Յարութ Սասունեան. Թրամփ Իրաւունք Չունի Սուրիական Կոլանի Բարձունքները Յանձնելու Իսրայէլի
02-04-2019 12:18:15 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալէն ի վեր, Թրամփ արհամարհած է ինչպէս ամերիկեան, այդպէս ալ միջազգային օրէնքները։
Քանի մը ամիս առաջ Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն զարմանալիօրէն յայտարարեց, որ եթէ Միջազգային քրէական դատարանը (ՄՔԴ) հետաքննէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուորներու կատարած որեւէ իրաւական խախտում, ապա ԱՄՆ կառավարութիւնը պիտի արգիլէ ՄՔԴ-ի դատաւորներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ եւ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ անոնց հաշիւներուն վրայ, ամերիկեան դրամատուներու մէջ:
Սա միջազգային իրաւունքի նկատմամբ ամբարտաւանութեան եւ քամահրանքի վկայութիւն է: Աշխարհի մնացեալ երկիրներուն համար իբրեւ քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական երկիրի մը օրինակը ծառայելու փոխարէն, Թրամփի վարչակազմը կ՛անտեսէ եւ կը խախտէ միջազգային որոշ պայմանագիրներ:
Թէեւ յստակ է, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ «ուժը կը ծնի իրաւունքը», սակայն Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախկին նախագահ այսպէս կոպտօրէն անտեսած է օրէնքի գերակայութիւնը:
Նախագահ Թրամփի վերջին գործողութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի քան մտահոգիչ են: Ան երբեք լուրջի չէ առած արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան ամբողջ բարդութիւնը: Ընդհակառակն, ան անտեղեակ՝ յայտարարած է, որ դիւրին է լուծել Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրը եւ անպատասխանատու կերպով իր փեսային՝ Ճարետ Քուշների, որ դիւանագիտական փորձ չունի եւ ոչինչ գիտէ Մերձաւոր Արեւելքի մասին, նշանակած է արաբա-իսրայէլեան խաղաղութեան ծրագիրի պատասխանատու:
Անցեալ տարի մէկ այլ անխոհեմ եւ վտանգաւոր որոշումով մը Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն տեղափոխեց Երուսաղէմ, ինչ որ, ըստ իրաւունքի մասնագէտ Եւգենի Քոնթորովիչի, «հաւասարազօր է 1967 թուականի Վեցօրեայ պատերազմին մէջ գրաւուած հողերու նկատմամբ Իսրայէլի ինքնիշխանութեան ճանաչման»: Այլ կերպ ըսած, դեսպանատան տեղափոխումը Երուսաղէմ՝ միջազգային իրաւունքի խախտում է:
Անցեալ շաբաթ Թրամփ ցնցեց աշխարհը, երբ «Թուիթըր»ի մէջ գրեց, որ սուրիական տարածք համարուող Կոլանի բարձունքները, որոնք Իսրայէլի կողմէ գրաւուած են 1967-ին, իսրայէլական տարածք է. «52 տարի ետք եկած է այն պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամբողջութեամբ ճանչնայ Իսրայելի ինքնիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն նկատմամբ: Ռազմավարական եւ ապահովութեան տեսանկիւնէն՝ ասիկա խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի Իսրայէլի պետութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման համար»: 25 Մարտ 2019-ին, Սպիտակ տան մէջ, Թրամփ, իր կողքին ունենալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուն, ստորագրեց հռչակագիր մը՝ ճանչնալով Սուրիոյ Կոլանի բարձունքները իբրեւ իսրայէլական տարածք:
Արդեօք կրնա՞յ մարդ այսքան թեթեւամիտ ըլլալ՝ «Թուիթըր»ի միջոցով տարածելու համար այսպիսի լուրջ յայտարարութիւն մը: Գրեթէ բոլոր պետութիւնները, բացառութեամբ Իսրայէլի, դատապարտեցին Թրամփի անխոհեմ յայտարարութիւնը: Եւրոպական Միութեան երկիրները, ներառեալ Գերմանիա եւ Ֆրանսա, քննադատեցին նախագահ Թրամփի այս որոշումը: Իրան, Թուրքիա եւ Եգիպտոս նոյնպէս սուր քննադատութեան ենթարկեցին Թրամփը: Ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, Սուրիա յայտարարեց, որ կը վերականգնէ Կոլանի բարձունքները «բոլոր կարելի միջոցներով»:
Կոլանի բարձունքները վիճելի տարածքներէն մէկն է, որ լուրջ բանակցութիւններու առարկայ դարձած է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ՝ իբրեւ Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու միջեւ ընդհանուր խաղաղութեան ծրագիրին մէկ մասը: Յայտարարութիւնը այն մասին, որ Կոլանի բարձունքները կը պատկանին Իսրայէլի, կը ջնջէ Միացեալ Նահանգներու անաչառ միջնորդ ըլլալու չնչին կարողութիւնը: Խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ կողմերուն օգնելու փոխարէն՝ Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս անխոհեմ նախաձեռնութեամբ մը աւելի սրեց իրավիճակը:
«Ինտիփենտընթ» թերթը մեջբերած է Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակին այն խօսքերը, որ Պերլինը «մերժած է միակողմանի քայլերը»՝ պետական սահմաններու վերանայման համար, աւելցնելով. «Եթէ պետական սահմանները պիտի փոխուին, ապա այդ փոփոխութիւնը պէտք է կատարուի խաղաղ կերպով, բոլոր կողմերու ներգրաւմամբ»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ չի ճանչնար Իսրայէլի կողմէ Կոլանի բարձունքներու կցումը [1981-ին] եւ, որ Թրամփի յայտարարութիւնը «կը հակասէ միջազգային իրաւունքին»:
Պաղեստինցիները անմիջապէս խստօրէն քննադատեցին Թրամփի որոշումը՝ ըսելով, որ ան ձախողեցուց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հնարաւորութիւնը: Պաղեստինի խօսնակ Նապիլ Ապու Ռուտէյնէ յայտարարեց, որ որոշման կատարման կապուած որեւէ գործողութիւն կը նկատուի «ՄԱԿ-ի ընդունած բանաձեւերու խախտում, որեւէ արժէք չ՛ունենար եւ միայն թուղթի վրայ կը մնայ»: Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի անդամ Հանան Աշրաուի զայն անուանեց «յարձակում միջազգային իրաւունքի վրայ»:
Նախագահ Թրամփ անհեթեթ կերպով խաթարեց Իսրայէլի անվտանգութիւնը`արաբներն ու մահմետականները հրահրելով Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ իրավիճակը հանդարտացնելու եւ խաղաղ լուծում գտնելու նպատակով միջոցներու ձեռնարկելու փոխարէն:
Խնդիրը աւելի բարդացնելով՝ Թրամփ իր վիճելի յայտարարութիւնը ըրաւ Իսրայէլի մէջ Ապրիլ 9-ի ընտրութիւններէն օրեր առաջ, երբ կ՛որոշուէր, թէ վարչապետ Պենիամին Նեթանեահու արդեօք պիտի մնար իր պաշտօնին վրայ: Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ոչ միայն սխալ էին, այլ նաեւ միջամտութիւն օտար երկիրներու ընտրութիւններուն, բարձրացնելով կաշառակերութեան մէջ մեղադրուող Նեթանեահուին յաղթելու կարելիութիւնները։ Երբ Միացեալ Նահանգներ կը մեղադրէր Ռուսիոյ՝ 2016-ին Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելու համար, այժմ Միացեալ Նահանգներ ինքնին բացայայտօրէն կը միջամտէ Իսրայէլի ընտրութիւններուն...
Իսկ այն հայերը, որոնք միամտօրէն կ՛ակնկալեն, որ Թրամփ Արցախը ճանչնայ իբրեւ Հայաստանի տարածք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կոլանի բարձունքները ճանչցաւ իբրեւ Իսրայէլի տարածք, ստիպուած եմ հիասթափեցնելու զանոնք՝ նշելով, որ Հայաստան չունի Իսրայէլի քաղաքական ազդեցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ: Աւելին, հայերը պէտք չէ վաւերացնեն գրաւեալ սուրիական Կոլանի բարձունքներու անօրինական յանձնումը Իսրայէլի, զայն համեմատելով Արցախի հետ, որ պատմական հայկական հող է եւ Ատրպէյճանին տրուած է Սթալինի կողմէ:
Հայերը պէտք է մտահոգուին, որ Թրամփի խեղաթիւրուած փաստարկը կը վտանգէ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերու վերականգնումը: Ըսելով, որ գրաւումէն 52 տարի անց, Կոլանի բարձունքները կը պատկանին Իսրայէլի, նախագահ Թրամփ կը խոչընդոտէ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը, քանի որ Թուրքիա աւելի երկար ժամանակէ ի վեր գրաւած է հայկական հողերը...: Կարեւոր չէ, թէ այդ տարածքները որքան ժամանակ մնացած են բռնագրաւուած, անոնք յաւերժօրէն կը պատկանին հայ ժողովուրդին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կոլանի բարձունքները՝ Սուրիոյ...