«Հայատրոփ» Ժագ Ս. Յակոբեան (Բ. Մաս)


«Հայատրոփ» Ժագ Ս. Յակոբեան (Բ. Մաս)

  • 11-01-2020 13:24:59   | Հայաստան  |  Մշակոյթ

 

 Գրող՝  Պէպօ Սիմոնեան 

Կը շարունակենք  Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայատրոփ» հատորի Պէպօ Սիմոնեանի գրական սերտողութիւնը :

Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայատրոփ»ի Բ. Գիրքը ունի իր բնորոշ խորագիր «Այբ-Բեն-Գիմ»: Կը հաշուէ տասը քերթուածներ: Օտարութեան ափերուն վրայ «Այբ-Բեն-Գիմ»ի արարչագործ հրաշքին փառաբանութիւնն է երկրորդ գիրքը:  Բանաստեղծը որպէս հայր՝ ուսուցիչ իր զաւկին, եւ նոր օրերու «Մաշտոց նախանձայոյզ» կը բաշխէ լոյս եւ հայութիւն: Կը յանձնէ ոգեղէն զէնքը հայութեան, որպէսզի ան «մնայ միշտ հա՛յ Մայիս»:

«Օտար Շեմին» քերթուածը բանաստեղծ հօր ցաւն ու տառապանքը կը դառնագրէ: Զաւակը իր ձեռամբ օտար վարժարան տանելու տխուր հոգեվիճակը արցունք կը խլէ ոչ միայն իրմէ որպէս հայր, այլեւ ընթերցողէն եւս, գտնելով հոն ապրուած ազգային ողբերգութեան մը խոստովանութիւնը:

Ես իբրեւ հայր

Ամօթահար

Որպէս ծախած ես ըլլայի

Անգին զաւակս առանց գինի

Ե՜ս ծախէի՜ իմ իսկ հոգին …

Համբակ գրիչի մը փորձին մէջ այս թեման կրնար տաղաչափեալ տափակութեան եւ քարոզչութեան վերածուիլ, մինչդեռ ժագ Յակոբեանի նման լեզուի վարպետի մը եւ ոճարանի մը ստեղծումով բանաստեղծական ոգեշունչ ապրումի եւ արուեստի գեղեցկութեան մակարդակը նուաճած է:

«Հայերէն Գիրք»ին մէջ բանաստեղծը իր զաւկին առջեւ հայ գիրքին փառաբանութթիւնը ընելու պահուն Նարեկացիակա թռիչք մը ստացած է եւ քերթուածին ռիթմը «Նարեկափայլ բառագանձով» ճոխացած , որքան ալ յիշեցնէ  Սիամանթոյի « Ներբողականը»:

Դուն՝ Սահակի դալար շրթունք,

Եղիշէի բարբա՛ռ բիւրեղ,

Նարեկացւոյ խօսո՛ւն արցունք,

Հայաստանեայց խորանի՛ խունկ.

Հայ խորհուրդի խոկո՛ւն խորան,

Նշխարի պէս խօսքի՛ սեղան,

Միւռոնի պէս բանի՛ կանթեղ

Հայերէնի ճո՛խ մրգաստան,

Այբուբենի նուագարան,

Համազգային յոյզի՛ բաժակ,

Դո՛ւն Մեսրոպեան գինովութիւն,

Ու հայ երգի գինեհոս ակ:

«Հայկական Թագաւորութիւն» խորագրուածը չունի նոյն ուժեղ թափն ու սլացքը եւ չի ջերմացներ ընթերցողի հոգին:  «Լուսաբացը» կու տայ պատմութիւնը այբուբենի ուսուցման, որուն կարգ մը մասերը յատկապէ՛ս, ոտանաւորի բնոյթ կը պահեն, մնալով հանդերձ սրտագրաւ պատմութիւն՝ Հայոց Սփիւռքի:  «Յորդոր»ը, սակայն, անձնական ապրումի ծիրէն դուրս գալով ընդհանրական վիճակ մը կը սեւեռէ, Ամերիկահայութեան դատապարտումի, հրեղէն բայց եւ գեղարուեստական խօսքի շքեղ փայլով յատկանշուող:  Բանաստեղծին կերտած հակադրութիւնը այս քերթուածին մէջ ստեղծած է  պատկեր մը, որ չի կրնար չցնցել ու սարսռացնել իր ազգային պարտաւորութիւններու պատասխանատուութեան տէր չկանգնող հայրերն ու մայրերը օտար ափերու:  Զգաստութեան հրաւիրող եւ խորհրդածութեան մղող աշխարհ մը ապրում կը սեւեռէ «Յորդոր» քերթուածը:

Հակադրութիւնը կը նշէ որ աքսորի դաժան օրերուն «Տէր-Զօրի կորստական թուղթին վրայ», որ անապատի աւազն է, աքսորական հայ մայրը «իր քաղցած, անհաց որդւոյն» հայերէն կ’ուսուցանէր, մինչդեռ այսօր «ճոխութեան եւ ճարպութեան մէջ  հանգստալիր յարկերու տակ» հայ մայրեր ու հայրեր ազգային խղճի խայթէ ձերբազատ՝ կը զլանան «նեկտար բաժակը Մեսրոպի», «նշխար սկիհը Սահակի» մատուցել ինքնանուիրումով, իրենց մատղաշ որդիներուն:

Բանաստեղծութեամբ արտայայտուած գեղեցիկ պարսաւադիր մըն է «Յորդոր»ը Ամերիկահայութեան եւ այլ երկիրներու այլասերող հայութեան ուղղուած:

Շարունակելի

Պատկերի Ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան    

  -   Մշակոյթ