Թուրք Մտաւորականները Հեռատեսիլային Ծրագրով Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յարութ Սասունեան


Թուրք Մտաւորականները Հեռատեսիլային Ծրագրով Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յարութ Սասունեան

  • 21-07-2020 10:31:44   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Վերջերս տեսանիւթ մը գտայ, ուր երկու թուրք մտաւորականներ հանդէս կու գան Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին: Քննարկումը տեղի ունեցած է 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով: Տեսանիւթին մէջ Էրտողան Այտինի եւ Այտին Չուպուքճուի զրոյցը թրքերէն է՝ անգլերէն ենթագրերով։ Մէկ ժամ 37 վայրկեան տեւողութեամբ ծրագրի անուանումն է՝ «Բաբելոնեան աշտարակ»: Ծրագրին վերնագիրն է՝ «Դէմ յանդիման գալով Ցեղասպանութեան հետ»։
 
Անանուն թուրք հաղորդավարը ծրագիրը սկսաւ հետեւեալ հարցումներով. «Իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915ին․ ի՞նչ բանի մէջէն անցած են մարդիկ․ եղածը ցեղասպանութի՞ւն էր․ ատիկա տեղահանութի՞ւն էր»:
 
Ահաւասիկ հատուածներ այդ քննարկումէն. 
 
Էրտողան Այտին. «Յիշենք, որ 1915ի տեղահանութիւնը, երբ կը կեդրոնանաս մանրամասնութիւններու վրայ, կը նշանակէ նոյնը, ինչ որ 1948ի ցեղասպանութիւնն էր…: Եթէ բռնագաղթը չ՛իրականացուիր համաձայնութեամբ այն մարդոց, որոնք աքսորուած են իրենց իսկ ապահովութեան համար, ի դէպ, արտաքսումները չեն իրականացուիր այդ (պատճառով)։  Ատիկա կ՛ըլլայ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը ընդլայնելու, հասարակութիւնը պատժելու, ուրիշները հոն տեղաւորելու համար, եթէ հողը արգասաբեր է։ Ուստի, եթէ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ ժողովուրդի կամքին հակառակ, եթէ կը վռնտեն բոլորը, ներառեալ՝ կիները, մանուկներն ու ծերերը, ապա այդ եղածը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք է»։
 
Հաղորդավար. «Տաւութօղլուն (Թուրքիոյ նախկին վարչապետ) այդպէս կ՛ըսէ: Ան կ՛ըսէ, ան ամենուրեք կը կրկնէ, որ տեղահանութիւնը գործուած յանցանք է մարդկութեան դէմ: Ան այդպէս կ՛ընդունի եղածը»:
 
Այտին Չուպուքճու. «… Բայց երբ կ՛ուսումնասիրենք 1948ի ցեղասպանութեան մասին դաշնագիրի յօդուածները, մենք կը տեսնենք, որ իրականութեան մէջ անոնք կը սահմանեն այս կիրարկումը…»:
 
Էրտողան Այտին. «Այն փաստաթուղթերը, զորս կ՛ուսումնասիրեն պատմաբանները, այնքան ալ կարեւոր չեն: Կարեւորը այդ փաստաթուղթերու մեկնաբանման ձեւն է, թէ վերջնական զեկոյցը ինչպէ՞ս պիտի շարադրուի եւ թէ ի՞նչ  քաղաքականութեան պիտի ծառայէ: Պատմաբանը տարրալուծարանի բժիշկի պէս չէ։ Պատմութիւնը յստակ կամ փակ չէ մեկնաբանութեան համար: Զայն կարելի չէ բացատրել սեղմ պատճառահետեւանքային կապերով։ Բոլոր անոնք, որոնք ուսումնասիրած են փաստաթուղթերը եւ պահանջներ ներկայացուցած են մինչեւ այսօր, արդէն պատմաբան են: Ի վերջոյ, անոնք, որոնք հարցը պիտի լուծեն լոյսին տակ այն փաստերուն, զորս կը ներկայացնեն պատմաբանները, քաղաքական գործիչներն են: Անշուշտ, ասիկա քաղաքական է: Երբ խօսքը կը վերաբերի քաղաքականութեան, պատմաբաններուն ըսածը այդքան ալ կարեւոր չէ: Փաստաթուղթերը, վիճակագրութիւնը, լքուած ունեցուածքի վերաբերեալ պետական կիրարկման վերաբերող օրէնքները արդէն ցոյց կու տան, որ հայ ժողովուրդը հասած է զերօ կէտի, քանի որ այս երկրին մէջ հայերը մեծաթիւ ներկայութիւն էին: Ո՞ւր գացին այս մարդիկը: Ո՞ւր գնաց այդ տոհմը: Հարցումը այսքան պարզ է: Եթէ անոնք չեն կոտորուած, ապա ի՞նչ պատահած է անոնց: Չեն շոգիացած, չէ՞: Ինչպէս ցոյց կու տան հանրայայտ փաստերը, պատերազմը եւ ռուսական ներխուժումը Վանի, Պիթլիսի շրջաններ եւ այլն, մինչեւ Երզնկա, պատրուակ էր այդ հողերէն հայերը արտաքսելու համար: Ինչպէ՞ս․ տեղահանելո՛վ։ Այո՛, գիւղերը դատարկուեցան։ Մարդիկ, ներառեալ մանուկները, ոտքով, մերկ ու սոված, ստիպուած էին քալել դէպի Սուրիա: Անոնք տեղահանուեցան Էրզրումէն, Կարսէն, Երզնկայէն եւ Վանէն՝ դէպի Սուրիա, այդ օրերու երթեւեկութեան պայմաններու համաձայն։ Անոնք չէին կրնար հասնիլ (Սուրիա), քանի որ, համաձայն ծրագրի, անզէն, դժբախտ, մերկ, սոված քաղաքացիները, կիներ իրենց մանուկներով, ինչպէս կը տեսնենք մեր ետեւը գտնուող լուսանկարներուն մէջ, այդ ճամբաներուն վրայ նաեւ յարձակման կ՛ենթարկուէին աւազակախումբերու կողմէ: Ճամբան զանոնք կը թալանէին, գերի կը վերցնէին, կը կոտորէին։ Ի վերջոյ, Թուրքիայէն արտաքսուած հայերու միայն մէկ չորրորդը հասաւ Սուրիա: Երեք քառորդը մահացաւ ճամբան: Օսմանեան փաստաթուղթերը նոյնպէս կ՛ընդունին այդ մահուան դէպքերը իբրեւ համաճարակներու կամ յարձակման հետեւանք, բայց կ՛ըսեն, որ ատիկա ոչ մէկ առնչութիւն ունէր անոնց հետ: Պատմական փաստաթուղթերը յստակ են: Վճռական կէտը այն է, թէ պետութիւնը քաղաքականօրէն ինչպէ՞ս պիտի վարուի եւ թէ ի՞նչ պիտի բխի ատկէ: Պատմաբանները արդէն ըրած են այն, ինչ որ պէտք է ընէին: Մէկէ մը հեռագիր ղրկուած է ուրիշին՝ ասոր նման հազարաւոր փաստաթուղթեր։ Հազարաւոր փաստաթուղթեր կը բացայայտուին: Ոչ մէկ գաղտնի փաստաթուղթ մնացած է: Եթէ կայ որեւէ գաղտնի փաստաթուղթ, ապա ատիկա Օսմանեան կայսրութենէն Թուրքիա փոխանցուած փաստաթուղթերու մէկ մասն է: Անշուշտ, պահուած են այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛ապացուցեն Ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով, որ «տեղահանելու ատեն ճամբաներու վրայ կոտորեցէք զանոնք»: Մենք երբեք չենք կրնար տեսնել այդ փաստաթուղթերը: Ինչպէս երէկ ըսաւ (թուրք լրագրող) Վէյսի Սանսոզէն, մենք սպանութեան ապացոյցներ կը պահանջենք մարդասպանէն: Կու տա՞յ ան։ Ոչ, ան չի տար։ Այդ երբեք յայտնի չ՛ըլլար։ Փաստաթուղթերը, զորս ունին հայերը, հիմնուած են հոգեւորականներու, օտարերկրեայ դիւանագէտներու եւ լրագրողներու պատրաստած վկայութիւններու եւ զեկոյցներու վրայ: Անոնց մեծ մասը ակնյայտօրէն կ՛արտացոլացնէ ամբողջ ողբերգութիւնը: Կան այդ օրերու նկարներ եւ ֆիլմեր՝ հակառակ շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններուն: Հայ ժողովուրդի ոչնչացումը անկասկած է: Հայերը ոչնչացուած են։ Այս է գլխաւորը»։
 
Այտին Չուպուքճու. «Թոյլ տուէք աւելցնել: Այդ ըրին ոչ թէ պատմաբանները, այլ քաղաքական գործիչները: Մաքրելը եւս անոնց գործն է։ Երկրորդ, ինչպէս նշեց իմ եղբայր Այտինը, նմանատիպ աշխատանքներ կատարողները սովորաբար կը ջնջեն փաստաթուղթերը, կ՛օգտագործեն այնպիսի արտայայտութիւններ, զորս հնարաւոր չէ վերծանել: Ուստի, երբ յանցագործը կը կեղեքէ, ան կը փորձէ քողարկել զայն: Իրականութեան մէջ, ամէնէն կարեւոր փաստաթուղթը ժողովուրդին իրական եւ ֆիզիքական ոչնչացումն է իր պատմական հողերէն»:
Էրտողան Այտին. «100 տարի անցած է այդ իրադարձութենէն, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը պէտք է շրջադարձային ըլլայ: Ահա թէ ինչպէս համաշխարհային հանրային կարծիքը կը նայի ատոր։ Ինչո՞ւ այս հարցը 100 տարիէ ի վեր չի լուծուիր։ Ասիկա խնդիր է։ Միւս կողմէ, հաշուի առնելով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անոր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, կրնանք խօսիլ Թուրքիան անկիւն բերելու մասին։ Անկասկած, այս հարցը այժմ քաղաքական քարտ է: Անիկա ունի նաեւ այդ կողմը: Բայց ասիկա չի փոխեր այն փաստը, որ հայերը բնաջնջուած են: Երբ մէկը կ՛ըսէ, որ ֆրանսացիները, գերմանացիները, Հռոմի Պապը կ՛ուզեն ասիկա (ճանչցուի), մեր ներքին հասարակական կարծիքը այս մէկը կ՛ընկալէ այնպէս, կարծես թէ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները, բոլոր «կեաւուրները» (անհաւատները) միացած եւ յարձակած են մեր վրայ: Ակնյայտ է, որ քանի տակաւին այս ոճրագործութիւնը կը դպչի անոնց, բոլոր թրքական կառավարութիւնները եւ պետութիւնը խնդիրներ կ՛ունենան: Այդ մասը կը հետաքրքրէ պետութեան, բայց այդ նոյն բանը ամօթ է նաեւ մեզի համար եւ ամօթ է թուրք ժողովուրդին համար: Մենք կ՛ուզենք ազատիլ ասկէ: Ամէն ոք, որ կ՛ուզէ այս: Բայց մենք ասիկա կ՛ուզենք: Մենք բոլորս այսօր մեղաւոր եւ  պատասխանատու ենք հայ ժողովուրդի անողոք սպանութեան համար: Մենք ասիկա պէտք է զգանք: Ուստի մենք կ՛ուզենք ազատիլ ասկէ: Անկասկած, կայ ուրիշ կողմն ալ: Ցեղասպանութեան հետ երես-երեսի գալը ժողովրդավարութեան համար մեր պայքարի կարեւոր մասն է։ Եթէ մենք կը պաշտպանենք ժողովուրդներու եղբայրութեան գաղափարը եւ խաղաղ համակեցութիւնը, ապա մենք նոյնպէս պէտք է մեր պարտականութիւնները կատարենք յետադարձ հայեացքով: Բացի այդ, Հայկական Հարցը թեմա մըն է, որ շարունակաբար կը սնուցէ ֆաշիզմ եւ մոլեռանդութիւն: Հայերու նկատմամբ թշնամութիւնը ֆաշիստական քարոզչութեան էական մասն է: Հետեւաբար, ժողովրդավարութեան համար պայքարի մէջ այս հարցը պէտք է լուծուի. Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնալ՝ ֆաշիզմի, մոլեռանդութեան եւ շովինիզմի զէնքերը կոտրելու եւ թաղելու համար»։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
(Երկրորդ մասը՝ յաջորդ շաբաթ)
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 
  -   Յօդուածներ