Յարութ Սասունեան.Թուրքիա Կ՛անտեսէ Իր Բարձրագոյն Դատարանին Վճիռը՝ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Վերաբերեալ
03-04-2020 11:53:46 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Նորվեկիոյ Օսլօ քաղաքի «Ֆորում 18» կազմակերպութեան լուրերու ծառայութիւնը 25 Մարտ 2020ին հրապարակած է դոկտոր Մինէ Եըլտըրըմի ծաւալուն յօդուածը՝ բացատրելով Թուրքիոյ կառավարութեան միջամտութիւնը Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան, հակառակ Սահմանադրական դատարանի որոշման, ըստ որուն կառավարութեան միջամտութիւնը «չէ եղած օրէնքով նախատեսուած եւ անհրաժեշտ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ»:
Երկու պոլսահայեր՝ Լեւոն Պերճ Քուզուքօղլու եւ Օհաննէս Կարպիս Պալմումճեան, նախ հայց ներկայացուցած էին Վարչական դատարան, 27 Մարտ 2012ին: Դատարանը մերժեց դիմումը՝ յայտարարելով, որ պատրիարքի ընտրութիւնը կրնայ միայն տեղի ունենալ մահաքունի մէջ գտնուող պատրիարքի մահէն կամ պաշտօնազուրկ ըլլալէն ետք, հակառակ որ 1863ի օսմանեան ժամանակաշրջանի կանոններով՝ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ «պատրիարքի մահուան, հրաժարականի եւ այլ պարագայի»։ Դիմողները բողոքեցին այս որոշման դէմ, սակայն Վճռաբեկ դատարանը մերժեց դիմումը, 23 Նոյեմբեր 2015ին։
Այնուհետեւ, երկու հայերը դիմեցին Սահմանադրական դատարան՝ պնդելով, որ նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ իրենց դիմումի մերժումը պետութեան կողմէ՝ կրօնքի ազատութեան կապուած իրենց իրաւունքի խախտում է: Դատարանը յօգուտ հայերու վճիռ կայացուց հինգ տարի ետք, Մայիս 2019ին: Սակայն, Թուրքիոյ ղեկավարները անտեսեցին դատարանին որոշումը: «Թէեւ վճիռը կը պարփակէ կարեւոր այն բացայայտումները, որոնք կապուած են պետութեան կողմէ հայ համայնքի ներքին գործերուն չարդարացուած միջամտութեան, անիկա նաեւ հարցեր կ՛առաջացնէ, ինչպէս՝ արդեօ՞ք Սահմանադրական դատարանը արդիւնաւէտ տեղական դարման է, թէ՞ դերակատար, որ յարմար կերպով կ՛արգելափակէ դիմումները Սթրազպուրկի մէջ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ատով իսկ փակելով դուռը միջազգային վերահսկողութեան համար», գրած է դոկտ․ Եըլտըրըմ։ «Պետութիւնը խոչընդոտած էր հայ համայնքը՝ ընտրելու իր կրօնական առաջնորդը 2009 թուականէն, երբ այդ օրուան պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան այլեւս չէր կրնար կատարել իր պարտականութիւնները հիւանդութեան պատճառով, մինչեւ 2019, երբ համայնքը վերջապէս ընտրեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը՝ իբրեւ նոր պատրիարք»:
Աւելի քան զուգադիպութիւն է, որ Սահմանադրական դատարանը իր վճիռը կայացուց 22 Մայիս 2019ին՝ պետութեան կողմէ 8 Մարտ 2019ին պատրիարքական ընտրութիւնները հաստատելէ ետք, երբ վախճանեցաւ պատրիարք Մութաֆեան։ Որոշման ժամանակի ընտրութիւնը նպատակ ունէր այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ իբր պետութիւնը չէ միջամտած նոր պատրիարքի ընտրութեան, եւ դատարանը չէ յուշած կառավարութեան, թէ ինչ պէտք է ընէ։
Իր որոշման մեջ Սահմանադրական դատարանը վկայակոչած է «1863 թուականի Կանոնակարգը՝ հայկական միլլեթի (ցեղային-կրօնական համայնք) համար, միջազգային իրաւական դրոյթները, ներառեալ՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) եւ 1923 թուականի Լոզանի Խաղաղութեան պայմանագրի դրոյթները՝ Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետականներու պաշտպանութեան համար», գրած է դոկտ․ Եըլտըրըմ:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյութեան ընթացքին կառավարութիւնը կամայական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է 1950, 1961, 1990, 1998 եւ 2019 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւններուն։ «Ընտրութիւններու հրահանգները հիմնուած էին 18 Սեպտեմբեր 1961 թուականի Կառավարութեան որոշման վրայ, զոր տրուած էր միայն այդ տարուան պատրիարքական ընտրութիւններու համար եւ չէր բովանդակեր որեւէ դրոյթ՝ հետագայ ընտրութիւններու համար: Հակառակ այս իրողութեան, ներքին գործոց նախարարութիւնը շարունակած է օգտագործել այս հրամանը», գրած է դոկտ․ Եըլտըրըմ: Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սահմանադրական դատարան ներկայացուցած դիմումին մէջ կը նշուէր, որ իշխանութիւններու ձեռնարկած միջոցները բխած են «պետութեան կողմէ կրօնական դաշտը կազմակերպելու որոշակի պարտաւորութենէն»:
Սահմանադրական դատարանը մերժեց այդ փաստարկը՝ որոշելով, որ իր վճիռը հիմնուած է Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 24րդ յօդուածին վրայ, որ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը, Լոզանի պայմանագրին 38րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերէր կրօնքի գործելակերպին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանի տարբեր վճիռներուն վրայ: Աւելին, Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացուց, որ «Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի նշանակումը (2010) հայ համայնքի մրցակցային քաղաքացիական եւ հոգեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած գործընթացի արդիւնք չէ, այլ՝ «պետութեան ճնշման հետեւանք, որ հակասահմանադրական էր», նշած է դոկտ․ Եըլտըրըմ։ «Եզրակացութեան մեջ Սահմանադրական դատարանը գտած է, որ պետութիւնը չէ կրցած ցուցաբերել անյետաձգելի ընկերային անհրաժեշտութիւն, որ կ՛ոտնակոխէ «հայկական աւանդոյթներու ոգին եւ հայ համայնքի կամքը»։ Ուստի, միջամտութիւնը՝ դիմողներու կրօնքի կամ հաւատքի ազատութեան իրաւունքին՝ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու պահանջը մերժելու եղանակով, չի կրնար համարուիլ համատեղելի ժողովրդավարական հասարակութեան պահանջներուն հետ, եւ այդպիսով խախտուած էր Սահմանադրութեան 24րդ յօդուածը»:
Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք պետութիւնը շարունակեց միջամտել պատրիարքական ընտրութիւններուն: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ նոր սահմանափակումով՝ որոշելով, որ միայն թրքահայ այն եպիսկոպոսները, որոնք այդ ժամանակ կը ծառայէին Թուրքիոյ մէջ, կրնային ըլլալ պատրիարքարանի ընտրութեան թեկնածուներ՝ ատով իսկ թոյլատրելի թեկնածուներու թիւը իջեցնելով երկուքի։ «Ասիկա հարիւր տոկոսով կը հակասէ Սահմանադրական դատարանի որոշման», ըսած է սոյն գործով փաստաբան Սեպու Ասլանկիլ։ Այսուամենայնիւ, պատրիարքական ընտրութեան Հայկական նախաձեռնող խումբը որոշեց չվիճարկել ներքին գործոց նախարարութեան որոշումը, որպէսզի աւելի չյետաձգուի նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:
Դոկտ․ Եըլտըրըմ եզրափակած է․ «Այս որոշումը բարձրացուց Սահմանադրական դատարանի հեղինակութիւնը՝ իբրեւ բարձրագոյն դատարանի, որ վճիռ կը կայացնէ ՄԻԵԴի իրաւագիտութեան համապատասխան։ Սակայն, կայացման ժամանակի պատճառով, դատավճիռը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ անարդարութեան սրբագրման վրայ, որուն բախած էր հայ համայնքը։ Ան նաեւ փակեց Սթրազպուրկի մէջ ՄԻԵԴի դիմում ներկայացնելու դուռը, ատով իսկ խոչընդոտելով վճիռի կատարման միջազգային վերահսկողութիւնը»: