Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Նշանակալից Յաղթանակ է, Բայց Ճշմարտութիւնները Պէտք Չէ Անտեսուին


Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Նշանակալից Յաղթանակ է, Բայց Ճշմարտութիւնները Պէտք Չէ Անտեսուին

  • 11-11-2019 13:43:16   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
 
 
 
29 Հոկտեմբեր 2019ին ամերիկահայերը նշանակալից յաղթանակ արձանագրեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսի սրահներուն մէջ: 35 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող թիւ 296 բանաձեւը։
Ես օգտագործեցի հաստատող եզրոյթը, քանի որ ի տարբերութիւն բազմաթիւ հայ եւ ոչ հայ մեկնաբաններու, առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ասիկա ամերիկեան կառավարութեան կողմէ հինգերորդ ճանաչումն էր: Ինչպէս որ անցեալ տարիներուն բազմաթիւ անգամ ըսած եմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951ին, երբ պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան (Համաշխարհային Դատարան)՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած երկու բանաձեւերով, իսկ նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 22 Ապրիլ 1981ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Տարբեր մեկնաբաններու կողմէ կատարուած սխալ մեկնաբանութիւններու շարքին էին այնպիսի յայտարարութիւններ, ինչպիսիք էին.
1. «29 Հոկտեմբեր 2019ին Ներկայացուցիչներու Պալատի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին անգամն էր հարիւր  տարուան մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Այդպէս չէ եղած․․․:  Իրականութեան մէջ, թիւ 296 բանաձեւի գրութիւնը ինքնին կը թուարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ԱՄՆի կողմէ բոլոր նախորդ ճանաչումները եւ զայն կը նկարագրէ իբրեւ հաստատում, այլ ոչ թէ ճանաչում:
2.  «Թիւ 296 բանաձեւը կը սահմանէ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը»: Այսպիսի բան չէ եղած։ Այս բանաձեւը, զինք նախորդածներուն նման ոչ պարտադիր բանաձեւ է, որ պարզապէս կ՛արտայայտէ Գոնկրեսին կամքը: Ասիկա օրէնք չէ եւ իրաւական հետեւանքներ չունի:
3. «Թիւ 296 բանաձեւը կը պարտաւորեցնէ Թրամփը՝ օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը իր յաջորդ Ապրիլ 24եան ուղերձին մէջ»: Նախագահը, ցանկութեան պարագային, կրնայ օգտագործել այլ մեղմասացութիւններ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար, ինչպէս ինքն ու Միացեալ Նահանգներու այլ նախագահներ ըրած են, նախագահ Ռէյկընէն ետք:
4. «Թիւ 296 բանաձեւը թոյլ կու տայ հայերուն դատական հայցեր ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով վերականգնել Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութեան կրած վնասները»։ Ասիկա ճիշդ չէ։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Գոնկրեսի երկու նմանատիպ բանաձեւերը ընդունուած են 1975 եւ 1984 թուականներուն,  անոնք չեն օգներ հայերուն՝ ամերիկեան դատարաններու մէջ որեւէ դատական գործ շահելու Թուրքիոյ դէմ:
5. «Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումէն ետք, եթէ ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունի իր համապատասխան բանաձեւը (Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւ), եւ նախագահ Թրամփ ստորագրէ զայն, այն ատեն այդ բանաձեւը կը ստանայ օրէնքի ուժ»։ Ասիկա ճիշդ չէ, քանի որ, ինչպէս Ներկայացուցիչներու Պալատի, այնպէս ալ Ծերակոյտի տարբերակները «առանձին» բանաձեւեր են։ Եթէ Ծերակոյտի տարբերակը նոյնպէս ընդունուի, ապա բանաձեւը չի փոխանցուիր նախագահին ստորագրման համար, որովհետեւ Պալատի եւ Ծերակոյտի տարբերակաները չեն ներկայացուած իբրեւ «Համատեղ Բանաձեւ»:
Այսուամենայնիւ, վերոնշեալ պարզաբանումներէն եւ ոչ մէկը 29 Հոկտեմբեր 2019ին ընդունուած թիւ 296 բանաձեւը արժեզրկելու համար եղած է։ Ստորեւ ներկայացուած են այն պատճառները, թէ ինչու այս բանաձեւը նշանակալից յաղթանակ է Հայ Դատի համար․  
1. 35 տարի շարունակ Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման փորձ կատարելէ ետք, ամերիկահայ համայնքին համար ասիկա նշանակալից յաջողութիւն մըն է՝ վերջապէս այսպիսի յաղթանակ  մը նշել կարողանալուն համար։ Կարելի չէ շարունակ պահանջել, որ հայ հանրութիւնը տասնամեակներ շարունակ աջակցի գործի մը՝ առանց ժամանակ առ ժամանակ որոշակի արդիւնքի հասնելու: Այս յաղթանակը կ՛աշխուժացնէ ամերիկահայերը՝ շարունակելու համար իրենց նուիրուածութիւնը Հայ Դատին եւ աւելի շատ աշխատիլ՝ աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:
2. Թէեւ 296 բանաձեւին ընդունումը չի պարտադրեր Միացեալ Նահանգներու նախագահին, սակայն կը մեծցնէ ճնշումը անոր վրայ, որպէսզի պատշաճ ձեւով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 24եան իր յայտարարութեան մէջ:
3. Թիւ 296 բանաձեւը նաեւ կը դժուարացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան վիճակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը շարունակելու առումով:
4. Տարօրինակօրէն, թիւ 296 բանաձեւի ընդունման առիթով Թուրքիոյ ղեկավարներու կոշտ արձագանգները նպաստեցին թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին՝ որպէսզի յիշեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
5. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ հազարաւոր յօդուածներ, հեռատեսիլային հաղորդումներ եւ ընկերային  ցանցերու վրայ գրառումները օգնեցին, որ աւելի լայն տարածում գտնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Ցեղասպանութենէն ետք աւելի քան 100 տարի անց, արդարութեան համար ճիչը տակաւին կը  հնչէ հայերու եւ անոնց աջակիցներու աշխուժութեան շնորհիւ։
6. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը եւս մեկ քայլ է Թուրքիոյ եւ համաշխարհային հանրութեան վրայ հայերու կողմէ ճնշում գործադրելու պայքարին մէջ՝ հետագայ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի Ցեղասպանութեան հետեւանքով պատճառուած վնասը հատուցուի՝ հակառակ աւելի քան դար մը ուշացման․․․
7.  Բացի պատմական իրադարձութեան տարեգրութեան ուղղումէն, Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման գծով ջանքերը քաղաքական պայքար են ամերիկահայ համայնքի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր վճարովի լոպիիստներու միջեւ, թէ ո՛ր կողմը քաղաքական աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընի մէջ: Ճնշող մեծամասնութեան յաղթանակը՝ 405 կողմ, ի դիմաց 11ի, Թուրքիոյ ջախջախիչ պարտութեան եւ հայերու լիարժէք յաղթանակի ակնյայտ ցուցանիշ մըն է։
8. Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած է՝ վարձելով ամերիկեան բարձրակարգ լոպիիստական ընկերութիւններ՝ ԱՄՆ Գոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերու հաստատումը խափանելու ձախող փորձերու համար: Անկարելի է խեղաթիւրել ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկային արարք, անկախ անկէ, թէ քանի՞ միլիառ տոլար կը ծախսէ Թուրքիան լոպիիստներու վրայ:
9. Թուրքիոյ պարտութիւնը նաեւ թրքական հասարակութեան յղուած պատգամ մըն է այն մասին, որ իր վճարած տուրքերը իր կառավարութիւնը կը մսխէ՝ անհերքելին ժխտելու համար:
10. Ոմանք թիւ 296 բանաձեւին ընդունումը կը պատճառաբանէին այն բանով, որ Գոնկրեսը օգտուած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններէն: Թէեւ այս ըսուածը ճիշդ է, բայց նաեւ կան քանի մը հակափաստարկներ.
ա) Գոնկրեսը քաղաքական մարմին է. հետեւաբար, անոր բոլոր քննարկումներն ու որոշումները քաղաքական բնոյթ կը կրեն.
բ) Եթէ չըլլային ամերիկահայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկահայ համայնքի եռանդուն ջանքերը, երաշխիք չկար, որ այդ բանաձեւը յայտնուէր Ներկայացուցիչներու Պալատի օրակարգին մէջ: Քանի որ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը դժգոհ էր Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, Ներկայացուցիչներու Պալատը պիտի գոհանար 29 Հոկտեմբեր 2019ին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառող բանաձեւ ընդունելով՝ քիւրտերու դէմ ի գործ դրուած թրքական բարբարոսական յարձակումներուն համար: Սակայն հայկական կողմի աշխուժութեան պատճառով՝ Ներկայացուցիչներու Պալատը նոյն օրը ընդունեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
գ) Մենք չենք կրնար այնքան միամիտ ըլլալ ակնկալելու համար, որ որեւէ կառավարութիւն պաշտպանէ Հայ Դատը, եթէ այդ մէկը պիտի հակասէ իր շահերուն։ Միանգամայն  տրամաբանական  է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը համընկնէր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ պատճառներով Գոնկրեսի զայրոյթին։ Փաստօրէն, հայերը իրենց շահերը այլ երկիրներու շահերուն հետ համապատասխանեցնելու որքան շատ պատճառներ գտնեն, այնքան աւելի յաջողակ կ՛ըլլան Հայ Դատի հետապնդման հարցով:
Իբրեւ յաջորդ քայլ, յոյս ունիմ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կ՛ընդունի Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւը։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ ԱՄՆ Ծերակոյտը երբեք չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Եւ թերեւս յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կրնայ վերանայուիլ, բայց այս անգամ իբրեւ «Համատեղ Բանաձեւ»: Բան մը, որ կը նշանակէ, թէ Գոնկրեսի Պալատները եթէ բանաձեւը ընդունին, եւ երկրին նախագահը զայն ստորագրէ, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու օրէնք,  այլ ոչ թէ պարզապէս «ոչ պարտադիր» բանաձեւ: Այս մէկը Ամերիկայի բոլոր ապագայ նախագահները կը պարտաւորեցնէ օգտագործելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ իրենց Ապրիլ 24եան ուղերձներուն մէջ, կամ որեւէ այլ առիթով։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 
  -   Յօդուածներ