Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանի Նկատմամբ Քաղաքական Յաղթանակը Նոյնքան Կարեւոր Է, Որքան Ռազմական Յաղթանակը


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանի Նկատմամբ Քաղաքական Յաղթանակը Նոյնքան Կարեւոր Է, Որքան Ռազմական Յաղթանակը

  • 11-08-2020 09:50:45   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդարացիօրէն կեդրոնացած է անցեալ ամսուան եռօրեայ յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայոց բանակի յաջողութիւններուն վրայ, քաղաքական յաղթանակը նոյնքան կարեւոր է:
 
Եթէ կը յաղթես պատերազմը, բայց կը կորսնցնես խաղաղութիւնը, ուրեմն շատ բանի չես հասած: Լաւագոյն լուծումը պատերազմը յաղթելն է, այնուհետեւ երկարաժամկէտ օգուտ քաղելը այդ ռազմական յաջողութենէն: 
 
Բարեբախտաբար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ լաւագոյն հնարաւորութիւնը տուած է  հայերուն՝ օգուտ քաղելու երկու երկիրներու միջեւ սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած ընդհարումէն:
 
Վերջերս Ալիեւ պաշտօնանկ ըրաւ երկար տարիներու իր արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը՝ Հայաստանի հետ «անիմաստ» բանակցութիւններ վարելուն համար: Ասիկա ամէնէն լաւ բանն է, որ Ալիեւ կրնար ըսել հայկական տեսանկիւնէն։ Եթէ Ալիեւ դժգոհ է բանակցութիւններէն, ապա հայերը կ՛ողջունեն անոր յայտարարութիւնը:
 
Պէտք է յիշել, որ Մինսքի խումբի միջնորդներու ղեկավարութեան ներքոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները բացառապէս յօգուտ Ատրպէյճանի են, որ կ՛ակնկալէ Հայաստանէն զիջումներ կորզել Արցախի հակամարտութենէն: Հայերը պէտք չէ որեւէ բան շահելու ակնկալիք ունենան այդ բանակցութիւններէն։ Անոնք արդէն հասած են իրենց ուզածին՝ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ՝ յաջողութեամբ ազատագրելով Արցախի գրաւեալ տարածքները: Անիրատեսական է ակնկալել, որ օր մը Ատրպէյճան կը ճանչնայ Արցախը իբրեւ անկախ տարածք կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս։ Հետեւաբար, այս բանակցութիւնները անօգուտ են հայկական կողմի համար: Ատոնք տեղի կ՛ունենան միայն միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ տպաւորութիւն ստեղծելու համար, որ հայերը դէմ չեն բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Այս բանակցութիւնները կ՛ընթանան քարոզչական նպատակներով, այլ ոչ թէ յստակ արդիւնքի հասնելու համար: 
 
Այսուամենայնիւ, Հայաստան կը շարունակէ վարել այդ բանակցութիւնները, մինչդեռ Ատրպէյճան յամառօրէն կ՛օգտագործէ դիպուկահարներ կամ պարբերական գրոհներ  Արցախի եւ Հայաստանի դէմ՝ հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակչութիւնը սպաննելու կամ վիրաւորելու, կամ ալ հայերու ունեցուածքին վնաս հասցնելու նպատակով։
 
Ես նախապէս փորձած եմ Հայաստանի ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այս խնդրին վրայ։ Քանի մը տարի առաջ այդ հարցը քննարկեցի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ՝ բացատրելով, որ Հայաստան պէտք է ժամանակաւորապէս դադրեցնէր բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, քանի դեռ ատրպէյճանական կողմը կը կրակէր հայ զինուորներու վրայ: Հայաստան պէտք է յայտարարէ աշխարհին, որ կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններուն, սակայն Ատրպէյճան կը շարունակէ կրակել սահմանի երկայնքով: Կարելի չէ նստիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, երբ միւս կողմը կը կրակէ վրադ։ Կամ կը բանակցին, կամ՝ կը կռուին։ Կարելի չէ երկուքը միաժամանակ ընել։ Պաշտպանութեան նախարարը ինծի ըսաւ, որ ասիկա քաղաքական որոշում է, որ պէտք է ընդունուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Օհանեան ըսաւ, որ ինք զբաղած է միայն ռազմական գործերով:
 
Այնուհետեւ ես հանդիպեցայ նախագահ Սարգսեանի հետ եւ անոր տուի նոյն բացատրութիւնը, ինչ որ պաշտպանութեան նախարարին տուած էի: Շեշտեցի, որ կոչ չեմ ըներ ջնջելու համար բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, ինչ որ սխալ տպաւորութիւն պիտի ձգէր միջազգային հանրութեան վրայ: Ես կը յորդորէի նախագահը յայտարարելու, որ թէեւ Հայաստան կողմ է խաղաղ բանակցութիւններուն, Ատրպէյճանը, սակայն, կը շարունակէ իր ռազմական գործողութիւնները։ Աշխարհը կը հասկնար, որ նման պայմաններու մէջ բանակցութիւնները չեն կրնար իրականանալ: Կարելի է կա՛մ բանակցիլ, կա՛մ կռուիլ, բայց ոչ երկուքը միասին: Հետեւաբար, Հայաստանի նախագահը պէտք է յայտարարէր, որ եթէ Ատրպէյճան այսուհետեւ կրակէ հայկական կողմի ուղղութեամբ, ապա Հայաստան երեք ամիսով  պիտի դադրեցնէ բանակցութիւնները: Եթէ ատրպէյճանական կրակոցները շարունակուին, ապա Հայաստան պիտի երկարաձգէ բանակցութիւններու դադրեցումը: Առանց որեւէ բանակցութեան Ատրպէյճան պարտուողը կ՛ըլլայ, քանի որ Ատրպէյճանի համար Հայաստանէն որոշ զիջումներ կորզելու միակ հնարաւորութիւնը բանակցութիւններն են: Ի վերջոյ, երբ բանակցութիւնները երկար ժամանակով սառեցուին, Մինսքի խումբը ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ան համաձայնի լիակատար հրադադարի, եթէ կը փափաքի շարունակել բանակցութիւնները:
Ցաւօք, ես չկրցայ համոզել նախագահ Սարգսեանը համաձայնելու այս խաղաղ մօտեցման։ Իբրեւ հետեւանք, ատրպէյճանցներու կրակոցները շարունակուեցան բանակցութիւններու ընթացքին՝ մինչ տասնեակ հայ եւ ատրպէյճանցի երիտասարդ զինուորներ զոհուեցան։  
Այսուհանդերձ, ես մեր հանդիպումէն որոշ ժամանակ անց ուրախութեամբ կարդացի, որ նախագահ Սարգսեան 24 Հոկտեմբեր 2017ին, Հայաստանի պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին մէջ իր դասախօսութեան ընթացքին, ըստ «Մեդիամաքս» լրատուական գործակալութեան, յայտարարած էր, որ՝ «Կա՛մ կը բանակցինք, կամ ալ՝ կը կրակենք: Երկուքին ալ  մենք պատրաստ ենք»։ Ան նաեւ յայտարարած էր, որ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան փոխադարձ վստահութեան պայմաններու մէջ, որ կը կառուցուի հրադադարի ռեժիմին հաւատարիմ մնալով, մինչդեռ սադրանքները պարզապէս անկարելի կը դարձնեն գործընթացը։ 
 
Ցաւօք, նախագահ Սարգսեան միայն մասնակիօրէն յայտարարած է իմ առաջարկածը։ Ան չէր յիշած իմ արտայայտած նախազգուշացումը՝ Ատրպէյճանին, այն մասին, որ բանակցութիւնները յաջորդ անգամ կը դադրեցուին, եթէ ատրպէյճանցիները կրակեն սահմանին վրայ:
Այսուամենայնիւ, ես կը կարծեմ, որ ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի Հայաստանի նոր ղեկավարները նկատի ունենան իմ առաջարկս, մանաւանդ որ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, որ չի հաւատար «անիմաստ» բանակցութիւններուն: Ես դժգոհ էի, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան վերջերս յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է վերսկսելու բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, կարծես թէ Յուլիսի սկիզբի յարձակումները տեղի չեն ունեցած: Միայն այն պարագային Ատրպէյճան զերծ կը մնայ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր գրոհներ կազմակերպելէ, եթէ շատ սուղ գին վճարէ, թէ՛ ռազմական, թէ՛ դիւանագիտական առումով։ Ինչպէս միշտ, անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները՝ անտեսելով գրոհները: Ատիկա պարզապէս կը խրախուսէ Ատրպէյճանին՝ շարունակելու կրակոցներն ու հրետակոծութիւնները:
 
Այս ընթացքին, հայերը թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց ներքին տարաձայնութիւնները եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն Հայոց բանակի հզօրացման համար: Այժմ ներքին տարաձայնութիւններու ժամանակը չէ, երբ մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, կը փորձեն մեր վճռականութիւնը․․․
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ