Յարութ Սասունեան․ Թուրքիան Է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը Ամէնէն Շատ Խախտողը


Յարութ Սասունեան․ Թուրքիան Է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը Ամէնէն Շատ Խախտողը

  • 06-04-2018 17:17:53   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրք փորձառու լրագրող Սետաթ Էրկին գրած էր «Հուրիեթ» թերթին մէջ, որ «Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Թուրքիան է Մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջամարտիկը»: Եւրոպական դատարանը դատական գործերու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնէ այն ատեն, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւնները կը խախտեն անոր դրոյթները:
 
Թէեւ Թուրքիա միացած է Եւրոդատարանին՝ վերջինիս հիմնադրումէն 27 տարի անց՝ 1986 թուականին, սակայն փաստ է, որ Թուրքիոյ մէջ թիւով աւելի շատ խախտումներ եղած են, քան միւս բոլոր անդամ երկիրներու մէջ՝ 1959-2016 ժամանակահատուածի ընթացքին:
 
Եւրոդատարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր առմամբ կայացուցած է 3270 դատավճիռ, որոնցմէ 2889-ին մէջ յայտնաբերուած են  Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ: Դատարանը յայտնաբերած է, որ Թուրքիա միայն 73 պարագաներու մէջ չէ կատարած որեւէ խախտում: Մնացած բոլոր պարագաներուն հայցերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ դատական գործերու մեծ մասին մէջ արձանագրուած է աւելի քան մէկ խախտում, ուստի Թուրքիոյ մէջ կատարուած խախտումներու ընդհանուր թիւը կազմած է 4514:
 
Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2016-ի տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է՝
 
- Ամէնէն մեծ թիւով թրքական խախտումները (832) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:
- Երկրորդ մեծ թուաքանակ ունեցող տեսակը (707 խախտում)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքն է»: Այս վերջին տեսակը կը նշանակէ, որ «Թուրքիոյ քաղաքացիները յաճախ կը ձերբակալուին ապօրինի մեթոտներով, եւ այդ ձերբակալութիւնները դիւրութեամբ կրնան վերածուիլ դատավճիռներու»՝ ըստ Էրկինի:
- Խախտումներու 3-րդ մեծ թիւ կազմող տեսակը (653) «սեփականութեան պահպանութեան իրաւունքն» է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ թուրք քաղաքացիներ զրկուած են սեփականութեան իրաւունքէ:
- 4-րդ մեծ թուաքանակ ունեցող տեսակը (586) «վարոյթներու տեւողութեան» խախտումն է:
- «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը» 5-րդ դիրքի վրայ է՝ 412 խախտումներով:
- «Անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումը» 6-րդ տեղը կը գրաւէ`314 խախտումներով:
- 7-րդ դիրքը կը գրաւէ՝ «արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունքը» (268 խախտում):
- «Արտայայտման ազատութիւնը» 8-րդն է (265 խախտում):
- 9-րդը՝ «կեանքի իրաւունքի՝ կեանքէն զրկելու» 133 խախտումներն են:
- 10-րդ դիրքի վրայ՝ «անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունքի»  խախտումներն են (100 խախտում):
 
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի, ապա վերջինիս գծով 2002-2016 թուականներուն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ արձանագրուած են 122 դատական հայցեր, որոնցմէ 118-ին մէջ յայտնաբերուած են  Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ, որոնք շատ աւելի քիչ են, քան Թուրքիոյ խախտումները, քանի որ Ատրպէյճան ՄԻԵԴ-ին միացած է աւելի ուշ՝ 2002-ին: Մնացած չորս դէպքերը լուծուած են այլ կերպ: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, ապա Ատրպէյճան ունեցած է ընդամէնը 224 խախտում:
 
- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (44) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:
- Երկրորդ մեծաթիւ խախտումը (34)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:
- 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (30)՝ «սեփականութեան պահպանութեան»:
- 4-րդ մեծաթիւ խախտումը (21)՝ «ազատ ընտրութիւններու իրաւունքի»:
- «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը»՝ 5-րդ մեծ թիւով խախտումն էր (17):
 
Միւս կողմէ՝ Հայաստան, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է Ատրպէյճանի հետ միաժամանակ (2002), աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է: 2002-էն մինչեւ 2016 ՄԻԵԴ-ի կողմէ ընդդէմ Հայաստանի արձանագրուած են է 75 դատավճիռներ, որոնցմէ 68-ի մէջ եղած են խախտումներ: Մնացած 7 դէպքերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, Հայաստան ունեցած է ընդամէնը 119 խախտում:
 
- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (32) եղած են «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:
- Երկրորդ մեծաթիւ խախտումները (27)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:
- 3-րդ մեծաթիւ խախտումները (16)՝ «սեփականութեան պահպանման»: 
 
Դրացի Վրաստան աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է, քան Հայաստան: Վրաստան Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է 1999-ին: ՄԻԵԴ՝ 1999-2016՝ Վրաստանի դէմ ներկայացուցած է 68 դատական հայցեր, որոնցմէ 52-ը խախտումներ եղած են: Մնացած 16 դէպքերը կարգաւորուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ դէպքերէն քանի մը հատին մէջ արձանագրուած են մէկէ աւելի խախտումներ, ապա Վրաստան ունեցած է ընդամէնը 99 խախտում:
 
- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (20) եղած են «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի» համար:
- 2-րդ մեծաթիւ խախտումները (17)՝ «անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի» համար:
- 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (իւրաքանչիւրը 12 հատ) կապուած է «արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւն» եւ «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» հետ:
 
Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ՄԻԵԴ-ի հետ շատ աւելի լուրջ խնդիրներ ունին: 2016 Յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիա որոշած է կասեցնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը: Սակայն Համաձայնագիրի որոշ հատուածներ չեն կրնար կասեցուիլ, ինչպիսիք են՝ կեանքի իրաւունքը եւ խոշտանգումներու ու անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի կամ պատիժի արգելքը:
 
Ատրպէյճան լուրջ խնդիր մը եւս ունի ՄԻԵԴ-ի հետ. վերջինս վճռած է, որ ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական նշանաւոր գործիչ Իլկար Մամետով պէտք է ազատ արձակուի բանտէն: 2014-ին Ատրպէյճան մերժած է կատարել ՄԻԵԴ-ի որոշումը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն եւ Խորհրդարանական վեհաժողովը  շարք մը որոշումներ կայացուցած են՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանի՝ ազատ արձակել Մամետովը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն նախաձեռնած է դատական գործի աննախադէպ վերանայման՝ ՄԻԵԴ-ի որոշումին դէմ Ատրպէյճանի ցուցաբերած անհամաձայնութեան պատճառով: Ատրպէյճանի կողմէ այս որոշման հետագայ մերժումը կրնայ եւ յանգեցնել Եւրոպական խորհուրդէն Ատրպէյճանի վտարման...
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ