Յարութ Սասունեան.Նոր Կենսագրականին Մէջ Ոչ Թէ Թրամփ, Այլ Քըրք Քըրքորեանը Ներկայացուած Է Իբրեւ «Ամէնէն Մեծ Գործարար»


Յարութ Սասունեան.Նոր Կենսագրականին Մէջ Ոչ Թէ Թրամփ, Այլ Քըրք Քըրքորեանը Ներկայացուած Է Իբրեւ «Ամէնէն Մեծ Գործարար»

  • 31-01-2018 14:21:23   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջերս փորձառու հետաքննող-լրագրող Ուիլեըմ Ռեմփըլ գրեց գործարար եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանի ընդարձակ կենսագրութիւնը, զոր հրատարակած է «Հարփըր Քոլինզ» հրատարակչութիւնը: Գիրքը վերնագրուած է՝ «Խաղացողը. Ինչպէ՞ս առանց ղրուշի մնացած Քըրք Քըրքորեան դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ գործարարը»:
 
Ռեմփըլ՝ Քըրքորեանի արտասովոր եւ խիստ անձնական կեանքի մանրամասնութիւնները մանրակրկիտ կերպով հաւաքած է ռազմական գրառումներու, առեւտրական արխիւներու, դատական ​​փաստաթուղթերու, վաղեմի ընկերներու եւ գործընկերներու յուշերու եւ յուշագրութիւններու միջոցով:
 
Հակառակ անոր, որ թէ՛ Քըրքորեան եւ թէ Տանըլտ Թրամփ միլիառատէրեր էին եւ խաղատան (casino) սեփականատէրեր, սակայն անոնց միջեւ շատ քիչ ընդհանուր բան կար: Ռեմփըլ գրած է. «Խաղատան սեփականատէր Տանըլտ Թրամփ Քըրքը կ՛անուանէր «թագաւոր» եւ կ՛ըսէր ընկերներուն՝ «ես կը սիրեմ այդ մարդը»: Սակայն Քըրք իր ոճով եւ խառնուածքով Թրամփի ճիշդ հակապատկերն էր: Քըրք մեղմախօս էր, բացայայտ չէր խօսեր եւ սարսափելի կը վախնար հրապարակային ելոյթներէն: Ան կ՛ըսէր, որ կ՛երազէր «խօսիլ Թրամփի նման»: Քըրք նաեւ չէր ուզեր, որ իր անունը նշուէր որեւէ տեղ՝ ոչ շէնքերու, ոչ փողոցային նշաններու վրայ, ոչ ալ նոյնիսկ իր MGM Studios-ի՝ սեփական ինքնաշարժի կանգառի պատին վրայ: Եւ Քըրք երբեք չէ խախտած իր վարկային պարտաւորութիւնները, իսկ իր ձեռք սեղմումը միշտ համարած է՝ պարտադիր պայմանագրի երաշխիք»: 
 
Երբ, 2009-ին, Լաս Վեկասի սրտին մէջ գտնուող Քըրքորեան նոր ու բազմամիլիառ տոլար արժողութեամբ City Center պանդոկ-խաղատան ֆինանսական լուրջ խնդիրներու առջեւ դրուեցաւ, ըստ Ռեմփըլի, Թրամփ սկիզբը որոշ կարեկցանքով արտայայտուեցաւ անոր մասին. «Ես կը սիրեմ Քըրքը եւ յոյսով եմ, որ ան դուրս կու գայ այդ վիճակէն»: Յետոյ Թրամփ փոխեց իր կարծիքը եւ CNN-ի Լէրի Քինկի ծրագրով տուած հարցազրոյցին մէջ City Center-ի նախագիծը անուանեց «բացարձակ աղէտ»: Հետագային, Թրամփ յայտարարեց. «Անշարժ գոյքի պատմութեան մէջ այս մէկը կ՛ըլլայ ամենամեծ ձախողութիւնը... շատ վատ է»: Ի հարկէ, Թրամփ սխալ դուրս եկաւ իր կանխատեսումներուն մէջ: Քըրքորեան անգամ մը եւս ոտքի ելաւ, իսկ City Center-ը ֆինանսական մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց...
 
Երբ, Քըրքորեան, «Ֆորպզ» ամսագրի միլիառատէրերու 1989-ի ցուցակին մէջ էր, սկիզբը Թրամփ ալ այդ ցուցակին մաս կը կազմէր: Սակայն «Ֆորպզ» անմիջապէս հեռացուց  Թրամփը միլիառատէրերու իր ցուցակէն՝ պատճառաբանելով, որ «իրենք թիւրիմացութեան մէջ ինկած էին Թրամփի ներկայացուցած ոչ լիարժէք տեղեկութիւններուն պատճառով»...: Այդ օրերուն, Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահի դրամագլուխը, ըստ խմբագիրներու, «մօտաւորապէս զերօ կը հաշուէր»։
 
«Հարփըր Քոլինզ»ի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, Քըրքորեանի կենսագրութիւնը Ռեմփըլի կողմէ ներկայացուած է իբրեւ պատմութիւնը «Ամերիկայի ամէնէն հարուստներէն եւ ամէնէն նուազ յայտնի ֆինանսական հսկաներէն մէկուն՝ իր ջանքերով յաջողութեան հասած միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան խիզախ օդաչուի, շարժապատկերի մեծ արտադրողի, ռիսքի դիմողի եւ մեծ գործարարի ցնցոտիներէն մինչեւ հարստութեան հասնողի, որ, իբրեւ ամերիկեան առեւտուրի յաջողակ ֆինանսաւորող՝ Լաս Վեկասն ու Հոլիվուտը բարեփոխեց»:                                                              
 
Այս կենսագրականին հիմնական առաւելութիւններէն մէկը ամերիկահայ համայնքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար Քըրքորեանի բարեգործութեան լայնածաւալ լուսաբանումն է։ Վերջին երկու տարիներուն, ես քանի մը ժամ անցուցած եմ գիրքի հեղինակ Ուիլեըմ Ռեմփըլի հետ՝ պատմելով անոր Քըրքորեանի նուիրատուութիւններուն մասին՝ ուղղուած ամերիկահայ բարեգործական կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ ծաւալուն նախագիծերու։ Իր գիրքին մէջ Ռեմփըլ զիս այսպէս ներկայացուցած է. «Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ անգլերէնով հրատարակուող «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ, որ նաեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի [այժմ՝ Հայաստան-Արցախ հիմնադրամ] նախագահն էր եւ Քըրքի հայկական բարեգործական ջանքերու շարժիչ ուժը»։ Իրականութեան մէջ, Քըրքորեան ի՛նքն էր իր բարեգործութիւններու շարժիչ ուժը: Ան իսկապէս հոգատար էր հայ համայնքի բարօրութեան եւ Հայաստանի բարգաւաճման ուղղութեամբ։ 
 
Թէեւ Քըրքորեան կը մնայ որպէս ամէնէն յայտնի եւ խիստ յարգուած անուն համայն հայութեան շրջանակին մէջ, սակայն շատ օտարներ տեղեակ չեն, որ ան ամերիկահայ է։ Բարեբախտաբար, Ռեմփըլի գիրքին երեք գլուխները նուիրուած են Քըրքորեանի հայկական ժառանգութեան եւ բարեգործութեան։
 
Գիրքին 12-րդ գլուխը կը կրէ «Հայկական կապերը» վերնագիրը։ Անիկա կը նկարագրէ՝ 1963 թուականին, Լաս Վեկասի մէջ, Քըրքորեանի պատահական հանդիպումը Մենի Աղասիի հետ, որ «Թրոփիքանա» պանդոկի մատուցող էր եւ իր հայրենակիցը՝ Թեհրանէն։ Մենի դարձաւ Քըրքորեանի մտերիմ ընկերը եւ իր ապագայ որդին կոչեց Անտրէ Քըրք Աղասի, որ հետագային դարձաւ յայտնի թենիսիստը։ Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է Քըրքորեանի գործարքները Ճորճ Մէյսընի (Էլմասեան) հետ. վերջինս անոր սակարանային վաղեմի միջնորդն էր եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հիմնադիրը (1958)։ 
 
31-րդ գլխուն մէջ Ռեմփըլ կը նկարագրէ Հայաստանի հիւսիսը 7 Դեկտեմբեր 1988-ին հարուածած ողբերգական երկրաշարժը, եւ թէ ինչպէս Քըրքորեան համաձայնած է միանալ Միացեալ հայկական հիմնադրամին, որ օդանաւային աւելի քան 150 փոխադրումներ իրականացուց, հետագայ 25 տարիներուն ընթացքին 700 միլիոն տոլարի մարդասիրական բեռներ առաքեց՝ սկզբնական շրջանին երկրաշարժէն վնասուածներուն, իսկ աւելի ուշ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ամբողջ բնակչութեան։ Կենսագիր Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է, թէ ինչպէս հիմնադրուած է Միացեալ հայկական հիմնադրամը՝ հայ-ամերիկեան եօթը ամենամեծ բարեգործական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու համախմբումը, ներառեալ Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամը: Միացեալ հայկական հիմնադրամի ատենապետը Ալեքս Եմենճեանն էր, իսկ նախագահը՝ Յարութ Սասունեան:
 
36-րդ գլուխը կը կրէ «Ցեղասպանութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը» խորագիրը։ Անիկա կը  նկարագրէ Քըրքորեանի առաջին այցը Հայաստան (1998), իր սեփական ինքնաթիռով, Յարութ Սասունեանի ընկերակցութեամբ։ Այս գլխուն մէջ նկարագրուած են թռիչքի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնները՝ Թուրքիոյ եւ բռնագրաւուած հայկական հողերու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկուած է «Լինսի» հիմնադրամի կողմէ նոր ծրագրերու ֆինանսաւորման հարցը։ Հետագային ես նշանակուեցայ «Լինսի» հիմնադրամի փոխ նախագահ՝ վերահսկելու համար 242 միլիոն տոլարի ենթակառուցուածքային նախագիծերը Հայաստանի մէջ եւ քանի մը հատ ալ Արցախի մէջ։ Այս բացայայտող գիրքը կը  ներառէ նաեւ զուարճալի պատմութիւններ խորհրդային ոճի պանդոկի մէջ Քըրքորեանի մնալու անյարմարութիւններուն մասին, որոնք ստիպեցին զինք «Մէրիըթ» պանդոկ փոխադրուիլ։ Այս գլուխը կը պատմէ նաեւ Քըրքորեանի՝ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան կատարած յուզիչ այցելութեան մասին:
 
Քըրք Քըրքորեանի կենսագրութիւնը իւրայատուկ մարդու հետաքրքրաշարժ պատմութիւնն է։ Ան փայլուն գործարար էր, չափազանց համեստ բարերար, իսկական ամերիկացի, ինչպէս նաեւ իսկական հայ: Երբ 2015 թուականին, 98 տարեկան հասակին ան կնքեց իր մահկանացուն, որպէս ազնուութեան եւ առատաձեռնութեան վերջին նշան ան իր ամբողջ ունեցուածքը՝ 2 միլիառ տոլար (բացի 1 միլիառ տոլարէն, որ «Լինսի» հիմնադրամով արդէն նուիրուած էր ամերիկեան եւ հայկական բարեգործական ծրագիրներուն) կտակեց բարեգործութեան։
 
Խորհուրդ կու տայի, որ իւրաքանչիւր հայ գնէ Քըրքի կենսագրական գիրքէն օրինակ մը եւ զայն առաջարկէ իր օտարազգի դրացիներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն։ Քըրքորեանի անհաւատալի նուաճումները մեծ պատիւ կը բերեն համայն հայութեան...
 
 
Յարութ Սասունեան       
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ