Աղը. Յովէլ Շնորհօքեան


Աղը. Յովէլ Շնորհօքեան

  • 22-01-2019 16:22:45   |   |  Մեկնաբանութիւն

Մարտ18, 2017
 
Ճամբորդութեան իրերս կը տեղաւորեմ պայուսակիս մէջ՝ բծախնդրութեամբ հետեւելով Չէք լիսդիս: Չըլլայ որ համակարգիչիս երկրորդ չարճըր-ը մոռնամ: Հապա եթէ առաջինը աւրուի....
Օրուայ առաջին թռիչքը կ'առնեմ դէպի Երեւան, առաւօտ կանուխ: կը մարենք համակարգիչ, հեռաձայն: Տունէն չելած եւ յատուկ այս պահուն համար պայուսակիս մէջ շպրտած «Նոր Յառաջ»ը կը հանեմ: Կը կարդամ տարբեր կուսակցութիւններու ընտրական ծրագրերը, որոնց առաջին տեղը գրաւած է Հանրապետականներունը:
 
Երէկ, մինչեւ առտուայ երկուքը աշխատեցայ: հազիւ երեք ժամ քնացած եմ: Շաբաթներէ ի վեր կուտակուած գործերս կ'ուզեմ ամբողջութեամբ վերջացնել: Մարդ Աստուծոյ. Ի՞նչ կայ. Աշխարհի վե՞րջը եկեր է. Ամէնը չորս օրուայ համար կ'երթաս, ի՞նչ պէտք կայ ինքզինքդ պատռրտելու...:
Հազիւ օդանաւը թռիչք կ'առնէ, կը թմրիմ, քունիս զոհ կ'երթամ: Օդանաւին հետ, միտքս ալ կը սաւառնի, կը բարձրանամ մինչեւ եօթներորդ երկինք, ճիշդ հո՛ն, ուր Հանրապետականներուն ծրագիրը կը ներկայացնէր – Հայաստանը արդէն շրջանի ամէնահզօր պետութիւնն է, տիրականն է շրջանի երկիրներու արդիւնաբերական եւ բնական հարստութիւններուն, Ռուսիոյ Ալրոզայի ադամանդի հանքերուն, մինչեւ Ափրիկէի պղինիձի հանքերուն: Չէ՜, ոչ թէ Արայիկը կամ Լեւոնը, այլ հենց Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ շրջանի հզօրագոյն պետութիւնը, վերցուցած է զանոնք:
 
Յանկարծ մէկը ուսիս կը դպչի - «կը փափաքի՞ք նախաճաշ առնել»:
Վա՜յ, երազ է եղեր. Ես ալ Էրոֆլոդի էքոնոմիք կարգով Մոսկուայի վրայով Երեւան կ'երթամ: Նոյն՝ իսկական աշխարհի վրայ եմ: Նոյն Հանրապետականներն են իշխանութեան վրայ, եւ պիտի մնան ընտրութիւններէն ետք: «Շախմատի շամբիոնը» լա՛ւ չափած, լաւ ձեւած է նոր սահմանադրութիւնը: Բիւրոն ալ վաւերացուցած է զայն: Նոյն կուսակցութիւնն է իշխանութեան վրայ, որ ծախած է հայրենիքի գոհարներէն մինչեւ կահ կարասին: Մնացած են միայն միայն անկողին, մահճակալ, եւ տատիկին ոսկէ ատամները...
 
Երեւան հասնելուս՝ հաց ուտելու կը նստիմ ընկերոջս Վրամին հետ:
- Ո՞ր կուսակցութեան պիտի քուէարկես:
- Պիտի չքուէարկեմ:
- Ինչո՞ւ   
- Լուրջ ծրագիր չկայ:
- Եթէ ես քուէարկելու իրաւունք ունենայի, Դաշնակցութեան կը քուէարկէի: Նախ՝ լուրջ ծրագիր ունին. Երկրորդ՝ կուսակցութիւնը հիմնուած է բարոյական արժէքներու վրայ:
«Այդ Դաշնակցութեան Սփուռքի մէջ տարածուած համբաւն է», կ'եզրակացնէ Վրամ: «Հոս հայրենիքի մէջ, Դաշնակցութիւնը կը վայելէ նոյն պատկերը որ ունին միւս կուսակցութիւնները... աթոռի պայքար, շահախնդրութիւն, կաշառակերութիւն:»
Կրնա՞յ ըլլալ որ երկու Դաշնակցութիւն կայ եւ ես լուր չունիմ:
 
Կը հետաքրքրուիմ: Շշուկներ, փամփասանքներ, համեմատած միւսներուն, փոքր խախտումներ, գողութիւններ: Իրա՛ւ թէ ոչ, չենք գիտեր: Սակայն չէ՞ որ պտուղէն կը ճանչնանք ծառը: Նորմա՞լ է որ ըմբշամարտի ախոյանի արդիւնքը ըլլայ հարիւրամեայ կուսակկցութեան տասնապատիկը: Արդեօ՞ք հզօր, արժէքաւոր Դաշնակցուիւնը պէտք ունէ՞ր արեւտրական սակարկութեան մտնելու աթոռի մը համար, զոհելով իր հիմնական արժէքները - «Դաշնակցական կրնայ ըլլալ որեւէ չափահաս անձ, որ բարոյական նկարագրի տէր է»: Բարոյական եւ նկարագիր, երկու գեղեցիկ բառեր...
Եթէ այս նախադասութիւնը ըլլար կուսակցութեան քարոզարշաւի պատգամը, եթէ ան թափանցած ըլլար կուսակցապետերուն հոգիին մէջ, արդեօ՞ք կուսակցութիւնը պիտի չգերազանցէր միւսներուն:
«Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն...» *
 
Դաշնակցութիւնը այսպէս: Միւս կողմէն Ռամկավառները բաժան բաժան, չես գիտեր ո՞ր սուրբին աղօթես. Միայն Հնչակեաններուն գար նետող չկայ: Չըլլայ որ իրենց ծառը բաւական պտղատու չէ:
 
Եկեղեցին չըսեմ, մեր կրօնական հաստատութիւններն ալ հեռացած են զիրենք հիմնող արժէքներէն: Կրօնական մը որոշ պրէնտի ինքնաշարժ պահանջած է, ուրիշ մը այսինչ պանդոկը....
Արդեօք չե՞ն գիտեր որ Քրիստոս ծնաւ ախոռի մը մսուրին մէջ, Երուսաղէմ մտաւ իշու ձագի, աւանակի վրայ նստած: Ոտնլուան ալ ձեւի համար արարողութիւն մը չէ: Խոր իմաստ ունի: Յիսուս գիտէր մարդ արարածին բնոյթը եւ ճիշդ օրինակ ձգեց:
Եթէ մեր Եկեղեցին պահէրր իր արժէքները, հաւատքը ապրելով քարոզեր, ազգը հարց չէր ունենար:
 
 
՜ ՜ ՜ ՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜՜ ՜ ՜
 
Յունուար 11, 2019
 
«Յո՛վէլ, վաղը յաղորդում կայ. «Մեր այժմու մարտահրաւէրներն ու Դաշնակցութեան դերը», կրնա՞ս երկու խօսքով մասնակցիլ:»
Վարդանն է:
Կրնամ:
Կ'արցձանագրեմ կարճ պատգամ մը եւ կը ղրկեմ:
 
Մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ, նախ պէտք է անդրադառնանք մեր կացութեան:
Վերջին քառասուն տարներուն, Սփիւռքի ձգողական կեդրոնը փոխադրուեցաւ միջին արեւելքէն դէպի արեւմուտք: Միջին արեւելքի մէջ շրջապատուած ըլլալով այլակրօն ժողովուրդներով, ձեւով մը պաշտպանուած էինք: Քրիստոնեայ արեւմուտքի մէջ հայը կը շաղուի, կը համակերպի, ինչպէս ձուկը ջուրի մէջ: Տակաւին Ռուսիոյ համայնքին կացութիւնը աւելի ահաւոր է:
Այս Քառասուն տարիներու ընթացքին, մեր Սփիւռքի կառոյցները, ըլլան անոնք կրօնական, կուսակցական, կրթական, ընկերային, կորսնցուցած ենք հաստատութիւններ, կալուածներ, տնտեսական միջոցներ, եւ ամենէն կարեւորը, կորսնցուցած են թիւ՝ որակ:
 
Երկրորդ փոփոխութիւն մը որ տեղի կ'ունենայ ներկայիս, այն ալ մը ընկերութեան ապաքաղաքականացումն է: Ներկայիս, ժողովուրդի մասնակցութիւնը քաղաքական եւ այլ հատուածային կարոյցներէ կը պակսի, եւ այս ոչ մեր կուսակցութիւններուն յանցանքն է, ոչ ալ իւրայատուկ է հայութեան: Տեսէք ինչ պատահեցաւ եւ կը պատահի դասական կուսակկցութիւններուն, Ֆրանսա, Իտալիա, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ: Անոնք պարզապէս փուլ կու գան:
Մեր կացութիւնը սակայն կը տարբերի վերոյիշեալ երկիրներէն: Մենք մեր հողին վրայ չենք եւ ալ աւելի պէտք ունինք այն կառոյցներուն որնոց կը պարտինք մեր ներկայի գոյութիւնը:
 
Ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդութիւնը, այսօր դուրս կու գայ հատուածային կառոյցներէ, կուսակցութիւններէ, եւ մենք չենք կրնար կանխարգիլել ընկերութեան անցումային փոփոխութիւնները:
Ո՞րն է մեր մարտահրաւէրը:
Յարմարիլ այս փոփոխութիւններուն՝ իմաստութեամբ, պահպանելու համար այն որ տակաւին չենք կորսնցուցած եւ կերտելու նորը:
 
Ի՞նչ նկատի ունիմ իմաստութիւն բառով:
Մօտ երեսուն տարի առաջ Ռուսիա եւ Չինաստան ենթարկուեցան յեղաշրջման, համայնավարութիւնէ՝ դէպի ազատ շուկայի դրութիւն:
Չինաստանի յեղաշրջումը կատարուեցաւ իմաստութեամբ, իսկ Ռուսիոն Քաոսային ձեւով, ուր քանդուեցաւ երկրի տնտեսական եւ արդիւնաբերական կառոյցները:
Տեսէք հիմա ու՞ր է Չինաստանը եւ ու՞ր է Ռուսիան, հակառակ իր ունեցած տարածքին, ուժին, բնական հարստութեան, եւ արդիւնաբերական փորցառութեան:
 
Կը խօսինք Դաշնակցութեան մասին: Ես Դաշնակցական չեմ, ոչ ալ համակիր եմ: Պէտք է ընդունիլ սակայն որ Դաշնակցութեան պաստարին ետեւ, որ դուրսէն կ'երեւնայ որպէս փակ ակումբ մը, կան դուստր կազմակորպութիւններ եւ բանակներ շարքայիններու որոնք անձնուէր կ՝աշխատին կուսակցութեան համար միաժամանակ նպաստելով ազգին: Որպէս օրինակ, Մարսէյի Համազգաին դպրոցը անցեալ տարի գրաւած էր տասնըվեցերորդ դիրքը Ֆրանսայի չորս հազարէ աւելի լիսէնէրու միջեւ: Սիրելիներ, այսպիսի արդիւնք պտուղը կրնայ ըլլալ միայն անձնուէր աշխատանքի: Եւ դպրոցի համար աշխատիլ գիտենք որքան ջանք, աշխատանք, զոհաբերութիւն կը պահանջէ:
 
Երէկ, Սփիւռքի մէջ ունէնիք երկու բեւեր, որնոք քիչ թէ շատ կը մօտենային: Այսօր, երրորդ բեւեր մը կը բացայայտուի որ ընդհանրապէս դէմ է գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն: Իրաւունք ունի՛ն, սակայն պետք չէ անպատշաճ կամ անպարկեշտ առաջնորդին, տնօրենին կամ հերթապահին պատճառրաւ զոհել կամ վտանգել մեր արժեքավոր հաստատութիւնները:
 
Ո՞րն է մեր մարտահրաւէրը:
Ունենալ ազգային առաջնորդութիւն որ ուղղէ Ժողովուրդը իմաստութեամբ, որ փոխանակ իրարու դիմադրելու, միասին կերտեն, որ 1990ի Ռուսիոյ կամ այսօրուայ Ֆրանսայի ցուցարարներուն պէս, չկործանեն մեր կառոյցները:
 
Ո՞րը պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան ընտանիքի եւ ի հարկին Սփիւռքի ազգային կուսակցութիւններու դեռը:
Բացուիլ, բարձրանալ՝ տեսնելու ընդհանուր պատկերը, զօրավիգ կանգնելու Սփիւռքի նոր առաջնորդութեան, որ պէտք է ըլլայ վերքաղաքական:
 
Այսօր հրամայական է տարբեր մարզերու մէջ մեր ծրագրերրը, մեր « software » ները բարեփոխել, յարմարելու փոփոխութիւններուն, նոր կացութեան՝ իմաստութեամբ: Այս միայն մեր հարցը չէ. Աշխարհայնացումը եւ թուայնացումը (globalisation & digitalisation) վերաձեւեցին ընկերութիւնը: Տեղականը կը նահանջէ ի նպաստ աշխարհայնացածին, եւ թուայնացումը կը գրավէ, կուլ կու տայ աշխարհին: Դասական խանութներ, շարժապատկերի սրահներ կը փակուին ի նպաստ Ամազոնի եւ նէթֆլիքսի: Արդի դասագրքերու կողքին պէտք ունինք արդի դասաւանդութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու, եուդյուպի հայկական յաղորդումներու...
 
Այսօր քանի՞ Սիտնի, Փարիզ, կամ Լոս Անճէլըս ծնած պատանի կամ երիտասարդ եկեղեցի, հայկական դպրոց կը հաճախէ, երդում կու տայ: Իսկ երեսուն տարի ե՞տք: Ան որ չ'անդրադառնար եւ չի համակերպիր անցումային փոփոխութիւններուն, դատապարտուած է:
Բացուիլ եւ բարձրանալ հրամայականն է ազգին, բայց նաեւ մեր բոլոր հատուածային կառոյցներուն, ըլլան անոնք կրօնական, կուսակցական, կրթական, ընկերային:
 
Յովէլ Շնորհօքեան
 
* Մատթէոս 5:13 - Դուք էք երկրի աղը: Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն: Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ:
 
 
Հեղինակի մասին․
Յովէլ Շնորհօքեանը (ծնվ. 1955թ Բեյրութում), ֆրանսահայ գործարար է։  Եղեռնից փրկված Այնթապի մեծատուն Շնորհոքյան ճյուղի ժառանգորդն է։ 
 
Բեյրութի քաղաքացիական պատերազմի տարիներին կիսատ թողելով Հայկազյան համալսարանում ուսումը, 1976-ին մշտական  բնակության է տեծափոխվում Ֆրանսիա։
 
Շարունակելով ու զարգացնելով ընտանեկան ժամագործական ավանդույթները, , Ֆրանսիայում հիմնում է ժամացույցների ընկերություն, ստեղծում ժամացույցի իր սեփական ապրանքանիշը (Moog. Tellus)։
 
Սփյուռքում Հայ ինքնության ու արժեքների պահպանման ու զարգացման հարցերը նրա մշտական ուշադրության նյութն են։ 
 
Նախաձեռնություններով, առաջարկներով ու հրապարակախոսական հոդվածներով պարբերաբար հանդես է գալիս մամուլում։ Հակական ինքնության քարտ (HyeID) կազմակերպությունը ստեղծող աշխատանքային խմբի անդամ է։
 
Ընկերային ոլորտում աշխատում է Սփյուռքի միասնական համահայկական Խորհուրդ ստեղծելու իր նախագիծը կյանքի կոչելու ուղղությամբ՝ մեկ սեղանի շուրջ հավաքելով աշխարհում կայացած հայ անհատների ու կազմակերպությունների։
 
Անկուսակցական է, ունի երեք Հայ զավակ։
  -   Մեկնաբանութիւն