Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգները Պատժամիջոցներ Կը Սահմանէ Թրքական Ընկերութեան Մը Դէմ՝ Վենեզուելլայի Հետ Ունեցած Առեւտրային Կաշառուած Կապերուն Պատճառով


Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգները Պատժամիջոցներ Կը Սահմանէ Թրքական Ընկերութեան Մը Դէմ՝ Վենեզուելլայի Հետ Ունեցած Առեւտրային Կաշառուած Կապերուն Պատճառով

  • 31-07-2019 13:48:15   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ի լրումն Թուրքիոյ դէմ զանազան խախտումներու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւորպական Միութեան պատժիչ գործողութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ պատժամիջոցներ կիրարկեց թրքական ընկերութեան մը դէմ, որ «ներգրաւուած էր Վենեզուելլայի առաջնորդ Նիքոլաս Մատուրոյի կողմէ ղեկավարուող համաշխարհային կաշառակերութեան եւ դրամի լուացման ցանցին մէջ», կը գրէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հիմնադրամի անդամ Այքան Էրտեմիր:
Այս ապականած յարաբերութիւնը հետեւանք է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Մատուրոյի վարչակարգի աջակցութեան, բան մը, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ յանգեցնել յաւելեալ պատժամիջոցներու՝ թրքական ընկերութիւններու եւ պաշտօնատար անձերու դէմ:
Էրտեմիր գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու գանձարանի Արտաքին գործարքներու վերահսկողութեան գրասենեակը  «Սթամպուլի մէջ գործող Mulberry Proje Yatirim («Մալպերի Փրոժէ Եաթըրըմ») ընկերութիւնը նշանակած է Թուրքիոյ մէջ, [վենեզուելլական] ոսկիի վաճառքի համար կաշառակեր ցանցի» իբրեւ  մաս  կատարուած վճարումները դիւրացնելու համար: «Մալպերի»ի սեփականատէրը քոլոմպիացի Ալեքս Նէյն Սաապ Մորանի գործընկերն է, որ 2009էն ի վեր հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ լուացած է Մատուրոյի համար՝ օգտագործելով տեղական կոմիտէներու Վենեզուելլայի սնունդի նպաստաւորման ծրագիրը՝ մատակարարման եւ արտադրութեան համար, կամ՝ CLAPը: Գանձարանը նաեւ մեղադրած է «Մալպերի»ն՝ Թուրքիոյ մէջ վենեզուելլացի յաճախորդներու անունով մթերք գնելու եւ գիներու բարձրացման համար՝ նախքան այդ մթերքը Վենեզուելլային վաճառելը:  Տնտեսութեան նախարարութիւնը դատապարտած է Սաապը եւ անոր գործընկերները՝ «սովէն օգուտ քաղելու» մեղադրանքով:  
Անցեալ շաբաթ Վենեզուելլայի գծով Պետական բաժանմունքի յատուկ ներկայացուցիչ Էլիըթ Ապրամզ յայտարարեց. «Վենեզուելլան պարտաւոր է երթալ հոն, ուր կը փափաքին ոսկիի ապօրինի առեւտուրով զբաղիլ՝ Թուրքիա եւ Իրան»:
Այս տարուան սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութեան՝ ահաբեկչութեան նիւթապէս աջակցութեան հարցերով օգնական Մարշալ Պիլինկզլի նախազգուշացուցած է. «Մենք ուշադիր կը հետեւինք թուրք-վենեզուելլական առեւտրային գործունէութեան բնոյթին եւ եթէ նկատենք մեր պատժամիջոցներու որեւէ խախտում, ապա բացայայտ քայլերու կը ձեռնարկենք»: Անոր նախազգուշացումը հնչեց «Վենեզուելլայի արդիւնաբերութեան եւ ազգային արտադրութեան նախարար Թարէք Էլ-Աիսամիի՝ Թուրքիա կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք. ան յայտնի է Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ ունեցած իր կապերով»: Միացեալ Նահանգներու գանձարանը պատժամիջոցներ կիրարկած է Էլ-Աիսամիի դէմ 2017 թուականին՝ «միջազգային թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունենալուն համար»:
Էրտեմիր նաեւ ըսած է, որ «Թուրքիոյ մէջ «Մալպերի»ն Մատուրոյի վարչակարգի ապօրինի ցանցին   տեսանելի   մասն   է:  2017էն  ի  վեր,  Էրտողանի  քաջալերութեամբ,  Վենեզուելլայի կառավարութեան գործընկերները Թուրքիոյ մէջ հիմնած են բազմաթիւ կեղծ ընկերութիւններ»: «Պլումպըրկ»ի փոխանցումով՝ 2018 Յունուարին Վենեզուելլայի նախագահին՝ Թուրքիա կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք, Սթամպուլի մէջ գտնուող խորհրդաւոր թրքական ընկերութիւնը [«Սարտէզ»] սկսաւ գործել՝ Վենեզուելլայէն ներմուծելով 41 միլիոն տոլար արժողութեամբ ոսկի: Յաջորդ ամիս «Սարտէզ» ներմուծեց եւս 100 միլիոն տոլարի վենեզուելլական ոսկի: «Մինչեւ Նոյեմբեր, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Վենեզուելլայի ոսկիին նկատմամբ պատժամիջոցներ պարունակող դասաւորում մը ստորագրեց՝ առեւտուրի դադրեցման մասին Թուրքիան նախազգուշացնելու համար պատուիրակ ղրկելէ ետք, «Սարտէզ» 900 միլիոն տոլարի թանկարժէք մետաղ հանած է երկրէն դուրս: Վատ բան չէ, ընդամէնը մէկ միլիոն տոլարի դրամագլուխ ունեցող ընկերութեան համար՝ ըստ Սթամպուլի օրինաչափական փաստաթուղթերու»:
«Պլումպըրկ» աւելցուցած է. «Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա ինքզինք կը դրսեւորէ իբրեւ շրջանցիկ ճամբայ այն երկիրներուն համար, որոնք կը բախին Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն՝ ըստ կարելւոյն վիժեցնելով Ուաշինկթընի ջանքերը՝ մեկուսացնելու այն կառավարութիւնները, զորս թշնամական կամ կաշառուած կը նկատէ: Ամերիկայի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կարծիքով՝ Անգարա յաճախ փորձարկած է Միացեալ Նահանգներու հանդուրժողականութեան սահմանները, իսկ ՆԱԹՕի առանցքային անդամներու միջեւ դաշինքը ներկայիս էականօրէն խափանուած է»:
Էրտեմիր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութեան պատժամիջոցները թրքական ընկերութեան դէմ միայն առաջին քայլ մըն է: «Վենեզուելլայի կառավարութեան ոսկիի հանքարդիւնաբերական «Միներվեն» ընկերութիւնը ստեղծած է ոսկիի համատեղ ընկերութիւն՝ «Միպիթուրվեն» անունով, թրքական Marilyns Proje Yatirim («Մերըլինզ Փրոժէ Եաթըրըմ») ծածուկ ընկերութեան հետ, որ միեւնոյն հասցէն ունի՝ «Մալպերի»ի հետ: Նմանապէս, թրքական Grupo Iveex Insaat («Կռուփօ Իվիքս Ինշաաթ») փոքր ընկերութիւնը, որ կապուած է Մատուրոյի, ունի ընդամէնը 1775 տոլարի դրամագլուխ եւ ոչ մէկ  վերամշակման  գործարան,  սակայն  2019ի Ապրիլին պատասխանատու էր Վենեզուելլայի նաւթի արտահանման ութ տոկոսին»:
Էրտեմիր եզրափակած է. «Էրտողանի օրով Թուրքիա դարձած է թոյլատրող դաշտ՝ ապօրինի ճամբով ստացուած գումարներէ եւ պատժամիջոցներէ խուսափելու համար: Թուրքիոյ նախագահին  զօրակցութիւնը՝  պատժամիջոցներու ենթարկուած երկիրներու, օրինակ՝ Վենեզուելլայի եւ Իրանի, մաս կը կազմէ մենատիրական եւ աւազակապետական վարչակարգերու  նկատմամբ  անոր  ընդհանուր  առանցքին  եւ  Թուրքիոյ  մարտահրաւէրն  է՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջնորդուող ազատական միջազգային կարգին: Այնքան ատեն, որ Ուաշինկթըն չի հետապնդեր Մատուրոյի վարչակարգի ցանցին մնացած մասը Թուրքիոյ մէջ, Էրտողան  Ամերիկայի  այս  կեցուածքը   կը  դիտարկէ  իբրեւ  արտօնութիւն՝ հետագայ  օրինախախտումներու, որոնք  կը ներառեն  ոչ  միայն  Վենեզուելլան, այլեւ  խարդախ  այլ  վարչակարգեր»:
Հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական նախարարութիւնը պատժամիջոցներ կիրարկէ թրքական ընկերութեան մը դէմ՝ հաշուի առնելով նախագահ Թրամփի դժկամութիւնը՝ Թուրքիոյ դէմ որեւէ տեսակի գործողութեան ձեռնարկելու առումով:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ Թրամփ տեղեակ չէր գանձարանի հակաթրքական պատժամիջոցներու մասին՝ չափազանց զբաղած ըլլալով իր քաղաքական հակառակորդներուն դէմ «թուիթներ» ուղարկելով եւ ցեղապաշտական մեկնաբանութիւններ ընելով Գոնկրեսի սեւամորթ անդամներու մասին:
Անցեալ շաբաթ հանրապետական ծերակուտականներու հետ հանդիպման ընթացքին, Թրամփ յաւելեալ ժամանակ խնդրեց՝ նախքան Թուրքիոյ դէմ Գոնկրեսի պարտադրած պատժամիջոցներու կիրարկումը, ռուսական S-400 հրթիռները գնելուն համար:
Թրամփի կողմէ ցուցաբերուած որեւէ «անգործութիւն»՝ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցով, միայն պիտի ծառայէ Էրտողանը աւելի եւս քաջալերելու, որ խոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի շահերը: Գոնկրեսը պէտք է վճռական քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի ստիպէ նախագահին, որ խիստ պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ:
 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ