«Հայատրոփ» Ժագ Ս. Յակոբեան (Ա. Մաս)


«Հայատրոփ» Ժագ Ս. Յակոբեան (Ա. Մաս)

  • 10-01-2020 12:22:56   | Հայաստան  |  Մեկնաբանութիւն

Բանաստեղծութեան նոր հատոր մը եւս սփիւռքահայ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանէն: Ի տես հատորին ծաւալին՝ զարմանքի եւ հիացումի համախառն զգացում մը կը պատէ ընթերցողը առաջին տպաւորութեամբ: Զարմանք՝ այն տեսակէտով որ՝ այսքան ծաւալուն բանաստեղծութիւններու հատոր մը, ընթերցողներ պիտի ունենա՞յ արդեօք Սփիւռքի մէջ:

Եթէ աչքի առաջ բերենք անբարեյոյս պայմանները, ուր կը ստեղծագործէ բանաստեղծը՝ զինք կը դարձնեն բանաստեղծութեան ճշմարիտ հերոսը:  Ըսել կ’ուզէնք՝ բանաստեղծի ոսկեհունչ քնարով պատնէշի վրայ կանգնած կը պայքարի Սփիւռքի մէջ, եւ Սփիւռքի ամէնէն ամուլ միջավայրին՝ Ամերիկայի մէջ, իր ոգեշունչ, հրավառ, եւ իր բառով ՀԱՅԱՏՐՈՓ քերթուածներով հայացնելու համար ուծացման ենթակայ հայեր: Արուեստով կը ծառայէ հայրենասիրութեան, աւելի ճիշդ հայապահպանութեան:

Չմեղանչեցի՞նք արդեօք արուեստի մաքրամաքո՜ւր ըմբռնումներուն դէմ: Արուեստը ՝ ինչու կը ծառայէ բանի մը: Այս պարագային՝ հայապահպանութեան:

Ժագ Ս. Յակոբեան կը հաւատայ թէ բանաստեղծութիւն մը, կամ բանաստեղծութեան ամբողջ հատոր մը ինքնանպատակ չէ՛ երբեք, այլ իր վարակիչ եւ ներգործող ուժով եւ հաղորդականութեամբ կը վերստեղծէ մարդուն մէջ՝ մարդկայնականութիւնը, Հայուն մէջ հայկականութիւնը:

«Հայատրոփ» քերթուածներու հատորը մեզի կը հայթայթէ բաւական շատ ապացոյցներ՝ բանաստեղծին արուեստի հաւատամքը հաստատող: Ուրեմն՝ սկսինք ծայրէն:

Գիրքին խորագիրն ու ներայացման ձեւը կը թելադրեն արդէն գրքին բովանդակութիւնը, որ ամբողջ հայկականութեամբ կը տրոփէ: Վահան Թէքէեան պիտի սիրէր կոչել՝ հայերգութւն:   Յայտնենք որ Ժագ Յակոբեան ինքնատիպ մօտեցում ցոյց կու տայ իր գիրքերու խորագիրներուն նկատմամբ:

Հեղինակին մտայղացման մէջ այս գիրքը սփիւռքահայուն վէպն է:   Նորութիւն չէ Ժագ Ս. Յակոբեանի ընթերցողներուն համար՝ բանաստեղծական հատորի մը վէպ յորջորջումը: Որովհետեւ «քերթողագիրք մը տաղաչափուած վէպ մըն է»:  Այս մեկնակէտով 1943-ին, «Մեղրալուսին»ը կոչուած էր քնարավէպ:  Տպագրութեան որպէս վայր գրուած է Սփիւռք, քանի որ բանաստեղծին համար հայրենիքէն դուրս որեւէ երկիր ուր կ’ապրի Հայը, ունի մէկ տարազ՝ Սփիւռք: 

«Հայատրոփ»ը  ձօնուած է իր «չորս հայկակներուն» հետ, «անոնց քոյր-եղբայրներուն ի Սփիւռս օտարութեան»:

«Հայատրոփ»ը կը բացուի «Բարեգալուստ»ի խօսքով: Գեղարուեստական արձակի գեղեցիկ նմոյշ մըն է «Բարեգալուստ»ը , ուր Ժագ Ս. Յակոբեան հայութեան փառքը հիւսելով կը թելադրէ որ «Սփիւռքի դաժան բաժանումին դիմաց» հաւատարիմ մնան իրենց ցեղային ժառանգութեան, որովհետեւ «հպարտօրէն գիտցէք – Հայութիւնը հարուստ ժառանգութիւն մըն է »:

Ժագ Ս. Յակոբեան բանաստեղծը իր բանաստեղծական հարուստ հնարաւորութիւնները  կիրարկելով – լեզու, ոճ, ճոխ բառամթերք, պատկերաւոր գիւտ, երեւակայութիւն, քնարերգակի եւ դիւցազներգակի  տաղանդ – հիւսած է այս հայավէպը « որպէս արձանագրութիւն վաղուան դարերուն»  եւ որպէս տարագրի կեանքը պատկերող «Սփիւռքի յիշատակագիր»:

Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայատրոփ»ն ալ արժանի է սիրոյ, գուրգուրանքի: Ժողովուրդը պիտի սիրէ նաեւ այս գիրքը, որուն մէջ սփիւռքահայ մարդը  պիտի գտնէ իր կեանքին ցոլացումը, մաքառումներուն թռիչքը եւ դարերէն ժառանգուած պատմութեան լոյսը:

Ժագ Ս. Յակոբեան  սփիւռքահայ վտարանդի բանաստեղծի տիպարն է:  Մանկութիւն, պատանեկութիւն եւ վաղ երիտասարդութեան առաջին տարիները անցուցած է Գահիրէ: Եւ հոն ալ ստեղծագործելով, հեղինակ էր արդէն չորս բանաստեղծական հատորներու, երբ փոխադրուեցաւ Պէյրութ, հասուն տարիքին որպէս կազմաւորուած բանաստեղծ: Տասնամեակ մը Պէյրութի իր մենաստանին մէջ, հեռու ազգային խռովայոյզ կեանքէն, ապրելէ եւ քանի մը նոր բանաստեղծութիւններու հատորներ լոյսին յանձնելէ ետք, «Առագաստները հայ պանդուխտի» բացած, ափ առաւ հեռաւոր Աւստրալիա, ուրկէ ալ Ամերիկա:

Մեր գրական սերտողութիւնը նպատակ ունի բանալով «Հայատրոփ»ին բովանդակութեան ներքին ծալքերը, սիրցնել Ժագ  Յակոբեանի այս գիրքը, որ կոչուած է ըլլալու սփիւռքահայուն վէպը:  Սկսինք առաջին գիրքը կոչուած է «Անհայ Ափերուն»: Կը բովանդակէ հինգ երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ:

«Անգրիչ» բանաստեղծութեան մէջ կը յայտնէ այն մտահոգութիւնը թէ ո՞վ պիտի պատմէ գաղթահայ կեանքի պայմաններէն թելադրուած պատմութիւնը հայ երդիքներուն, որոնք հազար հեղ կը կառուցուին ու կը փլին, բախտի նոր հանգրուաններ որոնելու ճանապարհին վրայ:  Հարցը դնելէ ետք սակայն, Ժագ Ս. Յակոբեան իրեն կը վերապահէ գրելու այդ դառն եւ սրտամորմոք պատմութիւնը եւ իր անձնական կեանքի փորձառութենէն  մեկնելով, կու տայ սփիւռքահայութեան անդարմանելի  վէրքին ցաւը, խորունկ վիշտը: «Հայատրոփ»ը այդ ապրումներուն հարազատ վկայութիւնն է:

Համոզիչ եւ վարակիչ է Ժագ Յակոբեանի անկեղծութիւնը, երբ բանաստեղծի դառնութեամբ կը գրէ.

Աչքերուս մէջ
Ռումբի նման արցունքի զսպած
Եւ Կուրծքիս տակ:
Բռունցքի պէս սեղմած կոտտանք
Մը անձկայրեաց
Ետիս ընդմիշտ ես թողուցի
Կեանք մը գարնան
Եւ ամառ մը պտղաբերման:

Անկախ գաղթական մարդու գիտակցութենէն՝ կայ ուրիշ ցաւ եւ մորմոք, որ տուայտանքի թախիծով կը պատէ հոգին: Իր չորս տարեկան «Հայկակին», ազգային ճակատագրի բարդ ու կնճռոտ խնդիրն է: Քանի մը քերթուածներու մէջ իր հայրացած մարդու բախտաւորութիւնն  ու երջանկութիւնը քնարելէ ետք, կ’արտայայտէ տառապանքը «Հայատրոփ» խորագրուած  ողբին մէջ, անոնց ձուլման վախին ու վտանգին:  Իր զաւկին հետ կ’ողբայ նաեւ բոլոր այն հայկարիւն տղոց ճակատագիրը, որոնք կրնային «ածուին մէջ հայրենի, դառնալ ծառեր մրգալի»:

Սփիւռքի մասին «Ողբ Հայատրոփ»ին մէջ նոր ու ինքնատիպ է հետեւեալ պատկերը, որուն նմաններուն շատ պիտի հանդիպինք գիրքին մէջ.

Այն Տէր-Զօրին մէջ սպիտակ եւ անսուր

Որուն անունն է Սփիւռք …

Անմիջապէս ընթերցողին միտքը յուզող հարց կը դառնայ հետեւեալը: Այսքա՛ն հարազատ ապրումներու եւ հայկական  հարուստ զգացումներու  տէր բանաստեղծի մը, ի՛նչ բան ստիպեց, իր բառերով – ո՞ր հրդեհէն ազատելու համար – որ կայք հաստատէ «անհարազատ հողին վրայ», որպէսզի հազար անգամ աւաղէ, «որ իմ հայ տղաս պիտի չերթա՜յ հայ դպրոց հայկական»:

Հարցում մը, որուն չենք ուզեր պատասխանել զայն համարելով մարդկային խնդիր եւ անհատի ազատութեան իրաւունք:

Շարունակելի

Պատկերի Ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան

  -   Մեկնաբանութիւն