Յարութ Սասունեան. Արցախեան Պատերազմի Վերաբերեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ «Յայտարարութիւնը» Պէտք Է Մերժուի
18-11-2020 18:15:31 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
9 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները համաձայնագիր ստորագրեցին, զայն կոչելով «Յայտարարութիւն»՝ դադրեցնելու համար 45օրեայ պատերազմը Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճանին վերադարձնելու նախապէս հայերուն պատկանող տարածքները:
Այս ցնցող յայտարարութիւնը ըրաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ տագնապ ու յուսահատութիւն ստեղծելով ամբողջ աշխարհի հայերու շրջանակին մէջ: Գոյութիւն ունի չորս պատճառ, թէ ինչո՞ւ հայերը արձագանգեցին այսպիսի յոռետեսութեամբ եւ վիշտով.
1) Հայաստանի պաշտօնեաներէն 45 օր անընդմէջ լսելէ ետք, որ «Յաղթելու ենք», յանկարծ մեզի ըսին, որ իրականութեան մէջ կրած ենք ջախջախիչ պարտութիւն: Նոյնիսկ մեր զոհուած զինուորներու թուաքանակը աւելի փոքր կը հաղորդուէր՝ համաձայն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան վերջին յայտարարութեան: Ցաւօք, կը սպասուի, որ կորուստներու վերջնական թիւը ըլլայ հազարներով:
2) Ասիկա թերեւս ամենամեծ կորուստն էր 105 տարի առաջուան Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր: Հայերը բարոյալքուած եւ խաբուած են իրենց ղեկավարներուն կողմէ։ Անոնք ցնցուած են մինչեւ իրենց հոգիին խորքը։ Ասիկա նուաստացուցիչ անձնատուութիւն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան յետնորդները, որոնք իրենց ծիներուն մէջ դեռ կը կրեն այդ ահռելի ողբերգութեան սերունդէ սերունդ փոխանցուած ցաւը, խորապէս ազդուած են այս սարսափելի պարտութենէն, որ բացած է իրենց հին, չբուժուած վէրքերը։
3) Հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներու զոհուիլը այս պատերազմին, խորապէս վշտացուցած է համայն հայութիւնը: Շատերը կը մտածեն՝ արդեօք անոնց զոհաբերութիւնը ապարդի՞ւն էր:
4) Հայերը կորսնցուցին իրենց պատմական տարածքներուն զգալի մասը՝ իրենց տուներուն, եկեղեցիներուն, յուշարձաններուն եւ գերեզմանատուներուն հետ միասին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հետեւանքները այսօրուան սերունդի մէջ դեռ կը մխան, այս վերջին աղէտը մնայուն ազդեցութիւն պիտի ունենայ համայն հայութեան հոգեվիճակին վրայ:
Այս խնդրայարոյց «Յայտարարութեան» հրապարակումէն ետք մեծ վիճաբանութիւններ ծագեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Հայ ժողովուրդը, որ մէկ մարդու պէս համախմբուած էր պատերազմի ընթացքին, յանկարծ բոլորը բաժնուեցան եւ սկսան իրարու կոկորդ կրծել։ Երեւանի մէջ շատ տգեղ միջադէպեր եղան, որոնք, յոյսով եմ, չեն հասնիր Սփիւռք։ Ոչ մէկ հայ պէտք է բռնութեան ենթարկէ ուրիշ հայ մը կամ ոչնչացնէ ոեւէ մէկուն ունեցուածքը։ Թէեւ մենք շատ լուրջ խնդիր ունինք, բայց միմեանց վրայ յարձակիլը ոչինչ կը լուծէ: Միեւնոյն ատեն, անոնք, որոնք Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացնեն, պէտք է թոյլ տրուի այդ ընել առանց կառավարութեան կողմէ որեւէ հետապնդման: Մարդոց ազատ խօսքի իրաւունքը պէտք է յարգէ յատկապէս այն ղեկավարը, որ եկած է իշխանութեան՝ քարոզելով ժողովրդավարական իրաւունքներ եւ արժէքներ:
Յաջորդ հակասութիւնը՝ այս պարտութեան պատասխանատուները յայտնաբերելն է։ Հոս դարձեալ ունինք երկու հակադիր ճամբար: Վարչապետ Փաշինեան եւ անոր համախոհները կը խոստովանին, որ վարչապետին այլ բան չէ մնացած, բացի եռակողմ «Յայտարարութիւնը» ստորագրելէ՝ Ատրպէյճանին աւելի շատ տարածքներ զիջելէ խուսափելու եւ փրկելու համար կեանքը հազարաւոր հայ զինուորներու, որոնք կը գերեվարուէին կամ կը սպաննուէին։ Այս տեսակէտին կողմնակիցները կը մեղադրեն նախորդ նախագահները՝ ազգին հաշուոյն իրենք զիրենք հարստացնելու եւ ռազմական ուժը չզօրացնելու մէջ: Փաշինեան ըսաւ, որ եթէ ինք հրաժարէր ստորագրելէ «Յայտարարութիւնը», ապա հետեւանքը շատ աւելի վատ կ՛ըլլար հայ ազգին համար: Ատրպէյճան կը վերցնէր մնացած Արցախը:
Անոնք, որոնք դէմ են Փաշինեանի դիրքորոշման, կը նշեն, որ վարչապետը պարզապէս պարտութեան համար պատասխանատուութիւնը կը նետէ նախորդներուն վրայ։ Անոնք կը մատնանշեն, որ Փաշինեան որոշում կայացուցած է «Յայտարարութիւնը» միայնակ ստորագրելու` խորհրդակցելով միայն Արցախի նախագահին եւ զօրավարներուն հետ: Փաշինեան չէ տեղեկացուցած Հայաստանի նախագահին, վերջերս պաշտօնանկ եղած արտաքին գործոց նախարարին կամ Հայաստանի խորհրդարանին: Անոնք բոլորը այս չարաբաստիկ յայտարարութեան մասին գիտցած են լրատուական միջոցներէն։ Ասիկա սպասելի չէր վարչապետէն, որ եկած է իշխանութեան՝ իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան պաշտպան: Խորհրդատուութիւն տեղի չէ ունեցած նոյնիսկ Մինսքի խումբի միջնորդ երկու այլ անդամներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Փաշինեան չյարգեց նաեւ այն խոստումը, որ տուած էր 17 Օգոստոս 2018ին, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ գտնուող 300 հազար մարդոց առջեւ՝ յայտարարելով, որ «Արցախի վերաբերեալ գաղտնի ոչ մէկ թուղթ կը ստորագրէ»: Ան աւելցուցած էր, որ «եթէ նման իրավիճակ ըլլայ, ես կու գամ ու կը կանգնիմ հոս, ձեզի կը ներկայացնեմ բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ դուք կ՛որոշէք՝ պիտի ընդունի՞նք այդ տարբերակը, թէ՞ ոչ»: Փաշինեան ներկայիս կը պնդէ, որ այս «Յայտարարութիւնը» պարզապէս զինադադար է, այլ ոչ թէ համաձայնութիւն արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ: Ակնյայտ է, որ ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» աւելին է, քան հրադադարը։ Այդ եօթը շրջաններու վերադարձն է, ատկէ բացի՝ Արցախի մեծ մասի զիջումով։ Իբրեւ հետեւանք, Փաշինեանի հակառակորդները կը պահաջեն անոր հրաժարականը։
Իմ կարծիքով, կայ շատ աւելի պարզ բացատրութիւն: 1994ի զինադադարէն ի վեր Հայաստանի ներսը եւ դուրսը գտնուող հայերը ամբողջովին դէմ էին ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու գաղափարին։ Այդպէս կը մտածէին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները, բացառութեամբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, որ կը փափաքէր տարածքային զիջումներ ընել Ատրպէյճանի, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անոր ստիպեցին հեռանալ պաշտօնէն։ Հայաստանի հետագայ նախագահները լաւ գիտէին, որ հայ ժողովուրդը չ՛ընդունիր Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ: 1994ի զինադադարէն ի վեր, տեղի ունեցած են տասնեակ մը ապարդիւն հանդիպումներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու եւ ղեկավարներու միջեւ, Մինսքի խումբի՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ: Հայկական դիրքորոշումը այն էր, որ մենք կը քննարկենք Արցախի շուրջ որոշ տարածքներ վերադարձնելու հարցը, եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Հայերը աւելի շատ փաթեթային գործարք կ՛ուզէին, քան փուլային լուծում: Պատճառը այն էր, որ եթէ հայերը նախապէս զիջէին յարակից տարածքները, ապա Ատրպէյճան այն ատեն այնպիսի դիրքի վրայ կ՛ըլլար, որ կը կարողանար գրաւել նաեւ Արցախը։
Այդ ընթացքին հայերը եւ մնացած աշխարհը բազմաթիւ անգամ կը յայտարարէին, որ Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, որ պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Այսուամենայնիւ, նախագահ Ալիեւ կը շարունակէր սպառնալ ռազմական ուժի կիրառմամբ կորսնցուցած տարածքները վերականգնելու ուղղութեամբ: Օգտագործելով քարիւղային իր հսկայական եկամուտը՝ Ատրպէյճան Իսրայէլէն, Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ գնեց միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից զէնքեր: Հայաստան նոյնպէս գնած է որոշ զէնքեր, բայց միջոցներ չունէր այդ մրցավազքին մէջ հասնելու Ատրպէյճանին։ Հայերը լուրջ չէին վերաբերած Ալիեւի սպառնալիքներուն: Ի վերջոյ, Ատրպէյճան ապահովեց հզօր թուրք զինուորականներու աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը եւ իր կողքին կռուելու համար հաւաքագրեց քանի մը հազար իսլամիստ ահաբեկչական վարձկաններ: Հեռակառավարուող անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով բարձր արհեստագիտական պատերազմը կործանեց հայ զինուորականութիւնը եւ նուաճուեցաւ այն, ինչէն որ Հայաստան եւ Արցախ պատրաստ չէին հրաժարելու՝ հակառակ հայ զինուորներու հերոսական ջանքերուն:
Ուստի, հարցնելու փոխարէն, թէ ո՞վ է մեղաւոր այս ձախողութեան համար, պէտք է ընդունիլ, որ մենք բարձր գին վճարեցինք՝ անկարող ըլլալով հակազդել Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի մէջ երկրորդ ամենէն հզօր ռազմական ուժ ունեցող Թուրքիոյ հզօր զէնքերուն: Ինչպէս խոստովանեցաւ Փաշինեան, եթէ ինք աւելի կանուխ զիջէր Արցախի շրջակայքի որոշ տարածքներէ, ապա այս անձնատուութիւնը չէր ըլլար: Այսուամենայնիւ, եթէ մենք հրաժարէինք այդ տարածքներէն առանց Արցախի վերջնական կարգավիճակի մասին համաձայնութեան, ապա Ատրպէյճան այդ ժամանակ կը յարձակէր եւ կը գրաւէր նոյնիսկ Արցախը։
Երկու հիմնական փաստեր կան, զորս բոլորս պէտք է ընդունինք.
1) Հզօր կողմը միշտ ալ կը յաղթէ պատերազմի մէջ, անկախ անկէ, թե որքան արդար է տկար կողմի իրաւունքը: Հայերը չօգտագործեցին վերջին 26 տարիները`Արցախը անառիկ ամրոց դարձնելու համար: Անոնք պէտք է ունենային պաշտպանական համակարգ՝ Արցախը անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն պաշտպանելու համար:
2) Երբ դուն տկար ես եւ քեզ փրկելու համար յոյսդ կը դնես ուրիշներու վրայ, կը հիասթափիս եւ կը պարտուիս: Հայերը անընդհատ կ՛ըսէին՝ մենք մինակ մնացեր ենք: Ասիկա զարմանալի չէ: Բոլոր երկիրները որոշումներ կը կայացնեն՝ ելլելով իրենց ազգային շահերէն:
Փաշինեանի ստորագրած «Յայտարարութիւնը» կործանարար է: Մենք պէտք է միջոց մը գտնենք նուազագոյնի հասցնելու մեր կորուստները: Բացի Արցախի մէջ եւ շրջակայքը գտնուող տարածքները կորսնցնելէ, մենք պէտք չէ համաձայնէինք Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրել՝ Նախիջեւանին կապուելու համար: Ասիկա թոյլ կու տայ Թուրքիոյ, որ ցամաքային ճամբով շրջանցէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանի ու անոր սահմաններէն դուրս կապուի թրքական այլ հանրապետութիւններու հետ: Ասիկա Թուրքիոյ փանթուրանական երազանքի իրականացումն է, զոր մենք ամէն գնով պէտք չէ արտօնենք:
Ի վերջոյ, «Յայտարարութեան» գրութիւնը, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն համարժէք է պայմանագրի, պէտք է ներկայացուի Հայաստանի Սահմանադրական Դատարան եւ Խորհրդարան՝ վաւերացման համար: Հակառակ պարագային անիկա իրաւական ուժ չ՛ունենար: Հայաստան պէտք է ներգրաւէ նաեւ Ֆրանսան եւ Ամերիկան` Մինսքի խումբի միջնորդ միւս երկու անդամները՝ բանակցային գործընթացի մէջ աւելի լաւ արդիւնք ստանալու համար:
Թէեւ Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ որպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատար ինք պատասխանատու է Հայաստանի պարտութեան համար, սակայն ան կը մերժէ հրաժարական տալ: Ուստի պէտք է տեղի ունենայ հանրաքուէ՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք հայ հասարակութիւնը հաւանութիւն կու տա՞յ, կա՞մ կը մերժէ «Յայտարարութիւնը»: Եթէ հայերը մերժեն այդ, Փաշինեանին այլ բան չի մնար, եթէ ոչ հրաժարական տալ: Ընտրուած նոր ղեկավարը, որ, յոյսով եմ, նախորդ վարկաբեկուած վարչակարգերէն մէկը չ՛ըլլար, այնուհետեւ պիտի փորձէ բանակցիլ վերանայուած համաձայնագրին՝ համարելով, որ տապալած Փաշինեանի ստորագրած պայմանագիրը անվաւեր է: Այս տարբերակը, սակայն, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ նոր յարձակման վտանգ կը պարունակէ:
Կը յուսամ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարները ողջախոհութեամբ կ՛անցնին այս ցնցումային փորձին մէջէն եւ իրենց ուժերը կը կեդրոնացնեն հզօր բանակ ստեղծելու վրայ, որպէսզի կարողանան դիմակայել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետագայ բոլոր յարձակումները: Վերջապէս, ճիշդ ժամանակն է, որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը կամ անոր միացումը Հայաստանի՝ այդպէսով իսկ ներդնելով անսպասելի նոր գործօն մը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու մէջ: