեղադրանքով. առնուազն 50 հազար մարդ կալանքի տակ է նախքան դատուիլը, իսկ շատեր կը հետապնդուին յեղաշրջման փորձէն ետք։ Հետապնդուածներու շարքին են լրագրողներ, քաղաքացիական ծառայողներ, ուսուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ…: Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններու տակ 500 փաստաբաններ բանտարկուած են դատէն առաջ, իսկ աւելի քան հազար փաստաբաններ կը հետապնդուին»։
 
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Թուրքիա համաշխարհային առումով յառաջատար է լրագրողներու եւ լրատուական միջոցներու պաշտօնեաներու բանտարկութեամբ, քանի որ անոնք քրէական հետապնդումներու եւ դատավարութիւններու առջեւ կանգնած են, անոնցմէ գրեթէ 150-ը ճաղերու ետին կը գտնուէր այս զեկոյցը գրելու պահուն: Թերթերու եւ հեռատեսիլի ալիքներու մեծ մասը անկախութիւն չունի եւ կ՛աջակցի կառավարութեան քաղաքական գիծին»: 
 
Համեմատած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ անցեալ տարեշրջանին Հայաստան ունեցած է նուազագոյն թիւով մարդկային իրաւունքներու խախտումներ: Աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներու ամենամեծ ոտնահարողներէն մէկը Թուրքիան է, Ատրպէյճանը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը։ Այսուամենայնիւ, հայերու մեծ մասը կը նախընտրէ, որ իր հայրենիքը կարելի եղած չափով ըլլայ ժողովրդավարական երկիր, անկախ անկէ, թէ ո՛ր չափով ոչ-ժողովրդավարական երկիրներ են Հայաստանի դրացիները։
 
 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ