Պատգամ Անդրանիկ Թոռնիկիս


Պատգամ Անդրանիկ Թոռնիկիս

  • 10-01-2020 12:32:27   | Հայաստան  |  Մշակոյթ

 Միայն գիտնաս ի՜նչ սիրով

Անունս ես քեզ տուի
Երբ այդ օրին միւռոնի
Օրհնութիւնս քեզ տուի
Ու մաղթանքներս բոլոր
Այդ սրբատաշ սրբահունչք
Այբ ու Բենի տառերով
Ափերուդ մէջ գրեցի
Որ երբ մեծնաս մարդ ըլլաս
Այբ-Բեն-Գիմդ չմոռնաս …

Բայց պատահի մոլորիս
Օտար ափին սփիւռքի
Ուր ամէն բան կը ծախուի՝
Ծախես դուն ալ Հայ Լեզուն
Որ քեզ ժառանգ ձգեցի,
Չկարենաս անունդ իսկ
Գրել տառով որ տուի՝
Ա՜խ այն ատեն ցաւելով
Պիտի պոռամ երեսիդ
«Անունս ետ տուր ինծի»

  Գրող՝ ճարտարագէտ  Թադէոս Եսայեան

Պատկերի Ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան

  -   Մշակոյթ