Յարութ Սասունեան․ Մ. Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը Խստօրէն Կը Քննադատէ Թուրքիան՝ Կրօնական Ազատութիւններու Մասին Իր Տարեկան Զեկոյցին Մէջ


Յարութ Սասունեան․ Մ. Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը Խստօրէն Կը Քննադատէ Թուրքիան՝ Կրօնական Ազատութիւններու Մասին Իր Տարեկան Զեկոյցին Մէջ

  • 03-07-2018 12:10:27   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը վերջերս հրապարակած է 2017ի իր զեկոյցը՝ միջազգային կրօնական ազատութիւններու մասին, մօտաւորապէս 200 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ։ Այս շաբաթ մեր ուշադրութեան կեդրոնին է  Թուրքիոյ վերաբերեալ բաժինը։
 
Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, որոնք սիւննի մահմետական չեն, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ: Ալեւիները, որոնք կը կազմեն Թուրքիոյ 81 միլիոն բնակչութեան մէկ քառորդը, պետութեան կողմէ կը դիտուին իբրեւ «հերետիկոս մահմետականներ», որոնց պաշտամունքի վայրերը ճանչցուած չեն: Յաճախ հրեաները վարկաբեկող հակասեմական յօդուածներ կը հրապարակուին թրքական թերթերուն մէջ։ Նախագահ Էրտողան մնայուն կերպով կը հրահրէ հանրութիւնը՝  հակաիսրայէլեան  հռետորաբանութեամբ:
 
Պետական քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ՝ «Կրօնական փոքրամասնութիւնները կ՛ըսեն, որ կը շարունակեն դժուարութիւններ կրել՝ հանրային դպրոցներուն մէջ պարտադիր [իսլամական] կրօնի դասերէն ազատելու, պաշտամունքի վայրերու գործածման կամ բացման, ինչպէս նաեւ հողի եւ սեփականութեան կապուած վէճերու լուծման հարցով: Կառավարութիւնը սահմանափակած է կրօնական փոքրամասնութիւն կազմող խումբերու ջանքերը՝ հոգեւորականներու պատրաստութեան գործին մէջ...: [Իսլամական] կրօնի դասերը շաբաթական երկու ժամ են՝ 4էն 12րդ դասարանի աշակերտներու համար։ Միայն այն աշակերտները, որոնք իրենք զիրենք նշած են «քրիստոնեայ» կամ «հրեայ» ազգային ինքնութեան քարտերուն մէջ, իրաւունք ունին կրօնական դասերէ զերծ կացուցուելու համար դիմում կատարելու: Անաստուածները, ակնոսթիքները, ալեւիները կամ ոչ սիւննի մահմետականները, պահայիսները, եզիտիները կամ անոնք, որոնք ազգային ինքնութեան քարտի վրայ չեն լրացուցած կրօնական բաժինը, չեն կրնար զերծ կացուցուիլ այդ դասերէն»:
 
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ 90 հազար անդամներ կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ, անոնցմէ 60 հազարը քաղաքացիներ են, իսկ 30 հազարը՝ Հայաստանէն գաղթականներ են, առանց բնակութեան իրաւունքի։ Միացեալ Նահանգներու զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ «փաստաթուղթեր չունեցող Հայաստանէն եւ Սուրիայէն գաղթական հայ մանուկները» կրնան յաճախել հանրային դպրոցներ: «Քանի որ կառավարութիւնը գաղթական եւ փախստական մանուկները օրինականօրէն կը դասակարգէ իբրեւ «այցելուներ», սակայն անոնք իրաւունք չունին վկայական  ստանալու այդ դպրոցներէն»:
 
Թրքական կառավարութիւնը, Լոզանի 1923 թուականի պայմանագրի պահանջին համաձայն, յատուկ կարգավիճակ կու տայ «ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն» (հայ առաքելական քրիստոնեաներ, հրեաներ եւ յոյն ուղղափառ քրիստոնեաներ): Սակայն, ըստ Միացեալ Նահանգներու կրօնական զեկոյցին, կառավարութիւնը չի ճանչնար «ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններու ղեկավարութեան կամ վարչական կառոյցները, ինչպէս, օրինակ՝ պատրիարքարանները եւ գլխաւոր ռապինաթները, որպէս իրաւաբանական անձեր. Այս պատճառով ալ անոնք չեն կրնար գնել սեփականութիւն կամ պահպանել ատոր իրաւունքը կամ հայց ներկայացնել դատարան։ Այս երեք խումբերը, այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու հետ միասին ստիպուած էին ապաւինելու անկախ հիմնադրամներուն, որոնք անցեալին ստեղծած էին առանձին կառավարման խորհուրդներ՝ կրօնական ունեցուածքի պահպանման եւ վերահսկողութեան համար։ Հիմնադրամները չեն կրնար ընտրութիւններ իրականացնել` իրենց կառավարման խորհուրդներու անդամակցութիւնը թարմացնելու համար, քանի որ կառավարութիւնը, հակառակ խոստումներուն, տակաւին չէ հրապարակած նոր կանոնակարգեր, որոնք կը փոխարինեն 2013ին ջնջուածը՝ թոյլ տալով հիմնադրամի խորհուրդի անդամներուն ընտրութիւն կատարել»:
 
Այսուամենայնիւ, «Հայ Առաքելական պատրիարքարանը եւ [յունական] Էքիւմենիք պատրիարքարանը շարունակաբար ձգտած են իրաւական ճանաչման, եւ անոնց համայնքները գործած են իբրեւ կրօնական անհատական հիմնադրամներու համախմբում։ Քանի որ պատրիարքարանները չունէին իրաւաբանական անձի կարգավիճակ, առանձին խորհուրդներու կողմէ վերահսկուող առընթեր հիմնադրամները տիրապետած են կրօնական համայնքներու ամբողջ գոյքին, եւ պատրիարքարանները որեւէ իրաւական իրաւասութիւն չունէին ուղղութիւն տալու որեւէ ունեցուածքի օգտագործման համար, կամ այլ կերպով կառավարելու իրենց համայնքները», նշուած է Միացեալ Նահանգներու զեկոյցին մէջ:
 
Թրքական կառավարութիւնը կը խոչընդոտէ նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը Թուրքիոյ մէջ` անգործունեայ պատրիարքին փոխարինելու համար։ Միացեալ Նահանգներու զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ «Մարտին (2017) Սթամպուլի նահանգապետարանը դադրեցուցած է Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր վեհաժողովին որոշումը փոխանորդ ընտրելու՝ նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը սկսելու համար։  Ներկայիս պատրիարք Մեսրոպ Բ. չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնները առողջական վիճակին պատճառով, եւ պատրիարքի տեղապահը կը շարունակէ վարել պաշտօնը: Համայնքի որոշ անդամներ քննադատած են նահանգապետարանի յայտարարութիւնը՝ իբրեւ միջամտութիւն եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Պատրիարքութեան աղբիւրները յայտնած են, որ կառավարութիւնը հետագային ընդունած է տեղապահ ընտրելու Մարտ ամսուան ընտրութիւնները: Յուլիսին ընտրուած տեղապահը դիմած էր կառավարութեան՝ Դեկտեմբերին պատրիարքական ընտրութիւններ կայացնելու համար: Տարեվերջին համայնքը կառավարութենէն արձագանգ չէր ստացած, թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի պատրիարքական ընտրութիւններուն հետ»:
 
Մ. Նահանգներու զեկոյցին համաձայն՝ «կրօնական համայնքները կը շարունակեն վիճարկել 2016ին թրքական կառավարութեան կողմէ իրենց սեփականութեանց բռնագրաւումը. անոնք վնասուած էին կառավարութեան ապահովութեան ուժերու եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) ահաբեկչական խումբերու միջեւ բախումներու հետեւանքով: Կառավարութիւնը այդ գոյքը բռնագրաւած է, իրենց բառերով՝ «յետ ճգնաժամային վերակառուցման» համար: Տարեվերջին կառավարութիւնը չէ վերադարձուցած կամ աւարտած կալուածներու վերանորոգումը, ներառեալ՝ Տիարպեքիրի Սուր շրջանի պատմական եւ հնագոյն Քիւրսունլու մզկիթը, Հասիրլիի մզկիթը, Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, Մարի Փեթուն խալտէական եկեղեցին, սուրիական բողոքական եկեղեցին եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին: Ապրիլին, Պետական խորհուրդը՝ վերին ատեանի վարչական դատարանը, ժամանակաւոր որոշում կայացուցած է՝  կասեցնելու համար Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ բռնագրաւումը»:
 
Հայկական եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու հիմնադրամները 2011էն ի վեր ներկայացուցած են 1560 դիմում, տասնեակ տարիներ առաջ բռնագրաւուած իրենց ունեցուածքի վերատիրացման համար: Կառավարութիւնը վերադարձուցած է միայն 333 կալուածներ եւ հատուցում կատարած 21 այլ կալուածներու համար։
 
Միացեալ Նահանգներու զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «տարբեր ինքնակոչ իսլամական խումբեր կը շարունակեն սպառնալ եւ քանդել քրիստոնէական սրբավայրեր։ Սեպտեմբերին անյայտ խումբ մը քարեր նետած է Սթամպուլի Նարիքափի թաղամասը գտնուող հայկական Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ վրայ՝ կոտրելով անոր պատուհանները: Որոշ վկաներ ըսած են, որ յարձակողները գոռացած են հակահայկական կարգախօսներ, մինչ ներսը տեղի կ՛ունենար սուրբ մկրտութեան արարողութիւն։ Սեպտեմբերին, Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահը ըսած է, որ անյայտ աւազակները բազմիցս թալանած են Տիարպեքիրի եկեղեցին, հակառակ շրջանին մէջ շարունակուող՝ երթեւեկութիւնը արգիլող ժամուն»։
 
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է կրօնական իրաւունքներու խախտման մասին Միացեան Նահանգներու զեկոյցը` զայն անուանելով «որոշ անհիմն պահանջներու կրկնութիւն»: Սակայն, կրկնութիւնը կը հաստատէ, որ փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւում չէ եղած: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ բացայայտօրէն անտեսել հայ, ասորի եւ յոյն կրօնական փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ հրեաներու եւ ալեւիներու իրաւունքները:
 
Իբրեւ ապացոյց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի իշխանութեան օրօք տիրող ահաբեկչական մթնոլորտի՝ հրէական, Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ սուրիական համայնքներու կրօնական առաջնորդները անցեալ Կիրակի իրենք զիրենք պարտաւորուած զգացած են  շնորհաւորական ուղերձներ յղելու Էրտողանի՝ Թուրքիոյ բռնապետին վերընտրման համար…
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ