Յարութ Սասունեան. Թրամփ Քաջութիւն Չունի Զայն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Կոչելու
29-04-2020 13:50:33 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 24 Ապրիլ 2020ին հրապարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ժխտողական ուղերձներէն մէկը եւս՝ զայն անուանելով «Հայոց Յիշատակի Օր»: Արդէն չորրորդ տարին ըլլալով, նախագահը հանդէս կու գայ միեւնոյն խուսափողական ուղերձով՝ օգտագործելով բոլոր կարելի մեղմասացութիւննները, բացառութեամբ մէկ բառէն, որ ճշգրիտ կերպով կը բնութագրէ 1915էն 1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած զանգուածային ոճրագործութիւնը: Յոյսով եմ, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 3 Նոյեմբեր 2020ին, այս մէկը կ՛ըլլայ անոր վերջին տարին՝ իբրեւ նախագահ եւ անոր նմանօրինակ վերջին ուղերձը...
Թրամփի մօտիկ գտնուողներէն մէկը պէտք է անոր ըսէ, որ իր ամէնամեայ Ապրիլ 24եան անիմաստ յայտարարութիւններով ինք ոչ մէկ միաւոր կը շահի ամերիկահայ համայնքին կողմէ։ Ընդհակառակն, կը վիրաւորէ հայերը՝ տարուէ տարի նոյն ժխտողական ուղերձը տարածելով: Պէտք է ըսել անոր, որ եթէ չի կրնար ըսել ճշմարտութիւնը, թող ընդհանրապէս ոչինչ ըսէ։ Իրականութեան մէջ, ան կը վիրաւորէ ամերիկահայ համայնքը։ Նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն, որ աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, քան Թրամփ, 22 Ապրիլ 1981ին հրապարակած է նախագահական հռչակագիր մը՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այսպիսով, մեզի պէտք չեն Թրամփի մեղմասացական խօսքերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ․․․
Ահա այն խօսքերը, զորս Թրամփ ցեղասպանութեան փոխարէն օգտագործած է այս տարուան Ապրիլ 24ի իր ուղերձին մէջ․ «Հայոց Յիշատակի Օր», «Մեծ Եղեռնի զոհեր», «20րդ դարու վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկը», «մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան երթի դատապարտուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն», «Անոնք, որոնք տառապեցան կամ իրենց կեանքը կորսնցուցին», «ողբերգութիւն», «ցաւոտ պատմութիւն» եւ «անոնք, որոնք տառապեցան եւ զոհուեցան»: Ամէնէն մտահոգիչը Թրամփի կողմէ «Մեծ Եղեռն» եզրոյթի կիրարկումն էր, որ կը նշանակէ «Մեծ ոճրագործութիւն»՝ բայց ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար ասիկա անիմաստ է։ Տակաւին կան քաղաքականապէս միամիտ հայեր, որոնք խաբուած են այս եզրոյթով՝ մտածելով, որ Թրամփ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Եթէ այդպէս ըլլար, ան կ՛օգտագործէր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։ Միակ պատճառը, որ ան օգտագործեց Մեծ Եղեռնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն ըսելէ խուսափիլն է: Հայերը «Մեծ Եղեռն»ը օգտագործած են մինչեւ 1940ական թուականներուն Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի ստեղծումը։ «Մեծ Եղեռն»ը պարզապէս նկարագրութիւնն է այն ամբողջին, ինչ որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ 1915ին, մինչդեռ «ցեղասպանութիւն»ը միջազգային իրաւունքի եզրոյթ է, որ ունի իրաւական հետեւանքներ: Այս երկուքը ընդհանրապէս նոյնը չեն:
Թրամփ շարունակեց իր քառամեայ խուսափողական դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, հակառակ անոր, որ անցեալ տարուան աշնան ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը եւ Ծերակոյտը ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը՝ ընդդէմ Սպիտակ Տան ցանկութիւններուն։ Ցաւօք, թրքասէր Թրամփ մտադիր չէ ընդդիմանալու Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ իր սիրելի ընկերոջ եւ հակաամերիկեան բռնապետի փափաքներուն։
Արդարացիօրէն, Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ-ամերիկեան երկու կազմակերպութիւններն ալ քննադատեցին Թրամփը՝ իր Ապրիլ 24եան անցանկալի ուղերձին համար։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր՝ «Նախագահ Թրամփ կը խստացնէ Թուրքիոյ բռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Սպիտակ Տան քաղաքականութեան նկատմամբ» խորագրով յայտարարութեան մէջ խստօրէն դատապարտեց նախագահը, զայն կոչելով «այս ոճրագործութեան մասին ամերիկեան ազնիւ յիշատակման դէմ մնացած Անգարայի «բերան փակելու» քաղաքականութեան ամերիկեան վերջին կատարողը»։ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց․ «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քաղաքականութիւն է, որ ստեղծուած է Անգարայի մէջ, արտահանուած Ամերիկա եւ նախագահ Թրամփի կողմէ իրականացուած է Ուաշինկթընի մէջ։ Մէկ անգամ եւս, նախագահ Թրամփ կրկնօրինակեց եւ տեղադրեց Ապրիլի 24ի բացայայտ մեղմասացական, խիստ վիրաւորական Ապրիլ 24եան խուսափողական արտայայտութիւնները, որոնք հնչած են Պարաք Օպամայի եւ անոր նախորդներու կողմէ, ըստ էութեան, մեկուսացնելով իր վարչակազմը որպէս վերջին ամերիկեան մեծ համագործակիցը՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութեան խոչընդոտման գործին մէջ…: Նախագահ Թրամփ, խոստանալով՝ «Առաջինը Ամերիկան» նախագահութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հետապնդեց «Առաջինը Թուրքիան» քաղաքականութիւնը»:
Ամերիկայի Հայկական Համագումարը նոյնպէս քննադատեց Թրամփը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը․ «Նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ապրիլ 24եան ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով, կը խթանէ ժխտումը եւ չ՛արտացոլեր ցեղասպանութեան հաստատման՝ Ամերիկայի կողմէ հպարտ արձանագրումը․․․: Վարչակազմի հեռացումը աւելի քան մէկ դար առաջ հաստատուած Մարդկային Իրաւունքներէ, կը նուազեցնէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վարկանիշը համաշխարհային հանրութեան շրջանին մէջ։ Վարչակազմին կը մնայ միանշանակ հաստատել Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Միւս կողմէ, Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն Ապրիլ 24ին յայտարարեց՝ «Փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առթիւ» խորագրով։ Թեկնածու Պայտըն իր յայտարարութեան մէջ ամէն ինչ ճիշդ ըսած է, բացառութեամբ երկու հիմնական կէտի.
1) Ան եւս օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» եզրը՝ հետեւելով նախագահ Պարաք Օպամայի քայլերուն։ Բարեբախտաբար, ան գործածեց նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, զոր նախագահ Թրամփ չէ ըսած։
2) Զարմանալի է, որ իր ծաւալուն յայտարարութեան մէջ Պայտըն ոչ մէկ անգամ կը նշէ անունը այն երկրին, որ իրագործած է Ցեղասպանութիւնը։ Ան ոչ Օսմանեան կայսրութիւնը, ոչ ալ Թուրքիան կը նշէ։ Ասիկա շատ լուրջ խնդիր է, որ շատ աւելին է, քան զուտ անփութութիւնը։ Ասիկա պէտք է, որ դիտաւորեալ խուսափում ըլլայ քաղաքական նպատակներով, ինչ որ մտավախութիւն կը յառաջացնէ, որ եթէ Պայտըն ներկայիս իբրեւ թեկնածու այդքան զգայուն է Թուրքիոյ նկատմամբ, ապա որքա՞ն աւելի զգայուն պիտի ըլլայ նախագահ ընտրուելու պարագային։
Ի հարկէ, բազմաթիւ ամերիկահայեր չեն մոռնար, որ Պայտըն, Օպամայի օրով իբրեւ փոխ նախագահ, չէ փորձած համոզել նախագահը՝ պահելու իր բազմաթիւ խոստումները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եթէ անշուշտ այդ մէկը չէ ըրած փակ դռներու ետին։ Ի պաշտպանութիւն անոր՝ փոխ նախագահները չեն, որ կ՛որոշեն քաղաքականութիւնը, այլ՝ նախագահները։ Ես համաձայն եմ բոլոր անոնց հետ, որոնք չեն վստահիր նախագահական քարոզարշաւներու ընթացքին տրուած խոստումներուն, զորս կը մոռցուին նախագահութիւնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք, քանի որ ամերիկահայ համայնքը բազում անգամ խաբուած է երկու կուսակցութիւններու նախագահներու թեկնածուներու կողմէ նախորդ նախագահական արշաւներու ընթացքին: Թրամփի պարագային, ան գոնէ որեւէ քարոզչական խոստում չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սակայն ան եւս չճանչցաւ զայն։
Եզրափակելով, նախագահ Թրամփ եւ անոր նախորդները նախագահ Ռէյկընէն ի վեր, համոզիչ պատճառ չունին մտահոգուելու Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ԱՄՆի նկատմամբ բացասական արձագանգի առիթով: Ինչպէս տեսանք անցեալ տարուան աշնան, երբ Ներկայացուցիչներու Պալատը եւ Ծերակոյտը բանաձեւեր ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, գրեթէ ոչ մէկ արձագանգ եղաւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, բացառութեամբ իր դժգոհութեան կարճ ու մեղմ արտայայտութեան, որ շուտով մոռցուեցաւ: Հետեւաբար, Թուրքիոյ կողմէ կոշտ արձագանգի մոլուցքային վախը զուտ երեւակայութեան արդիւնք է եւ ոչ թէ լուրջ խնդիր․․․
Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ ես կը քննադատեմ Թրամփը կուսակցական, քաղաքական պատճառներով, կ՛ուզէի յիշեցնել բոլորին, որ գրած եմ բազմաթիւ յօդուածներ, ուր խստօրէն քննադատած եմ նախագահ Պիլ Քլինթընը եւ նախագահ Պարաք Օպաման՝ երկուքն ալ դեմոկրատներ։
Ապրիլի 24ի առցանց քայլարշաւի թարմացում
Իբրեւ շարունակութիւն անցեալ շաբթուան գրառումիս, ուր բոլորին կոչ ըրած էի միանալ April24.HyeID.org կայքէջի առցանց քայլարշաւին, ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ աւելի քան 340 հազար հայեր եւ ուրիշներ ամբողջ աշխարհէն միացած են կայքէջին՝ արդարութիւն պահանջելով Թուրքիոյ կողմէ 1915ին իրականացուած 1․5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան համար։ Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպած HyeID հասարակական կազմակերպութիւնը շուտով կը յայտարարէ ցանց ստեղծելու իր նախաձեռնութեան մասին, որ հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ ամբողջ Սփիւռքէն ընտրելու տեղւոյն հայ ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի կազմեն Սփիւռքի Հայոց Խորհրդարանը: