Պատերազմը Արցախի Մէջ Ղեկավարած Են Թուրք Հրամանատարները. Ասիկա Թրքական Յաղթանակ Էր, Ոչ Թէ Ատրպէյճանական. Յարութ Սասունեան


Պատերազմը Արցախի Մէջ Ղեկավարած Են Թուրք Հրամանատարները. Ասիկա Թրքական Յաղթանակ Էր, Ոչ Թէ Ատրպէյճանական. Յարութ Սասունեան

  • 04-01-2021 10:39:40   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Աքսորական թուրք լրագրող Ճեվերի Կուվէն տեսանիւթային տեղեկագրութեամբ մը բացայայտած է անունները եւ գործունէութիւնը երեք թուրք հրամանատարներու, որոնք որոշիչ դեր խաղացած են Արցախի մէջ Ատրպէյճանի վարած պատերազմին ընթացքին, որ սկսած էր 27 Սեպտեմբեր 2020ին։ Արդէն յայտնի է, որ ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքերը եւ հրթիռները, զորս Ատրպէյճան ձեռք բերած է Իսրայելէն, Թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն, կործանարար ազդեցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի վրայ: Յայտնի է նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմին մասնակցած են 200 թուրք ռազմական խորհրդականներ եւ քանի մը հազար սուրիացի վարձկաններ: Այսուամենայնիւ, ասիկա առաջին դէպքն է, որ մանրամասն զեկոյց կը հրապարակուի պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ այդ թուրք հրամանատարներու ներկայութեան մասին:
 
Թուրքիոյ ռազմական ղեկավարներէն մէկը հրամանատարի տեղակալ Շերեֆ Օնկայն է: Երկրորդը հրամանատար-մէյըր Պահթիեար Էրսայն է, իսկ երրորդը՝ հրամանատար-մէյըր Կէօքսել Քահյան: Այս թուրք հրամանատարներու ներկայութիւնը Պաքուի մէջ՝ կապուած է մինչեւ արցախեան պատերազմը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Գլխաւոր վաշտի պետ, հրամանատար-գնդապետ Նեճմետտին Սատիքովի հեռացման հետ, որ 27 տարի կը վարէր այդ պաշտօնը։ Ըստ ռուսական եւ ատրպէյճանական այլախոհական աղբիւրներու՝ ան կը մեղադրուէր դաւաճանութեան եւ Ռուսիոյ ռազմական հետախուզութեան հետ համագործակցութեան յանցանքով: Կը հաղորդուի, որ Սատիքովը ձերբակալած են աշխատանքէն զայն հեռացնելէ ետք, սակայն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այս լուրը: Այսուամենայնիւ, աշխատանքէն հեռացնելէն ետք զայն այլեւս չեն տեսած: Ըստ հաղորդագրութիւններու՝ Սատիքով ծնած է Տերպենթ (Տաղստան), ծագումով լեզկի է: Ան լաւ չի տիրապետեր Ատրպէյճաներէնի: Նաեւ կը պնդեն, որ անոր զարմիկը կը ծառայէ ռուսական բանակին մէջ՝ Գիւմրի։ Սատիքով կրթութիւն ստացած է Ռուսիա: Կարեւոր է նշել, որ մեծ թիւով ատրպէյճանցի զինուորներ ուղարկուած էին Թուրքիա՝ ռազմական կրթութիւն ստանալու համար: Սատիքով թոյլ չէր տար Թուրքիայէն վերադարձածներուն, որ զինուորական կարեւոր պաշտօններ վարեն: Ան դէմ էր թրքական գերակայութեան՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մէջ։ Հետեւանքը այն եղաւ, որ Թուրքիա պահանջեց Սատիքովի հեռացումը, որմէ ետք Թուրքիոյ մէջ վերապատրաստուածները ստացան ղեկավար պաշտօններ:
 
Վերադառնալով երեք թուրք հրամանատարներուն, Շերեֆ Օնկայ Երզնկայի մէջ տեղակայուած թրքական երրորդ բանակի հրամանատարն է: Ան վերահսկած է Արցախի պատերազմը: 1982ին Օնկայ աւարտած է Անգարայի ռազմական ուսումնարանը եւ ծառայած ցամաքային զօրքերու զանազան ստորաբաժանումներու մէջ: 2014ին ան նշանակուած է 9րդ բանակային բաժնի հրամանատար: Ան որոշ ժամանակ Թուզլայի հետեւազօրի դպրոցի ղեկավարն էր:
 
Ատրպէյճանի մէջ երկրորդ թուրք ռազմական ղեկավար հրամանատար-մէյըր Պահթիեար Էրսայ աւելի շուտ բանտարկուած էր գայթակղութեան մը («Մեծ մուրճ» գործողութիւն) մէջ ներքաշուած ըլլալուն համար: Այսուամենայնիւ, անոր ներում շնորհեցին եւ ազատ արձակեցին, հաւանական է, որ ան գործարք կնքած էր իշխանութիւններու հետ՝ բացայայտելով դաւադրութեան միւս մասնակիցներուն անունները: Այնուհետեւ ան ստացաւ ջոկատի հրամանատարի կոչում՝ դառնալով 2րդ Քոմանտոս ջոկատի պատասխանատուն, որ մեծ դաժանութեամբ պայքարեցաւ PKKի (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն) դէմ, Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ: Այժմ ան Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու հրամանատարութեան գործողութիւններու ղեկավարն է: Ան Արցախի պատերազմի ամբողջ ընթացքին մնացած է Պաքու եւ անձամբ ղեկավարած է գործողութիւնները: Պատերազմը սկսելէն առաջ Պաքուի մէջ եւ Կապալայի ռազմական օդակայանին մէջ կառուցուած են արբանեակային կապի երկու կեդրոններ՝ տարածքին մէջ տեղակայուած զինուորականներու եւ վաշտերու հետ կապ հաստատելու համար: Երկու կեդրոնները ղեկավարուած են բացառապէս թրքական բանակի կողմէ: Ատրպէյճանցի զինուորականներուն յանձնարարուած էր հնազանդիլ թուրք վերադասներու բոլոր հրամաններուն եւ չվիճիլ կամ չհակադրուիլ անոնց։ Էրսայ ղեկավարած է սուրիացի վարձկանները, որոնք աւելի կանուխ Թուրքիոյ կողմէ կռուած էին Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ: Աւելին, Էրսայ ղեկավարած է Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի տրամադրուած բարձր արհեստագիտական ռազմական սարքաւորումը:
 
Երրորդ թուրք զինուորականը հրամանատար-մէյըր Կէօքսել Քահյան է, որ այս տարուան Յուլիսէն սկսեալ կը գտնուէր Ատրպէյճան: Ան մտերիմ է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ։ Նախապէս եղած է պաշտպանութեան փոխ նախարարի տեղակալ։ Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ պատերազմին մասնակցած ըլլալուն՝ ան գերի բռնուած է լիպիական ընդդիմադիր ուժերու կողմէ, ապա ազատ արձակուած: Քահյա կը ղեկավարէր Լիպիոյ մէջ գործող թրքական անօդաչու թռչող սարքերը, բան մը, որ անոր տուած էր արժէքաւոր  փորձառութիւն՝ Արցախի դէմ անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման գործին մէջ:
 
Արցախեան պատերազմի աւարտէն ետք Ատրպէյճանի հասարակութիւնը իր դժգոհութիւնը յայտնած էր, որ ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են Ղարաբաղի տարածքին: Որոշ վերլուծաբաններ Ռուսիոյ ներկայութիւնը Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ որակած են իբրեւ պարտութիւն՝ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համար եւ յաղթանակ՝ Ռուսիոյ համար, քանի որ վերջինս իր ուժերը տեղակայած է «ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ քիթին տակ»: Ինչպէս եզրակացուց ռուսական «Վզկլեատ» առցանց թերթը, արցախեան պատերազմի «ծրագիրը թրքական էր, հրամանատարները թուրք էին, իսկ անօդաչու թռչող սարքերը արտադրուած էին Թուրքիա․․․: Պաքուն կրնայ յաղթանակ տօնել, բայց հրամանատարութեան ու վերահսկողութեան առումով յաղթանակ կարող են տօնել թուրք հրամանատարները»:
 
Ատրպէյճանական բանակի հրաժարեալ փոխ գնդապետ Օլեկ Կուլիեւ, որ ներկայիս կ՛ապրի Մոսկուա, «Վզկլեատ» թերթին ըսած է. «Ատրպէյճան պէտք է ամբողջութեամբ վերադարձնէ Ղարաբաղը։ Ասիկա ճիշդ է եւ արդար: Բայց մենք ենք, որ պէտք է վերադարձնենք Ղարաբաղը: Եթէ մենք զայն վերադարձնենք թուրքերու վզկապով,  ապա վերադարձուցած կ՛ըլլանք միայն Ղարաբաղը, սակայն կը կորսնցնենք մեր երկրի մնացած մասը»։
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
 
 
  -   Յօդուածներ