Յարութ Սասունեան. Հայ-Թրքական Դադրեցուած Արձանագրութիւնները Պէտք Է Դաս Ըլլան Հայաստանի Ղեկավարներուն


Յարութ Սասունեան. Հայ-Թրքական Դադրեցուած Արձանագրութիւնները Պէտք Է Դաս Ըլլան Հայաստանի Ղեկավարներուն

  • 10-03-2018 19:34:14   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջապէս, Հայաստանի նախագահը անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Նախագահ Սարգսեան 2009էն ի վեր շարք մը յայտարարութիւններ ըրած էր՝ նախազգուշացնելով, որ արձանագրութիւնները դուրս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգէն, եթէ Թուրքիա զանոնք չվաւերացնէ կարճ ժամանակի մէջ: Սերժ Սարգսեան նման նախազգուշացում մը վերջին անգամ ըրաւ նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին, իր ելոյթին ընթացքին յայտարարելով, որ մինչեւ գարուն 2018 չեղեալ պիտի յայտարարէ արձանագրութիւնները:
 
Արձանագրութիւնները 10 Հոկտեմբեր 2009ին ստորագրած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարները, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը եւ Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
 
Արձանագրութիւններու ծաւալուն գրութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար բանալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ հաստատելու երկու երկիրներու միջեւ: Արձանագրութիւնները կը ներառէին նաեւ վերոյիշեալներուն  հետ առնչութիւն չունեցող բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս՝ գոյութիւն ունեցող հայ-թրքական սահմանի ճանաչում եւ պատմաբաններու յանձնախումբի կազմութիւն՝ երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրները ուսումնասիրելու, նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
 
Ծանօթ է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ արձանագրութիւններու ընդունման դէմ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ: 10 Հոկտեմբեր 2009ի արձանագրութիւններու ստորագրումէն կարճ ժամանակ անց, Սարգսեան համաշխարհային շրջագայութեան մը սկսաւ դէպի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Տոնի Ռոսթովի հայկական համայնքներ, լսելու համար արձանագրութիւններու վերաբերեալ անոնց մտահոգութիւնները: Սակայն, այդ հանդիպումներու ժամանակ անոր ելոյթներէն պարզ դարձաւ, որ ան մտադիր էր ընթացք տալու արձանագրութիւններուն, եւ շրջագայութեան նպատակն էր համոզել սփիւռքահայերը՝ հրաժարելու իրենց առարկութիւններէն: Երկրէն դուրս կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին Սարգսեան դիմաւորուեցաւ կատաղի ցոյցերով եւ առճակատումներով, որոնք ձախողութեան մատնեցին անոր քարոզչական շրջագայութիւնը:
 
4 Հոկտեմբեր  2009ին, Լոս Անճելըս կատարած այցի ժամանակ նախագահը հանդիպեցաւ հայկական 60 կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը քննադատէր սպասուող արձանագրութիւնները, մինչ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյց կ՛ընէին դուրսը այն պանդոկին, ուր տեղի կ՛ունենար  հանդիպումը:
 
Այդ հանդիպման ժամանակ ես իմ ելոյթիս մէջ զգուշացուցի Սերժ Սարգսեանը, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առարկելով  արձանագրութիւններու դէմ, կրնայ արգելափակել Թուրքիոյ կողմէ անոնց վաւերացումը: Ծիծաղելի է, որ նման արդիւնք մը պիտի նշանակէր, որ ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ատրպէյճանի նախագահը ակամայօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը: 
 
Բազմաթիւ հայերու համար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս պարզ էր, որ Թուրքիա բնաւ մտադրութիւն չունէր բանալու Հայաստանի հետ  ընդհանուր սահմանը: Արձանագրութիւնները թրքական կողմի խորամանկ քայլն էին՝ ճնշելու համար Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ ընէ Ատրպէյճանի:
 
Իրականութեան մէջ, 2009ի ստորագրման արարողութիւնը յետաձգուեցաւ քանի մը  ժամով, երբ յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուէր արձանագրութիւններուն կապել անոնց հետ առնչութիւն չունեցող Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: Միայն վերջին պահուն Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի միջամտութեամբ կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս լուծել վէճը, եւ երկու կողմերը անցան արձանագրութիւններու ստորագրման:
 
Այսուամենայնիւ, ստորագրման արարողութեան յաջորդող տարիներուն թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գային յայտարարութիւններով, ըստ որոնց՝ իրենք մտադրութիւն չունէին վաւերացնելու արձանագրութիւնները, եթէ Հայաստան զիջումներ չընէր Ղարաբաղի հարցով: Իրօք, Ատրպէյճան վճռականօրէն բողոքած էր արձանագրութիւններու ստորագրման դէմ եւ զգուշացուցած Թուրքիան՝ չվաւերացնել զանոնք: Ատրպէյճան մտադիր էր ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի այս վերջինս տարածքային զիջումներ ընէ Ղարաբաղի մէջ, փակ պահելով Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանը:  
 
Հայաստանի ղեկավարները թոյլ տուին, որ օտար երկիրներու մեծ տէրութիւններ ճնշում գործադրեն իրենց վրայ՝ կայացնելու որոշում մը, որ կը հակասէր հայ ժողովուրդի շահերուն: Հասկնալի է, որ Հայաստան իբրեւ փոքր պետութիւն, չի կրնար գործել աւելի մեծ ու հզօր իր թուրք դրացիին պէս, որ շատ անգամ կ՛անտեսէ միջազգային հանրութեան փափաքները: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ղեկավարները կրնային առնուազն ջանքեր գործադրել օտարերկրեայ միջամտութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար: 
 
Մէկ այլ դաս, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է քաղեն արձանագրութիւններու խայտառակ ջախջախումէն, այն է, որ նախքան նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՛ազդեն համայն հայութեան շահերու վրայ, անոնք պէտք է որ լուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեն, որպէսզի համոզուին, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու մեծամասնութիւնը համակարծիք է իրենց որոշումներուն: Բնականաբար, Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրողներուն վերաբերող ներքին խնդիրները իրենց որոշումներն են, այնուամենայնիւ, բոլոր այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին բոլոր հայերուն, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի տարածքային պահանջները Թուրքիոյ եւ Արցախեան հիմնահարցի վերջնական կարգաւորումը, լուրջ հիմնախնդիրներ են համայն հայութեան համար: Մինչ այս ուղղութեամբ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելը, Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը համաձայն է իրեն: Այլապէս, մենք ականատես կ՛ըլլանք տգեղ առճակատման կրկնութեան՝ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
 
Ես այս մտահոգությունները բարձրացուցի ի պատասխան Սարգսեանի վերջին շաբթուան երկու յայտարարութիւններու.
 
 
1) «Երբ սկսանք բանակցային գործընթացը, մենք, բնականաբար, կը կանխատեսէինք երկու արդիւնք՝ դրական կամ բացասական»:
 
2) «Եթէ վաղը կամ յաջորդ օրը առաջարկներ ստանանք, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք քննարկելու զանոնք»:
 
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարները չեն ընդունիր իրենց սխալ մօտեցումը հայ-թրքական հարցերուն գծով: Ճիշդ չէ, որ Հայաստան ոչինչ կը կորսնցնէ: Թուրքիա հմտօրէն օգտագործեց արձանագրութիւնները՝ ապահովելու համար այն, որ օտարերկրեայ պետութիւնները չեն միջամտեր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: Իրականութեան մէջ, նախագահ Օպամա եւս շահարկեց արձանագրութիւնները՝ խուսափելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը օգտագործելէ իր՝ 2009 թուականի Ապրիլ 24եան յայտարարութեան մէջ եւ յաջորդ եօթը տարիներու ընթացքին:
 
Աւելին, Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան հակուած է կրկնելու նոյն սխալը: Տարիներ շարունակ ան կը յայտարարէր, որ Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու արձանագրութիւնները նոյն օրը, որ Թուրքիա վաւերացնէ զանոնք: Բարեբախտաբար, Թուրքիա երբեք չվաւերացուց արձանագրութիւնները՝ թոյլ չտալով Հայաստանի գործելու իր իսկ սեփական, ազգային շահերուն դէմ...
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ