Յարութ Սասունեան. Արեւմուտքի Եւ Արեւելքի Միջեւ Էրտողանի Լարախաղը Կրնայ Շուտով Տապալիլ


Յարութ Սասունեան. Արեւմուտքի Եւ Արեւելքի Միջեւ Էրտողանի Լարախաղը Կրնայ Շուտով Տապալիլ

  • 03-03-2021 11:54:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութենէն ի վեր ամբողջ աշխարհի մէջ հարիւրաւոր յօդուածներ հրապարակուած են, որոնք կը վերլուծեն Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ խնդրայարոյց յարաբերութիւնները: Նախագահ Պայտըն չի թաքցներ իր անբարեացակամ, եթէ ոչ՝ թշնամական բացայայտ վերաբերումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդէպ։
 
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հիմնական տարակարծութիւնները հետեւեալներն են.
 
1)    Ամերիկեան աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ իր  քիւրտ դաշնակիցներուն, որոնց ահաբեկիչներ կը նկատէ Թուրքիա.
2)    Թուրքիոյ կատարած գնումը ռուսական S-400 հրթիռներու, որոնք կրնան բացայայտել ՆԱԹՕի ռազմական արհեստագիտութիւնը Մոսկուայի առջեւ: Հետեւանքը այն եղաւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեղեալ յայտարարեց յառաջադէմ F-35 ինքնաթիռներու վաճառքը եւ պատժամիջոցներ կիրարկեց Թուրքիոյ դէմ․
3)    Միացեալ Նահանգներու մերժումը՝ թուրք հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլէնը յանձնելու, որուն դէմ Թուրքիա կեղծ մեղադրանք առաջադրած է՝ 2016ին Էրտողանի դէմ պետական յեղաշրջում հրահրելու յանցանքով.
4)    Թուրքիոյ խայտառակ վարկանիշը մարդկային իրաւունքներու ոլորտէն ներս՝ շինծու մեղադրանքներով հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու, լրագրողներու եւ դատաւորներու դէմ իրականացնելով բանտարկութիւններ, զորս նախագահ Պայտըն անընդունելի կը գտնէ:
 
Էրտողան կը հետեւի Օսմանեան կայսրութեան ռազմավարութեան՝ միմեանց դէմ լարել եւրոպական մրցակից տէրութիւնները՝ մէկ կողմէն միւսը անցնելով եւ փոխելով գործընկերները: Օրինակ՝ ան ինքզինք հռչակած է բոլոր մահմետականներուն եւ յատկապէս  պաղեստինցիներուն պաշտպանը՝ մինչեւ  վերջերս ռազմական համագործակցութեան մէջ ըլլալով Իսրայէլի հետ: Մէկ այլ օրինակ է Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕի արեւմտեան ռազմական դաշինքին՝ միաժամանակ ձեռքբերումը միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ռուսական ժամանակակից հրթիռներու, որոնք անհամատեղելի են ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու զէնքերուն հետ: Նոյն ատեն, Էրտողան մտերիմ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, մինչ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ան ներգրաւուած է Ռուսիոյ դէմ ռազմական բախման մէջ: Թուրքիա եւ Ռուսիա՝ իբրեւ կանոն, հակառակորդ երկու երկիրներ են թէեւ, բայց յաջողեցան համաձայնութեան եզր մը գտնել արցախեան պատերազմի պարագային։
 
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումը սկսած է Օպամայի նախագահութեան ժամանակաշրջանին, երբ Պայտըն կը վարէր փոխ նախագահի պաշտօն: Էրտողան զայրացած էր Օպամայի վրայ՝ սկզբնական ընկերութենէն ետք: Այսուամենայնիւ, Տանըլտ Թրամփ նախագահ ըլլալէ ետք, Թուրքիոյ ղեկավարը  առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ զարգացուց Միացեալ Նահանգներու հետ: Տակաւին անհասկնալի է, թէ ի՛նչն էր այդքան անձնական ջերմ համակրանք ստեղծած երկուքին միջեւ: Արդեօք Թրամփի տնտեսական շահե՞րն էին Թուրքիոյ մէջ, թէ՞ արտասովոր  սէրը՝ ամբողջ աշխարհի բռնակալներուն նկատմամբ: Գուցէ երբեք չհասկնանք։
 
Արդարեւ, Պայտըն առաջին կրակոցը արձակեց՝  Դեկտեմբեր 2019ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, ուր Էրտողանը անուանեց «բռնապետ» եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աջակցի Թուրքիոյ ընդդիմութեան առաջնորդներուն, «որպէսզի անոնք կարենան յաղթել Էրտողանի եւ տապալել զայն ոչ թէ յեղաշրջումով, այլ՝ ընտրական գործընթացով»:
 
Յաջորդ անյարմար իրավիճակը ստեղծուեցաւ այն պահուն, երբ Էրտողան Նոյեմբերի ընտրութիւններէն քանի մը օր անց շնորհաւորեց Պայտընը, իսկ Պայտըն ահա՛ չորս ամիս է, որ տակաւին չէ կապուած Էրտողանի, թէեւ հեռաձայնած է աշխարհի շատ ուրիշ  ղեկավարներու: Մեր կարծիքով, Էրտողան պէտք է խորապէս վիրաւորուած ըլլայ դիւանագիտական այս արհամարհանքէն:
 
Թուրքիոյ նկատմամբ Պայտընի վարչակազմի կոշտ քաղաքականութեան առաջին նշանը ակնյայտ դարձաւ 19 Յունուար 2021ին,  Միացեալ Նահանգներու առաջադրուած Պետական Քարտուղար  Էնթընի  Պլինքընի` Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբի հաստատման  լսումներու ընթացքին, երբ ան բացայայտօրէն Թուրքիան անուանեց՝ «այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկեր» եւ բարձրացուց աւելի մեծ պատժամիջոցներ կիրարկելու հնարաւորութիւնը այդ երկրին նկատմամբ։ «Այն գաղափարը, որ մեր ռազմավարական, այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկերը, համահունչ է  Ռուսիոյ մէջ մեր ռազմավարական ամէնէն մեծ մրցակիցներէն մէկուն, անընդունելի է», ըսաւ Պլինքըն։ «Կը կարծեմ, որ պէտք է տեսնենք, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցած են ներկայ պատժամիջոցները եւ ապա պարզել, թէ արդեօ՞ք անհրաժեշտ է ընել աւելին»:
 
Թուրքիոյ մասին Պլինքընի քննադատական մեկնաբանութիւնը հետագային վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան, որ Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «դաշնակից, որ շատ առումներով... չի գործեր իբրեւ  դաշնակից եւ այս շատ, շա՜տ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար, իսկ մենք ոչ մէկ պատրանք ունինք այդ առումով»։ Սալիւան Թուրքիան տեղադրեց Չինաստանի հետ միեւնոյն դասակարգի մէջ:
5 Փետրուար 2021ին Փենթակոն հաստատեց, որ Պայտընի վարչակազմը մտադիր չէ ջնջելու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ ռուսական հրթիռները  գնելուն  համար: «S-400 գնելու Թուրքիոյ որոշումը անհամատեղելի է Թուրքիոյ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի դաշնակիցի պարտաւորութիւններուն հետ», ըսաւ Փենթակոնի մամուլի քարտուղար Ճոն Քիրպի։ «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած․․.: Մենք կը յորդորենք Թուրքիան՝ չպահել S-400 համակարգը․․․: Վերջին տասնամեակին Թուրքիա բազմաթիւ կարելիութիւններ ունեցաւ՝ Միացեալ Նահանգներէն «Փեթրիըթ»  պաշտպանական համակարգը գնելու, սակայն նախընտրեց գնել S-400ը, որ Ռուսիոյ կ՛ապահովէ եկամուտ, հասանելիութիւն եւ ազդեցութիւն», ըսաւ Քիրպի:
 
Իրավիճակը աւելի սրելով, Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլու Փետրուարի սկիզբը կրկնեց այն անհիմն մեղադրանքը, թէ 2016ին թրքական ձախողած յեղաշրջման հեղինակը Միացեալ Նահանգներն  էր: Պետական Բաժանմունքի խօսնակ Նէտ Փրայս հանդէս եկաւ խիստ  յանդիմանութեամբ՝ թուրք նախարարին պնդումները «ամբողջովին սուտ» որակելով։ Ասոնք «անհամատեղելի են Թուրքիոյ՝ իբրեւ ՆԱԹՕի դաշնակիցի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերոջ կարգավիճակին հետ», աւելցուց Փրայս:
 
Մէկ այլ վիճելի հարց է՝ 2016ի յեղաշրջման օժանդակելու կեղծ մեղադրանքներով Լիհայ համալսարանի ամերիկացի փրոֆեսըր  Հենրի  Պարքիի հեռակայ կարգով թրքական դատավարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքը անհիմն նկատած է փրոֆեսըր Պարքիի առաջադրուած մեղադրանքները:
 
10 Փետրուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը կոչ ըրաւ Թուրքիոյ՝ բանտէն անյապաղ ազատ արձակել թուրք բարերար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կը գտնուի բանտարկութեան մէջ, առանց դատապարտման: Կեղծ մեղադրանք առաջադրուած էր Քաւալայի դէմ՝ 2016ին ձախողութեան մատնուած յեղաշրջման ընթացքին փրոֆեսըր Պարքիի հետ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձով:  Պետական Բաժանմունքը յորդորեց Թուրքիան՝ կատարել Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի կողմէ 2019ի վերջաւորութեան կայացուած վճիռը՝ Քաւալան ազատ արձակելու մասին:
 
15 Փետրուար 2021ին, երբ Պլինքըն վերջապէս զանգահարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, ան յորդորեց Թուրքիան, որ չպահէ ռուսական S-400 ցամաք-օդ հրթիռային համակարգը:
 
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, երբ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կիրարկեց Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական հրթիռներ գնելուն համար, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը լկտիաբար հետեւեալ նախազգուշացումը ըրաւ. «Թուրքիա անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ այս որոշման դէմ, բան մը, որ բացասաբար պիտի անդրադառնայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ եւ պատասխան քայլերու պիտի դիմէ այն եղանակով եւ այն ժամանակ, որ նպատակայարմար կը գտնէ»:
 
Թուրքիա դեռ կը փորձէ միջոցներ գտնել ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու համար: 1 Փետրուար 2021ին ան վարձեց Ուաշինկթընի մէջ գործող Arnold & Porter ամերիկեան լոպիիստական մեծ ընկերութիւնը՝ լուծելու համար ռուսական հրթիռներու շուրջ ամերիկեան կառավարութեան հետ վէճը: Պայմանագիրը կնքուած է Անգարայի պաշտպանական արդիւնաբերութեան հիմնական մարմնին՝ Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Նախագահութեան պատկանող եւ Անգարա գտնուող SSTEK Defense Industry Technologiesի հետ: SSTEK համաձայնած է վեց ամսուան ընթացքին Arnold & Porterի վճարել 750 հազար տոլար՝ Թուրքիոյ տրամադրելու համար «ռազմավարական խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն»:
 
Շատ կասկածելի է, որ Թուրքիա իր վարձու լոպիիստին միջոցով կարենայ լուծել ռուսական հրթիռներու կապուած վէճը: Հետաքրքրական է, որ SSTEKի հետ պայմանագրին մէջ նշուած է, որ Arnold & Porter «որեւէ խոստում կամ երաշխիք չի տար» արդիւնքին մասին: «Եթէ որեւէ պատճառով գործը յաջողութեամբ չպսակուի, SSTEK պատասխանատու կը նկատուի ընկերութեան կողմէ այս պայմանագիրի պայմաններուն համապատասխան եղող բոլոր վճարումներուն եւ գանձումներուն»: Յատկանշական է, որ այն պահուն, երբ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կործանման եզրին է, եւ թուրք ժողովուրդը ֆինանսական ծանր դրութեան մէջ է, Էրտողան թուրք հարկատուներու 750 հազար տոլարը  կը ծախսէ անօգուտ լոպիինկի վրայ:
 
Կը մնայ տեսնել, թէ Թուրքիա կը յաջողի՞ իր լարախաղաց հմտութիւններով ե՛ւ պահել ռուսական հրթիռները, ե՛ւ խուսափիլ ամերիկեան պատժամիջոցներէ: Եթէ Թուրքիոյ ստիպեն հրաժարիլ հրթիռներէն, ապա ան ստիպուած կ՛ըլլայ բախելու՝ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ խախտում յառաջացնելու հետեւանքներուն: Ուրեմն եւ՝ Թուրքիա ստիպուած կ՛ըլլայ ընտրելու կա՛մ Արեւելքը, կա՛մ Արեւմուտքը: Ան այլեւս չի կրնար խաբել երկու կողմերը։ Պայտըն եւ Պլինքըն չափազանց փորձառու են՝ Էրտողանի հնարքներուն կուլ չերթալու համար։
 
Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վիճակը լաւագոյնս կը նկարագրէ լրագրող Նիքըլըս Մորկընի վերջերս հրապարակուած յօդուածին վերնագիրը՝ «Արդեօք Թուրքիա Դժոխքէ՞ն Դաշնակից Է Պայտընի»: Շուտով կը պարզուի։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ