Ատրպէյճանի առնչուող մեծաչափ նոր կաշառակերութեան մը գայթակղութիւնը կը հասուննայ Եւրոպայի մէջ: Երկրին խարդախ պաշտօնեաները միլիառաւոր նաւթատոլարներ իւրացուցած են իրենց անձնական շահերուն համար, մինչդեռ ատրպէյճանցի ժողովուրդին մեծ մասը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ:
Վերջին օրինակը բրիտանական բազմաթիւ թերթերու առաջին էջերուն վրայ է: Ատրպէյճանցի դրամատան տիրոջ 55 տարեկան կինը՝ Զամիրա Հաճիեւա, 2006էն մինչեւ 2016 թուականը 21 միլիոն տոլար ծախսած է Լոնտոնի «Հարոտզ» (Harrods) շքեղ վաճառատան մէջ:
Միացեալ Թագաւորութեան՝ յանցանքի դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը կը հաստատէ, որ գողցուած գումարները օգտագործուած են Լոնտոնի առաջնակարգ՝ Նայցպրիճ շրջանին մէջ 15 միլիոն տոլար արժողութեամբ հինգ ննջասենեակով ապարանք մը գնելու համար, որ կը գտնուի «Հարոտզ»էն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ապարանքը այժմ կ՛արժէ 20 միլիոն տոլար: Հաճիեւա նաեւ կը մեղադրուի Էսքոթի մէջ մօտաւորապէս 14 միլիոն տոլար արժողութեամբ կոլֆի եւ ընտրանի ակումբ ձեռք բերելու յանցանքով, ըստ «Կարտիան» թերթի հաղորդման: Անհաւատալի է այն, որ Հաճիեւա ինքնաշարժի անձնական երկու կանգառ ունի «Հարոտզ»ի մէջ` տարեկան 500 հազար տոլար արժողութեամբ: Ութ տարի առաջ ան ապրելու թույլտուութիւն ստացած է Մեծն Բրիտանիայէն, հարուստ ներդրողներու յատուկ անցագրային ծրագրով՝ առանց ստուգելու կնոջ նիւթական աղբիւրը:
«Հաճիեւա Ատրպէյճանի պետական միջազգային դրամատան նախկին նախագահին, 57 տարեկան Ճահանկիր Հաճիեւի կինն է: 2016ին անոր ամուսինը դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման՝ երեք միլիառ տոլար իւրացնելուն համար», ըստ «Կարտիան»ի լրագրող Ռուփերթ Նիթի:
Լոնտոնի մէջ Հաճիեւայի փաստաբանները միջնորդած են, որ գաղտնի պահուին անոր եւ ամուսնոյն անունները, անոնց ազգութիւնը եւ ամուսինին դրամատունը, սակայն, լրատուական միջոցներու խնդրանքով, բրիտանական դատարանը վերցուցած է գաղտնիութեան քողը զոյգին վրայէն:
Յանցանքի դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը յայտարարած է, որ Հաճիեւա իր գնումներուն համար օգտագործած է իր ամուսնոյն դրամատունէն վերցուած 35 American Express, Mastercard եւ Visa վարկային քարտեր: «Հարոտզ» կատարած միայն մէկ այցի ընթացքին ան ծախսած է 200 հազար տոլար՝ Boucheron մակնիշի շքեղ ոսկեղէն, հանրաճանաչ անուշահոտեր եւ ժամացոյցներ գնելու համար: Մէկ այլ այցելութեան մը ընթացքին ան գնած է 132 հազար տոլար արժողութեամբ Cartier ոսկեղէն: Ան նաեւ գնած է 42 միլիոն տոլար արժողութեամբ Gulfstream G550 ինքնաթիռ: Հաճիեւայի առաջին ամուսնութենէն ծնած դուստրը, որ ուսանած է Լոնտոն, ունեցած է 20 միլիոն տոլարի բաժնետոմսեր, տարեկան 1.3 միլիոն տոլար շահաբաժինով: Ներկայ ամուսնութենէն Հաճիեւա ունի 17 եւ 20 տարեկան որդիներ, որոնք նոյնպէս ուսանած են բրիտանական մասնաւոր դպրոցներու մէջ:
Հաճիեւայի ամուսինը իր կնոջ տուած է 1.3 միլիոն տոլար՝ բրիտանական պետական
պարտատոմսերու մէջ ներդրումներ կատարելու համար. Հաճիեւա իր ծախսերուն համար ամսական դրութեամբ ստացած է 26 հազար տոլար: Սակայն, ամուսնոյն ձերբակալութենէն ետք, ան փախած է Ատրպէյճանէն եւ սկսած է վաճառել իր ընտանիքին արծաթեայ իրերը, Christie’s աճուրդի տան մէջ:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շահագրգռուած են հարցաքննելու Հաճիեւան՝ իր ամուսնոյն դրամատնային գործունէութեան գծով, մեղադրելով զինք եւ ընտանիքի միւս անդամները՝ դրամը երկրէն դուրս հանելու նպատակով Հաճիեւի ծրագրերուն համար իբրեւ օղակ ծառայելու յանցանքով:
Հաճիեւա առաջին անձն է Մեծն Բրիտանիոյ հակակաշառակերութեան վերաբերեալ նոր՝ «Անբացատրելի հարստացման կարգ» օրէնքով հետապնդուող: Այս օրէնքը նախատեսուած է կասկածելիօրէն կաշառուած օտարերկրեայ պաշտօնեաներու թիրախաւորման համար. պաշտօնեաներ, որոնք ենթադրաբար զբաղած են գողցուած գումարներու լուացումով։ Դատաւոր Սուփըրսթոն պահանջած է, որ Հաճիեւա բացատրէ իր շռայլ գնումներուն դրամական աղբիւրը։ Եթէ ան չկարենայ բացայայտել նիւթական աղբիւրը, ապա անոր ունեցուածքը կրնայ բռնագրաւուիլ։ Դատաւորը համաձայնած է, որ «այս վկայութիւնը կարեւոր է դատավճիռով Ճահանկիր Հաճիեւի դէմ ներկայացուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ զեկոյցներու լոյսին ներքոյ, ներառեալ՝ դրամատան մէջ անոր կողմէ պաշտօնական դիրքի չարաշահումը՝ ընտանիքի անդամներու անուններով վարկային քարտեր հրապարակելով, որոնց միջոցով մեծագումար պարտքեր գոյացած են դրամատան դէմ»։
Իբրեւ 2001-2008 թուականներուն Ատրպէյճանի միջազգային պետական դրամատան նախագահ, Ճահանկիր Հաճիեւ պաշտօնապէս ստացած է տարեկան 71 հազար տոլար աշխատավարձք։ Այսուամենայնիւ, Werner Capital գրասենեակը, որ գոյքային ներդրումներ կ՛իրականացնէ հարուստներու համար, 2011ին իր հրապարակած զեկոյցով բացայայտած է, որ Հաճիեւի ունեցուածքը կը կազմէ 73 միլիոն տոլար։ «Կարտիան» հաղորդած է, որ դատախազ Ճանըթըն Հոլ, որ կը ներկայացնէ Յանցագործութեան դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը, յայտարարած է. «Իբրեւ 1993էն 2015 թուականներու պետական պաշտօնեայ, շատ անհաւանական է, որ նման պաշտօն մը կրնար ապահովել բաւարար եկամուտ՝ գոյքի ձեռքբերման ֆինանսաւորման համար»։
Դատարանին մէջ Հաճիեւա յայտարարած է, որ տեղեակ չէ իր գնումներու աղբիւրէն՝ պնդելով, որ իր ամուսինն էր վճարումներուն պատասխանատուն։ Ան Հաճիեւը բնութագրած է իբրեւ «մեծ կարողութիւններու տէր մարդ»։ Հաճիեւա ապահոված է սուղ վարձատրուող բրիտանացի իրաւաբաններու խումբ մը՝ դատարանին մէջ կարենալ զայն պաշտպանելու համար:
Ներկայիս, Հաճիեւայի թանկարժէք առանձնատունը, կոլֆի եւ ընտրանի ակումբը կը մնան սառեցուած եւ չեն կրնար վաճառուիլ։
Ցարդ յայտնի չէ, թէ բրիտանական կառավարութիւնը կը բռնագրաւէ՞ Հաճիեւայի լոնտոնեան ունեցուածքը կամ ոչ: Յառաջիկայ ամիսներուն ուրիշ շատ դատական գործեր կը յայտնուին դատարաններու մէջ՝ բացայայտելով համատարած կաշառակերութիւնը ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց երկրի նաւթային հարստութենէն միլիառաւոր տոլարներ գողցած են՝ ներդնելով զանոնք աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, սոսկ իրենց անձնական շահերուն համար...