Շատ հաւանաբար, ինծի նման շատեր, յաճախ զարմացած, իրենք իրենց հարց տուած են, թէ մեր ներկայ սովորական կեանքէն ներս, երբ ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ, նորութիւններ եւ անակնկալ փոփոխութիւններ ակամայ մեզ դիմաւորած ու մեզ հիմնովին շշմեցուցած, շփոթանքի մատնած եւ կամ ալ ապշեցուցած են, յանկարծ մեր ազգային կեանքի հրապարակին վրայ մեծ բացակայ մը նշմարած ենք:
Խումբ մը մարդոց, ազնիւ հոյլի մը զգալի բացակայութիւնը, որուն մտաւորականութիւն կ՚անուանենք:
Ո՞վ է այս մտաւորական ըսուածը.- տակաւին շարունակելով մեր պրպտումներու աշխարհը, դարձեալ մենք մեզի հարց տուած ենք եւ աւելցուցած՝ թէ ի՞նչ է իրեն սահման-ուած եւ կամ վստահուած դերը մեր կեանքին մէջ եւ իբրեւ պատասխան ունեցած ենք մեր դէմքին վրայ անորոշութեան խորհրդանիշը ցուցաբերող սովորական արտայայտութիւնը:
Չեմ յիշեր, որ օր մը, մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն եւ կամ զանազան ժողովներուն օրակարգի նիւթ դարձուցած ըլլանք նոյնինքն մեր այդ մտաւորականը: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ մտաւորական ըսուած համեստ մարդը, իր օրապահիկը ապահովող պարզ արհեստաւոր մը չէ: Այսպէս անկիւն մը քաշուած միշտ կը մտածէ, միշտ կը գրէ եւ հազուադէպօրէն իրեն առիթ կը տրուի «բան մը» ըսելու՝ կը խօսի:
Մտածող միտք մը ըլլալով հանդերձ, լաւ դիտող մըն ալ է, որ ունի իր անձնական հաստատ համոզումն ու տեսակէտը, որ իր իւրայատուկ ձեւով դատելու առաքելութեամբ մը օժտուած, սովորական եւ ընթացիկ եզրակացութենէն վեր եւ տարբեր մօտեցումով ու անկնոցով կ՚արտայայտուի ու կը բացայայտէ ամէն հարց: Ան ինքզինքին նման իրաւունքներու տէրը դարձուցած կամ շնորհած անձ մըն ալ է, որուն ամէնօրեայ ներկայութիւնը կը փնտռենք յուսահատօրէն:
Ահա մեր մտաւորականին անձագիրը: Անկասկած, որ նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար, երբ աւելցնենք, թէ միեւնոյն մարդուն հանդէպ մենք ունեցած ենք որոշ չափով անտեսում: Նոյնիսկ՝ բախտաւոր եւ լաւագոյն պարագային, վերապահութեամբ մօտեցած ենք անոր ու յաճախ կարգ մը տեղեր ու պահեր՝ իր ներկայութինը չհանդուրժելով, մեր անտարբերութեան մոլուցքէն թելադրուած, զինք բացարձակապէս մերժած եւ երբեմն ալ բացայայտօրէն զինք հալածած ենք: Եւ թերեւս ալ մեր այս բոլոր արարքներուն իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ ընկերային կամ ազգային մեր կեանքը, եթէ ոչ միշտ, շատ յաճախ մնացած է նոյն տեղը եւ թերեւս ալ որոշ տեղեր՝ տեղքայլէն աւելի՝ նահանջած ալ է:
Անոր համար է, որ կը կրկնենք, թէ մտաւորականի խօսքը, իր մատնանշումներն ու թելադրանքները եւ նոյնիսկ իր քննադատութիւննրը, թէ՛ կշիռք են եւ թէ՛ ալ ձեւով մը մեր կեանքին նորութիւն բերող, նոր աւիշ եւ ուժականութիւն տուող ու ներշնչող ազդակներ: Անոր հաստատ կարծիքը իր բարերար դերը ունեցած է մեր ազգային կեանքին մէջ:
Արդ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք այս բոլորին, ուրեմն պարտաւոր ենք տուն եւ տեղ տալ անոր, յարգել անոր հրամցուցած տեսակէտներն ու մօտեցումները, ցուցմունքներն ու թելադրանքները: Պարզապէս զինք լսել: Հրապարակ բերել: Դուրս բերել մեր սահմանած իր մենութենէն: Թո՛ղ, ան ինքն իր մէջ քաշուած սաղմէն ու պատեանէն դուրս գայ ու կրկին անգամ մեր մտքերուն ու գործերուն առողջ ու նոր առաջնորդը դառնայ: Թո՛ղ, իր քննադատող եւ նոյնիսկ ծայրայեղ խօսքերով կատարած մատնանշումներով մեզ զգաստութեան հրաւիրէ: Թո՛ղ պոռա՛, թո՛ղ աղմկէ: Կանչէ՛…: Հայրենի եւ Սփիւռքեան մեր մտաւոր հրապարակները, թո՛ղ կրկին անգամ իր ձայնով, իր ներկայութեամբ լեցուի, փայլի, խանդավառուի, ճոխանայ, հարստանայ, սրբագրէ, յանդիմանէ եւ գնահատէ:
Թո՛ղ . . . թո՛ղ . . .:
Այս բոլորով հանդերձ, մեր մօտ, մեր հայ իրականութեան մէջ բացայայտ է, թէ երբ մէկու մը եւ յատկապէս մտաւորականի մը կողմէ կարծիքի տարբերութիւն մը կը մատնանշուի, անմիջապէս այս քննադատութիւն ըսուածը կը վերածուի, կը վերափոխուի եւ կամ կը մեկնաբանուի թշնամանքով, ընդդիմութեամբ եւ ասոր իբրեւ արդիւնք արտայայտողը կը նկատուի մեզի հակառակորդ տարր:
Մեր ընտանիքներէն ու հարազատներէն սկսած, մինչեւ մեր միութենական կամ կազմակերպական կեանքէն ներս եւ նոյնիսկ մեր պետութեան մօտ, այս բոլորը բացայայտ, ցաւալի ու նոյնիսկ ողբալի իրականութիւններ են: Որովհետեւ բոլորս ալ կը խրտչինք քննադատութիւն ըսուած ճիւաղէն, կը սարսափինք անոր ներկայութենէն: Զայն մեր իրաւունքներուն մեծագոյն եւ գերագոյն թշնամին կը համարենք:
Ներկայիս մեր ժողովական կեանքին մէջ տեսանելի են մեր մարդուժի եւ նիւթականի թիւերու հետզհետէ նօսրացումն ու յաճախ փոշիացումը, որոնք հարազատ թերեւս հաստատ եւ արդիւնք են շինիչ քննադատութիւն կոչուած այս «սարսափ» ազդողի բացակայութեան: Մեր մտաւորականութեան բացակայութիւնը: Ճիշդ է: Այս մէկը ամէն տեղ է: Մեր մտաւորականը չի խօսիր. կամ շատ քիչ անգամ՝ երբ իրեն առիթ կը տրուի կÿարտայայտուի: Երբեմն ալ նոյնիսկ չի համարձակիր արտայայտուիլ: Մենք զինք ամէն ձեւով մեկուսացուցած ենք: Չենք ուզած զինք լսել: Վշտացած ենք իր բառերէն, խուսափած՝ իր ներկայութենէն, վախցած՝ իր խօսքերէն եւ մեկնաբանութիւններէն:
Ուրեմն մեր իսկ ստեղծած պայմաններուն պատճառով մեր մտաւորականը քաշուած է հայկական հրապարակէն ու առանձինը կ՛ապրի: Ոչ տեսակէտ կÿարտայայտէ եւ ոչ ալ մենք իրեն կը մօտենանք իր կարծիքէն օգտուելու համար: Հայ ներկայ մտաւորականը դադրած է խօսելէ: Օրինակները՝ այս առթիւ, անպակաս են:
Այս բոլորը անոր համար, որ մենք, ընդհանրապէս գոհ ենք մեր ներկայ այս վիճակէն, մեր ազգային կեանքին ներկայ այս հանդարտ մակընթացութենէն եւ տեղատուութենէն: Ոչ կ՚անհանգստանանք եւ ոչ ալ մեզ անհանգստացնող ունինք կամ կ՚ուզենք ունենալ: Բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կ՚ուզենք ազգային հաւաքականութեան մը գոյատեւումն ու բարգաւաճումը տեսնել, եթէ նոյն այդ հաւաքականութենէն ներս բացակայ է դրական քննադատողի գրիչն ու խօսքը, անոր ձայնն ու մատնանշումները:
Չէ՞, որ յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է շինիչ քննադատութեան մը հաստատ ներկայութեամբ: Ուստի մեր շուրջը ոչ վէճ կայ եւ ոչ ալ վիճաբանութիւն: Այս արեւուն տակ ամէն բան սահուն կ՚ընթանայ:
Ահա քեզի սփիւռքեան ինքնախաբէութեան . . . : Եւ այս բոորին վրայ տակաւին կրնանք մենք զմեզ արդարացնել. . . : Այսօր, երբ ամէն տեղ մեր ազգային պայմաններն ու վտանգները փոխուած են ու դարձած ճակատագրական եւ երբ մեր մշակոյթը ենթարկուած է համաշխարհայնացման. մեր մտաւորականն է, որ կապ պահելով օրուան շարժումին պիտի փորձէ մեզ առաջնորդել մեր սկզբունքներուն, մեր պայքարի վճռական հաստատութեամբ եւ համոզումով:
Իր անձին վերապահելով առարկայական ցուցմունքներով մեզ առաջնորդելու անգիր իրաւունքը, մտաւորականը իր գրիչով մեզ թարմ ու այժմէական պահելու կոչուած է: Մեզի կը մնայ ունենալ քաջութիւնը զինք իր մենաստանէն դուրս բերելու ու մեր առօրեային զինք գործնականապէս մասնակից դարձնելու: Ժամանակը հասած է, որ խօսքը գործի վերածենք: Կը հաւատանք, որ այս բոլորը ազգին պիտի ծառայեն: Եւ ինչ որ ազգին կը ծառայէ, անկասկածօրէն հայանպաստ է։
Մտաւորականը, իր ստեղծագործ մտքի անդուլ եւ անդադար հետեւողականութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել իր եւ արդարացնել իր ներկայութիւնը, եթէ իրեն առիթ տանք: Էականը մեր մտաւորականին վերադարձնելն է խօսքի ու մտքի ազատութիւնը: