Յարութ Սասունեան. «Ատրպէյճանական Լուացքատան» Գաղտնի Ծրագիրով 1,5 Միլիոն Տոլար Վճարուած է Ամերիկեան Լոպպիստական Ընկերութեան


Յարութ Սասունեան. «Ատրպէյճանական Լուացքատան» Գաղտնի Ծրագիրով 1,5 Միլիոն Տոլար Վճարուած է Ամերիկեան Լոպպիստական Ընկերութեան

  • 31-05-2018 10:50:05   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագտծի (OCCRP) համացանցային կայքը անցեալ շաբաթ բացայայտեց հաւանաբար ապօրինի լոպպինկ ԱՄՆ-ի մէջ, որ նիւթական աջակցութիւն ստացած է ատրպէյճանական աղբիւրներէ:
 
2018 Մայիս 23-ին, հետաքննող լրագրող Ճոնի Ռէյթ տեղեկացուց, որ «դրամին մէկ մասը, որ փոխանցուած է «ատրպէյճանական լուացքատան» գաղտնի ծրագիրով եւ ապօրինի հիմնադրամին միջոցով, որմով 2012-2014թթ. ինկած ժամանակահատուածին՝ երկրէն արտահոսած է 2,9 միլիառ տոլար, կ՝ենթադրուի, որ յայտնուած է ատրպէյճանական կազմակերպութեան ձեռքը, որ Վիրճինիա նահանգին մէջ, մէկ տասնամեակէ աւելի, վարձած է ընկերութիւն մը ԱՄՆ կառավարութեան լոպպինկ ընելու համար»:
 
OCCRP- ն նախապէս հաղորդած էր, որ «հիմնադրամէն գումարներ օգտագործուած են Ատրպէյճանի կառավարութեան քաղաքական օրակարգի առաջխաղացման համար, իսկ մէկ մասն ալ յայտնուած է եւրոպական քաղաքական գործիչներուն պատկանող դրամատնային հաշիւներուն մէջ, որոնք բարձր գնահատած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ անոր կողմէ կը ձերբակալուէին լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ: Դրամական միջոցներու իրական ծագումը անյայտ է՝ թաքնուած գաղտնի կեղծ ընկերութիւններու ետին: Սակայն կան բաւարար ապացոյցներ, որ անոնց ետին կանգնած է մենատիրական երկրի իշխող վերնախաւը»:
 
Անցեալ շաբաթ OCCRP-ը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած երկու կեղծ ընկերութիւնները «աւելի քան մէկուկէս միլիոն տոլար փոխանցած են Պաքուի խորհրդաւոր «Ռենեսանս» Associates անունով կազմակերպութեան մը», որ իր հերթին վարձած է «ամերիկեան ընկերութիւն մը՝ Ատրպէյճանը գովաբանելու նպատակով եւ իր ներկայացուցիչները ունեցած է, որոնք հազարաւոր տոլարներու քարոզչական նուիրատւութիւններ ըրած են, ներառեալ՝ ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն, որոնք նստած էին արտաքին օգնութեան պիւտճէները որոշող յանձնաժողովներու մէջ»:
 
Այս ծրագիրին կեդրոնը՝ Էլխան Սուլէյմանովը, որ կը «ղեկավարէ վարչակարգին նուիրուած կազմակերպութիւն մը Պաքուի մէջ, եւ որ կարծես թէ ձեռք ձեռքի տուած կ՝աշխատի «Ռենեսանս»ի հետ, նոյնիսկ օգտագործելով միեւնոյն գրասենեակային տարածքը … Այլ գումարներ վճարուած են նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող քարիւղի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ կը ներկայացնէ գաղթականի յաջող պատմութիւն եւ կ՝ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքին մէջ, նոյն այն ժամանակ, երբ ան եւս լոպպինկ կ՝ընէ ԱՄՆ-ի կառավարութեան իր հայրենիքին անունով»:
 
Համաձայն OCCRP-ի՝ Metastar Invest-ը եւ Hilux Services-ը երկու անդրցամաքային ընկերութիւնները 1,7 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով 18 վճարում կատարած են «Ռենեսանս» Associates S.A.-ին 2012 Սեպտեմբերէն մինչեւ 2014 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին՝ Լիխդէյնշդէյնի մէջ գտնուող Volksbank AG եւ Զուիցերիոյ մէջ գտնուող Privatbank IHAG Zurich AG դրամատուներու երկու առանձին դրամատնային հաշիւներէն: Վիրճինիա նահանգի Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ գտնուող Bob Lawrence & Associates (BL&A) լոպպիստական ընկերութեան կողմէ ԱՄՆ Արդարադատութեան բաժանմունք ներկայացուած հաշուետւութեան մէջ ցոյց տրուած է, որ ան «Ռենեսանս»էն ստացած է 1,5 միլիոն տոլար, որ գրեթէ հաւասար է այն գումարին, որ ատրպէյճանական կեղծ ընկերութիւնները փոխանցած են «Ռենեսանս»ին՝ BL&A-ի միակ միջազգային յաճախորդին:
 
2004-էն սկսեալ, BL&A-ը զբաղած է նախագահ Ալիեւի այցով Սպիտակ տուն, իսկ երեք տարի անց կազմակերպած է նախագահ Օպամայի քարոզարշաւի նախկին ղեկավար
Տէյվիտ Փլուֆի այցը Պաքու եւ հանդիպումը ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ: BL&A-ը նաեւ լոպպինկ ըրած է՝ Ատրպէյճանին ԱՄՆ-ի ռազմական յատկացումներ կատարելու համար, ընդդէմ Արցախի, եւ Ատրպէյճանէն դէպի Թուրքիա քարիւղամուղի համար: 2008-2016թթ. BL&A-ի նախագահ Պոպ Լորենս ելոյթ ունեցած է Ներկայացուցիչներու պալատի պետութեան, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու ենթայանձնաժողովին առջեւ, առաջարկելով օտարերկրեայ օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին: Իր վկայութեան մէջ Լորենս Հայաստանը անուանած է «աւազակապետութիւն… յստակ պաշտպանելով յանցագործները», եւ որ կը խախտէ մարդու իրաւունքները:
 
ԱՄՆ Արդարադատութեան բաժանմունքի զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ BL&A-ն 2015-ին 250 հազար տոլար վճարած է Crane Group-ին Ատրպէյճանի անունով վարձելու համար: Միեւնոյն ժամանակ, BL&A-ը պայմանագիր կնքած է նախկին քոնկրէսական Սոլոմոն Օրդիզի (դեմոկրատ, Թեքսաս) եւ անոր Solomon P. Ortiz Holdings LLC ընկերութեան հետ, որպէսզի լոպպինկ ընէ ի նպաստ Ատրպէյճանի:
 
OCCRP-ը նաեւ տեղեկացուցած է, որ «2012- 2015թթ. երկարող ժամանակահատուածին, իբրեւ լոպպիստ արձանագրուած անձեր, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն գործելով «Ռենեսանս»ի անունով, հազարաւոր տոլարներ նուիրաբերած են քաղաքական թեկնածուներուն, ներառեալ՝ ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն, որոնք ժամանակին նստած էին յատկացումներու ենթայանձնախումբերու մէջ կամ կը ղեկավարէին զանոնք»:
 
Զարմանալիօրէն եւ հաւանաբար ապօրինի կերպով, BL&A-ն ԱՄՆ արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ չէ արձանագրուած իբրեւ լոպպիստ Ատրպէյճանի համար: Իր համացանցային կայքին մէջ BL&A-ը կը նշէ, որ «ան չ՝աշխատիր, չի զեկուցեր կամ ուղղութիւն չի ստանար Ատրպէյճանի կառավարութենէն կամ ատրպէյճանական կառավարութեան ոեւէ անդամէ»: OCCRP յայտարարած է, որ «2005 թուականին՝ «Ռենեսանս»ի հետ աշխատանքը սկսելէ մէկ տարի անց, Ատրպէյճանի «Թուրան» անկախ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ նամակ ստացած էր, որմով «Ռենեսանս»ը ճանչցուած էր իբրեւ լոպպիստական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ»:
 
Աւելին, «առնուազն 2006 եւ 2008թթ. BL&A-ի կայքը իբրեւ իր յաճախորդ աւելի շուտ թուարկած էր Ատրպէյճան երկիրը, քան «Ռենեսանս»ը: 2012 Մայիսին BL&A-ը համաձայնած է ներկայացնել Ատրպէյճանի դեսպանատունը եւ ատիկա բացայայտել համաձայն FARA-ի («Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքի), նախքան արձանագրութիւնը արագ չեղեալ յայտարարելը՝ պնդելով, թէ որեւէ ծառայութիւն չէ իրականացած եւ որեւէ գումար չէ ստացած»:
 
BL&A-ի կայքը կ՝ընդունի, որ կը համագործակցի Ատրպէյճանի մէջ Քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ընկերակցութեան (ACSDA) հետ, որ Պաքուի մէջ գործող կառավարամէտ կազմակերպութիւն է եւ կը ղեկավարուի Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Էլխան Սուլէյմանովի կողմէ: Համաձայն BL&A-ի կայքին՝ «Ռենեսանս»ը «կ՝աջակցի եւ կը սնանէ ACSDA-ը: Երկու կազմակերութիւնները կը գտնուին Պաքուի միեւնոյն յարկաբաժինին մէջ»: OCCRP-ը տեղեկացուցած է նաեւ, որ «երբ 2016 Ապրիլին ACSDA-ը ստորագրած է եռամսեայ պայմանագիր ամերիկեան Greenberg Traurig լոպպիստական ընկերութեան հետ, ընկերութեան՝ FARA-ին ներկայացուցած դիմումը ցոյց կու տայ, որ ամսական 25 հազար տոլար վճարումները կատարուած են «Ռենեսանս»ի կողմէ»:
 
OCCRP-ի ծաւալուն զեկոյցը կը բացայայտէ բազմաթիւ այլ լոպպիստական գործողութիւններ, որոնք նիւթական աջակցութիւն ստացած են այս գաղտնի ապօրինի հիմնադրամին կողմէ: Այս բոլոր աշխատանքները պէտք է ներկայացուին ԱՄՆ Քոնկրէսին՝ պահանջելով մանրակրկիտ հետաքննութիւն: Դատական հայց պէտք է ներկայացուի ընդդէմ BL&A-ի՝ արգելափակելու անոր չարձանագրուած լոպպիստական արշաւները…
 
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» 
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր    
   
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ