Յարութ Սասունեան. Ազգային Ապահովութեան Հարցերով Խորհրդական Ճոն Պոլթըն Կը Բացայայտէ Թրամփի Անպարկեշտ Գործարքները Էրտողանի Հետ


Յարութ Սասունեան. Ազգային Ապահովութեան Հարցերով Խորհրդական Ճոն Պոլթըն Կը Բացայայտէ Թրամփի Անպարկեշտ Գործարքները Էրտողանի Հետ

  • 01-07-2020 15:18:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նախագահ Թրամփի Ազգային ապահովութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն հրաշալի գիրք մը հրատարակած է՝ Սպիտակ Տան մէջ Ապրիլ 2018էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2019ի ընթացքին իր կատարած աշխատանքին մասին: «Սենեակը, ուր այդ տեղի ունեցած է․ յուշեր Սպիտակ Տունէն» խորագիրը կրող անոր բացայայտող գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ Թրամփ անյարմար եւ անկարող է իր պաշտօնին համար։ Պոլթըն բազմիցս շեշտած է, որ Թրամփ ամէն ինչ ըրած է՝ կա՛մ ապահովելու համար իր վերընտրութիւնը, կա՛մ սեփական շահը՝ հակառակ երկրի շահերուն:
 
Այսօր մենք կը կեդրոնանանք բացառապէս Թրամփի անպարկեշտ յարաբերութեան վրայ, որ ան ունեցած է Թուրքիոյ բռնապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, զոր Թրամփ կ՛անուանէ «Սուլթան»։ Պոլթընի 570 էջնոց գիրքին մէջ Թուրքիա կը յիշատակուի 135 անգամ, իսկ Էրտողան՝ 95։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Սպիտակ Տունը ինչպիսի կարեւորութեան կ՛արժանացնէ Թուրքիան եւ Էրտողանը՝ Թրամփի «մտերիմ ընկերը»։ Զարմանալի է, որ գիրքին մէջ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Ատրպէյճանը կը յիշատակուին, թէեւ Պոլթըն իր պաշտօնավարման ընթացքին այցելած է երկու երկիրներն ալ: 
 
Պոլթըն իր «Սենեակը, ուր ատիկա տեղի ունեցած է» գիրքին մէջ, Թրամփի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Էրտողանի ձայնը կը համեմատէ «Հռոմի իր պատշգամէն խօսող Մուսոլինիի հետ»՝ Թուրքիոյ ղեկավարը ներկայացնելով իբրեւ «արմատական իսլամիստ»:
 
Սպիտակ Տուն իր կատարած բազմաթիւ այցերու եւ Թրամփի հետ հեռաձայնային 20 զրոյցներու ընթացքին Էրտողան Թրամփի առջեւ բազմիցս բարձրացուցած է հետեւեալ երեք առաջնահերթ պահանջները․
 
1) Թուրք գործարար Ռեզա Զարապի ազատումը Միացեալ Նահանգներու բանտէն՝ դիմելով Թրամփին, որ վերջինս ջնջէ անոր դէմ մեղադրանքները։ Զարապ, Էրտողանի օրհնութեամբ, Թուրքիոյ կառավարութեան պատկանող «Հալքպանք»ի միջոցով 20 միլիառ տոլար լուացած է Իրանի մէջ՝ շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները Իրանի դէմ։
2) Թուրք կրօնական Ֆեթուլլահ Կիւլենի՝ Միացեալ Նահանգներէն արտայանձնումը Թուրքիոյ. Էրտողանի հետ սերտ գործակցութենէն ետք, Կիւլեն բաժնուեցաւ անկէ եւ դարձաւ Թուրքիոյ նախագահի թիւ մէկ թշնամին։ Էրտողան սուտ կերպով մեղադրած է Կիւլենը՝ 2016ին տեղի ունեցած թրքական յեղաշրջման փորձը ղեկավարելու յանցանքով:
 
3) Թրամփի համաձայնութիւնը՝ Հիւսիսային Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու համար՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ ներխուժէ այդ տարածքը եւ ջնջէ քրտական բնակչութեան ներկայութիւնը սուրիական սահմանին վրայ:
 
Պոլթըն իր գիրքին մէջ պատմած է, որ 1 Դեկտեմբեր 2018ին, Արժանթինի մէջ G20ի վեհաժողովի գումարման ընթացքին Էրտողան Թրամփի յանձնած է յուշագիր մը՝ խնդրելով Զարապը ազատել ամերիկեան բանտէն: Ըստ Պոլթընի գիրքին՝ Թրամփ Էրտողանի ըսած է, որ «ինք կը զբաղի այդ հարցով՝ բացատրելով, որ (Նիւ Եորքի) Հարաւային շրջանի դատախազները իր մարդիկը չեն, այլ՝ Օպամայի, խնդիրը կը դասաւորուի, երբ անոնք փոխարինուին իր մարդոցմով»։
Երբ Պոլթընը ուղարկած են Թուրքիա՝ Էրտողանը նախազգուշացնելու, որ պէտք չէ ներխուժէ Հիւսիսային Սուրիա, Պոլթըն վերջին վայրկեանին հեռաձայն ստացած է Թրամփէն. վերջինս խնդրած է Պոլթընէն՝ զերծ մնալ Թուրքիոյ նախագահին ըսելէ, որ Միացեալ Նահանգներ զօրքերը չի հաներ Հիւսիսային Սուրիայէն, հակառակ անոր, որ Սպիտակ Տան բարձրաստիճան անձնակազմին մեծ մասը համաձայն չէր նախագահի որոշման:
 
Թրամփ նաեւ խախտած է Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն ու Քոնկրեսի պահանջները՝ հրաժարելով կիրարկելէ պատժամիջոցներ՝ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ հանդէպ, ռուսական հակաօդային С-400 հրթիռներ գնելուն համար։
Անցեալ շաբաթ Տէյվիտ Իկնաթիուս յօդուած մը հրապարակեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ՝ «Թրամփի անպարկեշտ գործարքները Թուրքիոյ հետ Պոլթընի գիրքին ամէնէն ցնցող պատմութիւններէն են» վերնագրով։ Պոլթըն կը յիշեցնէ, որ Ապրիլ 2019ին ան ըսած է գլխաւոր դատախազ Ուիլեըմ Փ. Պարին, որ Թրամփի բազմիցս գործադրուած ջանքերը Էրտողանին օգնելու համար, ցոյց կու տան անոր «հակումները, ըստ էութեան, անձնական ծառայութիւն մատուցել իր հաւնած բռնապետերուն»։ Իկնաթիուս Թրամփի անպարկեշտ գործարքները Էրտողանի հետ բնութագրած է՝ իբրեւ «Թրամփի կողմէ չարաշահումներու ամէնէն յստակ, առաւել շարունակական դեռեւս բացայայտուած պատմութիւնը»։ 
Իկնաթիուս Թրամփ-Էրտողան բարեկամութիւնը կապած է Թրամփի գործարար շահերուն։ Երբ ան Ապրիլ 2012ին բացումը կը կատարէր Սթամպուլ գտնուող Թրամփի աշտարակները, անոր դուստրը՝ Իվանքա Թրամփ, թուիթըրի վրայ գրառում կատարեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան վարչապետ Էրտողանի՝ մասնակցութեան համար: Անոնց հետ էր Մեհմեթ Ալի Եալցինտաք անունով թուրք գործարար մը, որուն՝ բացման արարողութեան ընթացքին, Տանըլտ Թրամփ ներկայացուց իբրեւ Իվանքայի «հիանալի ընկեր»։ Հոն էր նաեւ Քուշները՝ Իվանքայի ամուսինը»։
 
Թրամփ շրջապատուած եղած է թրքամէտ աշխատակիցներու խումբով, ինչպէս օրինակ անոր Ազգային ապահովութեան հարցերով առաջին խորհրդական Մայքըլ Ֆլին, որ ստիպուած էր արձանագրուիլ իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ այն բանէն ետք, երբ պարզուեցաւ, որ Ֆլինի խորհրդատուական ընկերութեան 500 հազար տոլար վճարած է թուրք գործարար մը, որ գլխաւորած է պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող առեւտրական ընկերակցութիւնը։ Ֆլինի պարտականութիւնն էր՝ Կիւլենը արտայանձնել Թուրքիոյ:
 
Մէկ այլ թրքամէտ խորհրդական էր Թրամփի անձնական փաստաբան Ռուտոլֆ Ու․ Ճուլիանին, որ 24 Փետրուար 2017ին կապ հաստատած է այդ օրերու Միացեալ Նահանգներու դատախազ Փրիթ Պհարարայի հետ՝ յայտարարելով, որ կը մեկնի Անգարա՝ իբրեւ Զարապի ներկայացուցիչ: Ճուլիանի ճնշում կը գործադրէ արդարադատութեան նախարարութեան վրայ՝ «Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ որոշակի համաձայնութեան» համար՝ Զարապի ազատ արձակելու նպատակով՝ ըստ դաշնակցային դատարան ներկայացուցած Ճուլիանիի դիմումին։ Թրամփ Պհարարան աշխատանքէն ազատ արձակեց Մարտ 2017ին, սակայն Զարապի դէմ դատական գործը շարունակեց Միացեալ Նահանգներու նոր դատախազ Ճեֆրի Պըրման, որուն եւս, անցեալ շաբաթ, Թրամփ ազատ արձակեց աշխատանքէն։
 
Զարմանալի չէ, որ Էրտողան զայրացած է Պոլթընի բացայայտումներէն: Թուրքիոյ նախագահութեան հաղորդակցութիւններուն գծով տնօրէն Ֆահրեթթին Ալթուն Թուիթըրի մէջ գրած է․ «Միացեալ Նահանգներու նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի հեղինակած գիրքին վերջին հրապարակումը կը ներառէ ամերիկացի ղեկավար Տանըլտ Թրամփի հետ մեր ղեկավար նախագահ Էրտողանի խօսակցութիւններու ապակողմնորոշիչ, միակողմանի եւ աղաւաղուած ներկայացումները»։
 
Ցաւօք, Պոլթըն հրաժարեցաւ ցուցմունք տալէ Քոնկրեսի մէջ, Թրամփի պաշտօնազրկման լսումներու ժամանակ, թէեւ ատիկա ոչինչ կը փոխէր։ Գրեթէ բոլոր հանրապետական ծերակուտականները կուրօրէն կը հետեւին Թրամփի առաջնորդութեան, որքան ալ ան սխալ ըլլայ: Ինչպէս որ Թրամփ քարոզարշաւի ընթացքին ամբարտաւանօրէն յայտարարեց․ «Ես կրնամ կանգնիլ 5րդ պողոտային մէջտեղը եւ կրակել ոեւէ մարդու վրայ եւ ոչ մէկ ընտրող կորսնցնել»:
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
  -   Յօդուածներ