Յարութ Սասունեան.Թուրքերը Կը Յարձակին Միմեանց Վրայ․ Կիպրացի Թուրք Ղեկավարը Կը Քննադատէ Թուրքիան


Յարութ Սասունեան.Թուրքերը Կը Յարձակին Միմեանց Վրայ․ Կիպրացի Թուրք Ղեկավարը Կը Քննադատէ Թուրքիան

  • 03-03-2020 11:18:14   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրք սիւնակագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ 18 Փետրուար 2020ին յօդուած մը գրած է թրքական «Ալ-Մոնիթոր» կայքին մէջ՝ «Ինչո՞ւ կիպրացի թուրք ղեկավարը «թշնամի» հռչակուած է Թուրքիոյ մէջ» վերնագրով։ Յօդուածին մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական Կիպրոսի ղեկավարին միջեւ առկայ հակասութեան մանրամասնութիւնները:
1974ին Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումէն ի վեր, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ծախսած է միլիառաւոր տոլարներ եւ հաստատած թրքական հազարաւոր զինուորներ՝ իր դիրքերը կղզիին վրայ պահպանելու համար։ 
Վերջին ամիսներուն թրքական լրատուական միջոցները հրապարակած են Թուրքիոյ կառավարութեան եւ կիպրացի թուրք ղեկավարին միջեւ թշնամանքի մասին նիւթեր։ «Թուրք պաշտօնեաներն ու քաղաքական գործիչները, որոնք կ՛այցելեն միայն Անգարայի կողմէ ճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն, Հոկտեմբերէն ի վեր մերժած են տեսակցիլ անոր նախագահին՝ Մուսթաֆա Աքինճիի հետ», գրած է Ճենկիզ:
 
Հակասութիւնը սկսած է անցեալ տարուան Հոկտեմբերին՝ Հիւսիսային Սուրիա թրքական ներխուժման գծով, երբ Աքինճի համարձակած է քննադատել Թուրքիոյ «սուլթանը»՝  Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը. «Հիմա, եթէ նոյնիսկ մենք այդ [Սուրիա թրքական ներխուժումը] անուանենք «Խաղաղութեան ակունք» գործողութիւն, բայց թափուած է ոչ թէ ջուր, այլ՝ արիւն։ Այդ իսկ պատճառով իմ ամէնէն մեծ ցանկութիւնը այն է, որ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը սկսին կարելի եղած չափով արագ»: Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր թուրքեր բանտարկուած են Սուրիոյ վրայ թրքական ռազմարշաւը քննադատելնուն համար: Սուրիոյ մասին խօսելէ բացի, Աքինճի իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելուն վերաբերեալ. «Թէեւ մենք եղածը կ՛անուանէինք Խաղաղութիւն գործողութիւն, սակայն ատիկա պատերազմ էր եւ արիւն թափուեցաւ 1974ին»։ Ըստ Ճենկիզի՝ «համեմատութիւն կատարելով երկու ներխուժումներու միջեւ, Աքինճի ակնյայտօրէն փորձած է ըսել, որ օտար երկիրներու մէջ ռազմական գործողութիւնները յարատեւ խնդիրներ կը ստեղծեն, եւ, հետեւաբար, ան Թուրքիան հրաւիրած է Սուրիոյ մէջ այլ տարբերակներ դիտարկելու»: 
 
Հակառակ անոր, որ Աքինճիի կողմից թուրքական ռազմական ներխուժումներու քննադատութիւնը բարի մտադրութեամբ եղած էր, Էրտողան, որ չի հանդուրժեր այլախոհութիւն, կատղեցաւ՝ յայտարարելով, որ Աքինճի «չափը անցած է» եւ աւելցուց, որ ընտրական զանգուածը շուտով անոր «լաւ դաս մը»  կու տայ։ Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ֆուաթ Օքթայ նոյնպէս դատապարտեց կիպրացի թուրք ղեկավարը: Ճենկիզ ըսած է, որ «այդ ընթացքին, Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ Աքինճի մահուան սպառնալիքներ ստացած է, որոնց համար ան դատական քննութիւն պահանջած է»: 
 
Այնուհետեւ սիւնակագիր Ճենկիզ աւելցուցած է, որ «Աքինճիի խօսքերը զինք դարձուցած են քաւութեան նոխազ Թուրքիոյ մէջ եւ աննախադէպ արձագանգներու ալիք յառաջացուցած, ամէնէն դաժանը, որ երբեւէ տեսած է Հիւսիսային Կիպրոսի ոեւէ ներկայացուցիչ: Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի կոչ ըրած է  Աքինճիի՝ անյապաղ հրաժարական տալ: «Աքինճի եւ անոր համախոհները պէտք չէ մոռնան, որ Կիպրոս թրքական է եւ թրքական կը մնայ», ըսած է Պահչելի։ Ան նաեւ առաջարկած է Աքինճիի՝ տեղափոխուիլ յունական Կիպրոսի հարաւը։ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) խօսնակ Օմեր Չելիք յորդորած է Աքինճին՝ ներողութիւն խնդրել, իսկ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսած է, որ Հիւսիսային Կիպրոսի առաջնորդը «թշնամաբար կը վերաբերի Թուրքիոյ» եւ, որ իր կեանքին մէջ երբեք չէ տեսած «նման անազնիւ քաղաքական գործիչ մը»: Բարձրագոյն քաղաքական գործիչներու այսպիսի տրամադրութեան պայմաններուն մէջ, իշխանամէտ թերթերը աւելի կոշտ դարձած են։ «Խաչակիրներու Աքինճին անյապաղ պէտք է հրաժարական տայ», գրած է թերթերէն մէկը, իսկ միւսը յայտարարած, որ Աքինճի «կարծես թշնամի» ըլլար։ 
 
Ճենկիզ իր յօդուածին մէջ բացատրած է՝ «այդ Թուրքիան է, որ կը վճարէ հաշիւները Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ՝ ուղղակի կամ անուղղակի դրամական օգնութեան միջոցով: Հետեւաբար, կիպրացի թուրքերը միշտ պէտք է երախտապարտ ըլլան Անգարայի: Թուրքիան «մայրն է», իսկ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը՝ անոր «զաւակը»: Ամէն բան, որ դուրս է այս ենթակայութեան գաղափարէն, կը վտանգէ սթաթուս-քո»ն:
 
6 Փետրուար 2020ին «Կարտիըն» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Աքինճի նախզգուշացուցած է «Կիպրոսի յունական եւ թրքական համայնքներու մնայուն բաժանման մասին, եթէ արագ ձեռք չբերուի համաձայնութիւն՝ «արդար» դաշնակցային լուծումով»։ Աքինճի ըսած է, որ ինք համաձայն չէ Էրտողանի տեսլականին հետ՝ Անգարայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու առումով՝ իբրեւ «մայր եւ երեխայ․․․: Ես կ՛ուզեմ անկախ, եղբայրական յարաբերութիւններ», բացատրած է ան: Ան խոստովանած է, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի իր տնտեսութիւնը աւելի քիչ կախուածութիւն ունենայ Թուրքիայէն, որ կը վճարէ կառավարութեան հաշիւները: Ասիկա ընելու համար ինք աջակցութեան կարիք ունէր [յունական] հարաւէն, «Կարտիըն»ի ըսած է Աքինճի։
 
 «Աքինճի, որ Չորեքշաբթի երեկոյեան [5 Փետրուար, 2020] սկսաւ վերընտրական իր քարոզարշաւը, ըսած է, որ Կիպրոսի գրեթէ կէսդարեայ բաժանման միակ կենսունակ լուծումը վերամիացումն էր դաշնակցային «տանիքի տակ»․․․: «Եթէ ասիկա տեղի չունենայ», ըսած է Աքինճին «Կարտիըն»ի, «հիւսիսը հետզետէ աւելի ու աւելի կախուած կ՛ըլլայ Անգարայէն եւ ի վերջոյ կրնայ կուլ երթալ՝ իբրեւ թրքական փաստացի նահանգ»։ 
 
 «Աքինճիի տեսլականը, զոր կը կիսեն կիպրացի բազմաթիւ թուրքեր, կոչ կ՛ընէ երկհամայնքային, երկտարածքային Կիպրոսի, քաղաքական հաւասարութեամբ եւ մէկ «իրաւաբանական անձով», ան ըսած է «Կարտիըն»ի։ Այդ տեսլականը հիմնուած է Կիպրոսի կղզիաբնակները ըլլալու ընդհանուր ինքնութեան, այլ ոչ թէ թուրք կամ յոյն ըլլալու վրայ», գրած է Ճենկիզ։
 «Աքինճիի հաւանական մրցակիցը ընտրութիւններուն Էրսին Թաթարն է, Անգարայի բացայայտ կողմնակից ամբոխավար մը, որ դէմ է հարաւի հետ հաշտեցման: Թաթար՝ ներկայի վարչապետը, թեր է երկկողմանի լուծման։ Ան մեծ աջակցութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նորաբնակներու կողմէ, որոնք անհամար թիւով ժամանած են մայր ցամաքէն՝ փոխելով կղզիին կրօնական եւ մշակութային դիմագիծը», գրած է «Կարտիըն»։ 
 
 «Ես չեմ պատրաստուիր երկրորդ Թայֆուր Սոքմէն մը ըլլալ», ըսած է Աքինճի «Կարտիըն»ի՝ վկայակոչելով Հաթայի նախագահը, որ 1930ականներուն իր հանրապետութիւնը՝  նախապէս ֆրանսական հովանաւորութիւն ունեցող Սուրիոյ մէկ մասը հանրաքուէէ մը ետք միացուց Թուրքիոյ։
 
Թուրքիոյ եւ կիպրացի թուրք առաջնորդին միջեւ վէճը կը շեղէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուշադրութիւնը շարք մը այլ լուրջ պայքարներէ, զորս Թուրքիա ունի Հայաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի, Լիպիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ:
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ